«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#220, 2010-11-30 | #221, 2010-12-01 | #222, 2010-12-02


ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՒ ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆԸ

Արժանի յարգանք հայ բեմի արժանաւոր վաստակաւորին

«Նորարար մը հայ թատերական արուեստէն ներս, դասական հասկացողութենէն անդինՙ արդիական ու այժմէական միջազգային թատերական դպրոց մը ամբողջ ծանօթացուց հայերէն լեզուով, հայ հանդիսատեսին»: Գրիգոր Սաթամեանի մասին այսպէս կ,արտայայտուի բովանդակալից յայտագիր գրքոյկին մէջ ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբին ատենապետըՙ Յակոբ Վարդիվառեան :

Նոյեմբեր 21ին, Թենըֆլայի (Նիւ Ճըրզի) «Դհը Քլինթըն Ինն» հիւրանոցին մէջ Թէքէեան մշակութային միութիւնը մեծարանքի ճաշկերոյթով նշեց բեմադրիչ, դերասան ու թարգմանիչ Գրիգոր Սաթամեանի թատերական ծառայութեան 50ամեակը: Ներկայ գտնուեցան ոչ միայն թատերասէր հասարակութիւն մը, որ կէս դարու սէր եւ յարգանք տուած է Սաթամեանին, այլեւՙ իր հետ բեմ բարձրացած ու իրեն հետ գործակցած դերասաններ ու ազգայիններ:

Հանդիսութիւնը ինքն արդէն թատերական ներկայացում մը դարձաւ, երբ Մկրտչեան թատերախումբին դերասանները սրահ բերին Գրիգոր Սաթամեանը, տիկինըՙ Մատլէնը եւ զաւակըՙ Լեւոնիկը:

Բացման խօսքն ու օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Գրիգոր Սաթամեանի բեմադրութեամբ Պէյրութի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի նախկին անդամ Յակոբ Վարդիվառեան: Ան տուաւ գեղեցիկ պատկերը երբ փափազեանականներ առաջին անգամ հիւրախաղերով մեկնած էին Հայաստան ու յաջորդ առաւոտ կանուխ Գրիգորը կ,արթնցնէր դերասանները միասին վայելելու Արարատը: Ու այդ օրուընէ սկսեալ անոր եւ իր խաղընկերներու հայեացքը սեւեռած մնաց Արարատին եւ անոր լանջերուն վրայ վերածնած Հայաստանին ու ժողովուրդին: Գրիգորը մնաց անսակարկ հայրենասէր մը:

Անգլերէն լեզուով օրուան մեծարեալը ներկայացուց թատերախումբի անդամուհիներէն Դալար Շէշէթեան-Սարաֆեանը:

Այնուհետեւ մէկ առ մէկ բեմ բարձրացան Սաթամեանը ճանչցող դերասաններ, վարչականներ, ընկերներ: Կարճ յիշատակելի պատահարներ, դէպքեր եւ յարգանքի խօսքեր արտասանեցին անոնք: Առաջին սրտի խօսքը կատարեց յոբելեարի դերասանուհիներէն, միջազգային ատեաններէ ներս ծանօթ հոգեբան ու Մկրտչեան թատերախումբի անդամներէն Տոքթ. Անի Գալայճեան: Յանուն ՀԲԸՄ-ի Լոս Անջելըսի «Արտաւազդ» թատերախումբին խօսք առաւ ատենապետըՙ Արա Պապայեան , որ յատկապէս եկած էր կնոջՙ Սոնիային հետ ներկայ գտնուելու այս հանդիսութեան: Սաթամեանի դերասանուհիներէն Սեդա Ճեպեճեան իր կարգին ներկայացուց անոր թատերական արուեստը եւ ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ: Ճէպէճեանները ամբողջ ընտանիքով անդամ են ԹՄՄ «Մկրտչեան» թատերախումբին:

«Համազգային» թատերախումբի բեմադրիչ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան վեր առաւ Սաթամեանի կատարած թարգմանական աշխատանքին արժէքը: Քսանէ աւելի թատերական գործեր հայերէնի թարգմանած ըլլալով անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներէնՙ ան ըսաւ, թէ արդէն Սաթամեանը այլեւս մաս կը կազմէ մեր գրական աշխարհին: Մարգարեան բարձրօրէն գնահատեց Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թէքէեան մշակ. միութեան կատարած անփոխարինելի գործը ոչ միայն թատերական կեանքէն ներս, այլեւՙ զանազան մշակութային կեանքի մէջ, բարձրորակ եւ լուրջ ձեռնարկներու:

Երեւանի Սունդուկեան ակադեմիական թատերախումբի դերասանուհի Կարինէ Քոչարեան տուաւ իր սրտի խօսքը, ինչպէս նաեւՙ օրուան խորհուրդին հետ ասմունքեց: Իսկ Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան եւ ապա Ամերիկեան համալսարանի դասընկերներէն Տոքթ. Յակոբ Կիւլեքճեան ներկայացուց ուսանողական անկեղծ յուշեր:

Իւրաքանչիւր խօսողէ ետք, Գրիգոր Սաթամեան մի՛շտ արտայայտուեցաւ եւ իրեն իւրայատուկ ձեւով լուրջ խօսքերն ու պատահարներն անգամ զաւեշտային բնութագրումով մը համեմեց. դէպքերը այնպէս մը նկարագրեց, որ խնդուքի եւ ծիծաղի մթնոլորտ ստեղծուի, խլելով անհամար ծափեր:

Խօսք առին ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի երբեմնի «Արտաշատ» թատերախումբի դերասանուհիներէն Զուարթ Պալըքճեան եւ Միսաք Պօղոսեան, որ կը շարունակէ իր դերասանական տաղանդը հրամցնել «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբէն ներս, դառնալով անոր հիմնադիրներէն մէկը: Պարոն Մ. Պօղոսեան երկու շրջան վարած է ԹՄՄ մասնաճիւղին ատենապետութիւնը:

Խօսք առաւ հանրածանօթ դերասանուհի Նորա Արմանին եւ ներկայացուց իր յուշերը շարժապատկերի աշխարէն, իսկ ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան վարիչ-քարտուղար Գէորգ Մարաշլեան ներկայացուց Սաթամեանի արժանթինահայ յուշերէն, երբ ինք կը պաշտօնավարէր Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ-ի գրասենեակը: Սաթամեան երկու անգամ այցելած է եւ տեղական ուժերով բեմ հանած է ներկայացումներ:

ՀԲԸՄ-ի «Անդրանիկ» պարախումբի մենակատարներ Քարոլին Մելքոնեան եւ Յարութ Թագւորեան ներկայացուցին զաւեշտ-պար մը: Իսկ յոբելեարի դերասաններներէն եւ ԹՄՄ Նիւ Եորքի մասնաճիւղի փոխ ատենապետ Յարութ Չաթմաճեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Սաթամեանին, որ առաջին անգամ զինք հայ բեմին բերած է, սիրցուցած ու քաջալերած է, եւ յանուն մկրտչեանականներուն բաժակ բարձրացուց Գրիգորի կենացը:

Հուսկ խօսք առաւ Գրիգոր Սաթամեան : Ան յիսուն տարիներու վաստակովը կոչ ըրաւ սիրել հայ թատրոնը, որովհետեւ ամբողջական դպրոց մըն է այն: Շնորհակալութիւն յայտնեց Թէքէեան մշակութային միութեան, որ առաջին անգամ ըլլալով կը նշէ իր կէս դարու ծառայութիւնը:

Նոյն օրը Գրիգոր Սաթամեան ներկայ գտնուեցաւ թատերախումբին ներկայացմանՙ Պարոնեանի երգախառն «Շողոքորթը» կատակերգութեան, բեմադրութեամբՙ Գագիկ Կարապետեանի: Թատերախումբը այս ներկայացումը պատրաստած ու նուիրած էր Սաթամեանին:

ԹՄՄ «Տիգրան Սմսարեան» բաժակը, որ ամէն տարի կը տրուի Միութեան ամենէն աշխոյժ մասնաճիւղին, այս տարի յանձնուեցաւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, որուն վարչականները եկան ստանալու բաժակը:

Յայտագրի աւարտին, օրուան հանդիսավարըՙ Յակոբ Վարդիվառեան, բեմ հրաւիրեց Թէքէեան մշակութային միութեան ամենավաստակաշատ մշակութային գործիչըՙ Սարգիս Փասքալեանը յանձնելու յուշատախտակը Սաթամեանին: Ան սրտաբուխ արտայայտուեցաւ իր գործընկերոջ Գրիգոր Սաթամեանին մասին:

Այս առթիւ լոյս տեսաւ բովանդակալից ալբոմ մը, ուր ներկայացուած էին Սաթամեանի թատերական կեանքին ընդհանուր պատկերը լուսանկարներով: Սաթամեան բեմադրած է 75 թատերգութիւն, խաղցած է 84 ներկայացումներու մէջ եւ հայերէն լեզուի թարգմանած է 20 թատերախաղեր:

Յիշենք որ այս հանդիսութեան ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի, ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի պատասխանատուներ, ազգային բարերարներ եւ ծանօթ հասարակական գործիչներ:

Վերջապէս Գրիգոր Սաթամեան որքա՛ն սիրեց հայ բեմը, նոյնքան եւ աւելիովՙ սիրցուց զայն նոր սերունդին: Եւ այդ օրը սրահը լեցուն էր նոր սերունդի ներկայացուցիչներով:

ԹՂԹԱԿԻՑ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4