«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#78, 2011-05-03 | #79, 2011-05-04 | #80, 2011-05-05


ՍՓԻՒՌՔՆ ԱԼ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ «ԿԹԱՆ ԿՈՎ»ԵՐՈՒ

Սփյուռքյան հոգսեր

Մենք Ենքՙ Մեր Ցաւերը

Անմեղ, բայց ճակատային հարցում մը.

Սփիւռքը պէտք ունի՞ թէ ոչ նիւթական յատկացումներու, ներդրումներու, աղբիւրներու, նպաստներու, որոնք, առնուա՛զն, բարօրութեան, յուսալիութեան կամ գոհունակութեան մթնոլորտ մը ստեղծեն, ազգային կեանքի հեռանկարային յարատեւութեան մէջ։

Պատասխանը, միանշանակ , այո՛, եւ այն ալ ինչպէ՜ս։

Անգամի մը համար, դարձեալ ու դարձեա՛լ, նայինք ազգային մեր կառոյցներու իրավիճակին, որոնց մեծ մասը դալկանալու ու խամրելու տխուր ընթացքի մէջ կը գտնուի, պարզապէս անոր համար, որ անոնք կը տառապին «նիւթական սրսկում»ներու պակասէն։

Մենք աւելին կÿըսէինք. այդ կառոյցներու «բնակիչ»ները սկսած են «ծերանալ», տարիքային հասունութեամբ, մտքի կարողութեամբ թէ նորերու անգտանելիութեամբ։

Փետրաթափութիւն մը կը տիրէ ամենուրէք, կրթական, հրապարակագրական, հասարակական, կուսակցական, միութենական թէ արուեստագիտական մարզերէն ներս, ուր չկան մասնագիտական մարդուժեր, տեսլապաշտ պատասխանատուներ, հմուտ գրիչներ, ձեռնհաս ղեկավարներ եւ ազգային գործիչներ։

Եւ ասիկաՙ ոչ թէ անոր համար, որ այդ բարեմասնութիւններով նուիրեալներ ու մասնագէտներ չկան, այլՙ անոնց վրայ գուրգուրալու հովանաւորներ ու պայմաններ չկան, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անոնց իրենց «բախտ»ը փորձելու կամ չուելու այլուր։

Ինչո՞ւ հոս հասանք, ազգային խայտաբղէտ կառոյցները, մեղմ ըսած, տկարացնելով, անշքացնելով, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ պարպուելու հաւանականութեան դատապարտելով։

Արջի քաղաքականութիւն խաղալու փորձութեան մէջ պէտք չէ իյնալ, չբաժնելով վերոյիշեալ մատնանշումները, շրջանցելով զանոնք, ժամանակաւոր իրագործումներու (՞) վրայ շեշտը դնելով, մոռնալով որ ատոնք կրնան ըլլալ անցողական, մութ ամպեր կուտակելով արտերկրի հայութեան գլխուն վերեւ։

Այս փշոտ թղթածրարին* վերստին անդրադառնալու պարտաւորութեան տակ գտնուեցանք, ի լուր հետեւեալ հիմնական երեւոյթներուն.

ա. Սփիւռքի ազգային կառոյցները, իրենց գոյութեամբ եւ անձնակազմերով, տակաւ կը մնան կարօտՙ տնտեսական ներուժերու ու նիւթական նեցուկներու, ապագայական ու շարունակական հիմքերու հզօրացումով։

բ. Արցախի վերաբնակեցման առընչութեամբ, վերջերս, պաշտօնական պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Լիբանան, հանդիպումներ ունենալով յատկապէս գործարար շրջանակներու հետ, ապահովելու համար համապատասխան յատկացումներ։

Բնական է, այս զոյգ երեւոյթները, առաջինը իր բարեկարգուելու հրամայականութեամբ, իսկ երկրորդըՙ իր նպաստաւորուելու անհրաժեշտութեամբ, հաւասարապէս կենսունակութիւն են, իւրաքանչիւրը իր պարունակէն ներս։

Սակայն, մեզ մտահոգողը ու չարչրկողը անբարենպաստ եւ անբաղձալի յամեցողութիւնն է Սփիւռքի ազգային կառոյցները պահպանող գործօններուն, ի մասնաւորի անոնց քատր ային թիւի եւ որակի վտիտութեամբ։

