Այս սրտառուչ SOS-ը ստացել ենք հրդեհվող ու կործանվող Հալեպից, որտեղ զոհվում են նաեւ մեր ազգակիցները: Հեղինակըՙ Մանվել Քեշիշյան, հայտնի անձնավորություն է Սիրիայում, մասնագիտությամբ ու գործունեությամբ ռեժիսոր-բեմադրիչ, որ իր բարձրագույն կրթությունն ստացել է Երեւանում: Նրա ահազանգային բոլոր խոսքերից ամենակարեւորըՙ կյանքի ապահովությանը վերաբերող խնդիրն է: Կարո՞ղ ենք մենք, ողջ հայությունը, որեւէ բան անել այդ ուղղությամբ. դժվար թե: Մենք բոլորս վիճակում ենք այն երեխայի ծնողների, որոնք չգիտեն լողալ, մինչ իրենց զավակը իրենց աչքի առաջ խեղդվում է ծովում... Ի՞նչ անել:
Ազգովին տէր ըլլանք սուրիահայութեան:
Ազգովին տէր ըլլանք Հալէպի գաղութին:
Տէր ըլլանք այստեղ ապրող իւրաքանչիւր հայու:
Տասնեակ հայ ընտանիքներու տուներ եւ խանութներ քանդուեցան, նաեւ հրոյ ճարակ դարձան:
Տասնեակ հայեր վիրաւորուեցան եւ սպաննուեցան: Իւրաքանչիւր սպաննուածի հետ տասնեակ հայեր գաղթեցին, հարիւրաւոր հայեր որոշեցին գաղթել: Եթէ մինչեւ հիմա կարելիութիւն ունեցողները կ’երթային, այժմ արդէն հնարաւորութիւն չունեցողներն ալ ճամբայ մը կը գտնեն երթալու:
Կը դիտեմ Հալէպի հայակերտ եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները, տուները եւ կը տխրիմ, հոգիս կու լայ:
Այս ի՞նչ ճակատագիր է, Աստուած իմ... Չեմ կրնար հաւատալ, որ այս գաղութն ալ կրնայ շուտով պատմութեան գիրկն անցնիլ, չեմ կրնար հաւատալ: Աւելի ճիշդՙ չե՛մ ուզեր հաւատալ:
Իրականութիւնը որքան ալ դառն ըլլայՙ կը մնայ անխուսափելի իրականութիւն:
Առնուազն հինգ հազար հայեր հեռացած են Հալէպէն, մնացածներուն մեծ մասը հոս է, որովհետեւ հնարաւորութիւն չունի երթալու: Հաւանաբար շուտով կարգը կու գայ քանի մը կրամ ոսկի ունեցողներուն, որոնք կը խօսին ապաստան տուող երկիրներու մասինՙ Կանադա, Աւստրալիա, Հոլանդա... կարեւորը դրացի երկիր մը հասնիլն է, ուր գոյութիւն ունին նշեալ երկիրներուն հիւպատոսարանները... Հալէպի ապահովական վիճակը օրըստօրէ կը վատթարանայ, եւ եթէ այսպէս շարունակուիՙ բոլորը պիտի մտածեն իրենց պաշտած քաղաքը լքելու մասին եւ պիտի երթան... ո՞ւր.. ուր որ կարենան, ինչպէ՞ս, ինչպէս որ պատահի, թերեւս նաեւ հետիոտն:
Ինչո՞ւ... որովհետեւ համոզուած ենք, որ զինեալ ընդդիմադիրները կրնան մեզի հետ հաշուեյարդար կատարել մեր չգործած մեղքերուն համար, որովհետեւ մենք որքան ալ մեզի յատուկ ջայլամութեամբ ըսենք. «բոլորը գիտեն, որ մենք չէզոք ենք», այնուամենայնիւ զինեալ խմբաւորումներէն շատեր մեզ իրենց թշնամի կը համարեն, պետութեան կողմնակիցներ կը սեպեն ու կ’ատեն մեզ, ասոր կողքին կան նաեւ մոլեռանդներ, որոնք ի բնէ մեր գոյութիւնը յանցանք կը սեպեն...
