«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#190, 2012-10-27 | #191, 2012-10-30 | #192, 2012-10-31


ՊԱՏԱՆԻ ՏԱՂԱՆԴՆԵՐ «ՔԱՐՆԸԿԻ ՀՈԼԷՆ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՆ ՀԱՄՈՅԹՈՎ

«Ուղիղ օգնութիւն հայ ժողովուրդին» կազմակերպութիւնը անցնող չորս տարիներուն շնորհալի նախաձեռնութիւնը ստանցնած է քաջալերելու շրջանի պատանի հայ տաղանդները եւ մրցակցութեան հրաւիրել զանոնք եւ արդիւնքը` համոյթով ներկայանալ նիւեորքահայութեան, այս ոստանին ամենէն յարգուած համերգասրահին` «Քարնըկի Հոլի» մէջ: Մրցակցային ելոյթը այս տարի նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 20-ամեակին:

Մեր երիտասարդ տաղանդները նաեւ նիւթապէս քաջալերելը այս մրցակցային մեծ քաղաքին մէջ ինքնին արդէն շնորհալի եւ օգտակար աշխատանք մը ըլլալէ բացի, հայրենանուէր գործ մը կը նկատենք ի նպաստ մեր մշակոյթի զարգացման ու տարածման: Ու այս ծանր աշխատանքին ետին կը կանգնի համայնքիս սիրուած հայուհիներէն դոկտ. Սվետլանա Ամիրխանեանը, որ անդամ է ԹՄՄ-ի Մեծն. Նիւ Եորքի վարչութեան:

Միացեալ ազգերու համադաշնութեան նուիրուած ձեռնարկին յայտագիրը սկսաւ «Խաղաղութիւն աշխարհին» յօրինողութեամբ Վաղարշակ Օհանեանի եւ մասնակցութեամբ` մեներգներով ու խմբերգով` Իւճինիա Սարեանի, Ճորճ Հաքքոյի, Ռիւվըն Արիսթիկեթայի, Մարկարիթա Թերզեանի եւ ջութակով` Դայանա Վասիլեանի: Խնդրուեցաւ խաղաղութիւն լատիներէնով` «Աւէ Մարիա», արաբերէնով` «Ալլահ Աքպար», եբրայերէնով` «Օսէ Շալոմ» եւ հայերէնով` «Տէր Ողորմեա»... Եւ այս ամէնըՙ մէկ յօրինողութեամբ եւ զիրար ամբողջացնող գեղեցիկ համերաշխութեամբ ու կշռոյթով:

Մաս կազմեց նաեւ Համազգայինի «Արեգակ» պատանիներու երգչախումբը քանի մը երգով:

Յայտագրին առաջին բաժինը կ՚ընդգրկէր համեմատաբար աւելի փոքր պատանիներու մասնակցութիւնը, իսկ երկրորդ բաժինը կ՚ընդգրկէին բարձր դասարաններու պատանեկութենէն արդէն երիտասարդութեան մտած մեր ծաղիկ սերունդի ներկայացուցիչները:

Շնորհակալութեան կարճ խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ միութեան նախագահը` Սվետլանա Ամիրխանեանը եւ գնահատանքի խօսքով ալ` ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեանը:

Ըսենք որ այս ձեռնարկին կազմակերպումին համար տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ եւ մեծագումար մասնակցութիւն բերին ՀԲԸՄ-ը, տէր եւ տիկին Էտուըրտ եւ Գարմէն Կիւլպենկեանները, տէր եւ տիկին Կարէն եւ Իրինա Կակոսեանները:

Յայտագիր գրքոյկին մէջ իրենց գնահատական ողջոյնի խօսքերը ուղղած էին Մեթրոփոլիթըն Օպերայի դիվան` Լուսին Ամարան եւ համաշխարհային ճանաչում գտած դաշնակահար Շահան Արծրունին, երկուքն ալ նիւ եորքաբնակ եւ առաջին օրէն քաջալերողը այս շարժումին:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4