Ահազանգող չէ՞ հայ ուսուցիչներու նուազումը, հայ լրագրողներու ամլացումը, հայ արուեստագէտներու ստուերացումը, հայ գործիչներու անտեսումը եւ հայ ղեկավարներու նօսրացումը։

Ո՛չ մէկ ազգային կառոյց կրնայ երաշխաւորել իր գոյութիւնը, եթէ դպրոցը, թերթը, մշակոյթը, կուսակցութիւնը, կազմակերպութիւնը պիտի չարժանանայ լուրջ ուշադրութեան ու զօրակցութեան, ամուր ու մնայուն լծակներով, այսինքնՙ տնտեսական լիցքերով։

Առաւել եւսՙ ո՛չ մէկ ազգային կառոյց կրնայ իր դերակատարութիւնը արժեւորել, եթէ անոնք պիտի յանձնուին պատահականութիւններու, անշնորհալիներու, պատեհապաշտներու ու պարագայականներու։

Ուրեմն, ի՞նչ պէտք է ընել, եթէ ոչ ազգային կառոյցներուն տէր կանգնելու յանձնարարութիւն վերցնել ու վճռակամութիւն ցուցաբերել, առաջին հերթինՙ

ա. Հիմնադրամներ գտնելով կամ ստեղծելով, որոնք դժուար պէտք չէ ըլլան, այնքան ատեն որ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ կան բազմաթիւ գործարարներ ու ձեռներէցներ, աւելի դիպուկՙ հարուստներ, մեծահարուստներ ու բազմահարուստներ։

բ. Ազգային կառոյցները օժտել մասնագէտ թեկնածուներով, որոնք ազգային յանձնառու ոգի ունին, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ու կարողական նախաձեռնութիւններ։

գ. Ազգային կառոյցներու պատասխանատուները, անձնակազմերը, գործիչները, իւրաքանչիւրը իր դիրքին, հանգամանքին եւ արժանաւորութեան համեմատ, նիւթապէս գնահատել ու վարձատրել , յար եւ նման այլ (կամ օտար) հաստատութիւններու, հիմնարկներու կամ ընկերութիւններու։

Անկարելի՞ են այս բոլորը. երեւակայածի՞ն են, մտածածի՞ն, թէ՞ անծի՞ն։

Ի հարկէՙ ոչ։ Ինչո՞ւ այդպէս պիտի ըլլան, այնքան ատեն որ, « մաշալլա », դրամագլուխով դրամատէրեր, խելքագլուխով խելացի ուժեր կան, իսկ ազգային կառոյցներուն ի՞նչ պէտք է ասոնցմէ աւելին։

Տեսանք ու լսեցինք (եւ ոչ առաջին անգամ), թէ ինչպէս Սփիւռքը չվարանեցաւ ու պիտի չվարանի Արցախին օգնելու եւ ինչպիսի խանդավառութեամբ լծուեցաւ այդ ազգանուէր գործին։

Ինչո՞ւ նոյն ոգին, պատրաստակամութիւնը ու նուիրաբերումը պիտի չցուցաբերուի Սփիւռքի ազգային կառոյցներուն նկատմամբ, քանի անոնք եւս կարիքն ունին երիտասարդանալու, որակաւորուելու, արդիականալու ու մասնագիտանալու ։

Անկեղծ ըլլանք. ինչ որ կատարուած էր, կը կատարուի, շնորհակալ ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէ՛ , ի դէմս այրող ու բազմացող պահանջքներուն, ոչ ալ ճիշդ համեմատեղելիՙ ունեւոր կամ բարերար (ելի) ազգայիններուն հետ։

Իսկ եթէ ազգային կառոյցները պիտի մնան իրենց «իւղով տապկուելու» պարտաւորութեան տակ, ինչպէ՞ս կÿըլլայ, եթէ այս անգամ ալ Սփիւռքը դիմէ Արցախցի ու Հայաստանցի գործարարներուն , որոնց ոմանց հարստութիւնները քաղաք(ներ) շինելու կը հասնին, որպէսզի օգնեն անոնց ծով կարիքներուն։

Հայաստանի մէջ շատ կը խօսուի «կթան կով»երու մասին, իսկ ո՞վ կը կարծէ թէ Սփիւռքը ի՛նք պէտք չունի այդպիսի «կով»երու։

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ, Պէյրութ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4