15-օրեայ ուխտագնացութիւնը կը շարունակուիՙ Արեւմտեան Հայաստանէն կամաց-կամաց անցնելով դէպի Կիլիկիա: 11 սեպտեմբերին երեքշաբթի առաւօտեան տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօնՙ Դիարբեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ:
Հոգեպարար արարողութիւնը կը նախագահէր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան: Ուխտաւորներուն մաս կազմող սարկաւագներ ու դպրաց դասի անդամուհիներ մասնակցեցան արարողութեանց: Բացի ուխտաւորներէն, ուրախանալի էր նկատել եկեղեցիէն ներս տասնեակ մը քրտացած հայերու ներկայութիւնը: Հոգեհանգստեան ընթացքին յիշուեցան մեզմէ յաւէտ բաժնուած սիրելիներու եւ հարազատներու անունները ու անոնց հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ: Հարիւրէ աւելի անուններուն մէջ էր նաեւ ՌԱԿ Ամերիկայի առաջնորդող ընկերներէն տիգրանակերտցի Տիգրան Սմսարեանի անունը: Տիգրանակերտի երրորդ սերունդի ուխտաւորներէն ոմանք կրցան գտնել իրենց պապենական տուները: Սակայն ամենայուզիչը եղաւ այդ ուխտաւորներէն տիկին Անի Չաթմալեանի պարագան, երբ յուզումնախառն զգացումներով ոտք դրաւ իր հօրենական երդիքին տակ, մանաւա՛նդ երբ տան նոր բնակիչները գրկախառն ընդունեցին Անին ու իր ամուսինըՙ Յարութը: Պատմական պահ մը անկասկած:
Ուխտաւորները առիթը ունեցան այցելելու Դիարբեքիրի պատմական պարիսպները, որոնք կը համարուին աշխարհի մեծագոյն շինութիւններէն եւ կամուրջը Տիգրիսի վրայ: Երկու հանրակառքերով ուխտաւորները ճամբայ ելան դէպի Այնթապ: Ճամբան խումբը կանգ առաւ Շանլիուրֆա, պատմական Եդեսիան (Ուրֆա), որ եղած է քրիստոնէական հաւատքի ամուր կեդրոն մը: Մինչ այդ հոգեւոր մեր առաջնորդներն ու Արմէն Արոյեան տուին սպառիչ բացատրութիւններՙ Եդեսիոյ պատմական անցեալին մասին: Եդեսիոյ մէջ ուխտաւորները այցելեցին մզկիթի վերածուած հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Տխուր էր ականատես ըլլալ այն շքեղ կառոյցին, ուրկէ հայկական քրիստոնէական հաւատքն էր, որ կը տարածուէր Եդեսիոյ հայութեան: Ուրֆայի պատմական բերդի մօտէն Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ այժմ կ՚օգտագործուի որպէս մովսիսական մզկիթ, անցնելով խումբը այցելեց մովսիսական եւ իսլամական կրօններու սրբավայրըՙ Սուրբ Արահամի աւազանը:
12 սեպտեմբերին, չորեքշաթի առաւօտեան խումբը առաջնորդուեցաւ Այնթապի հայկական Ս. Աստուածածին պատմական գեղակերտ եկեղեցին, որ մզկիթի վերածուած է: Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի առաջնորդութեամբ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը: Ուխտաւորներուն միացաւ մզկիթի մոլլան, որ ողջագուրուեցաւ Խաժակ սրբազանին հետ եւ իր կարգին աղօթեց Ղուրանէն: Միջկրօնական օրինակելի պատկեր մը կը ներկայանար այդ պահուն... յուզում կար շատերու հոգիներուն մէջ: Սակայն դժբախտաբար, հայոց Ս. Աստուածածինը չէր դադրեր մահմեդական կրօնքին ծառայեցուելէ: Գոնէ որպէս մխիթարութիւնՙ հայկական ճարտարապետական այդ կոթողը չէ փլած ու կը ծառայէ որպէս Աստուծոյ տուն: Համբաւաւոր Ամերիկեան Քոլէճի եւ դոկտ. Շեփըրդի հիւանդանոցի այցելութենէն ետք, խումբին կարգ մը անդամները այցելեցին հայկական թաղերը, ուր տակաւին կանգուն կը մնան Լէյլէքեան վարժարանը եւ շքեղ ապարանքները Նազարէթեան, Նազարեան եւ Լեփեճեան ընտանիքներուն, որոնք որպէս պատմական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներ կը մնան քաղաքու պետական հսկողութեան տակ:
Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի Մարաշՙ այսօրուան Քահրաման Մարաշը, նախկին հայոց Գերմանիկը: Դժբախտաբար ո՛չ մէկ հայկական յիշատակարան այսօր մնացած է կանգուն նախկին Մարաշէն: Նոր շինարարութիւն, ինչպէսՙ Ուրֆայի եւ Այնթապի պարագային, ամէնուրեք: Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանները, որոնք ունին համեմատաբար մեծ թիւով քիւրդ ազգաբնակչութիւն մը, շինարարական տարածուն աշխատանքի լծուած են: Ակնյայտ է քիւրտերու մօտ անկախութեան մը հեռանկարը, հակառակ որ տակաւին թրքական դպրոցներու մէջ քրդերէնը կը մնայ արգիլեալ լեզու, ինչպէս որեւէ փոքրամասնութեան պարագային: Այս մէկըՙ անշուշտ պետական ու հանրային վարժարաններուն մէջ: Տխուր էր անցքը Մարաշէն, որու ազգային-մշակութային կեանքը կանգ առաւ 1920-ականներուն եւ որուն ժառանգութիւնը կը շարունակեն վառ պահել մարաշցի մեր հայրենակիցները, մա՛նաւանդ Հալեպի ու Բէյրութի մէջ:
Ու վերջապէսՙ դէպի Զէյթուն, դէպի հերոսական Զէյթունըՙ միջնաբերդը Կիլիկիոյ ազատագրական պայքարին: Խումբը ոգեւորուած է բարձրանալով դէպի ապառաժեայ հերոսներուն մեր արծուաբոյնը: Իրապէս ալ տարբեր է Զէյթունը միւս բոլոր մեր այցելած քաղաքներէն: Ան կ՚իշխէ իր դիրքով Հայկական Կիլիկիոյ վրայ: Տուները մնացած են տակաւին այնպէս, ինչպէս անցեալ դարու 20-ական թուականները:
Բոլոր ուխտաւորները ապրեցան նո՛յն ոգեւորումը Զէյթունի լանջերուն վրայ: Տեղացիներու կողմէ խաղողով հիւրասիրուեցան: Մինչ սառն ջուրը տակաւին կը շարունակէ հոսիլ մեր աղբիւրներէն...: Նոր հպարտութիւն մը կը պատէ մեր հոգիները եւ գոնէ մեզիՙ քանի մը ռամկավարներու համար հոն կը շարունակէ սաւառնիլ մեր Մեծ Երազի յաւիտենական ճամբորդինՙ ընկեր Գերսամ Ահարոնեանին, իրա՛ւ զէյթունցիին ոգին: Թէեւ անունը չարափոխուած է Օսմանիէյի, սակայ՛ն բոլորը գիտեն, որ անիկա հայկակա՛ն Զէյթունն է:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