«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#12, 2012-01-25 | #13, 2012-01-26 | #14, 2012-01-27


ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ԵՎ ԿՏԱԿԸ ՏԱՍԸ ՀԱՅ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ

Առաջնորդարանի համալիրը սկսած է վերադառնալ անցեալի իր աւանդոյթինՙ դառնալով հայ մշակոյթի կեդրոն նաեւ: Կար շրջան մը, որ Մենհեթընի սրտին վրայ եղող Ս. Վարդան տաճարը իր սրահները բաց էր պահած հայ արուեստագէտներու, ըլլան անոնք գրական, երաժշտական թէ գեղանկարչական բնագաւառներէն եկող: Մշակութային եռուզեռ մը կը տիրէր, երբ գրեթէ ամէն շաբաթ ձեռնարկ մը, հանդիսութիւն մը կը կազմակերպուէր հոն:

Դադարէ մը ետք, դարձեալ կարծէք, նոր թափ մը սկսած են առնել այդ հանդիպումները, որոնց վերջինը նուիրուած էր Հայկական ծնունդին, մասնակցութեամբՙ տասը սփիւռքահայ եւ հայրենի նկարիչներու:

Նկարներու գեղեցիկ փունջ մը կը ներկայացուէր նախաձեռնութեամբ արուեստի գործերու ծանօթ խնամատար (curator) Շողակ Յովհաննէսեանի, որ անցնող քանի մը տարիներուն Շիքակոյէն գալով ու վերջնականապէս Նիւ Ճըրզի կը հաստատուէր իր ամուսնոյնՙ յարգելի մեր ազգայինինՙ բժիշկ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ:

Կազմակերպութեամբ Հայոց առաջնորդարանին, յունուար 5 եւ 6-ին տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսը, որուն բացման ներկայ գտնուեցաւ առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան: Ներկայ էին նաւ մասնակից նկարիչներէնՙ Վազգէն Գալայճեան եւ Ռուտիկ Պետրոսեան: Կը ցուցադրուէին նաեւ գործերը ծանօթ ֆրանսահայ նկարիչ Ասատուրի, չիքակոյաբնակ Շահնուրի եւ հայրենի Սարգիս Համալբաչեանի, Համլէթ Յովսէփեանի, Մարիամ Խաչատրեանի, Վահան Ռումելեանի, Արարատ Սարգսեանի եւ Արթիւ Սարգսեանի: Թիւով 72 գործ ցուցադրուեցան: Ցուցահանդէսին հասոյթին քառասուն տոկոսը տրամադրուեցաւ Ս. Վարդան շաբաթօրեայ դպրոցին: Յիշենք նաեւ, որ անցեալ տարուան հոկտեմբեր 29-ի կազմակերպուած ցուցահանդէսին հասոյթին մէկ մասը եւս տրամադրուած էր Մայր տաճարի տիկնանց օժանդակ յանձնաժողովին:

Յովսէփեան, այս ցուցահանդէսին ալումինիոմով, բրոնզով ու իւղաներկով ներկայացուցած իր գործերով բերած էր մասնակցութիւն, իսկ մնացեալներըՙ պաստառի կամ թուղթի վրայ: Անշուշտ, Ասատուր արդէն վարպետ նկարիչ է եւ անոր գործերը միջազգային շուկաներու մէջ կը գնահատուին բարձր արժէքով: Մինչ այդ հայրենի գեղարուեստի աշխարհին մէջ տակաւ բարձրացող հեղինակութիւն մըն է Սարգիս Համալբաչեանը, որ իր սրբապատկերային «իքոն» իւղաներկներով գրաւել սկսած է լուրջ հետաքրքրութիւն: Մինչ Արարատ Սարգսեանի խաչքարերը ուշագրաւ նորութիւն եղան ներկաներուն համար, թէեւ միւս կողմէ, արդէն անոր գործերը տարածուած են Հայաստանի մէջ:

Սփիւռքահայ նկարիչներէն Վազգէն իր շատ իւրայատուկ ոճովը արդէն վաւերական նկարիչ մըն է, մինչ Շահնուրի (Վարժապետեան) գործերը գերարդի նկարչութեան հետքերով կազմուած լուրջ նկարիչ մըն է, որուն ժողովրդականութիւնը տակաւին չէ ամրագրուած ամերիկահայութեան մօտ: Իսկ նիւճըրզիաբնակ, սակայն ղարաբաղցի արմատներով Ռուտիկի գործերը ունին հայրենի հողին եւ գոյնին գրաւչութիւնը եւ արդէն ինք, կամաց-կամաց, սկսած է յարգուիլ մեր արուեստասէր շրջանակին կողմէ: Մարիամ (Մօքօ) անունով ծանօթ նկարիչին գործերը ներկաներուն համար եղան նորութիւն:

Շնորհաւորելի նախաձեռնութիւն մը, որ անշուշտ առանց Շողակին դժուար թէ կարենար յաջողութեամբ պսակուին: Ու արգէն, ազգային ամէն նախաձեռնութիւն, մա՚նաւանդ գաղթահայ կեանքէն ներս, եղած է այդպէս. գործը ի վերջո ծանրացած է նախաձեռնողին ուսերուն վրայ: Եւ Հայկական ծնունդի օրերուն հաւատացեալներ թէ արուեստասէրներ հարստացուցին իրենց հոգեկան աշխարհը հայ տաղանդաւոր նկարիչներու ստեղծագործութիւններով, մերթ տանելով անոնց սիրտերը դէպի հայրենի մեր սարերը եւ մերթՙ դէպի Նիւ Եորքի պողոտաները:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Ճըրզի


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4