«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#216, 2012-12-04 | #217, 2012-12-05 | #218, 2012-12-06


«ԶԱՐԹՕՆՔ»Ի 75, ԹՄՄ-Ի 65 ԵՎ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՎՐԺ.-Ի 60-ԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՎՆԸ

Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներու սերունդը 65 տարիներ առաջ, հաւատարիմ իր գաղափարական հաւատամքին, անյողդողդ մնալով իր ազգային լայնածաւալ հեռանկարներուն, ոչ միայն ծրագրեց Միութեան գործունէութեան ուղեգիծը, այլեւ խիզախ որոշումը գործադրեց զայն դարձնելու գաղութները իրարու զօդող համախըմբում մը: ԹՄՄ-ի հիմը դնող տեսլապաշտ երէց ընկերներ ունէին յանդուգն տեսիլքը` սփիւռքահայ իրականութենէն ներս դառնալու հայ մշակոյթի հարուստ ժառանգով խանդավառ ազգապահպան առանցք:

Կտակ մըն էր այս, որ պարտ էր փոխանցել սերունդէ սերունդ, եւ ահա մենք` որպէս ժառանգորդը այդ կտակին, գիտակից պարտականութիւնը ունինք գործադրելու զայն առողջ հայրենասիրական ոգիով, դառնալու արթուն պահակները մեր մեծ Միութեան: 2012 թուականը կը զուգադիպի Թէքէեան մշակութային միութեան հովանաւորութիւնը վայելող եռեակ յոբելեաններու` «Զարթօնք» պաշտօնաթերթի հիմնադրութեան 75 ամեակին, ԹՄՄ-ի 65 ամեակին եւ Վահան Թէքէեան վրժ.-ի 60 ամեակներուն: Այս յոբելենական տօնակատարութիւններուն հանդիսութիւնը պատճաշ շուքով տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» հանդիսասրահին մէջ: Հոծ բազմութեան մը ներկայութեան կայացաւ եռեակ յոբելեարներուն տօնակատարութիւնը, զոր իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Լիբանանի կառավարութեան արդիւնաբերութեան նախարար պրն Վրէժ Սապունճեան, Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Կորիւն արք. Պապեան, Լիբանանեան խորհրդարանի անդամներ Ժան Օղասապեան, Սեպուհ Գալփաքեան, Շանթ Չինչինեան եւ Սերժ Թուրսարգիսեան: Ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան, հայ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՌԱԿ Հանրապետական վարչութեան փոխատենապետ` Կարէն Կակոյեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յարութ Երկանեան եւ անդամներ, հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, նախկին ատենապետ Թէքէեան մշակութային միութեան Հիմնադիրներու մարմնի` Կարապետ Պապահէքեան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ եւ անդամներ, պատուոյ հիւպատոս Սալվատորի` Մեթր Սարգիս Սերայտարեան, Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներ, տնօրէն եւ խմբագրական կազմ «Զարթօնք» օրաթերթի, Վահան Թէքէեան վրժ.-ի հոգաբարձութեան կազմի ատենապետ եւ անդամներ, Վահան Թէքէեան վրժ.-ի տնօրէն եւ ուսուցչական կազմ, ԹՄՄ Տեղական վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութիւնը իր մեկնարկը ստացաւ, երբ Վահան Թէքէեան վրժ.-ի երգչախումբը, խմբավարութեամբ հայ երագարուեստի ազնիւ մշակ տիկ. Նորա Եղիայեանի, երգեց Լիբանանի եւ Հայաստանի օրհներգերը: Հուսկ ապա բացման խօսքով բեմ բարձրացաւ «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր տիկ. Պայծիկ Գալայճեան, որ ողջունելէ ետք բոլորին յարգելի ներկայութիւնը, անդրադարձաւ ԹՄՄիութեան կատարած ազգային դերին ու «Զարթօնք»ի վաստակին, հաստատելով` «Մեր թերթին անցած 75 տարիներու վաստակն ու ազգային-քաղաքական ուղեգիծը ընդմիշտ եղած է ողջմիտ ու համապատասխան մեր ազգային շահերուն: «Զարթօնք» անփոփոխ հաւատարմութեամբ հետեւած է այդ ուղիին, կը հետեւի այսօր եւ պիտի հետեւի նաեւ վաղը: Մեր ուխտն է նոր թափ տալ ազգապահպանումի մեծ աշխատանքին եւ մի՛շտ զօրավիգ կանգնիլ հայ մշակոյթի ծաղկումին»: ԹՄՄիութիւնը ազգային անհրաժեշտութեան պահանջն էր, երբ մանաւանդ խումբ մը հաւատաւոր ու համախոհ ընկերներ հեռաւոր Ամերիկայէն ու Լիբանանէն, հայ մշակոյթի ու հայապահպանութեան պաշտամունքը իրենց հոգիին մէջ, հիմը դրին Վահան Թէքէեան վարժարանին հայահոծ Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ, որ կարճ ժամանակի ընթացքին ոչ միայն դարձաւ պատուաբեր կրթական օջախ, այլեւ փորձադաշտը մեր ազգային նոր ծլարձակումներուն: Վահան Թէքէեան վարժարանի պատմականին մասին իր խօսքը յայտնելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռաֆֆի Յովսէփեան:

Ան իր ակնարկները սեւեռեց վարժարանի հիմնադրութեան օրերուն եւ ապա հանգրուան առ հանգրուան ներկայացուց պատմական իրողութիւններ, որոնք քար-քարի վրայ դնելով վարժարանը հասցուցին ներկայի իրավիճակին, ազգային դաստիարակութեամբ տոգորուն աշակերտութեամբ շնչող կրթական հաստատութեան:

Յայտագրին գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ Լուսինէ Տագեսեան, որ դաշնամուրի վրայ շնորհալի կերպով նուագեց Առնօ Բաբաջանեանի «Էլեկիա»ն եւ Շոփէնի «Նոքթիւրն op. 72» կտորը, առինքնելով ներկաները:

Պաշտօնական հանդիսութեան յայտագրով բեմ հրաւիրուեցաւ «Զարթօնք» օրաթերթի տնօրէն, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու մարմնի ատենադպիր Արտաւազդ Մելքիսէթեան` փոխանցելու համար իր խօսքը «Զարթօնք»ի 75 ամեակին: Ա. Մելքիսէթեան նախ արժեւորեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ունեցած ազգային գործունէութիւնը Լիբանանի տարածքին եւ ապա իր ակնարկը սեւեռեց «Զարթօնք»ի ծննդոցին: «Պահանջատիրութեան գաղափարը սերմանելու յետեղեռնի սերունդներու մտքին մէջ եւ համոզում գոյացնել անոնց մօտ, որ իրենց դժուար առօրեային մէջ իսկ ժամանակ գտնեն հետապնդելու ազգին անժամանցելի իրաւունքները»: Ներկայացնելէ ետք «Զարթօնքի» ծնունդը եւ օրաթերթի կտրած ուղին, Ա. Մելքիսէթեան նաեւ անդրադարձաւ անոր ներկային եւ հուսկ` շեշտը դրաւ անկէ ակնկալուած ապագայի գործելաձեւին ու մտածելակերպին վրայ, շեշտելով, թէ «Զարթօնք» պէտք է քայլ պահէ նոր օրերու թէ մարդկային եւ թէ ազգային պահանջներուն հետ մնալով մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին իրագործումները հայ հասարակութեան ծանօթացնող թերթ մը, որ կոչուած է մտնելու իւրաքանչիւր հայու տունէն ներսՙ ինչ յարանուանութեան ալ որ պատկանի կամ քաղաքական ինչպիսի համոզումներու տէր ալ ըլլայ ան:

Յաւուր պատշաճի իր խօսքը փոխանցեց ԹՄՄ Հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, հոբելենական գործադիր մարմնի ատենապետ պրոֆ. Հրայր Հովիւեան, որ արժեւորելով ԹՄՄ-ի հիմնադրութեան գաղափարը յայտնեց. «Հարկաւոր էր տէր կանգնիլ եւ հոգեմտաւոր ու մշակութաապահովութիւն ստեղծել սփիւռքահայութեան համար»: Հովիւեան իր հայեացքները սեւեռելով Պէյրութի մէջ կեանքի կոչուած Միութեան եւ անոր հեռատես ղեկավարութեան գործունէութեանՙ յայտնեց. «Անոնք չբաւականացան միայն լիբանանահայութեան մշակութային կարօտը յագեցնելով, այլեւ անմիջապէս ծաւալեցին իրենց գործունէութիւնը` ստեղծելով մասնաճիւղեր միջին-արեւելեան այլ գաղութներու, հեռաւոր Ամերիկայի եւ մինչեւ անգամ ամենահեռաւոր Աւստրալիոյ գաղութներէն ներս»: Հովիւեան ընդգծեց նաեւ ԹՄՄ-ի ծաւալած գործունէութիւնը մայր հայրենիքէն ներս: «Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, հայրենի հողին վրայ եւս Թէքէեան մշակութային միութիւնը այսօր կը գործէ իր հոյակերտ կառոյցով եւ ողջմիտ ղեկավարութեամբ»:

Գեղարուեստական յայտագրով իր գնահատելի բաժինը բերաւ տիկ. Անի Թորանեան-Գրիգորեան, Վահան Թէքէեանի հատընտիրէն հատուածներու ընթերցումով: «Պիտի ըսենք Աստուծոյ», «Հպարտութիւն» եւ «Յոյսեր» ու «Անունդ» քերթուածները կեանքի կոչուեցան սրահէն ներս եւ մենք` անգամ մը եւս գիտակցեցանք, թէ որքան բազմախորհուրդ իրողութիւն մըն էր մեր միութիւնը անուանակոչել Թէքէեան մշակութային միութիւն:

Արդարեւ, Յոբելենական հանձնախումբը հանդիսաւորապէս նշեց եռեակ յոբելեանները` հիմնադրութեան ամեակները: Յոբելեաններուն առիթով պատշաճօրէն արժեւորուեցան անցած ուղիները «Զարթօնք»-ին, իրագործումները լոյս աշխարհ բերուեցան Թէքէեան մշակութային միութեան եւ սերունդներու դաստիարակութեան ու արգասիքին հանրագումարին մասին խորհրդածութիւններ կատարուեցան Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանին: Հուսկ, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Կորիւն արք. Պապեան հրաւիրուեցաւ բեմ ընթերցելու կոնդակները Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, որոնցմէ ետք ան յայտնեց իր շնորհաւորական ջերմ խօսքերը յոբելեարներուն: Ան ուժ եւ կարողութիւն մաղթեց բոլոր նուիրեալներուն դիմագրաւելու համար նորանոր մարտահրաւէրները:

Յոբելենական այս յաջող հանդիսութեան աւարտին հպարտութեամբ կրցանք հաստաստել, թէ «Զարթօնքը», ԹՄՄ-ը եւ Վահան Թէքէեան վարժարանը պատուախնդրութեամբ իրագործած են իրենց բոլոր ծրագիրները հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր եւ հաւատարմօրէն պիտի շարունակեն իրենց ծառայութիւնը հայապահպանման ու մշակոյթին:

***

Յաջորդ օրը, երեկոյեան, արդէն խնջոյքի սեղաններու շուրջ նշուեցաւ եռեակ յոբելեանը, ԹՄՄիութեան եւ ՌԱԿ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Պէյրույթի «Լէ Ռոյեալ» հիւրանոցի շքեղ սրահներուն մէջ: Յոբելեանական ճաշկերոյթի ընթացքին ՌԱԿ Հայաստանի Հանրապետական վարչութեան փոխատենապետ Կարեն Կակոյեան ոսկեայ յուշամեդալով պատուեց ԹՄՄ-ի, «Զարթօնքի» եւ Վ. Թէքէեան վրժ.-ի ղեկավարները: Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն ի նպաստ վարժարանին եւ օրաթերթին: Հանգանակուեցաւ շուրջ 30 հազար դոլար:

«ԶԱՐԹՕՆՔ»


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4