«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#56, 2011-03-31 | #57, 2011-04-01 | #58, 2011-04-02


ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ 15-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՎ

Փետրուար 4-էն մինչեւ ապրիլի 1-ը ՀՀ Սահմանադրական դատարանի սրահները բաց մնացին հանրութեան թէ աշխատակազմին համար, երբ առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրութեան դրուեցան հայ նկարիչներու գործերը: Այս տարի 15-րդ տարեդարձն է դատարանի կազմութեան եւ այս առթիւ դատարանի նախագահինՙ պրն Գագիկ Յարութիւնեանի խնդրանքին ընդառաջելով կազմակերպուեցաւ այս ցուցահանդէսը: Կրնանք ըսել, որ այս ցուցահանդէսը կու գայ նոր որակ մը բերել դատական իշխանութիւններու աշխատանքային մթնոլորտին, երբ նիւ ճըրզիաբնակ արուեստի ջատագով ու Հայաստանի երիտասարդ նկարիչներու գործերը տարածող ամոլըՙ տոքթ. եւ տիկին Րաֆֆի եւ Շողակ Յովհաննէսեաններ յանձն առին պատասխանատուութիւնըՙ դատարանի շէնքէն ներս համադրելու այս եզակի ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսի պատրաստութեան համար Շողակ նկատի առած էր մեր ժամանակակից 20-էն 21-րդ դար անցնող երեք տարբեր հանգրուաններըՙ մօտիկ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի ստեղծագործութիւնները:

Այսպէս. առաջին յարկին վրայ կը ցուցադրուին ժամանակակից տասը նկարիչներու գործերը. Արեւիկ Արեւշատեան, Նարեկ Աւետիսեան (որդին մեծ նկարիչ Մինասի), Սարգիս Համալպաշեան, Համլետ Յովսէփեան, Մոկօ (դուստրը ուրիշ մեծ անունի մըՙ Ռուտոլֆ Խաչատրեանի), Վահան Ռումէլեան, Արարատ Սարգսեան, Արթուր Սարգսեան եւ Դաւիթ Կարէան: Ու այս ամէնըՙ գեղեցիկ փունջ մը երիտասարդ հայ նկարիչներու գործերու:

Սահմանադրական դատարանի երկրորդ յարկի պատերը կը զարդարէին մեր մեծ վարպետինՙ Յակոբ Յակոբեանի գործերը, որոնք արդէն դարձած են դասական: Հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին, վարպետը կը շարունակէ ստեղծագործել: Ան հիներէն մնացած ու ինքզինք պարտադրող վերջին մոհիկանն է անկասկած:

Իսկ անցեալը կը ներկայացնէ, այս ցուցահանդէսով, ֆրանսահայ աննման նկարիչըՙ Գառզուն իր 21 աշխատանքներով, որոնք տրամադրուած են նոյնինքն կազմակերպող ու մեզի շատ սիրելի ամոլին կողմէ: Այս առթիւ յիշենք, որ Նիւ Ճըրզի իր փոխադրութենէն առաջ, Շողակը, որ ամերիկեան շրջանակներու մէջ ծանօթ է Վիքի անունով, եղած է Շիքակոյի ժամանակակից արուեստի թանգարանի հաւաքողներու յանձնաժողովի նախագահուհին:

Բացումը կատարուեցաւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի խօսքերով. «Այս ցուցահանդէսը փորձ մըն էՙ ընդգրկելու համար մեր պետական կեանքը իմաստաւորուած կազմակերպելու, արժեւորելով մեր շրջապատի հեղինակները»: Այս առթիւ, պրն Գ. Յարութիւնեան պարգեւատրեց տիկին Շ. Յովհաննէսեան ու նկարիչ Յակոբ Յակոբեանը մասնաւոր շնորհագիրներով: Ըսենք նաեւ, որ բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանը, գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը եւ բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ:

Յ. Վ.


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4