«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#208, 2012-11-22 | #209, 2012-11-23 | #210, 2012-11-24


ՀԱՅՈՑ ՆՊԱՍՏՈՂ ԵՐԿՈՒ «ԱՐԴԱՐԱՍԷՐ» ԱՆՁԵՐՈՒ

Պադովա քաղաքի շքանշանին յանձնումը

14 Հոկտեմբեր 2012-ին Պադովայի քաղաքապետարանը պարգեւատրեց «Արդարասէր» մարդու (Righteous) կոչումով եւ քաղաքի կնիքով տաս անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց կեանքը վտանգած են բռնաբարման եւ քաղաքական ծայրայեղութիւններու ենթարկուած մարդոց օգնելու համար: 2008-ին Պադովայի քաղաքապետարանը բացաւ «Արդարասէրներու տուն»-ը կամ «Պարտէզ»-ը, որ քաղաքի կեդրոնին մօտ լայն կանաչութեան մը մէջ կը գտնուի եւ բաղկացած էՙ Էլիօ Արմանօ անունով պադովացի արուեստագէտին քանդակազարդած անհամաչափ մենաքարերու պղնձածեփ կոթողային շարքէ մը: Մենաքարերը, որոնց ետին խոշոր սեւագոյն պատ մը կայ, 20-րդ դարու պատերազմները, ցեղասպանութիւնները եւ մարդկային ողբերգութեանց պատճառած կործանումն ու աւերը կը խորհրդանշեն: Արդարասէրներու պարտէզին դիմաց կը գտնուի «Անանուն արգելափակուած»-ի տաճարը, որ 2-րդ համաշխարհային պատերազմէն վերջ շինուեցաւ տեղւոյն Հ. Ջովաննի Ֆորթին վարդապետին նախաձեռնութեամբ: Ֆորթին վրդ.ը, որ պատերազմի ընթացքին հրեայ իտալացի քաղաքացիներուն օգնելուն պատճառով արգելափակուեր էր Դախաուի համակեդրոնացման ճամբարին մէջ, փափաքած է տաճար մը կանգնել ի յիշատակ պատերազմի անթիւ զոհերուն: Արդարասէրներու պարտէզին զանգուածային կառոյցով Պադովայի քաղաքապետարանը կուզէ կորուստէ փրկել 20-րդ դարու ողբերգութեանց յիշատակը եւ գնահատել ու մեծարել «Արդարասէր»-ներու օրինակը: Իր գործունէութեամբ «Արդարասէր»-ը ատելութեան արմատները կը խզէ եւ կը կերպաւորուի իբրեւ միջազգային խորհրդանիշ այն անձերուն համար, որ կը ձգտին մտածումի ազատութեան եւ արիութեան, ի հեճուկս արտաքին ճնշումի եւ հալածանքի:

«Արդարասէրներու պարտէզ»ին բացօթեայ համալիրի մուտքին Հաննահ Արենտի մէկ խօսքը քանդակուած է կոթողային սեւագոյն պատին վրայ. «Կարելի է միշտ ընտրելՙ այո՛ ըսել թէ ոչ»: Այս խօսքը կուղղէ Կեդրոնի գիտական յանձնախումբին գործունէութիւնը, որուն համաձայն ամէն տարի հրեայ, հայ, ռուանդացի եւ բոսնիացի արդարասէրներու շարք մը կընտրուի: «Արդարասէրներու տան» գիտական յանձնախումբի նախագահն է Պադովայի քաղաքապետը, իսկ անդամներէն մէկըՙ մանաւանդ հայկական հարցերուն առնչութեամբՙ Վարդան Ջաքոմելլին է, «Իտալիարմենիա» ընկերակցութեան նախկին նախագահը: 2008-էն ի վեր աւելի քան 60 ծառ տնկուած է Արդարասէրներու պարտէզին մէջ ի յիշատակ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու հայ, հրեայ, հութու, թուցի եւ բոսնիացի զոհերուն:

Հայ ազգին համար «Արդարասէր»-ներու շարքը կը բաղկանայ հետեւալ անուններէն. Ջակոմօ Գորրինի , Տրապիզոնի մէջ Իտալիոյ դեսպանՙ 1911-էն մինչեւ 1915. փորձած է ամէն կերպով հայերուն օգտակար ըլլալ եւ երբ ետ կանչուած է Իտալիա, ճիգ չէ խնայածՙ իբրեւ դէպքերուն ականատեսՙ որպէսզի Եւրոպայի հասարակութիւնը եւ կառավարութիւնները հայերուն օգնեն: Արմին Թէոֆիլ Վեգներ , գերմանացի զինուորական հիւանդապահ մը, որ Անատոլիոյ մէջ Օսմանեան բանակին ծառայելով, կրցած է հայոց կրած տառապանքը լուսանկարներով փաստագրել: Այշէ Նուր Զարաքոլու , թրքուհի, փաստաբան եւ հրատարակիչ, որ մարդկային իրաւունքներու գործօն պաշտպան ըլլալով, Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն համար պայքարած է իր ամուսնինՙ Ռագըբ Զարաքոլուի հետ եւ այս պատճառով բազմիցս բանտ մտած: Հասան Ամջա , Դամասկոսի մէջ Ջեմալ փաշայի որոշմամբ հիմնուած արգելավայրի մը գլխաւոր պատասխանատուն. Պոլիս ետ կանչուելովՙ չորս յօդուած հրատարակած է Հայոց մեծ աղէտը պոլսեցիներուն ծանօթացնելու նպատակով: Եակոբ Քիւնցլեր եւ իր կինըՙ Էլիզաբեթ , որոնց Եոհաննէս Լեփսիուսը Ուրֆայի հիւանդանոցը յանձնած է 1899-էն մինչեւ 1922. ապա ղեկավարած են հայերուն համար գործող զուիցերական բարեգործական հիմնարկին նախաձեռնած Լիբանանի Ղազիրի որբանոցը: Հրանդ Տինք , պոլսահայ լրագրող եւ մտաւորական, որ մտածումի ազատութեան համար իր պայքարին պատճառով նահատակուեցաւ 19 յունուար 2007-ին, իր իսկ հիմնած «Ակօս» լրագրի շէնքի սեմին: Հենրի Մորգենթաու , Պոլսոյ մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան (1913-1916), որ Հայոց աղէտին մասին վկայած է Ամերիկայի ծերակոյտին եւ հանրային կարծիքին առջեւ: Անատոլ Ֆրանս , ֆրանսացի վիպագիր, որ ծանօթացուցած է Սուլթան Համիտի 1895-ի հալածանքները հայոց դէմՙ «Պրո-Արմենիա» թերթի սիւնակներէն եւ Սորբոնի մէջ կազմակերպած մեծ ցոյցով: Ֆեթհիյէ Չեթին , թուրք փաստաբանուհի եւ մարդկային իրաւունքներու գործօն պաշտպան, հեղինակՙ Աննէաննէմ գրքին, ուր կը պատմէՙ մօրը ձեռքէն առեւանգուած եւ բռնի իսլամացուած իր հայուհի մեծ մայրիկին պատմութիւնը:

Այս տարի, 14 հոկտեմբերին, Պադովայի Արդարասէրներու կնիքը, հայերու համար, վիճակեցաւ Ֆայէզ էլ-Ղոսէին բեդեւի փաստաբանին եւ Ռագըբ Զարաքոլու թուրք մտաւորականին եւ հրատարակչին: Առաջինը Հայոց ցեղասպանութեան ականատես եղած ըլլալով, այդ մասին վկայած է արաբերէն լեզուով գրի առած իր յուշերուն մէջ, մերկացնելով տեսածներուն իսկական շարժառիթները, որպէսզի Եւրոպայի աչքին Իսլամը չերեւէր որպէս ծայրայեղական, ոճրային կրօնք: Ռագըբ Զարաքոլու, բազմաթիւ անգամներ բանտ մտած իր կնոջՙ վերոյիշեալ Այշէ Նուրի հետ, ամբաստանուած է թրքական ինքնութեան դէմ դաւաճանութեամբ եւ վտանգաւոր գործունէութիւններու որպէս ներշնչարար: Ռագըբ եւ կինըՙ հայ, ասորի եւ յոյն փոքրամասնութեանց խնդիրներուն մասին շարք մը գիրքեր թարգմանած են եւ հրատարակածՙ «Բելգէ» հրատարակչատան միջոցով:

Հադիսակատարութիւնը սկսաւ առաւօտ ժամը 10-ին Պադովայի «Արդարասէրներու պարտէզ»ին մէջ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ ժամը 13, Վենետիկի եւ Պադովայի սահմանագծին վրայ գտնուող Նովենդա Պադովանա դալարաւէտ աւանին մէջ, դէպի ուր ընդարձակուած է արդէն «Արդարասէրներու պարտէզ»-ը եւ որուն շարունակութիւնը պէտք է հասնի մինչեւ Ադրիական ծով: Յետ ուղերձներու եւ վկայութիւններու, ընտրուած տաս «Արդարասէր»-ներուն ի պատիւ տնկուած տասը ծառերուն եւ պղինձէ կոթողներուն բացումը կատարուեցաւ: ՀՀ Իտալիոյ դեսպան Պր. Ռուբէն Կարապետեանի փոխարինութեամբ խօսք առաւ ՀՀ Իտալիոյ պատուոյ հիւպատոսըՙ պր. Պիետրօ Քիւչիւքեան, որ ուրուագրեց Ֆայէզ էլ-Ղոսէինի եւ Ռագըբ Զարաքոլուի անձերն ու հայանպաստ գործունէութիւնը: Ֆայէզ էլ-Ղոսէինի եւ Ռագըբ Զարաքոլուի ծածկուած պղինձէ կոթողները բացուեցան Պիետրո Քիւչիւքեանի, Վարդան Ճաքոմելլիի եւ Հ. Լեւոն Զէքիեանի կողմէ միասնաբար:

Կէսօրէ վերջ ժամը 16-ին, հանդիսաւոր պարգեւատրութիւնը եւ «Պադովայի արդարասէրներու կնիք»ին յանձնումը տեղի ունեցաւ «Palazzo della Ragione» կոչուած, իտալական արուեստի գլուխ գործոցՙ Պադովայի միջնադարեան դատարանին մէջ: Ֆայէզ էլ-Ղոսէինի սուրիաբնակ որդին չէր կրցած ժամանել երկրի քաղաքական կացութեան պատճառով: Իսկ Ռագըբ Զարաքոլուն կնիքը ստացաւ պրոֆ. Ջուլիանօ Պիզանիի ձեռքէն: Թուրք լրագրողը խօսքին մէջ ընդգծեց կարեւորութիւնը մտածումի ազատութեան համար պայքարին, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքները դադրին ոտնակոխ ըլլալէ եւ պատմական իրադարձութիւնները չծածկուին: Իր վերջին բանտարկութեան ակնարկելով, ըսաւՙ «Մեզի համար բանտը վանքի պէս եղած է, ուր կը խոկանք եւ կը գրենք»: Ռագըբ Զարաքոլուն Պադովայի շքանշանը նուիրեց իր զաւակինՙ Դենիզին, որ բանտ մտած է 17 Հոկտեմբեր 2011-ին եւ դեռ արգելափակուած կը մնայ:

ԴԻՒԱՆ ՊՈ-ԱՐԱՔՍ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4