Եգիպտոսի մեր պաշտօնաթերթ «Արեւ»ին լման տասը տարի (1948-1958) խմբագրութիւնս յաճախ կը յիշուի. ինչ որ սակայն գրեթե երբեք չի յիշուիր այն իրողութիւնն է, որ նախապէս ալ պաշտօնավարած իմ այդ օրաթերթին մէջ իբրեւ օգնական խմբագիր, Վահան Թէքէեանի խմբագրապետութեան օրերուն, թուականէս շուրջ եօթանասուն տարի առաջ: Այդ ժամանակ, մենք ունեինք համակրելի ժպտերես պաշտօնեայ մը, զոր ամէն օր կը տեսնէինք: Թէքէեանը, սակայն, հասկնալի առողջական պատճառներով առժամապէս կը բնակէր Հելուան, Գահիրէէն քիչ հեռու կազդուրման վայր մը, ամէն օր չէր կրնար գալ. կու գար կէսօրուան դէմ խմբագրական գրելու եւ շուտով կը մեկնէր: Այսօր, այդ համակրելի պաշտօնեան գրեթէ ոչ ոք կը յիշէ, մինչդեռ քիչ երեւցող Թէքէեանի անունը ծանօթ է ու սիրուած ամէն տեղ, ուր հայութիւն կ’ապրի:
Նոյնն է պարագան մեր բազմավաստակ դաստիարակ Երուանդ Պապայեանին, որմէ գրեթէ միշտ հեռու ապրած եմ եւ իրեն աշակերտելու բախտը չեմ ունեցած ու իբրեւ պաշտօնակից ալ չեմ եղած. սակաւաթիւ հանդիպումներ միայն ունեցած ենք. անոնք բաւած են սակայն հետեւցնելու համար, որ հայերսՙ - եւ առաւելաբար սփիւռքահայերս- մեր ազգապահպանութեան առաքելութիւնը զգալի չափով բարելաւելու համար կարիքն ունինք իրեն նման անհատականութեանց:
Ճանաչումը չի գոյանար անպայման երկարատեւ առօրեայ սովորական յարաբերութիւններով: Ճանաչումը կրնայ սակայն կազմուիլ թէեւ կարճատեւ, բայց խորունկ հասկացողութեամբ:
***
Այսօր, գրասեղանիս վրայ ունիմ իր երկու գիրքերըՙ « Պէտք չէ մոռցուին », հրատարակուած 2009-ին, եւ « Սիրուած դէմքեր, գիրքեր, իրագործումներ, եւ այլն »ը, լոյս տեսած տարի մը ետք, որոնք կը պարտինք, նախորդ գիրքերուն նման, հեղինակին արժանաւոր զաւակներունՙ Սիլվային, Նէրսեսին եւ Արային նախաձեռնութեան:
«Պէտք չէ մոռցուին»ի մէջ Պապայեան կ՛արտայայտուի քսան հայերու մասին, մեծ մասամբ գրողներ (արձակագիր, վիպագիր, բանաստեղծ) եւ խմբագիրներ, կան նաեւ յուշագրողներ, կայ երգիծանկարիչ մըՙ Ալ. Սարուխանը, կայ նույնիսկ ճարտարապետ մըՙ Շահե Տէր-Գէորգեանը:
Ընթերցողը կրնայ զարմանալ, թէ ինչո՞ւ հեղինակը կը մտահոգուի որ անոնք բոլորն ալ մոռցուելու չեն, քանի որ անոնց մէջ կ՛երեւին ամենուս ծանօթ եւ բոլորէս սիրուած անուններ, ինչպէս Վահան Թոթովենցը, Անդրանիկ Ծառուկեանը, Անդրանիկ Անդրէասեանը, Ալեք Գլըճեանը, Գիրսամ Ահարոնեանը, որոնք չենք կասկածիր որ շուտ մոռցուելիք թանկագին գրողներ եղած ըլլային:
Մեր կարծիքովՙ Երուանդ Պապայեան զանոնք մէկտեղած եւ միաժամանակ հաւասարազօրած է թաքուն պատճառով մը, կ՛ուզէ շեշտել, թէ կան նաեւ ուրիշներ, որոնք չմոռցուելու արժանի են, հոգ չէ թէ բազմաթիւ պարագաներու բերումով ու վաղահաս մահով կամ կամքէ բոլորովին անկախ պատճառներով - կրնային շատերուն ուշադրութիւնէն վրիպիլ կամ յիշողութենէն անհետանալ, ինչպէս, օրինակ, ինծի մօտիկ տարաբախտ Նուպար Ակիշեանը, որ իր կեանքին վերջին տասնամեակին, իր մօտալուտ մահը խորապէս նախագուշակելով, իր տասը հատորները հրապարակեց գերմարդկային հիանալի աճապարանքով մը:
Ընթերցողը կրնայ նաեւ զարմանալ, թէ ինչո՞ւ հեղինակը մէկու մը կենսագրականը քանի մը տողով տալէ ետք, երկարօրէն կը կեդրոնանայ անոր մէկ գործին վրայ: Այս զարմացումը նշմարեցինք նաեւ գիրքին յառաջաբանը գրած լրջախոհ խմբագիր եւ իր նրբերանգ վերլուծումներով ակնյայտնի Վաչէ Սիմիրճեանէն: Ան կը բացատրէր, յայտնելով, որ ներկայացուած գրական գործին բացառիկ կարեւորութիւնը պիտի մղէր ընթերցողը այդ գրողին միւս գործերուն ալ ծանօթանալու:
Կայ նաեւ ուրիշ ընդհանուր մտահոգութիւն մը, որ չ’երեւիր անմիջապէս, բայց ուշադիր ընթերցողը կրնայ երեւան բերել զայն. այդ է Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն արհաւիրքները տարուած յուշագրողներ արժանացած էին Պապայեանի ամբողջական ուշադրութեան:
Ինչո՞ւ:
Այս էական «ինչո՞ւ»ին պատասխանը կարելի է գտնել իր երկրորդ հատորին «սրտի խօսքին» մէջ, գրուած ամերիկահայ ծանօթ գրող Թորգոմ Փոստաճեանի կողմէ, որ Երուանդ Պապայեանի իր հակիրճ կենսագրականով կը յայտնէ, թէ հեղինակը անձամբ, մանուկ հասակին ապրած է ցեղասպանութեան արհաւիրքները. Պապայեանները ընտանեօք փախուստ տուած են Այնթապէն եւ զինադադարէն ետք վերադարձած Այնթապ: Ան կը գրէ նաեւ. «Երուանդ, եօթը տարեկան երախայ, հասակակիցներու հետ քար ու շաղախ կը կրէ ինքնապաշտպանական պատնեշներու շինութեան, փամփուշտներու տեղատարափին տակ»:
Ահա՛ այսպիսի ահաւոր մանկութեամբ հասակ առած Երուանդն է, որ իր կեանքն ամբողջ նուիրած եղաւ իր պաշտած հայ ազգին, դաստիարակչական վսեմագոյն առաքելութեամբ, հասցնելով հազարաւոր շրջանաւարտներ, որոնք այժմ ցրուուած աշխարհի մէկ ծայրէն մյուսը, մինչեւ այսօր հիացումով ու երախտագիտութեամբ կը յիշեն իրենց համակ նուիրում դարձած տնօրէնն ու ուսուցիչը:
Երկրորդ գիրքը, իր չորս բաժիններով, կ՛արձանագրէ սիրուած դէմքեր, որոնցմէ շատեր մահացած են, ինչպես Ալեք Մանուկեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Համբարձում Պերպերեանը. ուրիշներ ողջ եւ առողջ են, ինչպես Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները: Երկրորդ մասը կը վերաբերի քանի մը հրապարակուած գիրքերու. երրորդ մասըՙ իրագործումներու, յիշելով Վահան Թէքէեան վարժարանը, Տիգրան Սմսարեանը, Սերոբ եւ Մարօ Պետրոսեանները եւ ուրիշ արժանաւոր անձեր: Ի վերջոյՙ կայ նաեւ «եւայլն» մը, բառ մը, որ թերեւս նախընտրելի պիտի ըլլար, որ գոնէ գիրքին խորագրին մէջ տեղ գրաւած չըլլար...:
Մեզի համար, բնականաբար, Երուանդ Պապայեանը, իր ամուսնոյն միշտ զօրավիգ կանգնող անձնուէր տիկին Ռոզինով, կը ներկայանայ առաւելաբար եւ անմոռանալիօրէն իբրեւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի հեղինակաւոր տնօրէնը, որ իր առաքելութեան սահմանները լայնցնելով, իր օրինակելի բարեացակամութեամբ դրոշմուած յարաբերութիւններով եւ հրատարակած գիրքերով, պէտք է բարի օրինակ դառնայ սփիռքահայ երիտասարդներու, իր հետեւորդներուն, որպէսզի այսօր հայրենիքի պաշտպան հանդիսացող Սփիւռքը ի՛ր կարգին պաշտպանուած մնայ յաւիտեան, ամէն տեսակ այլասերումներէ:
Կարճ խօսքովՙ այս երկու գիրքերուն ընթերցումով յարաճուն գոհունակութեամբ վերագտայ նոյնինքն Երուանդ Պապայեանը, զոր ճանչնած էի:
Դոկտ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ, Բոստոն