«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#149, 2011-08-26 | #150, 2011-08-27 | #151, 2011-08-30


ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՌԱԳՐԻ ՄԸ ՆՄԱՆԱՏԻՊԸ ԿԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԷ

Մխիթարեան միաբանութիւնը 2011 թուականին կը տօնէ իր Վիեննա հաստատուելու 200-ամեակը: Այդ առիթով Վիեննայի եւ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան զանազան հանդիսութիւններՙ Ս. պատարագ, գիտաժողով, ցուցահանդէս, եւն, երկու քաղաքներու մէջ ալ լոյս պիտի տեսնեն դրոշմաթուղթեր եւ յուշամեդալներ:

Նոյն առիթով Միաբանութիւնը ծրագրած է լոյս ընծայել նաեւ իր թանկագին ձեռագիրներէն մէկունՙ թիւ 543-ի նմանատիպը (facsimile):

Ձեռագիրը կիլիկեան մանրանկարչութեան գլուխ գործոցներէն է, գրուած Ղրիմ, Ս. Անտոն վանքին մէջ, 1432-ին, եւ կը բովանդակէ Ներսէս Շնորհալիի քանի մը գրութիւններըՙ գլխաւորութեամբ «Յիսուս Որդի» ողբերգութեան:

Ձեռագիրն ունի 11 ամբողջական էջով մանրանկարներ, 11 բնագրին մէջ զետեղուած մանրանկարներ, 24 լուսանցքի վրայ մանրանկարներ, 3 խորան, 3 կիսախորան, եւ կենդանակերպ եւ բուսական զարդեր ու զարդագրեր: Իբր ամբողջական պատկեր դիտուածՙ ձեռագիրը կը ներկայանայ որպէս շքեղ մատենիկ մըՙ «նուրբ եւ քնքուշ գեղեցկութեամբ» (Հ. եւ Հ. Բուշհաուզէն):

Աւելի մանրամասնութիւններ, մանրանկարչութենէն պատկերներ եւ նմանատիպը գնելու պայմանները կարելի է տեսնել համացանցի մէջՙ www.faksimileworld.com, հայերէն, գերմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն ու ռուսերէն լեզուներով:

Հայ արուեստի եւ գրքի սիրահարներուն համար սոյն նմանատիպը պիտի ըլլայ իսկապէս մնայուն վայելք, կամ մասնաւոր բարեկամի մը տալու համարՙ մեծարժէք նուէր:


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4