«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#200, 2012-11-10 | #201, 2012-11-13 | #202, 2012-11-14


ՎԱՀԷ-ՎԱՀԵԱՆԻ «ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՍԻՐՏԸ» ՆԱՄԱԿԱՆԻԻՆ ՇՔԵՂ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտներու միացեալ ծրագրումով, Գլենդէյլի Հայ կաթողիկէ Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բանաստեղծին սիրտը» հատորին ներկայացումը օրերս:

Վահէ-Վահեանի (Սարգիս Ապտալեան) այս հատորը հոսքն է բանաստեղծին, գրողին ու մշակոյթի մեծ ծառային ներաշխարհին, ուր կարտացոլան Սփիւռքի եւ Հայրենիքի անցեալի եւ ներկայի իրականութիւնները: Իր զաւակինՙ Ցոլակ Ապտալեանի նախաձեռնութեամբ հատորը լոյս տեսած է Պէյրութի մէջՙ 2012-ին, խմբագրութեամբ հրպարակագիր Արամ Սեփեթճեանի, «Սիփան» հրատարակչատունէն:

Հանդիսութեան ներկայ էր 150-է աւելի գրասէր ընտրանի մը, որ մօտէն ճանչցած էր Վահէ-Վահեան բանաստեղծը, խմբագիրը, հրապարակագիրը եւ դաստիարակը:

Լոս Անճելըսի Թէքէեան մշակութայինի երկարամեայ ատենապետ Վաչէ Սեմերճեանի բացման խօսքով ընթացք տրուեցաւ պատշաճ յայտագիրին, կարդալէ ետք Լիբանանի ԹՄՄ-ի վարչութեան ատենապետ Արամ Սեփեթճեանի ողջոյնի գիրը: Ան հրաւիրեց վարչութեան փոխատենապետ Բարսեղ Գարթալեանը , որ կարդայ Աւստրալիա բնակող Ցոլակ Ապտալեանի «Սրտի խօսքը» յատկապէս ուղղուած օրուան հանդիսութիւնը նախաձեռնող եւ կազմակերպող խումբին եւ իր բարեկամՙ Վաչէ Սեմերճեանին:

Հանդիսութեան ներկայ էին նորանշանակ հիւպատոս Արտակ Գալստեանը , հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեանը, դոկտոր Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանն ու բազմաթիւ նախկին ուսանողներ եւ գրասէրներ, բայց սակաւ թիւով գրողներ:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ գաղութէս ներս յայտնի գրադատ, մտաւորական Երուանդ Գոչունեանը, որ իր բովանդակալից խօսքով ծանօթացուց Վահէ-Վահեանն ու ժամանակակից գրողները, որոնց հետ ան ունեցած է հարուստ նամակագրութիւն մը: Շեշտուեցաւ Վահէ-Վահեանի աշխատակցութիւնը Սփիւռքի գրական մամուլին, մինչեւ 1946 «Անի» պարբերականի լոյս ընծայումը: Գոչունեան յստակօրէն բնութագրեց հեղինակին գրական հարուստ վաստակը:

Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Վահէ Վահեանի նախկին ուսանողներէն Դարուհի Յակոբեանի շրջանաւարտ Արփի Եղիայեան-Սիմոնեանը, որ տպաւորիչ կերպով ներկայացուց ուսանողական տարիներուն իր ձեռք ձգած սէրը հայ գրականութեան հանէպ, ինչպէս նաեւ շեշտեց ուսուցիչ Ապտալեանի տարիներու զոհողութիւնըՙ որպէս կրթական մշակ հասակ առնող սփիւռքահայ սերունդներուն համար: Սիմոնեան ապացոյց մը բերեր էր հանդիսութեան, երբ ներկաներուն ցոյց տուաւ հայ գրականութեան ատենի իր գործածած Յակոբ Օշականի «Համայնապատկեր» դասագիրքը, զոր գուրգուրանքով պահեր էր կէս դարէ աւելի...: Արփի Սիմոնեան յաջողեցաւ ներկաներուն մօտ արթնցնել տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող անուշ յիշատակներ:

Երաժշտական ընդմիջումով հանդէս եկան «Երկնային տաղեր» անունով ներկայացող սրնգահար Սալբի եւ մայրըՙ Սօսի (տաւիղ) զոյգը: Հայկական երեք մեղեդիներով անոնք խանդավառեցին ներկաները, նոյն ատեն շքեղ փայլք մը տալով այլապէս ալ որակաւոր հանդիսութեան:

Յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ ծանօթ ասմունքող եւ դերակատար Վարդուհի Քեշիշեան-Գոճայեանը, որ ապրումով եւ խոր մեկնաբանութամբ ներկայացուց բանաստեղծին «Ոսկի կամուրջ» դասական դարձած քերթուածը:

«Վահէ-Վահեան եւ ժամանակակից հասարակական գործիչներ» նիւթին մասին արտայայտուեցաւ մեծարուող դաստիարակին նախկին ուսանողներէնՙ խմբագիր, դասախօս եւ հրապարակագիր պրոֆ. Օշին Քեշիշեան: Ան ծանօթ ըլլալով Վահէ-Վահեանի տարիներու հասարակական գործունէութեան, ընդարձակ եւ պատրաստուած ելոյթով մը ներկայացուց գրողին սերտ եւ արդիւնաւէտ կապերը ատենի հասարակական գործիչներուն հետ, լոյս տեսած բազմաթիւ նամակներուն մեկնաբանութեամբ: Քեշիշեան անդրադարձաւ հաստատուած նամակագրութեան Հայաստանի ատենի գրողներուն եւ մտաւորականներուն հետ, շեշտելով որ անոնցմէ շատերը աշխատակցութիւն բերեր էին Վահէ-Վահեանի «Անի» գրական ամսաթերթին:

Հանդիսութեան վերջին խօսք առնողն էր բանաստեղծին Յովակիմեան-Մանուկեանի ուսանողներէն, ծանօթ հրապարակագիր դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանը, որ անդրադարձաւ ուսանողական տարիներու յուշերուն, ներկայացնելով ուսուցիչը եւ անոր հանդէպ ցուցաբերուած անօրինակ յարգանքն ու ակնածանքը:

Հանդիսութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ յարգանքի, սիրոյ եւ պատկառանքի անկեղծ արտայայտութիւն մըն էր բոլորին կողմէ, ուղղուած Պէյրութի մէջ 1998 թուականին մահացած իննսունամեայ կրթական մշակին, բանաստեղծին ու խմբագիրին հանդէպ:

Յայտագիրը աւարտեցաւ կաթողիկէ համայնքի հովիւ Գրիգոր վրդ. Շահինեանի գնահատական խօսքերով եւ տէրունական աղօթքով:

Այս շքեղ հանդիսութեան առիթով պատրաստուած էր ութ էջնոց կոկիկ յայտագիր-գրքոյկ մը, ուր տեղ գտած էին Վահէ-Վահեանի կենսագրականը, հրատարակած երկերուն ցանկը, իրեն ուղղուած վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ հանդիսութիւնը նիւթապէս հովանաւորող նախկին ուսանողներու ցանկը: Հատորին վաճառքով գոյացած գումարը պիտի յատկացուի Պէյրութի ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու յաջողակ եւ գրականասէր հայ ուսանողներունՙ Վահէ-Վահեան կրթական հիմնադրամին միջոցով:

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ, Լոս Անջելըս


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4