«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#210, 2011-11-22 | #211, 2011-11-23 | #212, 2011-11-24


100 ՏԱՐԻ ՅԵՏՈՅ ԹՈՐՈՍ ՌՈՍԼԻՆԻ 2 ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԵՑԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ

Ցնծալի լուր, այս անգամՙ վերջին տասնամյակներին միայն տխրեցնող տեղեկությունների աղբյուր դարձած Հայկական Երուսաղեմից: Հայոց պատրիարքության գանձատուն են վերադարձել հանճարեղ Թորոս Ռոսլինի երկու գլուխգործոցները, որոնք շուրջ 100 տարի առաջ, դեռեւս մեզ անհայտ հանգամանքներում, պոկվել-գողացվել են Կեռան թագուհուՙ իր ամուսնու համար պատվիրած Ավետարանից: Վերադարձվել ենՙ որպես նվեր, այն էլՙ ազգությամբ հույն Թանասիս Մարտինոս անունով բարերարից, Լոնդոնից Ներսես (Վրեժ) քահանա Ներսեսյանի միջնորդությամբ:


«Այս թանկագին պարտէզը փրկած եմ գերութենէ, այս բուրումնաւէտ մրգաստանը, այս ջինջ ու փայլող գիրքը ի յիշատակ ինձ եւ ծնողներուս, կնոջս եւ զաւակներուս: Օրհնեալ է ան, որ զաւակ մը ունի ի Սիոն» (Մատենադարանի ձեռագիր թիւ 142):

Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2011 -ին աննախընթաց միջոցառում մը կազմակերպուեցաւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայրավանքի պատրիարքարանէն ներս ամենապատիւ սրբազան պատրիարք Տ. Թորգոմ արք. Մանուկեանի, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներու եւ հայ համայնքէն հրաւիրեալներու ներկայութեան:

Այս հանդիսութեան առիթը զարդանկար երկու մագաղաթեայ ձեռագիր թերթերու յանձնումն էր, որոնք ժամանակին կը պատկանէին Հայոց պատրիարքութեան ամենաթանկարժէք ձեռագիրներու հաւաքածոյին: Յիշեալ ձեռագիրը այն Աւետարանն է, որ պատուիրուած էր Կեռան թագուհիին կողմէ իր ամուսնոյն եւ Կիլիկիոյ Հայոց ապագայ թագաւոր Լեւոն Բ./Գ. -ի համար: Ձեռագիրը ընդօրինակուած է Աւետիս Դպիրի կողմէ մայրաքաղաք Սիսի մէջ 1272 թուին եւ զարդանկարուած Կիլիկեան դարաշրջանի նշանաւոր արուեստագէտ Թորոս Ռոսլինի կողմէ 1256-1272 ժամանակամիջոցին:

Երկու մանրանկարները, որոնք այժմ իրենց տունը վերադարձուեցանՙ կը ներկայացնեն Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչը (էջ 115) եւ Համբարձումը (էջ 284), որոնք անօրինաբար փրցուած էին ձեռագիր մատեանէն մօտ հարիւր տարի առաջ:

Մինչեւ վերջերս յիշեալ երկու էջերը մաս կը կազմէին Icons and East Christian Works of Art հաւաքածոյին, որ կը պատկանէր հոլանտացի հնահաւաք պարոն Միքայէլ վան Ռիյնին: Այժմու սեփականատէրըՙ պարոն Թանասիս Մարտինոս, որ յոյն միջնորդի մը միջոցաւ ամբողջ հաւաքածոն 1989 -ին գնած էր պարոն Միքայէլ վան Ռիյնէն, այս տարուան մայիսին Լոնդոնի Սոթըբիզ աճուրդի տան մասնագէտ պարոն Դիմոթէոս Բոլթընի թելադրութեան վրայ կապի մէջ մտաւ Բրիտանական մատենադարանի (նախկին Բրիտանական թանգարան) Միջին Արեւելքի բաժնի պատասխանատուՙ արժանապատիւ Տ. Ներսէս (Վրէժ) քահանայ Ներսէսեանի հետ այս երկու մանրանկարներու ծագման մասին անոր մասնագիտական կարծիքը առնելու համար: Հարցը քննարկելէ եւ անհրաժեշտ ապացոյցները ստանալէ ետք, թէ ատոնք անօրինաբար վերցուած էին Կեռան թագուհիի Աւետարաններու մատեանէն, պարոն Թանասիս Մարտինոս ազնուօրէն համաձայնեցաւ մանրանկարները վերադարձնել որպէս նուէր Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան:

Հայոց պատրիարքէն ստացած լիազօրութեամբՙ արժանապատիւ Տ. Ներսէս քահանան հեշտացուց երկու թերթերու վերադարձը եւ Երուսաղէմ հրաւիրուեցաւ զանոնք յանձնելու Պատրիարքարանին, ուր նախապէս ատոնք մաս կը կազմէին թիւ 2653 ձեռագիր մատեանին:

Տէր Ներսէս իր խօսքին մէջ վեր բերաւ այս պատեհութեան ոգին ու էութիւնը եւ ընդգծեց այս մագաղաթին կարեւորութիւնը հայ մշակոյթին մէջ, Կեռան թագուհիի Աւետարաններուն պատմութիւնը եւ վերջապէսերկու թերթերուն փոխանցեց պահպանութիւնը ամենապատիւ պատրիարքին Տ. Թորգոմ արք. Մանուկեանին, Ս. Աթոռոյ լուսարարապետ գերաշնորհ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանին եւ լուսարար Տ. Բարսեղ վրդ. Գալեմտերեանին, որոնք ստացութեան փաստաթուղթը ստորագրեցին: Այսպիսով մէկ դարու բացակայութենէ մը ետք Կեռան թագուհիի Աւետարաններէն պակսող երկու թերթերը իրենց հարազատ տունը վերադարձան:

Հանդիսութեան յայտագրին բացումը կատարեց հոգեշնորհ Սամուէլ ծ. վրդ. Աղոյեանը, ներկայացնելով տեր Ներսէսի կենսագրական գիծերը:

Իր սիրոյ աշխատանքին եւ երկու թերթերու վերադարձի իր նուիրեալ հետապնդման համարՙ ամեն պատրիարք սրբազան հայրը եւ լուսարարապետ Նուրհան արքեպիսկոպոս միասնաբար լանջախաչով զարդարեցին Տ. Ներսէս քահանայի կուրծքը ի դիմաց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ս. Աթոռի օրհներգով, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւնը:

ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ, Սրբոց Յակոբեանց Մ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4