ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի առաջին նախագահ, Հայ Ազգային Կոնգրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան, անգլիական «Պի.Պի.Սի.»ի ռուսերէն ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին կարեւոր բացայայտում մը կատարած է:
Ըստ «Լրագիր»ի տեղեկագրութեան, պատասխանելով «Ե՞րբ է առաւելագոյնս մօտ եղել հակամարտութեան կարգաւորումը» հարցումինՙ Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտնած է. «Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումն առաւել մօտ է եղել 1997թ., քանի որ հնարաւորութիւն կար լուծելու այնՙ որոշ տարածքներ յանձնելով Ադրբեջանին, կնքել հաշտութիւն, ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակՙ յետագայում որոշելու պայմանով»:
«Ինչո՞ւ այդ համաձայնութիւնը չկայացաւ» հարցումին ի պատասխանՙ Տէր Պետրոսեան ըսած է. «Քանի որ ղարաբաղցիները կարծում էին, որ դա քիչ է: Մօտեցումը մաքսիմալիստական էր: Նրանք կարծում էին, որ կարելի է էլի՛ ապրել եւ ստանալ աւելին: Այսինքն, ոչ միայն ղարաբաղցիները, այլեւ իմ շրջապատը, իմ թիմի որոշ անդամներ: Նրանք չգնացին այդ ծրագրին: Ես իրենց ասացիՙ եթէ կարծում էք, որ կայ աւելի լաւ լուծում, խնդրեմ, փորձէք: Ես չեմ կարող ձախողել այդ լուծումը: Փորձէ՛ք, տեսէք, թէ ի՛նչ կը ստացուի…»:
Տասներեք տարի անց ի՞նչ ստացուած է: Ղարաբաղը իր ազատագրուած տարածքներով իբրեւ մէկ ամբողջութիւն կը մնայ գերիշխան հայկական պետութիւն, որ կը պայքարի միջազգային իրաւունքի հիմքերով ալ ամրագրելու իր անկախութիւնը: Դժուարին պայքար, անկարելի թուացող գործընթաց, բայց եւ մեր բոլոր հնարաւորութիւններու զօրաշարժին արժանի նպատակ:
Տասներեք տարի անց, ի տես Ատրպէյճանի հետեւողականօրէն անզիջող, կարծր ու «մաքսիմալիստ» պահանջներուն, ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ իրականանար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քաղաքականութիւնը. ազատագրուած տարածքներ պիտի յանձնուէին Ատրպէյճանին, Ղարաբաղի կարգավիճակի յստակացումը պիտի մնար առկախուած եւ ռազմականօրէն աւելի խոցելի վիճակի մէջ աքցանուած Արցախի բնակչութեան առօրեան պիտի ըլլար աւելի անհանգիստ ու աւելի մեծ ճնշումներ պիտի գործադրուէին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի վրայ:
Մէկ եզրակացութիւն: Լա՛ւ պրծանք: