«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#161, 2012-09-15 | #162, 2012-09-18 | #163, 2012-09-19


ԵՐԹԱ՞Մ, ԹԷ՞ ՉԷ...

Կարծես հալէպահայերուն համար բաւարար չէին Մայր գաղութին գլխուն եկած պատուհասներն ու անոնց առթած ցաւն ու տառապանքը, վրան եկաւ աւելնալու «Արմավիայի» տգեղ ու անհեթեթ վերաբերմունքը Հալէպ-Երեւան-Հալէպ բաւական սուղ գնուած երթուդարձի տոմս ունեցող ճամբորդներուն հետ, որոնք երկու շաբաթէ ի վեր հոս ու հոն կը քաշկռտուին ու մագոգի պէս կ՚երթեւեկեն «Արմավիայի» գրասենեակէն «Սուրիական աւիաուղիներ» ու «Սուրիականէն»-«Արմավիա»:

Որպէս օդանաւային ընկերութիւն, երբ յանձն առած ես բերած ճամբորդներդ ետ վերադարձնել, պարտաւոր ես խնդրին յարմարագոյն լուծում տալ, ոչ թէ խուսափումի ձեւեր որոնել յայտարարելով, որ չուերթները դադրեցուած են եւ խոստանալ վերադարձի փողը ետ տալ, սակայն միշտ ալ պատրուակելով, որ «հիմա փող չունենք, երբ ունենանքՙ կտանք»...

Յաճախորդ յարգելը, ինքզինք յարգող ընկերութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ, ոչ թէ մարդոց քիթին խնդայ ու մէկՙ թռիչք կայ, մէկՙ չկայ ըսելով, խաղցնէ զիրենք եւ այսՙ 5-6 անգամ...

Շատեր ստիպուած յետաձգեցին իրենց վերադարձը ցնոր տնօրինութիւն, ուրիշներ ալ վազեցին «Սուրիական աւիաուղիներ» վերադարձի տոմս ճարելու, ապաՙ ետ վերադարձնելու 50 դոլար վնասով, եւ այսՙ մի քանի անգամ:

Մէյ մը կը պատրուակէն, որ ապահով չէ Հալէպ վայրէջք կատարելը, քանի մը ժամ ետք յայտարարելու, թէ թռիչք պիտի ըլլայ, պարզապէս վերադարձի գումարը ուզողները ցրուելու համար:

Հարցը հեռասփրուեցաւ, հասաւ Սփիւռքի նախարարութիւն, հասաւ մինչեւ նախագահի նստավայր, սակայնՙ անօգուտ: «Արմավիան» կը շարունակէ իր խայտառակ վերաբերմունքը:

Իմիջիայլոց, կը պարզուի, որ «Արմավիայի» այս վիճակը միմիայն Հալէպի պարագային չէ, այլ շատ մը ուրիշ երկիրներու ալ:

Հայաստանի կառավարութիւնը ի վիճակի չէ՞ շնորհքով, կանոնաւոր գործող օդանաւային ընկերութիւն մը հաստատել եւ դուրս մղել այս ձախորդ բիզնէսմէնները, որոնք միայն վնաս կը հասցնեն ժողովուրդին ու երկրին:

Նախագահ Ս. Սարգսեանի վերջին քննադատութիւնները ուղղուած կառավարութեան, շատ ակնկալիքներու դուռ կը բանան, յուսանք եւ հաւատանք:

ՃԱՄՓՈՐԴ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4