Կան յատուկ անուններ, որոնք անձ կը բնութագրեն: Կան ուրիշներ, որոնք անձէն անդին ամբողջ շրջանի մը հաւաքական կեանքի վկայութիւնը կը խորհրդանշեն: Այս վերջին անուններէն է Վարդգէս Համազասպեանը, որ իբրեւ գրող, պատմաբան, եւ հասարակական գործիչ եթէ ճանչցուած էր մինչեւ 1960-ականները, անկէ ետք իբրեւ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահՙ ան դարձաւ հմայիչ ու տպաւորիչ անուն իր անմիջական շրջապատին մէջ եւ առհասարակ ամէն տեղ: Անպաշ-տօն նախարարութիւն մըն էր 1964 թուականին ստեղծուած կոմիտէն, իսկ անոր ղեկը ստանձնողը՛ աւելի քան նախարար մը:
Հայրենիք-Սփիւռք հետզհետէ զարգացող փոխյարաբերութիւնները յանձին Վարդգէս Համազասպեանի ունեցած խոհուն, հեռատես ու ձեռներէց ճարտարապետ մը, որ հաստատ յենարաններով կամրջեց ու կամարեց հայրենի պետական ու մշակութային հաստատութիւնները Սփիւռքի տարածքին ցրուած հայ հաւաքականութիւններուն հետ:
Շնորհիւ Համազասպեանի եւ իր գլխաւորած կոմիտէին, հետզհետէ տժգունող, մարմրող հոգիները սփիւռքի մէջ լեցուեցան յոյսով, ջերմացան ու գալիքին հանդէպ զրահուեցան հաւատքով: Լիբանանի 15-ամեայ կռիւներուն ժամանակ, յուսալքուած լիբանանահայութիւնը շնորհիւ իրենց, իր թիկունքին զգաց հզօր ներկայութիւնը հայրենի իրականութեան:
Իր ծննդեան հարիւրամեակին առիթով լոյս ընծայուած փառահեղ հրատարակութիւնը ունի հրաշալի խորագիր մըՙ «Մեր Համազասպեանը»... Ինչ լաւ ու տեղին: Այո, մերը: Այդ «մեր»ին մէջ կայ եւ Հայրենիքը, ե՛ւ մենք, սփիւռքի տարածքին ապրող հայրենակարօտ հայերս:
Լիբանանահայ խումբ մը մտաւորականներՙ
ՊԵՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ ԶՕՀՐԱՊ ՔԻՒՐԵՃԵԱՆ
ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Տօքթ. ԵՂԻԿ ՃԵՐԵՃԵԱՆ
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