ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԵՇԻՇԵԱՆ
Գրել, գրե՛լ: Գրել նաեւ մեր թերիներուն մասին:
Հալէպի մէջ կը շարունակուին կռիւները: Դիպուկահարները մարդ սպաննելու ուրախութիւնը կ՛ապրին: Բնականոն մարդը ինչպէ՞ս ուրախանալ կրնայ: Այդ դիպուկահարը անբնական «մարդ» մըն է: Սուրիոյ, այս պարագայինՙ Հալէպի ցորեանի արտին մոլախոտը խելագար մըն է, լաւագոյն պարագայինՙ դրամով ծախուած մը, դրամՙ որ իր կոկորդը պիտի խցանէ ուշ կամ կանուխ:
Պատերազմի այս օրերուն անպակաս են նոյնիսկ հեռաւոր երկիրներէ Հալէպ հասած դիպուկահարներ:
Բայց ըսէք, խնդրեմ, պատերազմի այս քանդիչ օրերուն, մեր եկեղեցիները երբ իրենց տխուր ղօղանջներով կը հրաւիրեն նահատակի մը յուղարկաւորութեան, մերթ ալ չե՞ն հնչեր ախորժալուրՙ հրաւիրելով մասնակցելու պսակադրութեան մը ուրախութեան:
Անշուշտ ամուսնական արարողութիւններն ալ անպակաս են:
Եկեղեցիի մը առջեւն եմ:
Լիմուզին ինքնաշարժէ մը վար կ՛իջնէ երջանիկ հարսնացու մը սպիտակ հագած, սպիտակ աղաւնիի նման:
Նոյն պահուն նոյն եկեղեցիին առջեւ կանգ կ՛առնէ բեռնակառք մը, որ օգնութիւն բերած է հալէպահայութեան:
Կը մղուիմ մտածել.- արդեօ՞ք հակասութեան մը փաստին առջեւ կը գտնուիմ, վկայութիւն մը տալու համար մեր ապրած օրերէն:
Չէ՞ որ երկու պարագաներն ալ ուրախացուցիչ են.- առաջինը հարսանեաց ծէս, երկրորդըՙ օժանդակութիւն Հալէպի հայոց:
Բայց գիտեմ նաեւ, որ հարս դարձող աղաւնակերպ հայ աղջկան բնակարանը ընդամէնը հարիւր քայլ միայն հեռու է մեր եկեղեցիէն:
Արդեօք արժէ՞ր լիմուզինով գալ պսակադրութեան:
Բայց ամուսնութիւնը մէկ անգամ պիտի ըլլայ: Երանի՜ մէկ անգամ ըլլար: Ուրեմն, լիմուզին կառքը անհրաժեշտութիւն է, երբ գործը մէկ անգամ պիտի ըլլայ:
Իսկ օժանդակութիւն բերող կառքին համար ի՞նչ պիտի ըսենք.- Երանի այդ եւս շարունակական չըլլայ, մէ՛կ անգամ ըլլայ ու պատերազմն ալ մէկ անգամ ըլլայ:
Այս երեւոյթին առջեւ կը շարունակեմ խորհրդածել.-Լիմուզինով հարսնութեան մատչող հայ աղջկան ծնողները արդեօք այդ ինքնաշարժին տրուած գումարին չափ գումար մըն ալ տրամադրեցի՞ն հալէպահայ կարիքաւորներուն օժանդակելու համար:
Ե՞րբ պիտի սորվինք արժեւորել մեր ունեցած գումարները, ե՞րբ պիտի սորվինք գումարը մեր յատկացնել այն գործին, որ անհրաժեշտութիւն է:
Երէկի Լիբանանին մէջ, պատերազմակա՛ն Լիբանանէն, երբ հայէ մը օժանդակութիւն խնդրէին կռուող տղոց համար, գտնուեցան հայեր, որ մերժեցին գէթ դրամով մասնակցիլ օժանդակելու այդ շարժումին: Այդպիսիներէն ոմանց բնակարանները ներխուժեցին լիբանանցի աւազակներ եւ առին թէ՛ անոնց դրամը, թէ՛ կեանքը:
Այսպիսի բաներ ալ կը պատահին:
Երբ կը սգանք նահատակի մը համար, գիտենք նաեւ ուրախանալ ու շնորհաւորել նորապսակները, որոնց կը մաղթենք երջանիկ կեանք, եթէ անոնք ազգին նուիրուիլ գիտեն:
Թող մեր եկեղեցիները տխուր ղօղանջներ արձակելու պահեր չունենան ու միշտ ղօղանջեն վասն ուրախութեան:
Հալէպ