«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#217, 2012-12-05 | #218, 2012-12-06 | #219, 2012-12-07


ՎԱՂԱՄԵՌԻԿ ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Վարդգէս Պետրոսեան իր գրական տաղանդին եւ վարչական կարողութեան առ ի գնահատանք, տակաւին շատ երիտասարդ տարիքին, արդէն տիրացած էր Խորհրդային Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահի պաշտօնին: Յիշարժան պարագայ էր, որ Աւետիք Իսահակեանէն յետոյ, նախագահ յորջորջումը ոեւէ մէկուն չէր տրուած, անոնք կը կոչուէին Գրողներու միութեան քարտուղարՙ ունենալով Ա. Բ. եւ Գ. օգնական քարտուղարներ:

Մեծ եւ պատասխանատու գործ էր ղեկավարել շուրջ 350 անդամ ունեցող այդ միութիւնըՙ հասնելու համար գրողներու գործերուն հրատարակութեան, պատուագիներու վճարման եւ անոնց բազմատեսակ պահանջներունՙ ինչպէս բնակարանային հարց, ինքնաշարժ, տարեկան վճարուած արձակուրդՙ Ծաղկաձորի մէջ, կամ այլուր, եւայլն:

Անհուն գոհունակութեամբ կը յիշեմ սերտ գործակցութիւնը, որ կար սփիւռքի եւ հայրենիքի գրողներուն միջեւ: Այս իրականութեան մէկ գեղեցիկ օրինակը եղաւ ԹՄՄիութեան «Շիրակ» ամսագրի 25-ամեակին տօնակատարութիւնը Պէյրութի մէջ, որուն նախագահելու հրաւիրուած էր Վարդգէս Պետրոսեան: Փոխադարձաբար, սփիւռքահայ գրողներ կը հրաւիրուէին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող տօնակատարութիւններուն, ինչպէս Վ. Պետրոսեանի յիսնամեակի հանդիսութիւնը, որուն բացումը Սերօ Խանզադեան կատարելէ յետոյ, խօսք տրուեցաւ ինծի, յանուն «Շիրակ»ի խմբագրութեան:

Ստորեւՙ իմ խօսքը.-


Վարդգէս Պետրոսեանը ժամանակ մը առաջ անուն մըն էր ինծի համար, ինչպէս սիրուած անունները շարք մը հայրենի գրողներու: Սակայն կը զգայինք, թէ տարբեր էր ան: Նախ որովհետեւ, մեզմէ էր անՙ մեր սերնդակիցը, որ հին սերունդի լաւագոյն աւանդներուն ժառանգորդն ու շարունակողը ըլլալով հանդերձՙ ունէր նո՛ր ըսելիք, ի՛րը եւ մե՛րը: Եւ իր ու սերնդակիցներուն խօսքը ըսելու համար տրուեցաւ այդ առիթը: Աւելի ճիշդ է ըսել, որ ան նուաճեց զայն, քանի որ կեանքը կը սորվեցնէ մեզի, թէ ոչինչ կը տրուի ինքնաբերաբար, եթէ նոյնիսկ ամենաարդար բանն է ուզուածը:

Ազգային մեր կեանքին մէջ, սփիւռքն ու հայրենիքը միասնաբար առած, հազուադէպ է որ սերնդափոխութեան գործընթացը բնականոն կերպով կատարուած ըլլայ: Երեւոյթ մը, որ մեծապէս վնասած է մեր հասարակական կեանքի լաւագոյնս զարգացման: Ի՜նչ ուրախ առիթ է սակայն հաստատել, թէ այդ հազուադէպ պարագաներէն մէկը եղաւ Հայաստանի գրողներու հսկայ ու պատկառելի կազմկերպութեան մէջ սերնդափոխութեան գործընթացըՙ երէցներուն տալով յարգանքի արժանի իրենց տեղը, իսկ նորերունՙ գործելու, իրենք զիրենք դրսեւորելու առիթը, մեր հնամեայ եւ ադամանդեայ գրականութեան գանձը աւելի եւս ճոխացնելու, պրիսմակին վրայ նոր երես աւելցնելու, գեղեցկացնելու իրենց հերթը:

Վերջերս մեզի պատեհութիւն տրուեցաւ աւելի մօտէն ճանչնալու յոբելեարը, եւ Վարդգէս Պետրոսեանը անուն մը ըլլալէ անդին անցնելով դարձաւ մտերիմ ընկեր մը, հարազատ եղբայր մը, մարդ մը գլխագիր: Այդ պատեհութիւնը մեզի տուաւ Թէքէեան մշակութային միութեան գրական ու գեղարուեստական ամսագիրը, որուն հիմնադրութեան 25-ամեակը պիտի տօնուէր ապրիլ ամսուն ընթացքինՙ հանդիսութիւններու շարքով մը: Վիթխարի եւ յուզիչ նախաձեռնութիւն մըն էր կատարուածը, քանի որ ամբողջ սփիւռքի վրայ առաջին անգամն էր որ գրական օրգան մը կը յանդգնէր այսքան մեծածախս եւ համահայկական կերպով տօնախմբել իր 25-ամեակը:

«Շիրակ»-ի խմբագրական մարմինը ի շարս սփիւռքահայ բազմաթիւ գրական դէմքերու եւ աշխատակցիներու ուղղուած հրաւէրինՙ հանդիսութեանց նախագահելու հրաւիրեց Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Վարդգէս Պետրոսեանը, որուն ներկայութիւնը կը հաստատէր նաեւ այն մեծ իրականութիւնը, թէ մէ՛կ է հայ ժողովուրդը, մէ՛կ գրականութեամբ:

Որքան ուրախ եւ հպարտ եղանք, որ ան ընդառաջեց մեր հրաւէրին, եկաւ ռմբակոծութիւններու տակ աւերուած ու սգահար Լիբանան, եկաւ որպէս Աշտարակի ծիծեռնակը եւ իր հետ բերաւ գարուն եւ բերկրանք եւ խաղաղութիւն: Ինչ փոյթ թէ կտոր մը միայն եւ կարճատեւ եղաւ այդ խաղաղութիւնը եւ մենք կարելիութիւնն իսկ չունեցանք ողջերթ մաղթելու իրեն արժանավայել կերպով:

Իր 21 օրեայ կեցութեան ընթացքին տաղանդաւոր գրողէն ու թատերագիրէն անկախ մենք իր մէջ գտանք ջերմ զրուցակիցը, խիզախ բեմբասացը, որ գիտէ սեւին ըսել սեւ, եւ ճերմակին ալ ճերմակ, բայց նաեւ գիտէ չըսել ոչ մէկ բան, որ կրնայ ըլլալ անպատշաճ ու վնասակար: Եւ մենք հպարտ եղանք իրմով, իր անձին մէջ գտնելով նաեւ ճկուն եւ կարող վարչագէտը: Եւ այնուհետեւ մեզի համար պարզ դարձաւ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ դեռ երիտասարդ Վարդգէսը նուաճեց նախագահութեան աթոռը, որ Վարպետին մահէն յետոյ թափուր կը մնար:

«Շիրակ»-ի յոբելենական հանդիսութիւնները յստկապէս իր ներկայութեան շնորհիւ անցան արժանավայել շքեղութեամբ, եւ երբեմն իր ներկայութիւնը այնքան լեցուց մեր սրահներն ու սրտերը, որ կարծես թէ «Շիրակ»-ի 25-ամեակէն աւելի Վ. Պետրոսեանի 50-ամեակն էր որ կը տօնէինք վաղահասօրէն:

Մեծ եղաւ իր այցելութեան բարիքը շիրակցիներուն համար, Թէքէեանի լայն շրջանակին համար, մանաւանդ այդպիսի օրերուն, երբ հանդիսութեանց ընթացքին արտասանուող խօսքին ու երգին յաճախ կընկերակցէր ռումբերու խժալուր յանկերգը: Աւելի մեծ յանձնառութիւններու տակ մնացինք մենք բոլորսՙ պահելու լիբանանահայ գաղութը ազգային-մշակութային իր ամբողջ կառուցուածքով, աչքը հայրենիքին ուղղուած իր ժողովուրդով, որպէսզի Լիբանանէն արտածուած մտաւորականներով աւելի եւս տոկայ հայ սփիւռքը:

Ես վատահ եմ, որ նոյնքան ծանր յանձնառութիւններով վերադարձաւ նաեւ Վարդգէս Պետրոսեանը, իր պաշտօններուն ու պարտականութիւններուն վրայ աւելցուցած նոր մը, գուցէ փոքր բայց սիրելի պաշտօն մըՙ «Շիրակ»ի խմբագրութեան պատուակալ անդամի հանգամանքը:

Իր յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ «Շիրակ» ամսագիրին եւ Թէքէեան մշակութային միութեան անունով կողջունեմ զինք, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ ստեղծագործական յարաճուն վերելք, եւ նաեւ երկրորդ յիսնամեակի մը տօնակատարութիւնըՙ ստեղծագործ աշխատանքով եւ արդար ձգտումներով աւելի հզօրացած եւ գեղեցկացած մայր հայրենիքի չքնաղ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ, «Զարթօնք», 7 Հոկտեմբեր 1982

Խմբ. կողմից.- Այժմ արդեն կարելի է ասել, որ Թեքեյան մշակութային միության շրջանակի, հետեւաբար Ռամկավար ազատական կուսակցության ղեկավարների հետ շփումները եւ մտերմությունը նույնպես իրենց դերն ունեցան հետագայում, 1992 թ.-ին, արդեն անկախ Հայաստանի Հանրապետության պայմաններում, որ Վարդգես Պետրոսյանը անդամագրվեց Ռամկավար ազատական կուսակցությանը եւ հանդիսացավ ՀՀ Գերագույն խորհրդում (Ազգային ժողով) այդ կուսակցության խմբակցության անդամ, միեւնույն ժամանակ կարեւոր հոդվածներ տպագրեց «Ազգ» օրաթերթում:


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4