Նոր անուն մը այս օրերուն սկսած է տարածուիլ ամերիկահայ գրական մեր շրջանակներէն ներս, երբ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարարինՙ Րաֆֆի Յովհաննիսեան որդինՙ Կարինը, հրապարակ հանեց իր երախայրիքըՙ «Ստուերներՙ ընտանիքին»: Տակաւին չհրապարակուածՙ արդէն Ամերիկայի արեւելեան ափէն մինչեւ արեւմտեան հայաշատ քաղաքներու մէջ արագօրէն լայն հետաքրքրութիւն գտաւ երիտասարդ հեղինակին գիրքը:
Նիւ Եորքի «Հարփըր քոլլինգ» հրատարակչատունը օրեր առաջ հաղորդած էր, որ գիրքը լոյս պիտի տեսնէ Հայաստանի անկախութեան օրըՙ սեպտեմբերի 21-ին: Գիրքը նուիրուած է Յովհաննիսեան ընտանիքի մէկ դարու պատմութեանՙ սկսելով Մեծ եղեռնէն դէպի ամերիկեան երազ ու Հայաստանի անկախութեան իրականութիւն: Այս պատմութիւնն է իրա՛ւ ամերիկահայուն, որ եղաւ իր նմաններէն ոչ տարբեր, զանգուածային հոսքին հետ, անցեալ դարու սկիզբը, երբ ազատութեան տենչանքով հայ գիւղացին ապահով երդիք մը կը փնտռէր այս օտար ափերուն վրայ, որպէսզի քանի մը դոլար կարենար ղրկել երկրի իր հարազատներուն: Ան թէեւ հասակ առաւ Ուսդըրի, Փրաւիտընսի, Նիւ Եորքի թէ Ֆրեզնոյի մէջ, սակայն մնաց աւելի կապուած իր հայրենի ծննդավայրին ու մանաւանդ Հայաստանին:
Յովհվննիսեանները ահա՛ այդպէս դար մը ամբողջ հասած ըլլալով ամերիկեան երազին... դարձան նաեւ նորածին Հայաստանի անկախութեան կառավարութեան անդամ: Անոնք շահած էին ամերիկեան ու հայկական երազը միաժամանակ:
Կարին թոռն է յայտնի պատմաբան պրոֆ. Ռիչըրդ Յովհաննիսեանի: Ան շրջանաւարտ է Կալիֆորնիոյ համալսարանէն եւ կը հետեւի լրագրութեանՙ Բոստոնի Կոլումբիա համալսարանէն ներս: Ունի գրութիւններ «Լոս Անջելըս թայմս», «Լիբըրթի» թերթերու եւ «Արարատ» հանդէսին մէջ: Արժանացած է «Ֆուլբրայթ ֆելոուշիպ» մրցանակին:
Հոկտեմբերի 8-ին, Նիւ Ջըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, Հայ ուսանողաց միութեան եւ Վարդանանց ասպետներուն, տեղի ունեցաւ 24-ամեայ երիտասարդ հեղինակին գրքին շնորհանդէսը: Հեղինակը լայնօրէն ներկայացուց իր գիրքը հարիւրի հասնող գրասէր հասարակութեան:
Յ. ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք