«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#157, 2011-09-07 | #158, 2011-09-08 | #159, 2011-09-09


«ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է ՀԱՎԱՔԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ»

Հարցազրոյց Մոնրէալի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Յարութ Շիթիլեանի հետ

Մոնրէալի տարեկան համաժողովրդական 2011 Օգոստոս 12,13,14-ին տեղի ունեցած եռօրեայ մեծ փառատօն-քերմեսին, որուն կը մասնակցէին հազարաւոր հանդիսականներ, առիթը ունեցայ հանդիպում ունենալու Մոնրէալի քաղաքապետական խորհուրդի երիտասարդ նախագահ Յարութ Շիթիլեանի հետ: Ընդունեց առաջարկս ունենալու հարցազրոյց, զոր համառոտելով կը ներկայացնեմ:

- Պր. Շիթիլեան, կրնա՞ք ներկայացնել ձեր երիտասարդ կեանքի յաջողութեան պատմութիւնը:

- Ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան, եւ շատ երիտասարդ տարիքիս փոխադրուած Մոնրէալ, երկրէ մըՙ որ բաժան-բաժան էր եղած համայնքային ընդհարումներու հետեւանքով: Ինծի համար անմիջական անակնկալը եղած է յարաբերական խաղաղութիւնը որդեգրած քաղաքիս, ուր բազմաթիւ բնակիչներ, այլազան էթնիքական ծագումով, միասին կապրին: Աւարտեցի երկրորդական ուսումս Մոնրէալի հարաւակողմը, ֆրանսերէն լեզուով ուսուցանող վարժարանի մը մէջ, միեւնոյն ժամանակ մասնակցելով Մոնրէալ քաղաքի մարզական ծրագիրներունՙ ինչպիսին էին լուղորդութիւնը, ջուրի փոլոն եւ պասքեթպոլը: Շարունակեցի համալսարանական ուսումը, աւարտելով որպէս համակարգիչներու ճարտարագէտ, ապա մասնագիտանալով հեռահաղորդումներու (telecommunication) մարզին մէջ Մոնրէալի Փոլիթեքնիք երկրաչափական կաճառէն:

- Որպէս նախագահ աշխարհի մեծ քաղաքներէն մէկուն քաղաքապետական խորհուրդին, կրնա՞ք գաղափար մը տալ ձեր պարտականութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին:

- Ընտրուեցայ յունիս 20, 2011 ին, երբ 30 տարեկան էի: Որպէս նախագահ բազմաթիւ պարտականութիւններ ունիմ: Քաղաքային խորհուրդի նախագահին պաշտօնն է ըլլալ պահապանը քաղաքապետարանի ժողովրդավարական արժէքներուն: Հաշուետու ըլլալ քաղաքապետական խորհուրդին: Խորհուրդի նախագահին տրուած է շարք մը պատասխանատուութիւններ, նպատակ ունենալով զօրացնել քաղաքացիներու վստահութիւնը եւ անոնց մասնակցութիւնը հանրային կեանքին: Այս գրասենեակը յաճախ քաղաքացիներուն, հանրութեան եւ խորհրդականներուն համար առաջին հանդիպման կէտն է: Որպէս չէզոք եւ անկողմնակալ, խորհուրդի նախագահի պարտականութիւնն է պահպանել եւ առաջ տանիլ քաղաքապետարանի ժողովրդավարական գործընթացը: Քաղաքային խորհուրդի նախագահական գրասենեակը կապի միջոցը կը հանդիսանայ ընտրեալ պաշտօնատարներուն միջեւ եւ խորհրդատու քաղաքի բարոյագիտական (ethics) սկզբունքներուն եւ պատասխանատուՙ օգնելու եւ խորհուրդ տալու քաղաքի պաշտօնատարներուն որպէսզի կարենան գոհացնել քաղաքացիներուն կարիքները եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Խորհուրդի նախագահը կը վարէ քաղաքի խորհուրդի ժողովները, ինչպէս նաեւ կը գլխաւորէ քաղաքի խորհուրդի յանձնաժողովները: Քաղաքի խորհուրդի նախագահը նաեւ պատասխանատու է քաղաքապետարանին: Վերջապէս, քաղաքի խորհուրդի նախագահին յանձնախումբը կը վարէ քաղաքի ընդունելութիւնները եւ փրոթոքոլի գրասենեակը ինչպէս նաեւ քաղաքի խորհրդատու երեք մարմիններըՙ Երիտասարդութեան խորհուրդը, Մոնրէալցիներու խորհուրդը եւ Միջմշակութային խորհուրդը:

- Ապագայի համար ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:

- Չորս տարուան պաշտօնավարութեանս առաջին երկու տարիներուն մնացի հաւատարիմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին իմ վարած սկզբունքներուս: Հիմնական սկզբունքներ, ինչպէս յարգանքը, հասկացողութիւնը, հաշուետուութիւնը: Որեւէ ընտրուած պաշտօնատար, առանց նկատի առնելու պաշտօնը, ընտրուած է ծառայելու իր ժողովուրդին:

Հետեւաբար մեր գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ ծառայել քաղաքացիներուն: Պաշտօնավարութեանս մնացեալ երկու տարիներուն, ունիմ երկու աստիճանի ծրագիրներ: Առաջինը եւ կարեւորագոյնը, որպէս խորհրդատու մեծ թիւով խտացած եւ էթնիքականօրէն այլազան ընտրական շրջաններ ունեցող Մոնրէալ քաղաքի Պորտօ-Քառթիէվիլ շրջանը պիտի շարունակեմ անաչառօրէն եւ կանոնաւոր ընթացքով զարգացնել եւ գործադրել յատուկ միջոցներ, որպէսզի բարձրանայ կեանքի մակարդակը եւ ապահովութիւնը հոն բնակող 45.000 քաղաքացիներուն:

Իմ գլխաւոր նպատակս պիտի ըլլայ ընկերակցիլ խորհրդականներուն, յառաջացնելով տեսանելի եւ մանրակրկիտ գործընթաց մը, միեւնոյն ժամանակ պահպանելով ժողովրդավարական սկզբունքները եւ մեր հաստատութիւններու արժէքները: Վերջապէս, պիտի շարունակեմ յառաջացնել մասնակցութիւնը երիտասարդութեան քաղաքացիական գործընթացին մէջ: Կը յուսամ շատեր, մասնաւորաբար մեր համայնքէն, պիտի հետեւին քայլերուս:

- Հայաստան այցելա՞ծ էք եւ ինչ են ձեր տպաւորութիւնները:

- Այո, երկու բացառիկ առիթներով: Արձանագրուած բառերը արդար պիտի չըլլան հանդէպ իմ զգացումներուս ուժգնութեան եւ խորքին, որ ապրեցայ այդ երկու առիթներով:

- Ի՞նչ պատգամ ունիք Մոնրէալի հայ համայնքին:

- Մենք մոնթրիալցիներս, հպարտ ենք մեր հայ ծագումով: Մենք սահուն կերպով կը խօսինք պաշտօնական երկու լեզուները: Լաւապէս շաղուած ենք տեղական գործերուն, կրթական, մշակութային եւ քաղաքական շրջանակներուն մէջ: Անցնող տարիներուն ընթացքին, Մոնրէալ միշտ արտօնած է մեզի պահպանել մեր հայկական ինքնութիւնը, լեզուն եւ ժառանգութիւնը: Մենք պէտք է շարունակենք մեր գնահատանքը հանդէպ մեր որդեգիր քաղաքին, իր բարեմասնութիւններով եւ իր թերութիւններով, մինչ մենք կը զարգացնենք հարստութիւնը մեր մշակութային ժառանգութեան եւ պատմական դատին:

- Իսկ ընդհանրապես հայութեա՞ն:

- Կը նշմարեմ, որ հակառակ մեզ բաժնող հեռաւորութիւններուն, մեր Սփիւռքը, մեր Մայր հայրենիքը, մեր համայնքները միասնաբար միշտ պէտք է ըլլանք միացեալ մեր հաւաքական եւ անհատական յաղթանակներուն համար եւ պէտք է մնանք ամուր եւ միացեալՙ դիմագրաւելու համար մեր հաւաքական դժուարութիւնները:

ԿԱՐՊԻՍ Ն. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ, Մոնրէալալի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Յարութ Շիթիլեանի հետ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4