Շարունակելով իր անմիջական ներդրումը բերել ինչպես Լիբանանի եւ Հայաստանի, այնպես ալ սփիւռքի եւ մայր հայրենիքի միջեւ գործարար եւ առեւտրական աշխոյժ կապերու զարգացման ու համագործակցութեան ամրապնդմանՙ Լիբանանի հայ գործարարներու համախմբման պատուրիակութիւնը կը մասնակցի ապրիլի 29-30-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայ առեւտրական ցանց» խորհրդաժողովին: Լիբանանահայ պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ համախմբման նախագահ Նազարէթ Սապունճեանէ, Ռոպեր Տիգրան Ափրարէ եւ Ռաֆֆի Սեմերճեանէՙ որպէս տնօրեններու խորհրդի անդամներ:
Խորհրդաժողովի բացման հանդիսութիւնն ու աշխատանքները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատին մէջՙ մասնակցութեամբ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն պատուրիակներու: Բացման խօսքով հանդէս պիտի գան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Կանադա-Հայաստան գործարար խորհուրդի նախագահ Վահրամ Փիրջանեան: Տեղի պիտի ունենան համանախագահի ընտրութիւն (Սփիւռքի ներկայացուցիչ), ինչպէս նաեւ վերլուծական ելոյթներ Նիք Յակոբեանի (ԱՄՆ), Վահրամ Փիրջանեանի, Արսէն Ղազարեանի, Մարտին Սարգսեանի ու Հրաչ Գասպարի կողմէ: Ելոյթներուն նիւթերը պիտի շօշափեն կամուրջներու կառուցումը հայ առեւտրական ցանցերու միջեւ, Հայաստանի արդիւնաբերութեան օժանդակութիւն, ռազմավարական ծրագրաւորում, համատեղ ֆորումներու կազմակերպում եւ այլ հարցեր: Համագումարի աւարտին պիտի հրապարակուի Հ. Ա. Ց.-ի յայտարարութիւնը:
Հ. ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ-Երեւան