«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#12, 2011-01-26 | #13, 2011-01-27 | #14, 2011-01-28


ՄԵՐ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԵՐԱՇԽԻՔԸ

Հայաստանի բանակի օրը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ իրեն կապուած իրադրութիւններու ընդհանուր նկատառումներով։ Աւելորդ չէ անշուշտ անառարկելի տեսութեան վերընդգծումը, թէՙ բանակը տուեալ երկրին, պետութեան ժողովուրդին անվտանգութեան անփոխարինելի երաշխիքն է եւ իբրեւ այդպիսին ագզային արժեհամակարգի կարեւորագոյն հիմնադրոյթներէն մէկը։ Հայրենիքին եւ ժողովուրդին ծառայելու ամենահիմնական ու ամենաազդեցիկ ուղին, ազգի շարունակականութիւնը ապահովող կարեւոր ու առաջնային բաղադրիչներէն մէկը։

Հիմա, Հայաստանի բանակին մասին։ Ռազմական առումով փորձագիտական վկայութիւնները կը շարունակեն հաստատել, որ շրջանային մակարդակի վրայ հայոց բանակը կը յատկանշուի իր մարտունակութեամբ, մարտական պատրաստուածութեան բարձր որակով։ Ազրպէյճանական կողմը գիտակցելով այս իրականութեան, դժուար հաշուի կը նստի իրողութեան հետ եւ ներքին սպառումներու շարժառիթներէ մղուած թափ կու տայ ռազմաշունչ հռետորաբանութեան։ Պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան մասին անդադար խօսելով, պաշտօնական Պաքուն ինքնահակասական շղթայի մէջ կը յայտնուիՙ նկատի ունենալով իր իսկ ստորագրած միջազգային փաստաթուղթերը, ուր արցախեան հակամարտութեան լուծման համար կը բացառուին ռազմական գործողութիւնները եւ կը գերադասուի խաղաղ ճանապարհը։

Հարցը դուրս կու գայ հռետորաբանական սահմաններէն եւ կը հասնի հրադադարի խախտումներու հերթական շարքի։ Հրադադարի միակողմանի խախտումներու շարքը սակայն, ազրպէյճանական կողմին համար նոր դիրքերու նուաճումի չի յանգիր։ Ազրպէյճանցի դիպուկահարներու սադրանքներու սահմաններու մէջ մնացող գործողութիւններ են անոնք, որոնք դիրքերու գոյավիճակին վրայ որեւէ ազդեցութիւն չեն ունենար եւ աւելիով կը համոզեն հետեւողները, որ երկար ժամանակէ ի վեր տեղի ունեցող այս պատահարները կը մեկնարկուին ազրպէյճանական հասարակական շուկայի ներքին սպառումներուն համար։

Ի հարկէ չեն պակսիր հայկական բանակին պատասխան գործողութիւնները։ Հայկական կողմը իր բարձրագոյն մակարդակով յստակացուցած է, որ արցախեան հակամարտութեան կապուած դէպքերու ընթացքը ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան հետեւանքներու նկատառումով պէտք է ընկալել։ Հայկական բանակի արձանագրած յառաջխաղացքի բացատրութիւնը դէպքերու պատճառահետեւանքային բացատրութիւններով կը պարզուի։

Այժմ, բանակի ներքին ոլորտ։ Հայոց բանակի տարբեր զօրամասերուն եւ նոյնինքն հակառակորդի հետ շփման գիծերու դիրքերուն վրայ պատահածները անշուշտ խորապէս մտահոգիչ են, դատապարտելի եւ մերժելի յաճախ։ Կիսապատերազմական վիճակի մէջ գտնուող բանակի համար հայ զինուորին բարոյահոգեբանութիւնը հարուածող լուրջ երեւոյթներ են անոնք, որոնց սրբագրումին համար կտրուկ միջոցառումները աւելի քան անհրաժեշտ են։ Նոյնքան մերժելի է սակայն, նման պատահարներու շահարկումը ներքաղաքական առաւելներ ապահովելու նպատակով։ Հասարակական ընդվզումը պատահարներուն դիմաց աւելի քան հասկնալի է։ Եղելոյթներուն մասին քննարկումները պարտին նպատակ ունենալ միայն արագ սրբագրութիւնը այդ բոլորին։ Վերահսկողական օղակներու կանոնակարգումը աւելի քան անհրաժեշտ է նման սանձարձակութիւններ կանխարգիլելու համար։

Քաղաքական շահարկումի փորձը վտանգաւոր խաղ է բանակի հաշւոյն։ Իւրաքանչիւր նման մտադրութիւն հաշուի պիտի առնէ հակառակորդին նպաստած ըլլալու փաստը։ Մօտեցումը երբեք չ՛ենթադրեր անշուշտ անտարբեր մնալ նման դէպքերու դիմաց։ Ընդհակառակը պետական եւ հասարակական բոլոր միջոցները ամենաաարագ միջոցին ձեռնարկելով մթնոլորտի առողջացման արմատախիլ պիտի ընեն նման երեւոյթներու տուն տուող պատճառները։

Հայաստանի հանրապետութիւնը շրջափակող թուրքեւազրպէյճանական դիրքերուն դիմաց կանգնած է հայոց բանակը։ Մեր ազգի լինելութեան, գոյատեւման, շարունակականութեան անփոխարինելի, հզօր երաշխիքը։ Մեր համազգային արժեհամակարգի կայացման համար գլխաւոր բաղադրիչը։

Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4