Ինչպէս էշը ցեխը կ՛իյնայ ու կը տապլտկի դուրս գալու համար, ադպէս ալ Թուրքիան հիմա ցեխին մէջ խրած է ու չի գիտեր ինչպէս դուրս պիտի ելլէ:
Ցեխըՙ սուրիացի փախստական-գաղթականներու ստեղծած կեղտաջուրի լճակ էր, որ հիմա ծայրը չերեւցող ճահիճի վերածուած է:
Թուրքիոյ «մարդասիրական» գօտին անցաւ իր վիզին ու սկսաւ սեղմել:
Սակայն, նախՙ անծանօթներուն բացատրենք, որ Թուրքիան, բացի Սուրիոյ հետ իր հարաւային երկար սահմանէն, 1939-ին Ալեքսանդրէթի սանճաքի գրաւումով, այդ գողցուած տարածքին ամբողջ շուրջը սահման գծեց, բայց Սուրիան չընդունելով այդ շինծու ու պարտադրուած սահմանը, ո՛չ փշաթելով ցանկացապատած է զայն, ո՛չ ալ սահմանապահ բանակով ու պահակազօրով, բացի քանի մը ոչ պաշտօնական պահակատուներէ:
Ահա այս վիճակն է, որ առիթ տուած է անցեալին ու տուաւ այսօր, որ թրքական ներթափանցումներ ըլլան Սուրիա:
Երկու թշնամի պետութիւններՙ հարաւէն Իսրայէլը եւ հիւսիսէն Թուրքիան, աքցանի մէջ առած էին Սուրիան, որուն վտանգը աւելի շեշտուեցաւ, երբ այդ երկու երկիրները զինական համաձայնութիւններ ալ կնքեցին իրարու հետ:
Այս վտանգաւոր կացութեան մէջ, նախագահ Բաշար Ասադ քաղաքական իմաստուն քայլով մը բարեկամութեան ձեռք մեկնեց Թուրքիոյ, գոնէ ձեւով մը թուլցնելու համար տասնամեակներու լարուած վիճակը երկու երկիրներուն միջեւ: (*)
Թուրքիան գրկաբաց ընդունեց մեկնուած ձեռքը, քանի որ ահագին շահեր պիտի ունենար որպէս հետեւանք այս համաձայնութեան, մասնաւորաբար տնտեսական գետնի վրայ, քանի որ Թուրքիան ըլլալով բաւական զարգացած ճարտարարուեստի երկիր, նոր շուկայի պէտք ունէր, ինչպէս նաեւ իր ապրանքատար փոխադրակառքերու ճամբան դէպի հարաւ ու Ծոցի երկիրներ բաց պիտի ըլլար: Այնքան շտապեցին իրենց բարեկամութիւնը ամրապնդելու համար, որ երկու երկիրներուն միջեւ վիզաները վերցուցին ու ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծեցին:
Մէկ օրէն միւսը, Քիլիսի սահմանակից Ազէզ քաղաքը դարձաւ մեծագոյն դարպասը փոխադարձ երթեւեկութեան: Հալէպէն-Ազէզ տանող մայրուղին վերածուեցաւ շինարարական հսկայ ձեռնարկութիւններու գօտիիՙ հանրախանութներ, հիւրանոցներ, զբօսավայրեր, առեւտրական տուներ... Անծայրածիր ամայի տարածքներ կեանք ստացան: Թուրք ձեռնարկատէրեր լեցուցին երկիրը:
Այս բոլորը նպաստեցին, որ առեւտուրը ծաղկի, զբօսաշրջիկութիւնը բարգաւաճի: Սակայն, տուժեց տեղական արտադրութիւնը. չինականի կողքին եկաւ բազմելու թրքականը:
Թրքական հեռուստասերիալներ արաբերէնի թարգմանուած ողողեցին մեր հեռատեսիլի կայանները: Տարածուեցան թրքական երգերը: Երգիչ-երգչուհիներու ու դերասան-դերասանուհիներու նկարները լեցուցին ամէն կողմ:
Սիրաբանութիւն մըն է, որ սկիզբ առաւ:
Ու յանկարծՙ «Արաբական գարուն»...
Կոմիտասը պիտի ըսէրՙ «Գարուն ա, ձուն ա արել»...
Իսկապէս ձիւն մաղուեցաւ արաբական երկիրներու գլխուն:
Թուրքիան, որպէս Արեւմուտքի մանկլաւիկ ու ՆԱՏՕ-ի անդամ, անկախ քաղաքականութիւն չի վարեր տարածաշրջանին մէջ. իրաւունք չունի վարելու, իր բոսերու հրամաններէն դուրս չի կրնար ելլել: Մէջտեղ եկաւ որ Սուրիոյ հետ կնքուած բարեկամութիւնն ալ խաղ մըն էր, որովհետեւ Անկարան անմիջապէս վար առաւ դիմակը ու երեւցաւ իր մերկութեամբ:
Անոնք, որոնք ծանօթ են Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններուն, գիտեն, որ Եագուպիէի հայկական աւանէն մինչեւ Քէսաբի հայկական լեռնաշխարհը, ճամբան թրքական սահմանին կողքով կ’անցնի: Այս ճամբուն վրայի գիւղերու բնակիչներուն մեծամասնութիւնը մաքսանենգությամբ կը զբաղի, յատկապէս թիւրքմէններով բնակեցուած շրջանները:
Արեւմուտքը Սուրիոյ ծրագրի հիւսիսի բաժինը Թուրքիոյ վստահած ըլլալով, վաղուց արդէն զինավարժութեան ու զէնքի մաքսանենգութեան ձեռնարկած էր, Սէուդական Արաբիոյ ու Քաթարի ֆինանսաւորումով: Ճիշդ ատենն էր այդ նախապատրաստութիւնը գործադրութեան դնելու:
Էթնիկական, կրօնական թէ նիւթական համոզումներով գիւղացի երիտասարդներ զօրակոչուեցան ու ղրկուեցան սահմանամերձ գիւղերն ու քաղաքները: Քանի մը պայթիւն այստեղ, յարձակում կառավարական հաստատությանց ու ոստիկանատուներու վրայՙ այնտեղ, սպանութիւն ու հրկիզում, եւ այս բոլորը «անզէն ժողովուրդի պաշտպանութեան ի խնդիր»:
Սուրիական բանակը հակահարուածի անցաւ:
Ի գործ դրուեցաւ սենարիոյին երկրորդ արարըՙ սահմանակից գիւղերու բնակիչներուն փախուստն ու ապաստանումը նախապէս պատրաստուած թրքական վրանաքաղաքին մէջ:
Ու հաւարը փրթա՜ւ: Մարդասէ՜ր Թուրքիան գրկաբաց ընդունեց «խեղճ» փախստականները, տեղ տուաւ անոնց, կերցուց-խմցուց, գրպանին ալ դոլար դրաւ ու հաուշեցուցակ ղրկեց Քաթար:
Թուրքիան գիտէր, որ մատները պիտի լզէ այս գործարքէն. եթէ մէկը դրաւ գաղթականին գրպանը, երեքը դրաւ իր գրպանը:
Աշխարհով մէկ տարածուեցան Թուրքիոյ մարդասիրակա՜ն ժեսթին արձագանգները: Աշխարհի հեռատեսիլի կայանները արշաւեցին Թուրքիա, նկարեցին ու նկարեցին: Վա՜յ, տեսեք, տեսեք, Դավութօղլուն սուրիացի երախայի մը օրօրոցը կը ճոճէ, ի՜նչ վեհանձնութիւն, ի՜նչ համեստութիւն: Հապա՞ սեւ ու դեղին երախաներու «մայրիկ» Անջելինա Ջոլիէն... Կինը գործ-բան ձգածՙ եկեր է փախստականները տեսնելու եւ մխիթարելու:
Իսկական կատակերգութիւն:
Ձրի ու շահաւէտ կեանքը անգործ-անբան գիւղացիներուն քաջալերեց, որ մեծ թիւերով ափ առնեն Թուրքիա:
Հարիւրները եղան հազարներ, հազարներըՙ տասնեակ հազարներ:
Գարունը անցաւ, եկաւ ամառ:
Հարցը շատ երկարեցաւ, դիւրին չեղաւ Սուրիան ծունկի բերել:
Այսօր ի՞նչ է վիճակը այդ վրանաքաղաքներուն:
«Մեղրամիսը» վերջացաւ, այլեւս «փարա եոք». կիզիչ ամրան կրակին կը խաշին վրաններուն տակ, ուտելիքի-խմելիքի տագնապ ունին, նոյնիսկ հացը սուղ-սուղ կը գնեն «եոլտաշ» թուրքերէն...
Դժգոհութեան աիլք մը ծայր առած է, ոչ միայն գաղթակայաններուն մէջ, այլեւՙ նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ: Ժողովուրդը գոհ չէ այս վիճակէն:
Արագ զարգացած առեւտուրն ու զբօսաշրջութիւնը անդամալուծուած է: Ի շահ ի՞նչ հէռանկարէ: Հալէպի վրայ ա՞չք ունին: Աչքերնին կ՛ելլէ, Հալէպը չեն տեսներ:
Սուրիացիները լաւ ճանչցան թուրքը: Գիտցան, որ անոր վստահիլ չըլլար, պատմութիւնը կը վխտայ փաստերով: Մէկ կողմէն ձեռքդ կը սեղմէ, միւս կողմէն կռնակէդ կը հարուածէ:
Սակայն այս բոլորը ի՞նչ աւարտ պիտի ունենայ, դժուար է նախատեսել:
Միմիայն մէկ բան յստակ դարձաւ. Թուրքիան մէյ մըն ալ չի կրնար սուրիացիին ձեռքը սեղմել:
Կ’այրի եթէ փորձէ:
(*) Ինչպես 3-4 տարի առաջ, առավել եւս հիմաՙ նախագահ Բաշար Ասադի այդ քայլի մեջ մենք ոչ մի իմաստություն չենք տեսում: Խմբ.:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, Հալէպ-Երեւան