«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#12, 2012-01-25 | #13, 2012-01-26 | #14, 2012-01-27


ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՎ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Օգոստոսի, 2012: Վենետիկի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ Պո-Արաքս մշակութային ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 1-20-ը: Քննութիւններըՙ օգոստոս 21-ին: Ժամանումՙ յուլիս 30-31-ին, մեկնումՙ օգոստոս 22-23-ին:

Դասընթացքը ունի չորս մակարդակՙ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՚ունենան երկուշաբթիէն ուրբաթ, օրը հինգ պահՙ առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը պարտադիր է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դիմումները պետք է կատարել անձամբ եւ գրաւոր, նշելով միշտ հեռախօսի, հեռապատճէնի (ֆաքս) թիւ մը եւ ելգրային (EM) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ:

Փափաքողներուն, կէսօրէ վերջերը, ձրիաբար պիտի աւանդուին նաեւ դուդուկի եւ հայկական պարերու դասեր:

Արձանագրութեան սակն էՙ 700 եւրո կամ համապատասխանըՙ տարաժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 500 եւրոյի բաժինը պետք է վճարուի կանխաւՙ մինչեւ մարտի 31-ը, այդ թուականէն վերջ պէտք է վճարուի 550 եւրո մինչեւ յունիս 30-ը: Արձանագրութեան մնացեալ մասը կը վճարուի անպայման մուտքի օրը: 10 տոկոս զեղչ մը կը կատարուի անոնց, որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մեկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): Արձանագրութեան սակը ոչ մէկ պարագայի կը փոխուի ու կատարուած վճարումը որեւէ պատճառով չի վերադարձուիր:

Ամէն վճարագիր (չէք), որ պէտք է անպայման դրամատնային եւ միջազգային ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի միայնՙ Associazione Padus-Araxes եւ ղրկուիՙ Assoc. Padus-Araxes - c/o Dip. Studi Asiatici - San Polo 2035 - 30125 Venezia (Italia): Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը: Ամէն չէք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք որ կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկությունները (հաշուի թիւ եւլն.): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխագիրներու միջոցով, որ էՙ mandat-poste international / international money-order:

Կ՛ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մըՙ Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած խոհանոցային յարմարութիւններով: Յուլիս 30-օգոստոս 22 ներառեալ, ամբողջ շրջանին համար, բնակութեան սակն էՙ 820 եւրո առանձին սենեակի մէջ, 610 եւրո երկու հոգինոց սենեակի մէջ: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, համալսարանի սեղանատան մէջ, պիտի արժէ 8 եւրո:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռապատճենել +39.041.2414448 թիւին, կամ ելգիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէինՙ daniela@padus-araxes.com: Ի հարկին հեռաձայնել +39.041.2414448 թիւին, երկուշաբթի եւ հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10.30-12.30 եւ կամ +39.347.4562981 թիւին, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ իրիկունները ժամը 20.00-21.30 (Իտալիոյ ժամով): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը: Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ ընկալուչինՙ նշելով անուն եւ հեռախօսի համար: Երբեք չհեռաձայնել Վենետիկի համալսարանի գրասենեակներուն: Բջիջային համարին կարելի է զանգել նաեւ երկուշաբթի եւ հինգշաբթի առաւօտները:


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4