«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#81, 2011-05-06 | #82, 2011-05-07 | #83, 2011-05-10


ԵՂԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵՌՈՒԶԵՐՆԵՐՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸՙ ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ

Շուշիի ազատագրութեան 19-ամեակի նշումին, երբ տակաւին կը խօսինք ազատագրուած քաղաքը շնչող միջավայրի վերածելու անհրաժեշտութեան մասին, կը նշանակէ, որ բնակեցման թէ առ հասարակ զարգացման աշխատանքները բաւական դանդաղ կ՛ընթանան։ Շուշիի ռազմավարական կարեւորութիւնը ներկայացնող գրութիւնները, յայտարարութիւններն ու վերլուծումները ակամայ կը ստանան կարգախօսային կամ յայտարարողական բնոյթ, որովհետեւ չի հետեւիր ակնկալուած տարողութեամբ գործը։

Այս հաստատումը անշուշտ չ՛ենթադրեր , որ ազատագրուած օրէն ի վեր Շուշին իբրեւ քաղաք ու ապրող բնակչութիւն բացարձակապէս մնացած է նոյնը։ Ի հարկ է որոշակի առումով ծաղկած է հոգեւոր ու մշակութային կեանք, ծաւալած է շինարարութիւնը, կազմակերպուած են պետական կառոյցներն ու ենթակառոյցները եւ արձանագրուած է բնակչային աճ։ Խնդիրը ակնկալուած արդիւնքէն տակաւին հեռու մնալն է, զարգացման աշխատանքներուն պէտք եղած թափի հաղորդման պակասն է։

«Պէտք է»ներու շարքը այստեղ անհարկի է անշուշտ։ Կը բաւէ վերստին յիշել քաղաքին ներկայացուցած ռազմավարական կարեւորութիւնը, համոզուելու համար որ մեր հայրենիքի անվտանգութեան պահպանման համար որքան կարեւոր է Շուշիի բերդին անառիկութիւնը։

Նկատառելի բնակեցում կամ առեւտրական ու ճարտարարուեստական քաղաք ակնկալելը եւ պահանջներուն առաստաղը բարձրացնեը իրատեսական չի թուիր։ Շուշին մշակութային կեդրոնի վերածելու առաջադրանքը սակայն, որ կը վայելէր պետական հովանաւորութիւն եւ համապատասխան կառոյցներու աջակցութիւն տակաւին յայտարարուած առաջադրանքի տարողութեան առարկայացումը չէ գտած քաղաքին մէջ։

Եղանակային եռուզերներ կազմակերպելըՙ մշակութային փառատօներու, համահայկական համաժողովներու, երիտասարդական բանակումներու, մարզական մրցաշարքերու ճամբով կենդանութիւն կ՛ապահովեն քաղաքին։ Ստեփանակերտի օդակայնը լիարժէք կրնայ ծառայել այս նպատակին։

Այս միջոցառումները ինքնին պետական հովանաւորութիւն կ՛ենթադրեն, որոնց իրականցաման համար համապատասխան ծառայութիւններու եւ դիրութիւններու կարիքը ինքզինք զգալի կը դարձնէ։ Ի վերջոյ համահայկական միջավայրեր ստեղծելու համար համաժողովներու սրահներ, պանդոկներ, մարզադաշտեր եւ նման ենթակառոյցներ անհրաժեշտ են, որոնց շինարարութիւնը արդէն նոր գործատեղերու եւ աշխատուժի պահանջ կը դնէ։

ՀՀ-ԼՂՀ-Սփիւռք եռամիասնութեան տարբեր առումներով առարկայացման յարամարագոյն վայրերէն մէկը Շուշին կարելի է համարել։ Յառաջիկայ տարին ազգովին պիտի նշենք Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակը։ Անիկա կրնայ վերածուիլ լաւագոյն առիթի Շուշին իբրեւ համահայկական կեդրոնատեղի նկատի ունենալու եւ ըստ այնմ նախապատրաստուելու։ 20-ամեակը պարզապէս գործնական մեկնարկ կրնայ ծառայեցուիլ համահայկական եղանակային եռուզերներ կազմակերպելու համար։

Համահայկական հովանոցը ընդմիշտ պէտք է բաց պահել այս քաղաքին վերեւ։ Անոր ազատագրումը եւս համահայկական ուժերով էր, որ իրականացաւ։ Շուշին բերդն է Արցախին, Արցախը իր կարգինՙ Հայաստանի հանրապետութեան։ Բերդին անառիկութեան պահպանումը հաւասարապէս բոլորիս պարտականութիւնն է։

Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4