Ե՞րբ պիտի հանդարտի այս երկիրը, եւ երբ հանդարտիՙ որքա՞ն հայ մնացած պիտի ըլլայ հոս: Չեմ գիտեր: Շատ բան կախուած է «խաղաղութեան գործընթաց»-ի տեւողութենէն, երկիրը անիշխանական վիճակի հասնելէն կամ չհասնելէն (եթէ արդէն չէ հասած)... Եւ այս ամէնուն մէջ հայերը որեւէ դեր չունին ոչ որպէս անհատ եւ ոչ որպէս հաւաքականութիւն: Միակ ակնկալեալը այն է, որ երբ այս երկիրը խաղաղութեան հասնիՙ մնացեալ հայերն ալ իրենց ունեցածը պիտի ծախեն եւ... մնաս բարով Սուրիա... Որովհետեւ արդէն հայերս համոզում գոյացուցինք, որ մեզի հոս տեղ չմնաց: Այս եզրակացութեան յանգելնուս մէջ որպէս հաւաքականութիւն մենք ալ նոյնքան յանցաւոր ենք որքան մեզ հոս չուզողները, որովհետեւ անտէր մնացինք, անտէր մնացինք որպէս անհատ եւ որպէս հաւաքականութիւն: Որովհետեւ ոչ մէկ տեղական ղեկավար իրապէս չհետաքրքրուեցաւ, թէ ո՞վ գնաց, ո՞ւր գնաց, ընդհակառակըՙ Հալէպը առաջին լքողները պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող անձինք եղան: ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ ՔԱՐՈԶԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՄԻ ԵՐԹԱՔ ըսելը ղրուշ մը չարժեց եւ անտէր ու հաւաքականութեան մը պատկանելու զգացում ունենալ չկարենալով մարդիկ իրենց գլխուն ճարին նայեցան: Միւս կողմէ, որպէս սուրիահայութիւն, մինչեւ այսօր առանձին կը զգանք մեզ եւ հարիւր հազար դոլար հանգանակուած է մէկ գիշերուայ մէջ թէ ոչՙ մեզ չի հետաքրքրեր: Իմ քանդուած տունիս մասին մտածող չկայ, իմ մեռելս թաղողը ես եմ, այդ ալ քիչ յուղարկաւորներով, որովհետեւ գերեզմանոցներու ճամբան ինչպէս ամէն տեղ, կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:
Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան շատ սպասեցի, որ Հայաստանի նախագահը անդրադառնար սուրիահայութեան վիճակին, եւ հպարտ եմ ըսելուՙ որ ան յիշեց մեզ: Յետո՞յ: Թերեւս ամէն ինչ ժամանակի կը կարօտի, բայց... բայց ինչպէս չենք ըմբռներ, թէ արտակարգ պարագաները արտակարգ եւ արագ լուծումներ ոչ թէ կը պահանջեն, այլ կը պարտադրե՛ն, եւ ի զուր են առանց վիզայի օրերու համար կազմուող յանձնաժողովներն ու այստեղ-այնտեղ դիմելը Հայաստան ապաստանած հայերուն գործ հայթայթելու մտահոգութեամբ...
Ե՞րբ պիտի վերջանայ այս անհեթեթ եղբայրասպանութիւնը, անհաւատալի է, որ 21-րդ դարուն մեր կողմերը տիրողը կրօնական մոլեռանդութիւնն է, զոր շահագործելով կը քանդեն երկիրներ: Ինչո՞ւ:
Ես այս «ինչու»-ին կրնամ իմ պատասխանս ունենալ, ինչպէս բոլորս, բայց անօգուտ է, որովհետեւ իմ եւ միլիոնաւոր պարզ մարդոց պատասխանները ենթադրութենէ անդին պիտի չանցնին եւ, երկրորդ, ճիշդ ալ ըլլանՙ որեւէ օգուտ պիտի չտան մեզի մեր ...անզօրութեան պատճառաւ... Մինչ այդ տուժողները կը շատնան, եւ հիմա ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱԼԵՊԱՀԱՅ ԱՐԴԷՆ ՏՈՒԺԱԾ ԾԱՆՕԹ ԿԱՄ ԲԱՐԵԿԱՄ ՈՒՆԻ:
Վերադառնանք էականին: Ազգովին տէր կանգնինք այս գաղութիւնՙ յանուն այս գաղութին, նաեւ արեւմտահայութեան համար, նաեւ ամբողջ հայութեան համար:
Հալէպը կը մնայ «Մայր գաղութ»: Հալէպցին է արեւմտահայերէնը անբիծ ու մաքուր պահողը, հալէպահայերն են, որ միւս գաղութներուն ալ կրնան օգնել ազգային առումով մտաւորականներ պատրաստելու մէջ: Եթէ Հալէպը չքանայ, Պէյրութը չի բաւեր, եւ ամբողջ արեւմտահայութեան գոյութիւնը կը վտանգուի Սփիւռքի ամբողջ տարածքին: Հալէպի բացակայութեան պարագային գաղթօջախները պիտի «մատակարարուին» միայն Հայաստանէնՙ հայաստանցիներով-այսինքն պիտի կորսուի Սփիւռքի արեւմտահայ դիմագիծը, տեղի տալով արեւելահայության առջեւ, որուն այնքան ալ հոգը չէ ազգապահպանումը, վկայՙ Մոսկուայի մեծաթիւ հայ գաղութը, որ լայն հնարաւորութիւններ ունենալով հանդերձ ամէնօրեայ մէկ հայկական դպրոց իսկ չունի:
Տխուր եմ, հոգիս կը ցաւի եւ իրատեսութեան հասնող հոռետեսութեամբ է որ այս ամէնը կը մտորեմ...
Հալէ՜պ, Հալէ՜պ...
Ի՞նչ վիճակ կը պատկերացնէ այսօր մեր սիրելի, անչափ սիրելի, անփոխարինելի քաղաքը:
Բազմաթիւ թաղամասեր քարուքանդ եղած են: Այրած է Փակ շուկայի մէկ մասը: Հարիւրհազարաւոր բնակիչներ լքած են իրենց քանդուած կամ վտանգուած տուները: Դպրոցները փակ են: Համատարած անգործութիւնը կ’իշխէ:
Հայերուս վիճակը աւելի լաւ չէ, մենք ալ տասնեակ զոհեր տուինք: Մեր ալ բազմաթիւ տուները քանդուեցան կամ այրեցան: Ամէն օր մեր թաղերուն մէջ պատահական եւ ոչ-պատահական արկեր կու գան, կը պայթին ու կ’աւերեն եւ կը սպաննեն, օրեցօր ընդլայնելով վնասուող տարածքները: Մեր եկեղեցիներուն մեծամասնութեան մէջ չենք կրնար պատարագ մատուցանել, դպրոցները փակ են, մասնակի դասեր տեղի կ’ունենան (տարբեր կեդրոններու մէջ) պաքալորիա եւ պրովէի դասարաններու համար, որոնց ներկայ կը գտնուի աշակերտութեան կէսէն նուազը, երբեմն մեծ պայթիւնի մը հետեւանքովՙ մէկ-երկու հոգի միայն:
Բերիոյ թեմի գրասենեակները փոխադրուած են «աւելի ապահով» վայրեր, փոխադրուած է նաեւ «Գանձասար»-ի խմբագրատունը: Մեր միակ թերթը ընդհատումներով լոյս կը տեսնէ տպարանի անապահովութեան հետեւանքով...
Գրեթէ բոլորս դարձած ենք կարօտեալներ, միայն ՀԲԸՄ-ն արդէն 1500 ընտանիքի նպաստ յատկացուցած է, Կեդրոնական Մարմինն ալ գործի անցած է, Ս.Օ.Խ. ը պատնէշի վրայ է,
Հայ Կաթոլիկ եկեղեցին ալ,
Հայ Աւետարանականներն ալ,
Դեռ կայ Ճինիշեան յիշատակի ֆոնդը,
Կան այլ բարեգործական հաստատութիւններ, կամ փոքր ու մեծ հայրենակցական միւթիւններ:
Բայց այս բոլորը ի վիճակի՞ են մէկ քանդուած կամ հրդեհուած տուն անգամ վերականգնելու:
Այս ամէնը քանի՞ ամիս կրնան նպաստներ բաժնել...
Տէր կանգնինք մեր գաղութին. տէր կանգնինք ազգովին, անյապաղ...
Հանապազօրեայ հացէն աւելի ապահովութեան կարիքը ունինք:
Այս մասին լրջօրէն մտածենք, առանց ջայլամի դերին մէջ մտնելու:
Պէյրութի մեր ղեկավարները կրնան կապեր ստեղծել եթէ... չունին:
SOS. մեր նաւը կ’ընկղմի...
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԵՇԻՇԵԱՆ, Հալէպ