«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#132, 2011-07-19 | #133, 2011-07-20 | #134, 2011-07-21


ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՅ ԳՐՈՂԻ ՏԱՆ ՄԷՋ

1963-ի ամրանն էր, Եթովպիայէն Պէյրութ գալով միացայ Հայաստան հրաւիրուած ուսուցչական խումբին եւ հայրենիքս տեսայ առաջին անգամ ըլլալով:

Յաջորդ տարին ափրիկեան կեցութեանս վերջ տալով Պէյրութ վերադարձայ եւ հետզհետէ կլանուեցայ ընկերային ու գրական կեանքին մէջ: 1951-64 Եթովպիա ապրած ըլլալով, բնական ու կենդանական աշխարհէն եւ արկածախնդրական կեանքէն հարուստ փորձառութիւն ունէի, որ գրականութեան վերածեցի: Այդ նիւթով հարուստ պատմուածքներ սկսան հրատարակուիլ «Շիրակ» ամսագրին մէջ, որուն խմբագրական կազմին մաս կազմեցի խմբագրապետ Օննիկ Սարգիսեանի կողքին: 1979-ին հրատարակուեցաւ «Որսորդի ուղիներով» խորագրով առաջին գիրքս:

1977-ին հայրենիք կատարած երկրորդ այցելութեանս ընթացքին առաջին գործս եղաւ Վախթանգ Անանեանին հանդիպիլ: Ան զիս ընդունեց Լուսակերտի պտղատու ծառերով շրջապատուած իր տան մէջ, որուն կից կը գտնուէր նաեւ Հրաչեայ Քոչարի բնակարանը: Ան Երեւանի մէջ ալ տուն ունէր, որ յիշածիս համաձայն, Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցի, ձկան խանութի վերեւն էր: Երբ հեռաձայնեցիՙ ժամանումս հաղորդելու համար իրեն, չափէն աւելի ուրախացաւ եւ պատուիրեց, որ կիրակի օր որեւէ ժամադրութիւն չառնեմ, ամբողջ օրը իրեն վերապահելով:

- Աղջիկսՙ Նելլին եւ եղբայրը կուգան քեզ Լուսակերտ կը բերեն, բաժակ մը քոնիաքով հայավարի խորոված ճաշակելու համար:

Դասական խորովածը ճոխացած էր նաեւ լոր ու կաքաւով, որոնք բերեր էին գիւղացիները, ի յարգանս իրեն եւ իր հիւրերուն:

Անմոռանալի այդ օրը կեանքիս մեծագոյն անակնկալը եղաւ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Նագուշ Յարութիւնեանին ներկայութիւնը: Ապշած ու հիացած էի, որ երկրին նախագահը հայ գրողի տան հիւրն էր, եւ որուն հետ տանտէրը կը խօսէր մտերմաբար, հաւասարէ-հաւասար: Զիս նախագահին ներկայացնելէ յետոյ, անակնկալօրէն յայտնեց նաեւ, թէ ծրագրած է ինձմէ գիրք մը հրատարակել: «Ափրիկեան անտառներուն մէջ» խորագրեալ այդ գիրքը լոյս տեսաւ 1982-ին, «Որսորդի ուղիներով» գրքիս բովանդակութեամբ, 10.000 տպաքանակով, որմէ ինծի համար 20 օրինակ միայն կրցեր էր վերապահել:

Վախթանգ Անանեան հիւանդ էր ընդհանրապէս, անորոշ վատառողջ վիճակով: Ժամանակի ընթացքին յայտնուեցաւ, որ խլիրդէ (cancen) կը տառապէր: Դեղագիտական ասպարէզի մէջ աշխատելուս համար գործի լծեցի բոլոր ծանօթութիւններս, իրեն հայթայթելով խլիրդի նորայայտ դեղերը: Շրջան մը ղրկած դեղերս բարերար ազդեցութիւն գործած ըլլալու խաբկանքը տալէ յետոյ, ան հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին, իր որակով հարստացնելու համար հայրենի հողը:

Կիմանանք թէ մշակոյթի նախարարութիւնը ծրագրած է Դիլիջանի անտառը եւ Երեւանի փողոցերէն մէկը Վախթանգ Անանեան անուանել: Մեծապէս գնահատելով մշակոյթի նախարարութեան որոշումը, ես պիտի առաջակէի, որ խոնարհելով հանգուցեալի վաստակին առջեւ, Լուսակերտի իր տունը կոչուէր Վախթանգ Անանեան տուն-թանգարան: Այդ տունը, ուր ապրած եւ ստեղծագործած է Վ. Անանեան, կարելի չէ որեւէ այլ նպատակի ծառայեցնել: Ասոր զուգահեռՙ յարգանքի այլ արտայայտութիւններ ողջունելի են անշուշտ:

Հայրենի բնութեան ու կենդանական աշխարհին անզուգական երգիչը ոչ միայն Հայաստանի ժողովուրդին, այլեւ սփիւռքահայութեան ամբողջ հայութեան պարծանքն է, եւ տուն-թանգարանի վերածուած անոր բնակարանը ներկայ թէ գալիք սերունդներունՙ գրասէրներուն, գրողներուն եւ ընդհանրապէս մշակոյթի բոլոր գործիչներուն ուխտավայրը պէտք է հանդիսանայ, յետ մահու եւս ծառայելով ազգին ու հայրենիքին:

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ, Մոնրեալ

Նկար 1. Վախթանգ Անանեան եւ Հայկ Նագգաշեան Լուսակերտի տան պարտէզին մէջ, 1977:


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4