Երկար ժամանակ աւստրալահայ գաղութը իր բոլոր հատուածներովՙ քաղաքական մշակութային, ընկերային, կրթական, բարեսիրական, հաշտուած էին այն իրականութեան հետ, որ Աւստրալիան, աշխարհագրականօրէն, ազգային, քաղաքական, մշակութային ծիրէն շատ հեռու է համեմատած սփիւռքահայ այլ գաղութներու եւ շատ յաճախ, կամայ թէ ակամայ, կղզիացած:
Բնականաբար գաղութիս մշակութային եռուզեռը զգալիօրէն ազդուած է այս դառն իրականութենէն, որ շատ հաւանաբար անուղղակի կերպով ազդած նաեւ մեզմէ շատերուն անտարբերութեան, որոնք իրենց հոգեկան, մշակութային բաւարարութեան համար գտած են տարբեր լուծումներ եւ հեռացած, մեկուսացած:
Անցնող Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներու ընթացքին սակայն, աւստրալահայ գաղութը ապրեցաւ մշակութային «յեղաշրջում», որ կը յուսանք կը շարունակուի:
Շատերուս համար երազ մըն էր, որ իրականացաւ նախ շնորհիւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի այցելութեամբ, որուն հետեւեցան բազմավաստակ բանասէրՙ Ասատուր Կիւզելեանՙ Լոնդոնէն, «Խաչատուրեան եռեակը»ՙ Հայաստանէն եւ «Արմենիա» առագաստանաւին այցը Սիդնի, ծովեր եւ օվկիանոսներ կտրելէն ետք, գլխաւորութեամբ բազմավաստակ գրող, լրագրող, ճանապարհորդ Զօրի Բալայեանի:
Բնականաբար երազներում իրականացումը աշխատանք եւ նուիրում կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ հաւատք, յոյս եւ մանաւանդ սէր: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը երախտապարտ է այս ուղղութեամբ մանաւանդ տէր եւ տիկին Աւէ եւ Ժագլին Թեւանեաններուն, որոնք իրենց բարոյական, նիւթական աջակցութիւնը եւ նեցուկը, ինչպէս նաեւ ժամանակը չխնայեցին, որ միջոցը ծառայէ իր նպատակին:
«Խաչատուրեան եռեակի» 6 եւ 7 մայիս 2011-ի ելոյթները անմոռանալի պիտի մնան երկար ժամանակ եւ աւստրալացի արուեստագէտին վկայութեամբՙ «Ես այսքան երկար ժամանակ նմանօրինակ տաղանդաւոր եռեակի չեմ հանդիպած ու լսած», հաւատքի նոր էջ մը կը բանայ մեր արուեստագէտներուն նկատմամբ, որոնք Կոմիտասի, Ա. Խաչատուրեանի, Ա. Բաբաջանեանի եւ մեր միւս երգահաններուն, արուեստը պիտի հնչեցնէ աշխարհի տարբեր բեմերուն վրայ: «Խաչատուրեան եռեակի» ելոյթները բնականաբար բարձր գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ, բայց միեւնոյն ժամանակ ափսոսանք շատերուն համար, որ ներկայ չեղան, կամ առիթը փախցուցինՙ հատուածական անհեթեթ պատճառաբանութիւններով:
«Խաչատուրեան եռեակի» ելոյթներուն յաջողութիւնը բնականաբար արդիւնք էր նաեւ ժրաջան յանձնախումբին, որ տիւ ու գիշեր պատրաստեց եւ իրագործեց ոչ միայն հանդիսութիւնները, այլ նաեւ ապահովեց «Խաչատուրեան եռեակի» կեցութիւնը եւ յարակից այլ աշխատանքներ:
Այսու ՀԲԸՄ-ի կողմէ մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնենք յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ նշանաւոր երգչուհի Արաքս Մանսուրեանին իր մասնակցութեան եւ անզուգական ելոյթին համար: Գնահատանքՙ տիկին Նորա Պասթաճեանին, որ վարեց հանդիսավարի պատասխանատու պաշտօնը:
Բոլոր յաջողութիւններու ետին, շուքի տակ աշխատող անհատներու ներդրումը մեծ դեր կը խաղայ, ինչպէս էր պարագան տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Մարի Չէչճէնեաններուն ներդրումըՙ տպագրական աշխատանքով եւ տէր եւ տիկին Արա եւ Նայրի Վարդուկեաններու «Theme & Variations Piano Service» հաստատութեան, ուր տեղի ունեցան արհեստավարժութեան դասեր «Master Classes», «Խաչատուրեան եռեակի» մասնակցութեամբ:
Ապրիլեան Ցեղասպանութեան հիւր բանախօսըՙ Ասատուր Կիւզելեան, Խաչատուրեան եռեակի թունդ ջատագով է եւ միեւնոյն ժամանակ նույնանուն հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ: Հիմնադրամը կը սատարէ Հայաստանի պատանի եւ երիտասարդ թաքուն տաղանդները, որոնք այլապէս առիթը պիտի չունենային իրենց երաժշտական տաղանդը դրսեւորելու: Ասատուր Կիւզելեան բնաւ չդադրեցաւ իր պատգամը փոխանցելու: Պաշարը, եռանդը եւ մանաւանդ իր ջերմ եւ բարեկամական խառնուածքը մագնիսական դարձան: Զարմանալի չէ, որ մայիսի 14-ին, բարեկամներՙ նոր ու հին, նախկին աշակերտներ, միանալով տիկին Կիւզելեանին, տօնեցին անխոնջ մշակին ծննդեան 79-րդ տարեդարձը Հայ մշակոյթի տան սրահին մէջ:
Ասատուր Կիւզելեան իր համարեա 80-ամեայ պատուանդանէն մեզի բոլորիս համար դարձաւ կենդանի վկան, որ հայ ժողովուրդը, ի հեճուկս իր թշնամիներուն, կայ ու պիտի մնայ, ծլի, ծաղկի ու բարգաւաճի: Պատահական չէ, որ յաջորդ օրը ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան մշակութային կեդրոնին մէջ տուաւ դասախօսութիւն հայ ժողովուրդի ծագման մասին, հարիւրէ աւելի համախմբուած ունկնդիրներու ներկայութեան եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, Սիդնի