«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#68, 2011-04-16 | #69, 2011-04-19 | #70, 2011-04-20


ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՎԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ ԿԸ ՄԵԾԱՐՈՒԻ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ԿՈՂՄԷ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչական ժողովը, 1 ապրիլ 2011-ին, իբրեւ յարգանքի արժանաւոր արտայայտութիւն Նիւ Եորքի University Club-էն ներս մեծարեց դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը, բարձր գնահատելով անոր նուիրեալ ծառայութեան երախտիքըՙ աշխարհատարած հայութեան եւ յատկապէս Մոնթրէալի համայնքին:

Դոկտ. Կէօնճեան, որ 35 տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչական Ժողովին, վերջին շրջանին վարելով միութեան փոխ-նախագահի պաշտօնը, դասախօս եղած է Մոնթրէալի ՄքԿիլլ համալասարանէն ներս իբրեւ quantum electronics ճիւղի հետազօտող գիտնական: Ան առանցքային նախաձեռնող դեր ունեցած է Մոնթրէալի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ալեք Մանուկեան Վարժարանի հիմնադրութեան մէջ, որուն 40-ամեակը նշուեցաւ անցեալ տարի:

Իր գնահատանքի խօսքին մէջ Հ.Բ.Ը.Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան շեշտեց, թէ Արշաւիր Կէօնճեանի նուիրեալ ծառայութիւնը աշխարհատարած հայութեանՙ Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ իր գործունէութեամբ, եղած էր գերազանց եւ արտասովոր: «Ան ինծի համար եղած է բարեկամ, համախոհ գործիչ եւ գործընկերՙ ըլլալով ամբողջական եւ հաւատաւոր նուիրեալ մը միութեան տեսլականին եւ նպատակներուն», ըսաւ ան:

Պրն. Սեդրակեան նաեւ բարձր գնահատեց տիկին Նատիա Կէօնճեանը, որ յարատեւօրէն թիկունք եղած էր իր ամուսնոյն, անոր կեանքի ամբողջ տեւողութիւնը կազմող նուիրեալ ծառայութիւններուն ընթացքին: Պրն. Սեդրակեան ապա յայտարարեց, թէ դոկտ. Կէօնճեանին կը շնորհուէր Կեդրոնական վարչական ժողովի պատուակալ անդամութեան արժանեաց տիտղոս: Ան միութեան կողմէ մեծարեալին յանձնեց գնահատագիր-բիւրեղապակեայ քանդակ մը, իր երկարատեւ անդամակցութեան եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան մատուցած ծառայութեան իբր խորհրդանշական վարձատրութիւն:

«Կեդրոնական վարչական ժողովին մէջ միշտ պիտի յիշենք դոկտ. Կէօնճեանի իմաստուն եւ փորձառու մասնակցութիւնը, սակայն համոզուած ենք, որ ան վարչութենէն դուրս եւս պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը միութեան եւ ժողովուրդին», եզրակացուց Պրն. Սեդրակեան:

Իր շնորհակալական խօսքին մէջ դոկտ. Կէօնճեան վերյիշումներ կատարեց Հ.Բ.Ը.Միութեան ծիրէն ներս իր կատարած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն եւ իրագործումներուն մասին: Ան յատկապէս երախտագիտութեամբ նշեց, թէ ինչպէս Միութեան մեծագոյն նախագահներէն Ալեք Մանուկեան ներշնչած էր զինք անդամակցելու Հ.Բ.Ը.Մ.ին եւ հետեւողականօրէն թիկունք եղած էր իրեն իր բազմաթիւ ծրագիրներուն մէջ: Դոկտ. Կէօնճեան նաեւ խոր գնահատանքով անդրադարձաւ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի առաջնորդութեան, որ վերաշխուժացուցած էր միութեան ղեկավարութիւնը երիտասարդ, եռանդուն եւ արհեստավարժ տարրերով:

Անձնական արտայայտութիւններով ելոյթ ունեցան նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի շրջանակի ատենապետ պրն. Ալեքսի Կէօվճեան եւ Մոնթրէալի մասնաճիւղի ատենապետ պրն Արմէն Պչաքճեան: Խորապէս տպաւորիչ եւ յուզական էր Կեդրոնական վարչական ժողովի եւ այժմ հոգաբարձական խորհուրդի երիցագոյն անդամ ՙ բարերար պրն Նազար Նազարեանի խօսքը, որ շեշտեց թէ Նազարեան գերդաստանի բոլոր անդամներուն համար Հ.Բ.Ը.Միութիւնը իրենց կեանքի բաղկացուցիչ մէկ մասը կը հանդիսանար: «Հայ ազգին եւ աշխարհատարած հայ ժողովուրդին ծառայելու շարունակական մղումը եւ մտահոգութիւնը միշտ եղած են ու կը շարունակեն ըլլալ իրաւ երջանկութեանս աղբիւրը», ըսաւ ան: «Պէտք է բոլորս ընենք այն ինչ որ Արշաւիր ըրած է, միշտ գիտակից թէ Հ.Բ.Ը.Մ.ը լաւագոյն կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ այդ նպատակին հասնելու համար»:

ՀԲԸ Միութիւնը, որ 1906-ին Գահիրէ հիմնուած է, աշխարհի հայկական մեծագոյն ոչ-շահամէտ կազմակերպութիւնն է: Նիւ Եորքի իր կեդրոնական գրասենեակով, ՀԲԸ Միութիւնը կը պահպանէ հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը եւ կը սատարէ անոնց տարածման, իր կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով, որոնցմէ մօտաւորապէս 400,000 աշխարհասփիւռ հայեր կ՛օգտուին ամէն տարի:


Նկար 1. Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հոգաբարձական Խորհուրդի անդամ պրն. Նազար Նազարեան կարտայայտուի Հ.Բ.Ը.Միութեան հանդէպ իր ամբողջական նուիրումին եւ պաշտամունքին մասին, մինչ նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ մեծարեալը յուզումով կունկնդրեն:

Նկար 2. Մեծարանքի երեկոյթի յիշատակի նկար (կեդրոնըՙ դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան):


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4