Քայլերս կ’ուղղեմ ուղղակի քաղաքի Սբ Աստուածածին եկեղեցին - առայժմ միակ աշխատունակ եկեղեցին հայ առաքելականներուն:
Ակնարկս կը կեդրոնանայ մուտքի պատին վրայ դրուած հանգուցեալներու նկարներուն: Երէկ հայ մը հոս զոհը եղած է դիպուկահար աւազակի մը անվրէպ փամփուշտին: Անունըՙ Վարդան Խաչատուրեան:
Ես եկեղեցի եկայ գիտնալու համար, թէ 2012-ին մենք այս եկեղեցիին կամարներուն տակ քանի՞ երախայի կնունք ունեցած ենք եւ քանի՞ զոյգ հայեր սուրբ պսակի արժանացած են:
Բայց հայու մը նահատակման տխուր լուրով դիմաւորուեցայ:
Խոնաւ աչքերով մտայ եկեղեցւոյ գրասենեակը եւ իմ ծրագրած հարցումովս ներկայացայ պատասխանատուներուն:
Հարց տուի, թէ քանի՞ հոգի այս տարուան յունուարէն սկսեալ բախտը ունեցած են մկրտուելու այս եկեղեցիի մկրտարանին մէջ:
Եւ ի՞նչ պատասխան ստացայ:
Տետրակ մը բացուեցաւ ու եկեղեցւոյ նուիրեալներէն մէկը համրեց 85 անուն մկրտութիւն 2012 թ.ի յունուարէն մինչեւ նոյեմբերի հինգը:
Ուրախացայ:
Երկրորդ հարցումս. Քանի՞ զոյգ պսակուած են նոյն շրջանին այս եկեղեցւոյ մէջ:
Նոր տետրակ մը բացուեցաւ:
Պատասխանըՙ 77 հայ զոյգ արժանացած են պսակի յունուարէն մինչեւ հոկտեմբերի աւարտը:
Այո՛, սովորութիւն է արձանագրել հայ նահատակներու մասին իրենց լուսանկարներով: Այդ բոլորը կը կարդանք եկեղեցին շրջապատող դուրսի պատին վրայ:
Ուրկէ՞ պիտի իմանայինք թիւը նորածնունդներուն եւ սուրբ պսակի արժանացողներուն:
Ահա թէ ինչո՛ւ, հայրենակիցներ, ջուրը աղբիւրէն խմելու համար գացի եկեղեցի եւ ձեզի ներկայացուցի վերի թիւերըՙ 42 նահատակի դիմաց 85 նորածին հայորդիներու կնունք եւ 77 զոյգերու պսակ:
Նահատակները կը տխրեցնեն մեզ լալու աստիճան:
Բայց մենք ուրախանալու չե՞նք, երբ կը տեսնենք, թէ բազում նորածիններ ունինք եւ բազում հայկական նոր ընտանիք կազմողներ...
Հայ կեանքը կը շարունակուի Հալէպ՛ մէջ:
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԵՇԻՇԵԱՆ, Հալէպ, 5 նոյ. 2012