Առաջարկ, որ կրնայ լուծում ըլլալ
Հունիսի 29-ին Ստամբուլի նահանգապետի նամակը ուղղված Թուրքիո հայոց պատրիարքության կրոնական ժողովինՙ փաստորեն մտրակի այն հարվածն էր, որը նման դեպքերում անխափան գործում է այդ երկրում, զգացնել տալով միշտ, թե ո՞վ է որոշումները կայացնում երկրի փոքրամասնությունների գործերում: Արդարության համար պետք է ասել, թե ամիսներ առաջ արդեն պոլսահայության փորձառու մարդիկ նախազգուշացնում էին նման վտանգից, ասելովՙ որ համայնքը տարակարծիք ներկայանալու դեպքում, Թուրքիայի ներքին գործերի նախարարությունը, այս պարագայումՙ ի դեմս Ստամբուլի նահանգապետության, իր կամքը կթելադրի անմիջապես: Այդպես էլ եղավ, քանզի համայնքը երկփեղկված հանդես եկավ, մի մասը պահանջելով աթոռակից-պատրիարքի, մյուս մասըՙ պատրիարքի ընտրություն: Իսկ այժմ, երբ Արամ արք. Աթեշյանն արդեն կրոնական ժողովի կամ հոգեւոր խորհրդի կողմից գրեթե միաձայնությամբ (26/25) ընտրվել է պատրիարքի տեղապահ, թվում էՙ կրքերը պետք է հանդարտված լինեն: Բայց ոչ: Խնդրին վերադառնալու եւ թուրքական կառավարությանը կրկին դիմելու ցանկությունները չեն մարելՙ ինչպես վկայում է ստորեւ լույս ընծայվող հոդվածը, որն առաջարկում է վերսկսել, մեր կարծիքովՙ մի երկար գործընթաց:
Խմբ.
Բոլորս գիտենք, որ Թուրքիոյ Հայոց ամենապատիւ պատրիարք Տ. Մեսրոպ արքեպս. Մութաֆեանի անդարմանելի հիւանդութիւնը պատճառ դարձաւ, որ կարգ մը հոգեւորական եւ աշխարհական շրջանակներ իրարմէ անկախ եւ իրարամերժ լուծումներ առաջարկենՙ պատրիարքական աթոռին հետագայ ղեկավարման առնչութեամբ: Վստահ ենք, որ այս լուծումները կը հետապնդէին պատրիարքական աթոռին շահը եւ անոր առաքելութեան անխափան ընթացքը:
Նախապէս առաջարկուած երկու լուծումներն էինՙ
աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն,
նոր պատրիարքի ընտրութիւն,
1. աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն:
Այս տեսակէտին հետեւորդներն ու պաշտպաններըՙ աշխարհական եւ հոգեւորական յարգելի անձնաւորութիւններ, իբրեւ հիմնական փաստարկ կը նշէին այն հանգամանքը, որ ներկայ պատրիարքը թէեւ հիւանդ, բայց ողջ է եւ պատրիարքական աթոռն ալ թափուր չէ: Հետեւաբար այսպիսի պայմաններու տակ անկարելի է ընտրել նոր պատրիարք մը: Նման ընտրութիւնը իրաւական չէ եւ կը հակասէ Հայ եկեղեցւոյ սկզբունքներուն եւ կանոններուն: Ըստ այդմ միակ ընդունելի լուծումը աթոռակից պատրիարք ընտրելն է: Այս առաջարկը կը թուի ըլլալ տրամաբանական եւ կը խորհիմ թէ կրնար ընդունելի ըլլալ: Միակ հակաճառութիւնս այս առաջարկի կողմնակիցներուն այն է, որ անոնք պատրաստ չեղան քննարկելու ուրիշ հնարաւոր տարբերակներ եւ միայն այս տարբերակը նկատեցին իբրեւ լուծում:
Նոր պատրիարքի ընտրութիւն
Նոր Պատրիարքի ընտրութեան կողմնակիցներն ալ, ինչպէս օրինակ նախաձեռնակ մարմինը, իբրեւ հիմնական փաստարկ կը նշէին, որ պատրիարքը անդարմանելի հիւանդ է, իսկ աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն ալ երբեք չէ եղած պատրիարքական աթոռին պատմութեան ընթացքին, այս ընտրութիւնը կրնայ իրաւական հարցեր յարուցանել եւ այլն: Այս ուղղութեան կողմնակիցներն ալ երբեք պատրաստ չեղան քննարկելու ուրիշ տարբերակի մը գոյութիւնը եւ յամառօրէն պնդեցին նոր պատրիարքի ընտրութիւնը եւ նոյնիսկ այս ուղղութեամբ աղերսագիր մը ներկայացուցին պետութեանՙ մոռնալով, որ պետութեան քով արդէն իսկ աղերսագիր-դիմում մը ներակայացուած է պատրիարքարանին կողմէ: Աթոռակից պատրիարք ընտրելու խնդրանօք:
Պահ մը եթէ ընդունինք, որ պատրիարքարանին կողմէ ներկայացուած աղերսագիրը սխալ մըն էր, նոյն պահուն պէտք է ընդունինք նաեւ, որ սխալ մը սխալով չի ուղղուիր, այլ պարզապէս կը դառնայ երկրորդ սխալ մը: Հետագայ զարգացումներն արդէն իսկ կ՛ապացուցանեն ասիկա: Պետութեան քով ներկայացուեցան երկու անկախ դիմումներ, որոնք յստակ ապացոյցն էին, որ հայ համայնքը համերաշխ եւ միասնական տեսակէտ մը չունի պատրիարքարանին ապագային նկատմամբ:
Իրականութեան մէջ պետական շրջանակները դրուեցան նեղ կացութեան մէջ եւ գտան իրենց տեսակէտէ միակ ընդունելի լուծումը, այսինքնՙ մերժել երկու դիմումնագիրները: Վստահ եմ, որ պետութեան պաշտօնեաները երկար մտածած են իրենց ներկայ որոշումը ընդունելու համար: Անշուշտ թէ պետութեան առաջարկած ներկայ տարբերակը ընդունելի չէ համայնքի համար եւ պէտք է բողոքարկել այս որոշումը, բայց ստիպուած ենք նշելու, որ մեղքը աւելի մերինն է քան պետութեան: Երբ համայնքը մը չի գիտեր, թէ ինչ կ՛ուզէ, պետութեան հնարաւորութիւն կու տայ իր փոխարէն լուծումներ փնտրելու:
Ըստ ինծի երկու տարբերակներու կողմնակիցներն ալ մոռցած էին մէկ-երկու կարեւոր կէտեր, որոնք կուզենք հոս թուարկել.
1. Թէեւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին պատմութեան ընթացքին անհրաժեշտութիւն չէ եղած աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու, այնուհանդերձ ասիկա խորթ չէ Հայ եկեղեցւոյ: Առանց պատմութեան խորերը երթալու նշենք, որ 20-րդ դարուն ընթացքին Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռը ունեցած է երկու աթոռակից-կաթողիկոսներՙ Բաբկէն Կիւլէսէրեան եւ Գարեգին Բ Սարգիսեան: Հետեւաբար աթոռակից պատրիարքի մը ընտրութիւնը բոլորովին ալ խորթ չէ Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ կրնար կիրարկելի ըլլար նաեւ թրքահայոց պատրիարքական աթոռին պարագային:
Հոս պէտք է նշենք կարեւոր պարագայ մը սակայնՙ Թէ Կիւլէսէրեան աթոռակից կաթողիկոսի եւ թէ Գարեգին Սարգիսեան աթոռակից կաթողիկոսի ընտրութեան պարագաներուն, բուն կաթողիկոսները հակառակ մարմնական եւ առողջական խնդիրներուն եւ տկարութիւններուն, եղած են գործունեայ, աշխատունակ եւ պաշտօնի գլուխ: Անոնք տուած են իրենց օրհնութիւնն ու համաձայնութիւնը, որպէսզի ընտրուին իրենց օգնական աթոռակից կաթողիկոսներ: Այսինքն աթոռակից կաթողիկոսներու ընտրութիւնները եղած են բուն կաթողիկոսներու գիտութեամբ եւ հաւանութեամբ: Մինչդեռ ներկայ պահուն աթոռակից պատրիարք մը պիտի ընտրուէր առանց բուն պատրիարքի համաձայնութեան եւ հաւանութեան: Հետեւաբար մենք պիտի ունենայինք քիչ մը տարօրինակ պատկեր: Անձի մը համար կընտրենք աթոռակից օգնական մը, առանց որ ունենաք բուն աթոռակալին համաձայնութիւնը: Այսինքն կամքէ անկախ պատճառներով աթոռակալին կը պարտադրենք ընդունիլ աթոռակից մը:
2. Նոր պատրիարք ընտրելու կողմնակիցներն ալ կ՛ուզէին ընտրել նոր պատրիարք մը, մոռնալով, որ կարելի չէ, հակականոնական է ընտրել նոր պատրիարք մը, եթէ պատրիարքական աթոռը թափուր չէ: Նոր պատրիարք կրնաս ընտրել միայն այն ատեն, եթէ աթոռը թափուր է: Մինչդեռ այսօրուան տխուր վիճակը հետեւեալն էՙ Մենք ունինք պատրիարք մը, որը սակայն անդարմանելի հիւանդ է, չի կրնար իր պաշտօնը կատարել, բայց չի կրնար նաեւ հրաժարիլ: Լուծումը կը թուէր ըլլալ պատրիարքի հրաժարեցումը, որ հաւանաբար ի մտի ունէին նոր պատրիարքի ընտրութեան կողմնակիցները, բայց կարգ մը պատճառներով չուզեցին կամ չկրցան յստակօրէն նշել կամ մէջտեղ հանել:
3. Հրաժարեցնելու հարցը չուզեցին կամ չկրցան մէջտեղ հանել, որովհետեւ մեծ հաւանակութեամբ կը հասկնային, թէ չկայ իրաւասու մարմին մը, որ ի զօրու ըլլայ հրաժարեցնել գործող պատրիարքը:
Վերոյիշեալ երեք կէտերու լոյսին ներքոյ մենք կը բերենք առաջարկ մը, որ կրնայ դուռ մը բանալ դէպի լուծում: Մենք կ՛առաջարկենք, որ պատրիաքութեան պատկան մարմինները աղերսագիր մը ներկայացնեն պետութեան, որպէսզի պետութիւնը արտօնէ հրաւիրելու ազգային-պատգամաւորական բացառիկ ժողով մը, որոշելու Մեսրոպ պատրիարքի պաշտօնավարութեան նպատակայարմարութիւնը: Ներկայ պայմաններու տակ նման ժողովը կրնայ ըլլալ միակ իրաւասու մարմինը այս հարցը քննարկելու եւ լուծում մը առաջարկելու համար: Մինչ այդ բնականօրէն պէտք է պատրաստուի բժշկական վերջնական եզրակացութիւն մը Մեսրոպ պատրիարքի առողջական վիճակի եւ ապաքինման հնարաւորութիւններու մասին: Այս եզրակացութիւնը, որուն պատրաստման համար կրնան ներգրաւուիլ նաեւ դատական փորձագէտ-բժիշկներ, կը ներկայացուի պատգամաւորական ժողովին: Ժողովն ալ քննելով եզրակացութիւնը կու տայ վերջնական որոշում մը:
Եթէ պատգամաւորական Ժողովը քննելէ ետք բժշկական եզրակացութիւնը որոշէ, որ Մեսրոպ պատրիարքը անկարող է շարունակել իր պաշտօնը, ապա պատրիարքը կը հրաժարեցուի իր պաշտօնէն եւ կը ստանայ նախկին պատրիարք տիտղոսը, որով եւ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի ընտրելու նոր պատրիարք:
Բնականաբար պատգամաւորական ժողովի որոշմամբ եւ տնօրինութեամբ պէտք է հոգացուին նախկին պատրիարքի բժշկական խնամքի, բնակութեան, սնունդի, կեանքի ապահովութեան հետ առնչուած բոլոր հարցերը: Ան է եւ կը մնայ Թրքահայոց 84-րդ պատրիարքըՙ ստանալով միայն նախկին պատրիարք տիտղոսը:
Վստահ եմ, որ շատեր անմիջապէս հարց պիտի ուղղեն ինծիՙ պատճառաբանելով, որ պատրիարքը ցկեանս պաշտօն մըն է եւ չի կրնար հրաժարեցուիլ: Ի պատասխան նշեմՙ որեւէ մէկ օրէնք կամ տնօրինութիւն ծայրահեղ պարագաներու համար բնականաբար կ՛ունենայ բացառութիւններ: Մեսրոպ պատրիարքին առողջական ներկայ վիճակը նման ծայրահեղ պարագայ մըն է: Եթէ բժշկական փորձագիտական յանձնախումբը յետ քննութեան հաստատէ, որ Մեսրոպ պատրիարքը անկարող է յետ այսու շարունակել իր պարտականութիւնները եւ հիւանդութիւնը անդարմանելի է (բնականաբար առանց Աստուծոյ գործերուն միջամտելու), ապա ասիկա բաւարար հիմք մըն է, նման որոշում մը ընդունելու համար: Պատրիարք մը, կաթողիկոս մը ցկեանս կը պաշտօնավարէ, եթէ աշխատունակ է, գիտակից է, գործին գլուխ է: Ցաւ ի սիրտ ստիպուած ենք հաստատելու, որ մեր սիրելի Մեսրոպ պատրիարքը այս կարելիութիւնները դժբախտաբար այլեւս չունի:
Փոխանորդ մը, եթէ ան նոյնիսկ հոգեւորականաց համագումար-ժողովին կողմէ ընտրուած «պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ» տիտղոսը կը կրէ, իրաւասու չէ տեւական ղեկավարել պատրիարքական աթոռ մը: Ասիկա տարբերակն մըն է, որ կը խորհինք թէ յարիր չէ Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիններուն եւ կանոններուն: Փոխանորդ մը կը փոխարինէ պատրիարքը, երբ ան կարգ մը պատճառներով, ինչպէս օրինակՙ ճամփորդութիւն, անցողական հիւանդութիւն, ժամանակաւորապէս կը բացակայի Աթոռէն: Ներկայ կացութիւնը բոլորովին տարբեր է: Մեսրոպ պատրիարք կրնայ դեռ երկար տարիներու կեանք ունենալ: Աստուած իրեն օգնական ըլլայ եւ բժշկութիւն պարգեւէ: Այսպիսի պայմաններու տակ համայնքին կողմէ չընտրուած փոխանորդ մը չի կրնար տեւական պաշտօն ստանձնել եւ պատրիարքութիւնը ղեկավարել:
ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ, Վայլպուրկ (Գերմանիա), 10 Յուլիս 2010