ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԴՐԵԱՍՅԱՆ
Ռամկավար Ազատական կուսակցությունը համեմատաբար տեսական քիչ գրականություն է ստեղծել իր գաղափարախոսության շուրջ: Այդ քչերից է սփյուռքահայ նշանավոր գրող, հրապարակագիր, խմբագիր, ՌԱԿ Կենտրոնական վարչության երկարամյա անդամ Անդրանիկ Անդրեասյանի «Մեր գաղափարն ու գործը» գրքույկը, որը կազմված է Կալիֆոռնիայում իր խմբագրած «Նոր Օր» պաշտոնաթերթում հրատարակված խմբագրականներից: Որոշ կրճատումներով հրատարակում ենք հատվածներ 1952 թ.-ին տպված հիշյալ գրքից:
Քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական ռամկավարութեան (*) սկզբունքները, որոնք կը կազմէին ծրագիրը 1908-ին հիմնուած Հայ Սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութեանՙ աւելի ընդլայնուած ու խորացուածՙ որդեգրուեցան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կողմէ, իբրեւ ուղեցոյց ու դաւանանք: Հակառակ մեր գաղափարական հակառակորդներու անբարեխիղճ խեղաթիւրումներուն ու անոպայ ուրացումներուն, թէ Ռ.Ա.Կ.ը «անսկզբունք» ու «անծրագիր» հոսանք մըն է, մեր կազմակերպութիւնը հանդիսացաւ, ու կը մնա՛յ, առաջին ու միակ ռամկավարական կուսակցութիւնը հայ ազգային կեանքին մէջ: Եւ միայն կոյր այլամերժութիւնն ու քարացած տգիտութիւնը կրնան յանկերգելՙ թէ Ռամկավարութիւնը, ձերբազատ դրամագլուխի քայքայիչ կապանքներէն ու նուիրուած ժողովուրդներու ազատութեան, տնտեսական ապահովութեան ու երջանկութեան, չունի սկզբունք ու գաղափարական: Ինչպէս միայն անմիտ աղանդամոլ մը կրնար հռչակել, թէ Քրիստոնէութիւնը զո՛ւրկ է կրօնքի մը էական յատկանիշներէն:
Բացարձակ, անժխտելի ճշմարտութիւնը կը մնայ, թէ Ռամկավարութիւնը, իր անեղծ ու անխարդախ նկարագրովՙ ամենէն ազնիւ ու կատարեալ կառավարական դրութիւնը կը հանդիսանայ, մարդկային ընկերութեան առաւելագոյն ազատութիւն ու բարօրութիւն ապահովելու հնարաւորութեամբ: Անիկա կը հայթայթէ գաղափարական ամենէն պայծառ ճանապարհը, ուրկէ ազգեր, նուազագոյն աղէտներով ու անկումներովՙ դէպի բարգաւաճաում ու յառաջդիմութիւն կրնան մագլցիլ, եւ ուրկէ, բանաւոր մարդ էակը, իր նիւթական կարիքներուն, իր իմացական ձգտումներուն, իր ոգեկան տենչերուն լիացումը կրնայ հետապնդել: Որ Ռամկավարութիւնը աշխարհի ամենէն հզօր, տարերային ու գաղափարականն էՙ անվիճելի իրողութիւն է, նոյնիսկ անոր ոխերիմ թշնամիներէն ընդունուած: Երէկուան արիւնոտ բռնակալներն ու արքայական շուայտ իշխանաւորները, որոնք իրենց ժողովուրդներու ստրկութեան, կեղեքուող թշուառութեան ու անսահման տառապանքին վրայ կը յաւերժացնէին իրենց մականն ու ապականութիւնըՙ այսօր Ռամկավարութեան ախոյեաններ են դարձեր եւ անոր ծիրանիով կը փորձեն քօղարկել իրենց բռնապետութեանց չարագործ էութիւնը:
Սակայն միայն անուղղայ բռնաւորներուն ու տիտղոսաւոր յելուզակներուն ապաստանիլը չէ Ռամկավարութեան դիմակին ետեւ, որ անոր ուժին ու հմայքին գերազանցութիւնը կ՛ապացուցանէ: Կայ տակաւին ցաւագին իրողութիւնը բովանդակ մարդկութեան երկու վիթխարի, հակամարտ բանակներու բաժանումին: Ժողովուրդներ ճեղքուած, վերածուած են համաշխարհային թշնամի ահարկու ճակատներու, որոնք կը պայքարին բուռն մրցակցութեամբ, կը բախին իրարու տնտեսական ու քաղաքական անարիւն ճակատամարտներով, կամ կը զարնուին զինական պոռթկումներով: Մահացու թշնամութեան ու բնաջինջիչ պատերազմի խելագար ջատագովներ կան, որոնք կը պատգամեն. թէ այդ երկու դրութիւնները միաժամանակ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ նոյն աշխարհին մէջ, եւ որպէսզի վերապրի մէկըՙ անհրաժեշտ է, որ անմիջապէս ոչնչացնէ միւսը: Բայց բոլոր այդ քրէական մարտակոչերուն, բոլոր փոխադարձ ամբաստանութիւններուն ու անհաշտ բանակռիւներուն մէջ կարելի չէ թաղել այն բացայայտ ճշմարտութիւնը, թէ երկո՛ւ կողմերն ալ իրենք զիրենք հաւատարիմ ախոյեանները կը յայտարարեն ռամկավարութեան, մէկ կողմը շեշտելով գերակշիռ նշանակութիւնը քաղաքային ազատութեանց, միւս կողմըՙ տնտեսական ապահովութեան:
Ի՛նչ այլազան մեկնաբանութեանց ալ ենթարկուին երկու կողմերու հաւաստումներըՙ անոնք մէկ հիմնական իրողութիւն կը հաստատեն,- անվիճելի գերազանցութիւնը ռամկավարական գաղափարականին, իբրեւ սկզբունքային ուղեցոյց ու ճամբայՙ ժողովուրդներու բոլոր խաւերուն համար իրագործելու քաղաքային լայնագոյն ազատութիւններ, ընկերային անբռնաբարելի արդարութիւն ու տնտեսական հաւասար ապահովութիւն: Եւ այս երեք պահանջներուն բաւարարումը նոյնքան կենսական է մարդ արարածին բարօրութիւնն ու երջանկութիւնը երաշխաւորելու համար:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը առաջին հայ քաղաքական կազմակերպութիւնը հանդիսացաւ մեր ազգային իրականութեան մէջ, որ որդեգրեց ռամկավարական գաղափարականը իր բարձրագոյն, իր ամբողջական էութեամբը եւ զայն քարոզեց, զայն կիրարկեց ու ամրացուց հայ ժողովուրդի ըմբռնողութեան եւ առօրեայ կազմակերպական գործունէութեան մէջ: Դիւրին է, հարկաւ, հռետորային զգացական արտայայտութիւններով ներբողել հայոց «ժողովրդավարական» աւանդութիւնները, որոնք անհիմն ու վարկածային են առնուազն: Հայ թագաւորները, իշխաններն ու աւատապետները այնքան բացարձակ էին իրենց ինքնակալութեան մէջ, որքան ուրիշ ազգերու արքաներն ու նախարարները: Եւ նախորդ սերունդի յիշողութեան մէջ դառնօրէն թարմ է պատկերը արիւնալի կռիւներունՙ որոնցմով յաճախ կը խափանուէին ազգային ու կուսակցական ժողովները եւ կը խեղդուէին տարակարծիք ձայները քանի մը տասնամեակ առաջ:
Ճիշտ է, թրքահայոց Սահմանադրութիւնը որոշ իրաւունքներ երաշխաւորեր էր քուէատուներու համար, եկեղեցական ու վարչական գործունէութեան յղացումին ու առաջնորդութեան մէջ: Սակայն մենատիրութեան ու փառքի մոլուցքէն բռնուած կուսակցութիւն մը, ապերասան օրինազանցութեամբ, ոտնահարեց ամէն իրաւունք ու օրէնք: Եւ տասնամեակներովՙ հայ ազգային, եկեղեցական ու կազմակերպական կեանքին մէջ սանձարձակօրէն տիրապետեցին բռնութիւնը, խարազանը, դաշոյնն ու հրազէնը, իբրեւ միջոցներ գաղափարական պայքարի: Տեսակէտներու ազատ բախումին, համոզումներու անկաշկանդ արտայայտումին ու մեծամասնութեան կամքի տիրապետութեան փոխարէնՙ կ’իշխէին հատուածական մոլեռանդութիւնն ու մենակալութեան այլամերժ կի՛րքը, խափանումի, ահաբեկչութեան ու ոճիրի զէնքերով:
Եւ Ռամկ. Ազատ. Կուսակցութիւնը, այդ բիրտ, վայրի ու արիւնալի կերպերուն հակադրեց ռամկավարական սկզբունքներու խաղաղ, բարերար ու ազնուացնող զօրութիւնը: Այդ գաղափարականին վճռական դերը գաղութահայ ազգային կեանքին մէջ ու արտաքին ճակատին վրայՙ անժխտելի վկայութիւնը կուտայ զայն որդեգրողներու քաղաքական իմաստութեան ու բարոյական աննուաճելի կորովին:
Ներկայ օրերունՙ սփիւռքի բոլոր հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները,- քաղաքական թէ ընկերային, եկեղեցական թէ բարեսիրական, մշակութային թէ հայրենակցական, իւրացուցեր են ռամկավարական սկզբունքներն ու վարչակերպերը իրենց հանրային գործունէութեան ու ներքին կանոնագրութեանց մէջ: Տեղական պարզ անդամական ժողովներէն մինչեւ ընդհանուր համագումարներըՙ հիմա՛ կը լսեն անհատին ազատօրէն արտայայտած կարծիքները, կ’ունկնդրեն գաղափարներու անկաշկանդ բախումին, կը վկայեն տարբեր, հակոտնեայ համոզումներու բաղդատութենէն առաջած լաւագոյն տեսակէտներու բիւրեղացումին: Եւ շարքային անդամը, միջին քաղաքացին իր քուէով կ’ընտրէ ու կը վճռէ ո՛չ միայն հետապնդուելիք նպատակըՙ այլ նաեւ զայն իրագործելու ուղին ու միջոցները:
Ամէնքը կ’ընդունին հիմա, թէ ամենէն քաղաքակիրթ ու ազնիւ դրութիւնն է ասիկա, որ իրենց կարծիքներուն արտայայտութեան բացարձակ ազատութիւնը կ’ապահովէ: Անոնք հպարտ ու յանդուգն ինքնավստահութեամբ կը հռչակեն իրենց այդ անբռնաբարելի իրաւունքները եւ յաճախ ինքնաբաւ մարտակոչեր կ’ուղղեն որեւէ մէկուն, որ կը փորձէ՜ զանոնք խլել իրենցմէ: Գաղափարի, դաւանանքի ու խօսքի ազատութեան ըմբռնումին այդ ընդհանրացումն ու խորացումը մեր գաղութահայ զանգուածներուն ու հասարակական գործիչներուն մէջՙ ճշմարտապէս հզօրագոյն ազդակներէն մէկը հանդիսացաւ արտասահմանի կազմակերպական կենսունակութեան, ազգային նկարագրի պահպանումին, հայրենասիրական շարժումներու արդիւնաւորման ու մշակութային զարգացման: Բայց կը մոռնան անոնք, թէ այդ անփոխարինելի իրաւունքները իրենց չբաշխուեցան հէքիաթներու բարի ոգիներէն, այլ շահուեցան դառն, յարատեւ, երբեմն արիւնալի պայքարներու շնորհիւ:
Որովհետեւ պատկերը եղերականօրէն մռայլ էր քանի մը տասնամեակ առաջ: Խորհրդաւորութեան գաղտնիքը եւ առաջնորդներու հմայքն ու տիրապետութիւնըՙ քաղաքական, եկեղեցական ու ազգային ուրիշ ասպարէզներու վրայ վճռական մասնակցութենէ զրկեր էին ժողովրդային խաւերը, որոնք կրաւորական հետեւողներ դարձեր էին: Կուսակցութիւններՙ հրապարակային ժողովներ սարքելու համար, պարտաւոր էին զինեալ պահակախումբեր ունենալ, որ իրենց բեմը, այսինքնՙ խօսքի ազատութիւնը պաշտպանուէր հակառակորդ հոսանքի մը խափանարար յարձակումներուն դէմ: Անկուսակցական գրագէտ մը, կամ հասարակական գործիչ մը, եթէ յանդգնէր հրապարակով քննադատել ազգավնաս արարք մըՙ կը դիմագրաւէր սպառնալիքը յանցագործներու խարազանին, կամ դաշոյնին, կամ հրազէնին: Կամայական բռնութինն ու ոճրապարտ ահաբեկչութիւնը որդեգրուած կանոններն ու կերպերն էին մենակալութեան, փառքի ու «փող»-ի տենչէն վարակուած քաղաքական ղեկավարներու:
Եւ Ռամկ. Ազատական Կուսակցութիւնը վճռեց արմատապէս յեղաշրջել այդ ախտաւոր, այլասերիչ ու մահացու գոյավիճակը: Անոր վարիչները կը նախատեսէին իրենց ստանձնած առաքելութեան ահարկու խոչընդոտներն ու դաժան փորձութիւնները: Հաւատարմութիւն ուխտելով իրենց կուսակցութեան ընդհանուր ծրագրինՙ անոնք կ’ընդունէին ռամկավարական սկզբունքները իբրեւ վարուելակերպի ու գործունէութեան ուղեցոյց ու դաւանանք: Եւ հակառակորդներու ստորին զրպարտութեանց, ստահակային խռովարարութեանց, ժողովավարական յելուզակային բրտութեան ու եղբայրասպան դաւադիր ոճիրներունՙ Ռամկավար Ազատականներ հակադրեցին իրենց գաղափարին անընկճելի զօրութիւնը, ճշմարտութեան պայծառ լոյսը, հայրենասիրութեան անշիջելի բոցը:
Որոշած էին չդիմել «ակն ընդ ական»-ի վայրենաբարոյ օրէնքին: Վճռած էին, որ գաղութահայութիւնը չվերածուի քաղաքային ահաբեկչութեանց մրցադաշտի մը, խռովարար անիշխանութեան արշակաւանի մը. որովհետեւ այդպիսի ողբերգական կացութիւն մը չքմեղանք պիտի հայթայթէր հիւրընկալ երկիրներու իշխանութեանցՙ ազդուօրէն միջամտելու գաղութահայ համայնքային կեանքին ու գործունէութեան մէջ. եւ պիտի քայքայուէր, խորտակուէր արտասահմանի հայութեան դերն ու նշանակութիւնը, իբրեւ ազգային, քաղաքական ու եկեղեցական գործօն, Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդին ներկայ ուռճացման ու ապահովութեան, ինչպէս նաեւ ապագայ զօրացման համար:
Ռամկավար Ազատականներու այս գերազանցօրէն ազգասիրական ու հեռահասօրէն իմաստուն վարքագիծը մեկնաբանուեցաւ չարանենգ խեղաթիւրումով մեր հակառակորդներուն կողմէ,- անոնք, ծիծաղելի, սնամէջ ամբարտաւանութեամբ սկսան յանկերգել, թէ «Ռամկավարները կը վախնա՜ն»: Անհեթեթ ու անմիտ այս վերագրումը քրէական մտայնութիւն մը կը մատնէՙ որ բանաւոր մարդ էակը կը շփոթէ գիշակեր գազաններու հետ: Գռիհային յոխորտանքովՙ ան կը ճչայ, թէ գաւազանն ու զէնքը կրողը,- այսինքն բռնութեան ու ոճիրի վատոգի գործիքը քա՜ջ մարդ մըն է. իսկ անոր դէմՙ իր մտքին ու հոգիին ուժերով պայքարողըՙ երկչո՜տ մըն է: Սակայն իրապէսՙ ո՞վ է իսկական հերոսը: Ա՞ն, որ հրազէնի ապաւինած «անվախօրէ՜ն» կ’երթայ առիւծին դէմ. թէՙ ա՛ն, որ փայտեայ աթոռ մը ձախ ձեռքին եւ աջին մտրակ մը շաչելովՙ գազանը զսպելու կը յանդգնի: Ո՞վ է ճշմարիտ քաջը. ա՞ն է, որ դաշոյն մը յափշտակելով կը վազէ իր համոզումները իբրեւ սխալ մերժող եւ իր գործերը որպէս վնասակար դատապարտող հակառակորդին վրայ. թէՙ ա՛ն, որ կը խորշի ոճիրէն, իբրեւ մարդկային ստորնագոյն արարքէնՙ եւ բանականութեան լոյսով ու ճշմարտութեան ուժով կը նախընտրէ դիմագրաւել իր ընդդիմադիրը:
Մեր որդեգրած ռամկավարական դաւանանքը ուրիշ հեռահաս նշանակութիւն մը ունեցաւ գաղութահայութեան համար: Այդ գաղափարականը կենսական դեր կատարեց արտասահմանի հայութեան հաւաքական ինքնապահպանումն ու գործունէութիւնը ապահովելուն մէջ:
Այն իրողութիւնը, որ Հայաստան անդամ է Սովետ Միութեանՙ անխուսափելիօրէն բախտորոշ անդրադարձում պիտի ունենար հայկական սփիւռքի գոյավիճակին վրայ: Եւ հայկական հոծ գաղութներ հիւրընկալող երկիրները, ռամկավարական կամ աւատապետականՙ բացայայտ, յաճախ բուռն հակամարտութեան մէջ գտնուեր են Սովետ Միութեան հանդէպ, անոր ծնունդէն մինչեւ ներկայ «ցուրտ պատերազմ»-ի ճգնաժամային օրերը: Բովանդակ մարդկութեան համար ցաւագին, աղէտալի կացութիւն մըն էր ատիկա, որ բացառիկ խստութեամբ կը ճնշէր մասնաւորապէս գաղութահայութիւնը, զայն պարտադրելով դաժան երկընտրանքի մը:
Արտասահմանի հայ զանգուածները կրնային դիւրա՛ւ գործիք դառնալ հիւրընկալ պետութեանց արտաքին քաղաքականութեան եւ հակասովետ, ուրեմն նաեւ հակահայաստանեան խաչակրութեանց զինակից հանդիսանալ, ընկերային ու տնտեսական նշանակելի առաւելութիւններ շահելով: Այս վարքագծին հետեւեցաւ Դաշնակցութիւնըՙ մինչեւ Քէմալական Թուրքիոյ ու Հիթլէրեան Գերմանիոյ հետ ոճրապարտ գործակցութիւն ընդդէմ հարազատ ժողովուրդին ու նորազատ մայր հայրենիքին: Բայց Ռամկ. Ազատ. Կուսակցութիւնը, իր ջերմ հայրենասիրութեան, հայոց ապագային հանդէպ իր անսասան հաւատքին ու իր դաւանած ռամկավարական սկզբունքներուն անխորտակելի ամբարտակը կանգնեցուց ազգուրացութեան ու հայրենադաւութեան այդ մոլեգին յորձանքին դէմ եւ արգիլեց գաղութահայութեան գահավիժումը դաւաճանութեան խորխորատէն վար:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան որդեգրած դեմոկրատիկ ծրագիրը եւ անոր համոզումով փարումը ռամկավարական գաղափարականինՙ ամենէն հզօր ու վճռական ազդակը հանդիսացաւ, որ գաղութահայութիւնը պաշտպանեց ներքին դրուժաններու դաւադիր յարձակումներուն եւ օտար կառավարութեանց քայքայիչ ճնշումներուն դէմ: Դաւանելով ու կիրարկելով դեմոկրատիկ սկզբունքները եւ յարգանք ու հաւատարմութիւն ջատագովելով մեզ հիւրընկալող երկիրներու օրէնքներուն ու բարձրագոյն շահերուն հանդէպՙ Ռամկ. Ազատականներ կրցան Ռամկապետական իշխանութեանց վստահութիւնն ու համարումը շահիլ հայ փոքրամասնութեանց համար, որով կ’ապահովուէր մեր գաղութներուն ազատ ու բարերար գործունէութիւնը ազգային, եկեղեցական, բարեսիրական ու մշակութային մարզերուն վրայ:
(*) Մինչեւ 1930-ական թվականները «ռամկավարություն» եզրույթը օգտագործվում էր «դեմոկրատիա»-«ժողովրդավարություն» իմաստով:
Խմբ.: