1650-ին հիմնուած 11 Rubiconia Accademia dei Filopatridi-ի նստավայրին մէջ, 11 Դեկտեմբեր 2011-ին, Իտալիոյ հայոց միութեան նախագահ պր. Պայքար Սվազլեան ստացաւ ոսկէ մեդալ եւ վկայական գրական եւ լեզուաբանական իր գործունէութեան, դառնալով սոյն հեղինակաւոր ակադեմիայի մնայուն անդամ ակադեմիկոս, ինչպէս անոր նշանաւոր հիմնադիրներըՙ Ջոզուէ Կառլուչչի, Ջիրոլամօ Ամատի եւ ուրիշներ:
Պաշտօնական արարողութենէն վերջ ներկաները հիւրասիրուեցան ընթրիքով մը, որուն ներկայ էր Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս պր. Պետրոս Քուչուկեանը:
Պայքար Սվազլեան ծնած է Պոլիս, 21 փետրուար 1953-ին: Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը կը ստանայ ծննդավայրի հայկական վարժարաններէն ներս: 1966-ին կը տեղափոխուի Վենետիկ եւ բարձր գնահատականներով կաւարտէ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը: 1971-ին կ՛ընդունուի Վենետիկի Կա Ֆոսկարի համալսարանը: Աւարտաճառը կ՛ըլլայ «Մշակութային, տնտեսական եւ վարչական փոխանակումներ հայերու եւ օսմանեան կայսրութեան միջեւ 19-րդ դարուն»: Կը մասնագիտանայ թրքական լեզուի եւ գրականութեան մէջ, ինչպէս նաեւՙ հայագիտութեան: Կը սկսի պաշտօնավարել Մուրատ Ռափայէլեան ուսումնարանէն ներս: 1981-էն ցայսօր կ՛ուսուցանէ հայերէն լեզու Միլանոյի պետական համալսարանի գրականութեան եւ իմաստասիրութեան ֆաքուլտետին մէջ:
1999-2006 Իտալիոյ հարաւը գտնուող Լեչչէ քաղաքի համալսարանին մէջ կը հիմնէ թուրք լեզուի եւ գրականութեան ամբիոն, ուր կ՛աշխատի իր մասնագիտութեամբ: Հեղինակն է երկու տասնեակ մենագրութիւներու, որպէս նիւթՙ հայ լեզուն եւ պատմութիւնը, քիւրտ փոքրամասնութեան կացութիւնը Իտալիոյ մէջ, փոքրամասնութիւններու պատմութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ատեն, ինչպէս նաեւՙ հայերը Վենեթոյի (Վենետիկի մարզ) մէջ: Հեղինակն է 6 տասնեակ յօդուածներու, գրուած տարբեր լեզուներով:
Միլանոյի Հ. Բ. Ը. Միութեան թարգմանչական գործունէութեան ծիրէն ներս թարգմանած է Յովհաննէս Թումանեանի եւ Վահան Տէրեանի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը, ինչպէս նաեւ Վահրամ Մաւեանի արձակ էջերը: Այս բոլորը հրատարակուած են Զաւէն Մնտիկեանի (ամուսինը Տիկ. Մարի Հիւսիսեան-Մնտիկաենի եւ փեսանՙ հայ մեծ բարերար Երուանդ Հիւսիսեանի) յիշատակին 1985-1990:
Խորհրդատուն է շատ մը քաղաքական հիմնարկներու (Վենետիկի քաղաքապետարան եւ գաւառ, Վենեթոյի մարզ, Հռոմի եւ Միլանոյի գաւառ, նախարարներու խորհուրդ) փոքրամասնութիւններու հարցով: Անդամ է հայագիտական եւ արեւելագիտական բազմաթիւ ընկերակցութիւններու: 2007-էն խորհրդատու անդամ է Իտալիոյ հայոց միութեան վարչութեան, Միլանօ (միակը Իտալիոյ մէջ, որ ճանչցուած է նախագահական հրամանգրով, 1953-ին), 2009-էնՙ այդ միութեան նախագահ:
ԿԵԿԵԼ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ, Միլան