«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#54, 2011-03-29 | #55, 2011-03-30 | #56, 2011-03-31


ՎԻԳԵՆ ՉԱԼԴՐԱՆԵԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ, 26 մարտ 2011 երեկոյան, Գերմանիոյ Վիսպատէն քաղաքի Պիպրիխէր պալատի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայազգի հանրածանօթ բեմադրիչ Վիգեն Չալդրանեանի «ՔՐՄՈՒՀԻՆ» գեղարուեստական ֆիլմի ցուցադրումը: «Քրմուհին» ֆիլմը բազմիցս ցուցադրուած է Հայաստանի եւ այլեւայլ երկիրներու մէջ: Ասիկա ֆիլմին առաջին ցուցադրութիւնն էր Գերմանիոյ մէջ, որ արժանացաւ հանդիսականներու արտակարգ ընդունելութեան: Հետաքրքրութիւնը ֆիլմին նկատմամբ շատ մեծ էր եւ շատեր տեղ չըլլալու պատճառով դժբախտաբար չկրցան ներկայ ըլլալ ցուցադրութեան:

Շուրջ 100 հայ եւ օտար հանդիսականներու կողքին ֆիլմի ցուցադրութեան ներկայ էին Գերմանիոյ թեմի առաջնորդական փոխանորդ հոգեշնորհ Տ. Սերովբէ վրդ. Իսխանաեան, Առաջնորդութեան թեմական խորհուրդի անդամ եւ «Գարուն» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Դոկտ. Սարգիս Ատամ, Կենդրոնական Գերմանիոյ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:

Ֆիլմի հիմնական նիւթը հայոց պատմութեան հեթանոսութենէ քրիստոնէութիւն անցման շրջանն է: Բեմադրիչը կը փորձէ արկածի հետեւանքով մահաքունէն արթնցած կնոջ մը երեւակայական յիշողութեամբ վերապատմել 4-րդ դարուն հայ պատմութեան անցուդարձերը եւ անոնք ներկայացնել իւրովի մեկնաբանութեամբ: Թէեւ ֆիլմը կանդրադառնայ հայոց պատմութեան բախտորոշ ժամանակաշրջանի մը եւ կը վերարծարծէ պատմական բազմաթիւ անցքեր, այնուհանդերձ պատմական ֆիլմ մը չէ ան: Ֆիլմը իրական եւ առասպելական պատմութեան ներդաշնակ խառնուրդ մըն է, որ գեղարուեստականօրէն կը հրամցուի հանդիսատեսին:

Այս ֆիլմով Վիգէն Չալդրանեան կը փորձէ անցեալի առասպել դարձած ժամանակաշրջանը վերարթնացնել եւ այդ կարեւորագոյն անցուդարձերը վերապրեցնել ներկայի մէջ եւ ներկայ մարդուն հասկնալի ձեւով եւ երեւակայութեամբ:

ՎԻԳԵՆ ՉԱԼԴՐԱՆԵԱՆ ծնած է 1955 թուականին Երեւանի մէջ: Մինչ այսօր նկարած է շուրջ 19 ֆիլմեր, որոնց մեծ մասը նիւթ ունին հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը: «Քրմուհին» ֆիլմէն զատ յայտնի են նաեւ Չալդրանեանի «Ոսկին ծիծաղում է», «Ապրիլ», «Տէր, ողորմեա», «Լռութեան սիմֆոնիա», «Ձայն բարբառոյ» ֆիլմերը, որոնք բեմադրիչին բերած են մեծ ճանաչում: Ան արժանացած է նաեւ հայ եւ միջազգային կարգ մը մրցանակներու:

ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ, Գերմանիա


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4