«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#66, 2012-04-12 | #67, 2012-04-13 | #68, 2012-04-14


ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԼՍԵՑԻՆՔ ՍԻՊԻԼԸ

Երկա՜ր ատնեէ ի վեր կը լսէինք իր մասին: Արդէն 2011-ին Երեւանի ամառնային ողիմպիական խաղերու աւարտին, երբ Սիպիլ ելոյթ ունեցած էր, իր համբաւը արագօրէն սկսած էր տարածուիլ աշխարհով մէկ եւ մարտ ամսուն ունեցաւ իր Մ. Նահանգներու անդրանիկ ելոյթը Լոս Անջելըսի մէջ, պոլսահայ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ:

Անհամբեր էր նաեւ նիւեորքահայութիւնը լսելու զինք: Առիթը հասաւ մարտ 31-ի երեկոյեան, երբ Նիւ Ջըրզիի Բըրգըն շրջանի ակադեմիայի մեծ սրահին մէջ, Սիպիլ Բեքդորոսօղլուն ներկայացաւ մեր համայնքին: Նախաձեռնութիւնը ստանձնած էր Կոստանդնուպոլսոյ հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւնը, աւելի ծանօթ «ԿԱՐՍ» անունով:

Սիպիլ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանէն շրջանաւարտՙ կը նետուի տնտեսագիտութեան եւ ֆինանսագիտության ասպարէզ, առանց մոռնալու իր հայկական արմատները, դառնալով 1991-էն ի վեր Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մեներգչուհին: Կ՚երգէ թրքերէն եւ հայերէն լեզուներով, նաեւ թուրք հասարակութեան համար եւ կը դառնայ սիրուած երգչուհին Թուրքիոյ: Իր միջոցով թուրք երիտասարդներ կը լսեն հայերէն մեր երգերը, յաճախ ձայնակցելով Սիպիլին:

Երգահանդեսէին տասի մօտ պարերով մաս կը կազմէր նաեւ Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի «Շուշի» պարախումբը:

Վերադառնանք Սիպիլին, որուն անունը տրուած է ծնողքին կողմէ ի յիշատակՙ 19-րդ դարու հայ կանանց ազատագրման աշխատանքին լծուած ռահվիրայիՙ տիկին Զապէլ Ասատուրի, ծանօթ Սիպիլ անունով: Ի՛ր անունին արժանի հայուհին ազգային ու յեղափոխական երգերու անվախ մեկնաբանը դարձաւ շուտով Թուրքիոյ տարածքին: Որո՞ւ մտքէն կ՚ անցնէր արդեօք դեռ հնգամեակ մը առաջ լսել թրքահայ երգիչէ մը «Կիլիկիա», «Գետաշէն», «Ատանայի ողբը», «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնիմ», «Արցախ» եւ կամ «Հայ հերոսների» երգերը: Ազգայնական ու պահանջատիրական մաքուր հայրենասիրական երգեր: Չմոռնալ դեռ անոր երգացանկի վրայ եղող «Ազգ փառապանծը», «Երեւան-Էրեբունին», «Նամակ»... երգերը:

Այս որքա՜ն քաջութիւն Սիպիլէն: Որ արդէն բռունցք ըրած դէպի վե՛ր իր ձեռքերով պահանջատիրութեան որպէս խորհրդանիշ, ան մեր հողերուն, պատմական ու յաւերժական Հայաստանին վերադարձն է որ կ՚ երգէ բողոքով, հաստատ համոզումով: Քաջ հայուհին:

Հազարի մօտ հայրենակիցներ կը ձայնակցէին գրեթէ բոլոր երգերուն, որոնք ծանօթ են Միջին Արեւելքի մեր աւանդական գաղութներէն եկածներուն:

Շնորհաւորելի է իր դաշնակահարը Պուրաք Պետիկեանը, ինչպէս նաեւՙ Մաժակ Թոսիկեանը, որուն հեղինակութեամբ գրուած են երաժշտութիւնը Շիրազի «Նամակ» եւ «Իմ պանդուխտ հայեր», Փիլիպոսեանի «Ծարաւ սէր» եւ «Սիրոյ ձայնը», դարձեալ Շիրազի «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնիմ» երգերուն:

Երկար ատենէ ի վեր չէինք լսած Համբարձում Պէրպէրեանի յօրինողութեամբ եւ Յովհաննէս Թլկատինցիի բառերով «Անոր» քնքուշ երգը, որով սիրուած երգահանը ճանչցողները տարաւ երէկի մեր աղուոր օրերը:

Կ՚ արժէ շնորհաւորել Թամար Գայսէրեանն ու Հիլդա Նշանեանը, որոնք համաատենապետները մասնաւոր յանձնախումբի մըՙ կազմակերպած էին այս ձեռնարկը: Նոյնպէսՙ մեզի շատ սիրելի Պերճ Արազը, որ կանգնած է ամուր կերպով պոլսահայ այս աւանդական կազմակերպութեան կռնակ ու առաջնորդ:

Այդ երեկոյ, մենք մեզ քանի մը ժամով զգացինք Բէյրութի կամ Հալէպի հայկական սրահներէն ներս: Ապրիլի սեմին, Մեծ եղեռնի 97-րդ տարեդարձի օրերուն, Սիպիլի նուէրը եղաւ այս համերգը, բերուած հայկական Պոլիսէն, զօհրապներու, թէքէեաններու եւ վարուժաններու ոստանէն:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Ջըրզի


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4