«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#149, 2012-08-30 | #150, 2012-08-31 | #151, 2012-09-01


ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՄՆԱՅ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԵՒԵՌԱԿԵՏԸ

Մեր ուշադրութեան կիզակէտը անշուշտ կը մնայ սուրիահայութեան ապագան: Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ, Հոմս, Քամիշլի ..., ուր կեդրոնացուած ու կազմակերպուած համայնքներ կ՚ապրէին խաղաղ եւ ապահով: Մա՛նաւանդ որ այլեւս սուրիահայութիւնը քաղաքականապէս հասունցած, անցեալի արկածախնդիր քաղաքականութեան անհանդուրժող դարձածՙ սկսած էր լրջանալ եւ դառնալ աւելի շրջահայեաց:

Անկասկած առաջին օգնութեան կոչը գալու էր Բերիոյ թեմի առաջնորդէն, որուն անմիջապէս արձագանգեց Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հրապարակելով կոչ մը, այս տարուան օգոստոսի առաջին շաբաթը, օգնելու Սուրիոյ հայութեան: Իմանալէ ետք կարգ մը հայ ընտանիքներու տնտեսական դժուարութիւնները` Արամ կաթողիկոս դարձաւ առաջին օրինակը եւ անմիջապէս կաթողիկոսութեան կողմէ գումար մը տրամադրեց Հալէպի ազգային առաջնորդարանին, յատկացուելու համար սննդեղէնի եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներու:

Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց Սուրիոյ հայութեան գործնապէս նեցուկ կանգնելու հրամայականը. «Միջին Արեւելքի գաղութներու կենսունակ ու կազմակերպ պահպանումը առաջնահերթութիւն է` մեկնելով մեր ազգին ընդհանրական եւ գերագոյն շահերէ, տալով օրինակը Լիբանանի հայութեան, որ մնացած էր կանգուն լիբանանեան ահաւոր պատերազմի օրերուն, շնորհիւ իր հաւաքական կամքին, հաւատքին ու միասնականոութեան: Նոյնը կոչուած է կատարելու Սուրիոյ հայութիւնը»: Յստակ եւ տեղին էր օրուան հրամայականը եղող հայրական կոչը, որուն ընթացք սկսան տալ մեր զանազան գաղութները:

Վերջին օրերու ահազանգային վիճակը, մա՛նաւանդ Հալէպի հայկական թաղերուն սպառնացող թրքատիպ յայտարարութիւններն ու մարտագրգռիչ հրաւէրները պատճառ եղան, որ Արամ կաթողիկոս աշնան իր ծրագրած այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ յետաձգէր, որպէսզի ուշի-ուշով կարենար հետեւիլ իր Աթոռին ենթակայ Բերիոյ թեմի համայնքային դէպքերուն:

Կ՚ըսենք թրքատիպ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսելՙ անմիջական թրքական միջամտութեամբ: «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը օգոստոս 10-ին արդէն յայտարարած էր, որ Թուրքիան գործակցելով Սէուդական Արաբիոյ եւ Քաթարի հետ, Սուրիոյ ապստամբներուն զինուորական օժանդակութիւն կատարելու համար Ատանայի մէջ զինուորական գաղտնի ռազմախարիսխ մը հաստատած է: Թուրքիան այսպիսով սուրիական պատերազմին կը դառնար մասնակիցը եւ այդ ռազմակայանի հաստատումով գլխաւոր կազմակերպիչն ու ապստամբությունը դիւրացնող ուժը: Այս լուրէն քանի մը օրերի երեւան ելած էր որ Ամերիկայի նախագահ Բարաք Օբամա Թուրքիոյ հրամանատարութեան կեդրոնի մը հետ համագործակցելով սուրիացի ընդդիմադիրներուն զօրակցելու մասին հրաման արձակած է: Այս մասին պնդուեցաւ, որ հրաման ազատության կեդրոնը կը գտնուի Ատանայի մէջ:

