«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#228, 2010-12-10 | #229, 2010-12-11 | #230, 2010-12-14


ՆՈՐ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՎՆ ՄԸ ԵՎՍ ՆԻՎ ԵՈՐՔԻ ԹՄՄ «ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ԽԱՂԱՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ. «ՇՈՂՈՔՈՐԹԸ»

Օրերս Նիւ Եորքի Թէքէեան մշակութային միութեան «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը այս տարուան երկրորդ բեմադրութեամբ ներկայացաւ թատերասէր հասարակութեանՙ ներկայացնելով անմահանուն Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» կատակերգութիւնը: Բեմադրութիւնըՙ Գագիկ Կարապետեանի, երաժշտութիւնըՙ Ստեփան Լուսիկեանի: Երգախառն այս ներկայացումը տեղի ունեցաւ Օրադէլի «Էլեմենթրի» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, լեցուն հանդիսականներու ներկայութեան:

Թատերախումբին վաստակաւոր դերասանները մասնակցեցան այս խաղին, որ նուիրուած էր բեմադրիչ ու դերասան Գրիգոր Սաթամեանի թատերական ծառայութեան 50-ամեակին: Նոյեմբեր 21-ի երեկոյեան մեծ շուքով Թէքէեանը նշեր էր անոր յիսնամեայ վաստակը Թենեֆլայի «Քլինթըն Ինն» պանդոկին մէջ («Ազգ»-ը գրել է այդ մասին: Խմբ.): Թատերախումբի յանձնախումբի հիմնադիր ատենապետը այս առթիւ հրատարակուած գրքոյկին մէջ կը գրէր. «Որքան ալ «Շողոքորթը» եւ հեղինակին միւս գործերը կը պատկերին 19_րդ դարու աւարտէն անցեալ դարու սկիզբի հայկական Պոլսոյ ընկերային ու ընտանեկան կեանքը, այսօր ալ անոր ստեղծագործութիւնները, մերօրեայ կեանքէն ներս, կը մնան նոյնքա՛ն հարազատ, նոյնքա՛ն այժմէական: Այսպիսով Յակոբ Պարոնեանի մեծութիւնը կը շարունակէ մնալ այսօր եւս»: Իրապէս ալ, հանդիսատեսը այս ներկայացմամբ տեսաւ այսօրուան պատկերը մեր ընկերային կեանքինՙ ի՛ր կեանքին:

Նոր դէմք չէ Գագիկ Կարապետեանը մեր թատերախումբէն ներս: Ան տեսաւ բոլոր ներկայացումները թատերախումբին ու գործակցեցաւ մեր բեմադրիչներուն հետ, սկսածՙ առաջինինՙ Թամար Յովհաննիսեանի հետ: Նոր ճաշակ մը կու գար աւելցնելու Գագիկը այս ներկայացմամբ, որ մեծապէս գնահատուեցաւ:

Պէ՛տք ենք անպայմանօրէն գրել դերասաններուն մասին. Յարութ Չաթմաճեան Պապիկի (Շողոքորթի) դերով: Նոր Յարութ մը կարծես կը ներկայանար զինք սիրողներուն: Որքա՜ն ճկունՙ այնքա՛ն պարտադրող անհատականութիւն մը բեմին վրայ, կրցաւ առանցքը դառնալ խաղի ընթացքին: Միսաք Պօղոսեան (Յովսէփի դերով): Ան եւս որպէս նոր Միսաք մը բարձրացաւ այդ գիշեր: Անՙ հիմնադիրներէն այս թատերախումբին, կը շարունակէ մնալ մկրտչեանականներու վաստակաշատ դերասանը եւ իր ներկայութեամբ կը խրախուսէ երիտասարդ ուժերու մասնակցութիւնը մեր թատերախումբէն ներս: Թադէի դերով Շմաւոն Ադամեան, անգամ մը եւս եկաւ ապացուցանելու, որ իր օժտուածութեամբ արդէն սիրողական դերասանէ անդին... արհեստավարժ դերասան որպէս կը բարձրանայ բեմ: Մելինէ Խիկոյեան, Երեւանի Թատերական ինստիտուտէն շրջանաւարտ ու թատրոնի սէրը ստացած հայ բեմի մեծ վարպետէնՙ Հրաչեայ Ղափլանեանէն, կը մնայ թատերախումբին մնայուն ուժերէն, որ կրցաւ լաւագոյնս մարմնաւորել Թերեզայի դերըՙ Թադէի քոյրը: Դալար Զօքեանՙ Սոֆիի դերով (Յովսէփի դուստրը) անգամ մը եւս կու գայ ցոյց տալու իր բեմական շնորհները, եւ այս քանիերորդ անգամ ըլլալով: Դալար թատերախումբի երիտասարդ այն ուժերէն է, որ անպայմանօրէն պիտի մնայ պատնէշի վրայ:

Երկու ծառաներըՙ Յարութ Թագւորեան (Բարթեմ) եւ Խաչիկ Սարըմինասեան (Գէորգ) թատերասէրներու ուշադրութիւնը հրաւիրեցին իրենց խաղարկութեամբ: Երկուքն ալ բնատուր ձիրքով արժանացան հանդիսատեսին ուշադրութեան:

Նոր ո՛ւժը, որ կու գայ միանալու թատերախումբինՙ Յարութ Պարսումեանն է, Արշակի դերով: Հարստացաւ թատերախումբը Պարսումեանով: Սպասելի է որ շուտով ան առաւել եւս ինքզինք դրսեւորէ յառաջիկայ ներկայացումներով: Բախտաւոր է «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը իր մէջ ունենալու Պարսումեանըՙ շնորհալի այս երիտասարդը: Իսկ առաջին անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանար Միքայէլ Խիկոյեանը Տիգրանի դերով: Ամերիկածինՙ սակայն հայ բեմը սիրող նոր ուժ մը անկասկած:

Դիւրին չէ, անշուշտ, սիրողական թատերախումբի մը համար տալ երկու ներկայացում մէկ տարուան մէջ: Մկրտչեանականները, սակայն, գիտեն թատրոնի համար կատարել զոհողութիւն: Ահա՛ այդ ոգիով ալ թելադրուածՙ Նիւ Երորքի ու Նիւ Ջըրզիի թատերասէր հասարակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ այս երկու օրերու ներկայացման: Թէքէեանի գործունէութիւնը այս մեծ ոստանի մէջ մնայուն գնահատողներու շարքին կը մնան ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ ներկայացուցիչ դեսպանըՙ պարոն Կարէն Նազարեանն ու տիկինըՙ Նանան, որոնք մի՛շտ ներկայ են ԹՄՄ-ի կազմակերպած ձեռնարկներուն:

Գնահատանքով արձանագրելու ենք բեմին ետեւը աշխատող տասնեակ մը տղոց ու աղջիկներու լուռ մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ թատերական յանձնախումբի անդամներունՙ գլխաւորութեամբ ատենապետինՙ Յակոբ Վարդիվառեանին: Ահա՛ 14րդ տարին ըլլալով 16րդ ներկայացումն է, որ կը հրամցնեն անոնք:

Մկրտչեանականներ այսպիսով արդարացուցած կ՚ըլլան իրենց անունը,. որ սերտօրէն կը մնայ կապուած Ֆրունզիկինՙ Մհեր Մկրտչեանի անունան ու յիշատակին: Երանի՜ իրենց:

ԳԱՌՆԻ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4