«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#175, 2012-10-06 | #176, 2012-10-09 | #177, 2012-10-10


ԵՐԳԻԾԱՆՔԸ, ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ...

Երգիծանքըՙ գրաւոր, թէ բանաւոր, դժուար իրագործելի ժանր է, շատ նուրբ, շատ փխրուն, քանի որ դեղագործի մը դեղաչափի ճշգրտութեամբ պիտի տրուի հումորը, ճիշդ դոզայով, ոչ աւելի, ոչ պակաս, թէ չէՙ կա՛մ կը ճապաղի, կա՛մ ալ խեղկատակութեան կը վերածուի:

Մեր գրականութեան մէջ մէկ ձեռքի մատներու վրայ համրուող հազիւ մի քանի երգիծաբաններ տուած ենք, մինչ անդին բազմահարիւր են բանաստեղծներն ու արձակագիրները: Նոյնն է նաեւ համաշխարհային գրականութեան մէջ. այլ գրական սեռերու հետ բաղդատած, շատ սակաւ են երգիծանք մշակողները:

Երգիծանքին նպատակը միայն խնդուք առաջացնել չէ. քօղարկուած քննադատութիւնը մարդկային թերութիւններու, ընկերային փտածութեան, կամ այլ, սրամիտ պատկերներով, խօսքերով ու շարժումներով, առանց քարոզչութեան, կամ վիրաւորանքի ներկայացնելը, յանուն սրբագրումի, ահա՛, այս է անոր իսկական առաքելութիւնը:

Գալով բանաւոր երգիծաբանութեան, այսինքնՙ զուարճախօսութեան եւ երգիծակատարումներու, ինչ որ «stand comedy» կը կոչուի եւ բաւական ընդհանրացած է ու մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, այս ալ միեւնոյն տոկոսային համեմատութիւնը ունի, բաղդատած այլ տիպի բանաւոր ելոյթներուն:

Երգիծանքի սղութիւնը հայերուս մօտ աւելի կը շեշտուի, քանի որ մենք աւելի զգացական ըլլալով, աւելի կը հակինք դէպի տխրութիւն, քան ուրախութիւն:

Չմոռնանք բանաստեղծին դիպուկ բնութագրումըՙ «տխուր քէֆը մեր հայկական»...

Այն քիչերը որ ունեցած ենք, եղած են փայլուն երգիծաբաններՙ Պարոնեան, Օտեան, Լեռ Կամսար, Ալփիար, Ն. Պեշիկթաշլեան, իսկ նոր օրերուն ալ բեմի զուարճախօսներ, կատակաբաններ, զաւեշտային պատկերներու հեղինակներ, սրամտաբաններ, որոնք լեցուցած են այսօր հեռուստաէկրաններն ու բեմերը:

Ժողովուրդը, ինչ խաւի ալ պատկանի, կը սիրէ այս արուեստը, որովհետեւ իրեն հաճոյք կը պատճառէ, հոգերը կը ցրէ ու կուրախացնէ:

Այո՛, բոլորն ալ կը սիրեն կատակերգութիւնը, սակայն, երբ «տերեւաթափը» կը սկսի, նոր գաղափարներ չեն ծագիր, սրամտութիւններն ու խօսքի, մտածումի ու վիճակի երգիծանքը սպառելով, կամաց-կամաց տեղ կու տայ անգոյն ու տափակ մտայղացումներու, չափազանցուած դիմախաղերու ու շարժուձեւերու, ահա՛, այստեղ է որ հանդիսատեսը կը բաժնուի երկու մասիՙ մտաւորական, լուրջ կատակերգութիւն փնտռողն ու աժան ծիծաղի համար սրահներ լեցնողները:

Վերջին շրջանին, ինչ որ նկատեցի Հայաստանի մէջ, մտահոգիչ տեղատուութիւն մը սկսած է բոլոր կատակերգութեան պիտակին տակ ներկայացուող գործերուն մէջ, հեռատեսիլի մէջ, թէ թատերաբեմերու վրայ:

Նիւթի եւ միտքերու սնանկացում մը սկսած է կրծել այս գեղեցիկ արուեստը: Զգալի է, որ մասնաւոր ճիգ մը կայ խնդուք կորզելու սիրոյն բաներ մը յօրինելու, հին միտքերը ծամծմելով ու կրկնելով որպէս նոր ներկայացնելու, սրամտութեանց կայծկլտումներու փոխարէն, միմոսութիւններու դիմելու, կամ փողոցային ժարգոնին ուժ տալու:

Որակաւոր երգիծանք տեսնելու ակնկալութեամբ սրահին մէջ նստողին դէմքին երբ հազիւ քանի մը անգամ ժպիտ կը տեսնես, մինչ շարքային հանդիսատեսին ուշքը կերթայ, կը ծափէ ու կը խնդայ ... կը զգաս, որ արդէն բուն երգիծանքը վայրէջքի մէջ է:

Տակաւին, երբ քաջ գիտես, որ դերակատարները, շնորհալի ու տաղանդաւոր արուեստագէտներ ըլլալով հանդերձ, սկսած են բաւարարուիլ եղածով, յանուն նիւթականի, այն ատեն կը հասկնաս, որ աւազի վրայ հիմնուած կառոյցները փլելու վտանգի տակ են, մինչ անդին, մեր «հնաբոյր» կամ «ժամանակավրէպ» կարծուած կատակերգութիւնները դարէ մը աւելի կանգուն մնացած են, որովհետեւ անոնց հեղինակները գիտցած են ցորենը յարդէն զատել ու սննդարար հաց պարգեւել, ի հեճուկս իրենց դատարկ գրպաններուն:

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, Երեւան-Հալէպ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4