Մինչ Թուրքիա ընդդիմադիրներ կը զինէ, անդին իր մարդասիրակա~ն ձեռքը կ՚երկարէ Թուրքիա ապաստանելու խնդրանքով դիմող սուրիացի գաղթականներուն: Սուրիացիներու յատկացուած վրանաքաղաքները բոլորովին լեցուած ըլլալով, իշխանութիւնները սկսան սուրիացիներուն տեղ ապահովել գիշերօթիկ վարժարաններու մէջ: Մասնաւոր հակակշռի մը ենթարկուելու պայմանաւ այդ գաղթողները ներս կ՚ընդունուին Քիլիսի Էօնչիւփընար զինուորական հրամանատարութեան կողմէ: Անշուշտ գաղթականի տարազին տակ եղողներէն ոմանք, անպայմանօրէն կը պատրաստուին զինուիլ, ինչու չէ նաեւ նախնական զինուորական պատրաստութիւն ստանալէ ետք անցնիլ սահմանը եւ կռուիլ սուրիական բանակին դէմ:

Թուրքիոյ համար, այս օրերուն, առաջնահերթ նշանակութիւն սկսան ունենալ հարաւի իր սահմանները, ուր կեդրոնացած է քիւրդ ազգաբնակչութիւնը: Հիւսիսային Իրաքի ինքնանկախ քրդական մարզը, որ հարուստ է քարիւղի հանքերով, ինքնին արդէն օրին մտահոգել սկսած էր թրքական հանրապետութեան վարիչները. ու ասոր վրայ կ՚աւելնար ահա, սուրիական տագնապի բերումով, այդ երկրի քրդական ինքնավարութեան մը սաղմային ծնունդը, որ առիթ պիտի տար Թուրքիոյ քիւրդերուն տարիներու երազին թափ տուող հին ծրագրին` ստեղծել անկախ Քիւրդիստան մը: Այս խառնաշփոթ իրարանցումին մէջ սուրիահայութեան ունեցած տնտեսական ուժական ներկայութիւնը եւ այժմու կառավարութեան հետ ունեցած տասնամեակներու վրայ երկարող յարաբերութիւնները անշուշտ որ պիտի մտահոգէին Անկարայի կառավարութիւնը:

Անմիջապէս ու վստահաբար թելադրուած կառավարութենէնՙ Պոլսոյ Հայոց պատրիաքութիւնը կը ծանուցէր, թէ թրքահայութիւնը պատրաստ է օգնելու սուրիահայ իրենց եղբայներուն: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ գիտութեան, արդիւնաբերութեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Նիհաթ Էրգունը քիւրդերով բնակուած Դիարբեքիրի նահանգապետին հետ հանդիպման յայտարարած է. «Այս երկրի դրօշը վերցուած է մեր բոլորիս թափած արեան գոյնէն: Մեր հայ քաղաքացիներու արիւնն ալ թափուեր է այս հողերուն համար: Անոնց արեան գոյնն ալ կայ մեր դրօշին վրայ»: Այս ո՜րքան համեստութիւն այս օրերուն թուրք նախարարի մը կողմէ:

Տակաւին մարդասիրակա՜ն իր ձեռքը կ՚երկարէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Դավութօղլուն եւս, երբ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ վրդ. Անուշեանի միջոցով պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ տալ ամէն օգնութիւն, իսկ ցանկութեան պարագայինՙ անոնց հը հրաւիրէ Թուրքիա` բնակութիւն հաստատելու: Թէ սիրով պիտի ընդունին: Այս կը կարդանք «Սաբահ» օրաթերթի օգոստոս 24-ի թիւով: Կը մոռնան որ, Սուրիա բնակող 100 հազարի հասնող հայերուն ճնշող մեծամասնութիւնը 1915-ի ցեղասպանութեան հետեւանքով Օսմանեան կայսրութեան սահմանները բռնի կերպով լքած հայերու սերունդներն են...:

Անճիշդ լուրերու արձագանգները խուճապահար ընելու յետին նպատակներով, լրագրական անպարկեշտութիւնը դժբախտաբար Հալէպի համար ալ իր տխուր դերը խաղցաւ, մա՛նաւանդ սկզբնական օրերուն:

Հալէպահայ երիտասարդի մը` Յովսէփ Պալմանուկեանի առեւանգումը վերագրեցին ըմբոստ կամ ընդդիմադիր խումբերու, ապա պարզուեցաւ, որ այդ առեւանգումը պարզապէս հասարակ հրոսակներու եւ չարագործներու գործն էր երկրի քաոսային վիճակէն օգտուելով: Հալէպահայութիւնը իր դժգոհութիւնը յայտնեց, որ յաճախակի կերպով կարգ մը արարքներ կը վերագրուին ընդդիմադիր շրջանակներու եւ ասիկաՙ թէ՛ հալէպահայերու կողմէ, թէ ալ հայաստանեան լրատուամիջոցներու կողմէ: Ըստ ոմանց, այս վերջինները իբր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ռուսամէտ ծիրին մէջ գտնուելով, տեւաբար այսպէս կը վարուին լուրերու հետ:

Հայրապետական պատգամով Արամ Ա. կը թելադրէր հետեւեալը. «Հեռու մնալ ցուցական եւ քարոզչական քայլերէ ու միակողմանի մօտեցումներէ»: Սուրիահայութիւնը բոլոր կողմերու հետ յարաբերութիւններու ընթացքին յայտնած է իր երախտագիտութիւնը Սուրիական հայրենիքին եւ ժողովուրդին նկատմամբ: Վարչակարգերը մնայուն չեն, մնայունը Սուրիական հայրենիքն է, իր ժողովուրդը ու անոր գերագոյն շահերը:

Երկար շրջան մը հայկական թաղերը հեռու մնալով ռազմադաշտերէն, անոնք եւս շրջան մը սաւառնակներու եւ ուղղաթիռներու ռմբակոծական թռիչքներուն զոհ գացին, մասնաւորաբար Բոսթան Փաշա թաղամասին մերձակայքը, որ մօտ է հայաբնակ Նոր Գիւղ թաղամասին, ուր կը գտնուի միջհամայնաքային հայ ծերանոցը:

Օգոստոս 5ին, Նիւ Եորքի իր կեդրոնատեղիէն ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչական ժողովը կը յայտարարէր, թէ Սուրիոյ հայաշատ համայնքին անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով Բարեգործականը մէկ միլիոն դոլար պիտի յատկացնէ Հալէպի, Դամասկոսի եւ Քամիշլիի ՀԲԸՄ-ի կեդրոններուն, իրենց աշխատանքները համակարգելու նպատակով, որպէսզի օգնութիւն ցուցաբերուի այն ընտանիքներուն, որոնք կարիք ունին` անկախ անոնց բնակութեան վայրէն:

Վերահասու ըլլալով Դամասկոսի հայոց առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալբանդեանէն Սուրիոյ հայութեան եւ ազգային կառոյցներու տնտեսական տագնապին, օգոստոս 24-ին, Ամենայն հայոց հայրապետ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կոչին անսալով, Մայր աթոռի թեմակալ առաջնորդները, որոնց կարգինՙ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, յայտարարեցին անյապաղ նիւթական օժանդակութեան արշաւ մը սկսիլ Սփիւռքի տարածքին:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին այս ընդհանրական կոչը սուրիահայութեան օգնելու, արդէն կ՚ունենար համահայկական բնոյթ առանց քաղաքական, թեմական կամ տեղայնական արգելքներու, թիկունք կանգնելու` Սուրիոյ մեր հարազատներուն:

Հայկական լրատուադաշտը, մա՛նաւանդ Լիբանանի մեր օրաթերթերը, որոնք մեր աւանդական կուսակցութիւններու պաշտօնական օրգաններն են, իր կարգին, եղաւ զգոյշ եւ շրջահայեաց: Չափաւորեալ լրատուութեամբ, յաճախ հեռու արեւմտեան քարոզչութեան ուղղակի ազդեցութենէն: Եւ «Ազդակ» իր Յուլիսի վերջին թիւով գրած խմբագրականով իրաւացիօրէն կը գրէր. «Արդիւնքը` խուճապային մթնոլորտի տարածումն է, «ժողովրդավարացման» քաղաքականութեան տարածումի քարոզչութեան ալիքներուն տակ իյնալը եւ ապալուսաբանելը»: Այդպէս ալ մեր լրջախոհ մամուլը, նկատի ունենալով սուրիահայութեան տագնապին երկար տեւելու հանգամանքը, մնաց զգօնութեան, սթափութեան եւ թշնամիին քայլերը հաշուարկելու հրամայականին առջեւ: Հեռու` խուճապայնութենէ, շահարկումներէ եւ ազդեցութեան ալիքներուն յանձնուելու փորձութիւններէ:

Սուրիահայութիւնը մեր աւանդական ամենահին գաղութներէն եւ երկար տարիներու վրայ երկարող սփիւռքահայ կեանքին մարդուժի հայթայթման միջնաբերդն է եղած: Ասկէ մեկնելով ալ աւանդական, մեր երեք կուսակցութիւններու համար իրենց կառոյցներու ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ ունին մասնաւոր հանգամանք եւ նշանակութիւն: Գոնէ ՀՅԴ Բիւրոյի հերթապահ Հրանդ Մարգարեան օրին հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Սիրիահայութիւնը նախ ինքը պէտք է կարողանայ ներքին կազմակերպուածութիւն ցուցաբերել, ներքին փոխօգնութեան կազմակերպուածութիւն պէտք է ստեղծի, դրանից յետոյ բնականաբար կարեւորութիւն է ստանում համայն հայութեան զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը սիրիահայութեան: Սիրիահայ գաղութը պէ՛տք է գոյատեւէ ... եւ չկորնցնէ իր կենսունակութիւնը»:

Օգոստոս 17-ին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճեմեան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ, ուր քննուեցան Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած հայերուն առնչուող հարցերը եւ վերահասու դարձաւ համայնքին ապահովման հետ կապուած Հայաստանի կառավարութեան ձեռնարկած քայլերուն: Իսկ Բոստոնի ՌԱԿ «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթին մէջ, օգոստոս 4-ի խմբագրականով, Երուանդ Ազատեան իր մտահոգութիւնը աւելի խորացնելով սուրիական հարցին կը կապէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու` Եգիպտոսի, Պաղեստինի, Իրաքի, Յորդանանի ու Լիբանանի ապագան եւ այլեւս այդ տարածաշրջանի քրիստոնեական համայնքներու դիմագիծը ընդհանրապէս խնդրական կը դարձնէ, նոյնիսկ անոնց անհետացման հեռանկարը կը մատնանշէ, որ զոհը կրնայ դառնալ ընչաքաղց Արեւմուտքի քաղաքական հաշիւներուն:

Անշուշտ Հայաստանը ձեռնածաւալ չէր կրնար մնալ սուրիահայութեան նկատմամբ եղած այս համազգային ուշադրութենէն:

Առաջին հերթին, տեղի ունեցան հերթական հանդիպումներ Սուրիայէն ժամանած եւ երեւաբնակ սուրիահերու հետ, ուր քննարկուեցան ներկայացուած հիմնախնդիրները: ՀՀ սփիւռքի նախարարը տեղեկացուց, որ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ` ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած սուրիահայերը առաջին անգամ ըլլալով իրենց հայկական անձնագիրները կրնան ստանալ Սուրիոյ մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն: Նաեւ` ՀՀ կառավարութեան մէկ այլ որոշումով, սուրիահայերը մուտքի արտօնութիւն (վիզա) կրնան ստանալ ոչ միայն դեսպանատունէն, այլեւ` Հայաստանի սահմանին վրայ: Այսպիսով Հայաստան իր դռները լայն բացած կ՚ըլլար բովանդակ սուրիահայութեանՙ գալու հայրենիք:

Անշուշտ, առաջին անգամ չէ որ մայր հայրենիքը իր դռները լայն կը բանար արտասահմանի հայութեան առջեւ. Մեր հայրենի պետութիւնը նո՛յնը ըրաւ խորհրդային շրջանին, երբ նոյն դիւրութիւնները ընծայուեցան պատերազմական գործողութիւններու ճիրաններուն մէջ գտնուող լիբանանահայերուն:

Նոյնպէս, դիւրութիւններ ընծայուեցան սուրիահայ երիտասարդները պետական համալսարաններ ընդունելու նպատակով նախնական կրթութիւններու համար կրթական ծրագրի մը մշակումին սկսելու: Նոյնպէս վերջերս որոշում առնուեցաւ Երեւանի մէջ բանալ դպրոց մը սուրիահայերուն արեւելահայերէն սորվեցնելու: Իսկ պետական թոյլտուութիւններ շնորհել այն սուրիահայերուն, որոնք պիտի ուզէին իրենց ճարտարարուեստական կամ առեւտրական գործունէութիւնը ծաւալել Հայաստանի կամ Արցախի մէջ:

Զգուշաւոր լաւատեսութեամբ ալ, մինչ այդ, հայրենի պետական մարդիկ կը յորդորեն սուրիահայութիւնը մնալու իրենց համայնքներու մէջ: «Սուրիահայերու հարցով ըլլալ զուսպ եւ զգոյշ», մի՛շտ յայտարարած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նկատի ունենալով տակաւին նախագահ Ասադի իշխանութեան ոյժը երկրի տարածքին, նաեւ` Սուրիական կառավարութեան բարի յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ռուսաստանի զոյգ հանրապետութեանց հետ:

Ամառնային արձակուրդի համար մեծ թիւով սուրիահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար մշակուեցան նոր ծրագիրներ, որոնց մէջ կ՚ընդգրկուէին «Արի տուն», «Իմ Հայաստան», «Ամառնային դպրոց», որոնց միջոցով հայրենի հողին վրայ սուրիահայ պատանին կրնայ ըլլալ ապահով, հեռու առօրեայ ռմբահարումներէն:

Այս ամէնուն մէջ, ողջունելի են նաեւ այն առաջարկները հայրենի քաղաքացիներու կողմէ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց բնակարանները ժամանակաւորապէս տրամադրելու սուրիահայ հայրենակիցներուն:

Բոլոր ճիգերը ողջունելով հանդերձ, ժամանակը հասած է արդէն կազմելու սուրիահայութեան օգտակար ըլլալու կեդրոնական մարմին մը, գոյացուած նիւթական թէ այլ օգնութիւնը աւելի արդիւնաւոր դարձնելու համար: Ու պէտք է շեշտենք, որ այս տագնապին մէջ հատուածական վարկեր փնտռել անտեղի է: Վարկը պէ՛տք է համազգային բնոյթ ստանայ:

Այսպիսով, կը խորհինք որ Հայաստան թէ Սփիւռք աւելի հասուն քաղաքականութիւն մը որդեգրած պիտի ըլլան, այսուհետեւ, սուրիահայութեան նկատմամբ: Սփիւռքեան տարիներու փորձառութիւնը մէկ կողմէն եւ հայկական անկախ պետականութեան ընձեռած կարելիութիւնները միւս կողմէն, ամէն յոյս կը ներշնչեն, որ ազգովին պատրա՛ստ ենք շարունակելու մեր նեցուկը տալու եւ եղբայրական ձեռքը երկարելու բովանդակ սուրիահայութեան:

Կ՚եզրափակեմ յիշելով բարեկամիս` Բժ. Թորոս Թորանեանի այս խօսքերը, իր հետ ունեցած հարցազրոյցիս, դեռ Նոյեմբեր 1, 1984-ին.

«Հալէպի գաղութը ես կը նմանցնեմ այն բաժակին, որ լեցուն է, եւ եթէ շարունակես լեցնել բաժակըՙ կը յորդի. ինչ որ մեկնած էՙ յորդող մասն է, մնացողը դարձեալ լեցուն բաժակն է, Հալէպի բաժակը մի՛շտ կը մնայ լեցուն»:

Այս լաւատեսութեամբ ալ կը շարունակենք հաւատալ սուրիահայութեան ապագային եւ վստահ ենք, թէ այդ բաժակէն յորդած բաժին մը միայն պիտի մնայ Հայաստան եւ շուտով գաղութը ետ պիտի կարենայ լեցնել իր բաժակը:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4