Հոկտեմբեր 23-ին Կանադայի քաղաքացիական եւ ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քէնի յայտարարեց, թէ Կանադայի կառավարութիւնը երկու տարիով, այսինքնՙ մինչեւ 2013 կիսուն պիտի երկարաձգէ Իրաքի գաղթականներու օժանդակման գծով նախապէս մշակուած ծրագրի գործադրութիւնը, ուր կ՚արտօնէ եկեղեցիներուն եւ զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու երաշխաւորութիւն Իրաքի այն գաղթականներուն, որոնք այժմ կը գտնուին Սուրիա, Լիբանան եւ Յորդանան:
Կ՚արժէ յիշել, որ 2009-ի փետրուարին նախարար Քէնին յայտարարած էր, որ Իրաքի գաղթականներու private sponsorship-ի թիւը տարեկան դրութեամբ պիտի բարձրացնէ 1200-էն 2500-ի:
Նախարար Ճէյսըն Քէնի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը հանրութեան սեփականութիւն դարձուց քաղաքացիական եւ ներգաղթի նախարարութեան Էթօպիքօ (Թորոնթոյի) գրասենեակին մէջ ներկայութեամբ մամուլի, եկեղեցիներու, բարեսիրական կազմակերպութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, ներկայ էին նաեւ Հայ կեդրոնի Իրաքի գաղթականներու օժանդակութեան մարմնի ներկայացուցիչները:
Հաւաքի սկիզբը քաղաքացիութեան դատաւոր Արիս Պապիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտեց, թէ կանադացիները պէտք է հպարտ ըլլան Կանադայի կառավարութեան ցուցաբերած քաղաքականութեամբ գաղթականներու առնչութեամբ:
Ան վերահաստատեց այն ճշմարտութիւնը, որ ոչ մէկ կառավարութիւն կամ երկիր նոյնանման օժանդակութիւն ցուցաբերած է գաղթականներու հանդէպ: Ան աւելցուց, թէ շատ մը երկիրներ հիացումով կը նային Կանադային եւ զայն կը նկատեն օրինակելի երկիր այս մարզին մէջ:
Դատաւոր Պապիկեան շարունակելով աւելցուց, թէ այդ երկիրները կը փորձեն ընդօրինակել ո՛չ միայն գաղթականներու վերաբերեալ օրէնքները, այլեւ Կանադայի օրինակով կը մշակեն յատուկ ընկերային, տնտեսական, առողջապահական, կրթական օրինագծեր, որոնք առաւել տանելի մարդկային, նպաստաւոր միջավայր կ՚ստեղծեն գաղթականներուն, արագացնելով անոնց ընտելացումը այս նոր կեանքին:
Ան ներկաներուն ծանօթացուց նախարար Քէնին որպէս պաշտպանը բոլոր այն անհատներուն եւ փոքրամասնութիւններուն, որոնք ենթարկուած են հալածանքի եւ մարդկային իրաւանց խախտումի:
Նախարարի յայտարարութենէն ետք դատաւոր Պապիկեան բեմ հրաւիրեց երկու իրաքահայ ընտանիքներ, որոնք վերջերս ժամանած էին Կանադա վերոյիշեալ ծրագրին ներքեւ: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նախարարին, որ շնորհիւ իր որդեգրած քաղաքականութեան անոնք հեռու են դժոխային կեանքէն եւ այժմ կ՚ապրին խաղաղ միջավայրի մէջ: Ապա անոնք ամփոփ ձեւով զեկուցեցին ներկաներուն իրենց ընտանիքներուն դէմ գործադրուած վայրագութիւններուն եւ անմարդկային ոճիրներուն մասին:
Այդ ելոյթէն ետք նախարարը բարձր գնահատեց անոնց քաջութիւնը ու հաստատեց որ Իրաքի գաղթականներու օժանդակման նոր ծրագրի գործադրութիւնը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է փրկելու դժբախտ ընտանիքներ:
Այս առիթով հարկ է նշել եւ կանադահայութեան ուշադրութեան յանձնել, թէ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը կնքած է համաձայնագիր մը Կանադայի քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի նախարարութեան հետ (Private Sponsorship Agreement Holder) օգնելու բոլոր կանադահայ ընտանիքներուն, որոնք կը փափաքին երաշխաւորել իրենց հարազատները, որ այժմ կ՚ապրին Իրաքէն դուրս:
ՍԵՎԱՆ ՀԱՃԻՆԵԱՆ