Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան ներկայացուց «Եղեռնի անդրադարձը հայ գեղանկարչութեան վրայ»
Կազմակերպութեամբ Կալիֆոռնիայի Հայ գրողներու միութեան եւ «Ստեֆանի» արուեստի պատկերասրահին, հինգշաբթի, փետրուարի 23-ին Գլենդեյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Եղեռնի անդրադարձը հայ գեղանկարչութեան վրայ» բնանիւթով դասախօսութիւն, սահապատկերների ցուցադրութեամբ, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, արվեստաբան Շահէն Խաչատրեանի կողմէ: «Ստեֆանի» արուեստի պատկերասրահի տէր եւ տնօրէն տկ. Լինդա Ստեփանեանը հակիրճ նախաբանով ներկայացուց դասախօսը: Ապա բանաստեղծ Գեւորգ Քրիստինեանը հանդիսավարեց երեկոն:
Շահէն Խաչատրեանը իր կրթութիւնը ստացած է Պետրզբուրգի Գեղարուեստական ակադեմիային մէջ, ավարտելով որպէս արվեստաբան: Երեւանի մէջ եղել է Մարտիրոս Սարեանի նորաստեղծ թանգարանին տնօրէն. միաժամանակ 1990 թուականին նշանակուած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահին տնօրէն: Իր գործունէութիւնը, բացի արուեստագիտական տասնեակ աշխատութիւններէ, եղել է նուիրում նկարահաւաքման, որով կրցած է Երեւանի թանգարանի համար 400 գեղանկարչական գործեր ձեռք բերել, ինչպէս Յ. Այվազովսկու նշանաւոր 9 գործերը, Մ. Սարեանի 70 գործերը, եւ տասնեակ այլ գեղանկարներ: Շահէն Խաչատրեանը ուսումնասիրական բազմաթիւ յոդուածներով եւ հեռուստացուցային ելոյթներով ներկայացուցած է հայ գեղարվեստի պատմութիւնը: Նրա մենագրութիւնը Այվազովսկիի մասին արժանացել է առաջին կարգի շքանշանի Մոսկուայի մէջ:
Հայոց մեծ եղեռնի 95-ամեակին է նուիրուած նրա «Ծովի գոյն» հատորը, ուր ներկայացված են այն հայ գեղանկարիչները, որոնք հանդէս են եկած ցեղասպանութեան բնանիւթերով: Սկսեալ 1895 թուականի կոտորածներէնՙ չորս սերուդի հայ գեղանկարիչներ են ներառուած հատորին մէջ: Պէտք է ըսել, որ Շ. Խաչատրեանը առաջին արվեստաբանն է, որ դասախօսութեան նիւթ կնէ նման բնանիւթ:
Գեղարուեստական բաժնում ելոյթ ունեցաւ «Երկնային տաղեր» համոյթը սրնգահար Սալփիի եւ քնարահար Սօսիի կատարողութեամբ, երաժշտական մեծ հաճոյք պարգեւելով ներկաներուն: