Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչական Ժողովը Մէկ Միլիոն Ամերիկեան տոլարի շտապ օժանդակութեան պահեստի գումար կը նշանակէ, Սուրիահայ համայնքի կարիքներուն հասնելու նպատակով: Միաժամանակ, Միութիւնը կը նախաձեռնէ կազմակերպչական միջոցառման` օգնելու համար երկրի տագանապալի կացութեան պատճառով կենցաղային եւ ապահովական դժուարութիւններ դիմագրաւող ընտանիքներուն, յատկապէս Հալէպի, Դամասկոսի եւ Քամիշլիի բաղդատաբար աւելի հայահոծ շրջաններուն մէջ:
Նիւ Եորք, 3 Օգոստոս 2012-Սուրիոյ մէջ շարունակուող զինեալ հակամարտութիւնը ծանր դրութիւն ստեղծած է ժողովուրդին համար եւ հեզհետէ տագնապալի դարձող կացութիւնը կը սպառնայ բնակչութեան, յարաբեաբար ցարդ ապահով նկատուող քաղաքներուն մէջ, որոնց շարքին հայահոծ ներկայութեամբ եւ հաստատութիւններով յատկանշուող շրջաններունՙ մասնաւորաբար Հալէպի, Դամասկոսի եւ Քամիշլիի մէջ: Պետութեան եւ ընդդիմադիներու միջեւ զինեալ բախումներուն եւ ռմբակոծումներուն պատճառով, շատեր պարտադրուած են լքելու իրենց բնակարանները եւ ապաստանելու յարաբերաբար աւելի ապահով շրջաններ:
Իբր նախապատրաստութիւն մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու պահանջքին, որուն անհաժեշտութիւնը դէպքերու հոլովոյթի լոյսին տակ մօտալուտ կը թուի, Հ.Բ.Ը.Մ.ը կրկին անգամ յանձնառու կեցուածք կը որդեգրէ օժանդակելու այս անգամ Սուրիոյ տագնապահար հայ համայնքին:
Առ այդ, Կեդրոնական վարչական Ժողովը որոշում կայացուց մէկ միլոն ամերիկեան դոլարի պահեստի գումար մը նշանակել Սուրիոյ հայ համայնքի կարիքներուն համարիբր անմիջական օժանդակութիւն:
Այս նպատակով կազմուած յատուկ յանձնախումբ մը ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային վարչութեան հետ համախորհուրդ, ձեռնարկած է անմիջական կարիքներու գնահատումին եւ համապատասխան միջոցառումներու որդեգրումին, նահանգային եւ միջազգային օրինական գործընթացի ծիրէն ներս, թիկունք կանգնելու եւ օգնելու համար մեր համայնքին: Ընթացքի մէջ են նաեւ անհրաժեշտ կարգադրութիւններ, որպէսզի միութեան տեղական կառոյցները Հալէպի, Դամասկոսի եւ Քամիշլիի մէջ, կարենան ի հարկին ծառայել իբր օգնութեան աշխատանքներ համակարգող կեդրոններ, հասնելու համար տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող ընտանիքներու, ի հարկին նաեւ պատսպարելով անոնք, որոնք կը ստիպուին ապահովական պատճառներով լքել իրենց բնակարանները: Սերտողութեան տակ է նաեւ Միութեան Կիպրոսի կալուածին բնակարանային կառոյցները ժամանակաւորապէս գործածելու կարելիութիւնը, այն ընտանիքներուն համար, որոնք կը ստիպուին առժամաբար հեռանալ երկրէն:
Միութիւնը նաեւ մօտէն կապի մէջ է Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, քայլ պահելու համար այս առնչութեամբ պետական մակարդակի վրայ կատարուած դիւանագիտական եւ ընկերային)կազմակերպչական նախաձեռնութիւններու հետ:
ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան կոչ ուղղած է Միութեան անդամակցութեան, իրենց ուժերը եւ կարելիութիւնները անհապաղ ի գործ դնել օժանդակելու համար սուրիահայ համայնքին, որ պատմականօրէն կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի ցեղասպանութեան տարագրեալներուն նկատմամբ ասպնջականութեան եւ մարդասիրական վերաբերումի բարձր ոգին: