(Առաջնորդ Հայոց Դամասկոսի)
- Այսօր ամբողջ աշխարհի հայութեան հայեացքը ուղղուած է Հայ սփիւռքի մայր գաղութին` Սուրիոյ հայութեան վրայ: Կ’ուզէի հակիրճ կերպով ներկայացնէիք վիճակը Ձեր թեմէն ներս:
- Շատ դժուար է ներկայացնել մօտաւորապէս քսան ամիսներէ ի վեր շարունակուող հակամարտութիւններու իսկական պատկերը, որովհետդւ իսկապէս ալ դժուար է ճշդելՙ թէ ո՞ւր է հակամարտութեանց առանցքը: Թէ ի՞նչպէս սկսաւ եւ թէ ի՞նչ կը կատարուի եւ ի՞նչ պիտի պատահիՙ չեմ գիտեր ... այդ կը թողում քաղաքական մեկնաբաններուն եւ վերլուծաբաններուն: Հիմնականը, որ մեզ կը յուզէ, այս բոլոր հակամարտութիններուն մէջ, անշուշտ սուրիահայութեան վիճակն է:
Շատ յստակ է, որ այս հակամարտութեան հիմքը կրօնական չէ, թէեւ ոմանք կը փորձեն անոր կրօնական զգեստ հագցնել: Այս հակամարտութիւնը ուղղուած չէ քրիստոնեաներու դէմ, եւ, հետեւաբար, ուղղուած չէ հայերու դէմ: Սակայն, այս կամ այն ձեւով, մենք ալ իրենց հետ, կը ցաւինք բոլոր անոնց հետ, որոնք հականարտութեան մէջ են: Սուրիոյ ցաւը մեր ցաւը դարձուցած ենք:
Մենք հակամարտութեան ոչ կողմ, ոչ ալ մաս կը կազմենք. բայց մենք եւս այդ նոյն դժուարութեան մէջ ենք: Այս քսան ամիսներու ընթացքին ունեցանք բաւական վնասներ: Մեր երեք եկեղեցիները վնասուած են. Հոմսի եկեղեցին բռնագրաւուած է, Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցին ներսէն այրած են եւ Տէր Զօրի մեր Նահատակաց մատուռը սրբապղծած են: Ունինք վարժարաններ, մշակութային կեդրոններ, ազգային այլ շէնքեր եւս վնասուած:
Ասոր հետ մէկտեղ, մեր գաղութի հոգեւոր եւ մշակութային կեանքը սառած է, որովհետեւ մեր միա՛կ մտահոգութիւնը եւ մեր աշխատանքի միա՛կ առանցքը դարձած է զգոյշ ըլլալ, արթուն ըլլալ, զուսպ ըլլալ եւ մեր բոլոր ուժերը դնել ժողովուրդին օգնութեան հասնելու ի խնդիր:
- Սրբազան հայր, սուրիահայ գաղութը ունի երկու տարբեր թեմակալ առաջնորդութիւններ. Բերիոյ (Հալէպ) թեմը եւ Դամասկոսի թեմը: Ի՞նչպիսի փոխյարաբերութիւն կը տիրէ այս երկու թեմակալ առաջնորդներուն միջեւ տագնապի այս օրերուն: Այն օգնութիւնը որ պիտի գայ հայրենիքէն թէ սփիւռքէն, հասնելու է բովանդակ սուրիահայութեան:
- Սուրիահայ գաղութը կազմուած է երկու թեմերէՙ Հալէպի կամ Բերիոյ թեմը եւ Դամասկոսի թեմը: Ես այսօր առաջնորդն եմ Դամասկոսի հայոց թեմին եւ ինծի հետ գործակից ունիմ մեր սիրելի եղբայրը` Շահան եպս. Սարգիսեանը, որ առաջնորդն է Բերիոյ հայոց թեմին:
Մենք ունինք շատ մտերմիկ յարաբերութիւն եւ այդ զգալի եւ երեւելի է ժողովուրդին կողմէ եւ որ կ’ակնկալէ նման յարաբերութիւն: Ըսեմ նաեւ, որ ոչ թէ այսօր, այլեւ` անցեալին ալ ունեցած ենք սիրալիր յարաբերութիւն: Եւ, դժբախտաբար, այս ցաւը մեզ նաեւ մղեց աւելի սերտ համագործակցութեան. մեր այս ցաւին մէջ ալ մեր համագործակցութիւնը տիրական է:
Միասնաբար խորհրդակցելով մենք ստեղծեցինք Սուրիահայ շտապ օգնութեան մարմին մը իր մասնաճիւղերով, ըլլայ Դամասկոսի եւ ըլլայ Հալէպի մէջ, նկատի առնելով որ մեր առաջնորդական աթոռները այս երկու քաղաքներու մէջ հաստատուած են: Այս Շտապ օգնութեան մարմինը կը վայելէ բոլոր համայնքապետերուն` հայ առաքելական, կաթողիկէ թէ աւետարանական առաջնորդներուն հովանաւորութիւնը: Կը վայելէ նաեւ համագործակցութիւնը բոլոր մեր աւանդական կառոյցներուն: Հոն միա՛կ հիմնական աշխատանքն ու ծառայութիւնը այն է` համակարգել բոլոր օգնութիւնները, որոնք կը կատարուին, կը հանգանակուին աշխարհի չորս կողմերը` Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, ընդունելու եւ առաւել արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու զանոնք ժողովուրդին օգնութեան համար:
Այս բոլոր հանգանակութիւնները, որոնք կը կատարուին, մեր պարագային` նուիրապետական զոյգ աթոռներու` Մայր աթոռի թէ Կիլիկիոյ աթոռին միջոցաւ հաւաքուած դրամը մէկտեղ կը հաւաքուին եւ պարբերաբար կը տրամադրուին այդ մարմնին:
- Հայ համայնքի դէմ մեղադրանքներ կա՞ն հայութեան դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան պատճառով:
- Մենք որեւէ մեղադրանքի համար պատասխանատու չենք, հաշուետու չենք: Մենք ներկայ պայմաններէն ելլելով, մեր դիրքը որոշած ենք: Մեր ներկայ կեցուածքը հետեւեալն է. մենք մեզ կը նկատենք Սուրիոյ ժողովուրդին կարեւոր եւ անբաժանելի մէկ մասնիկը: Ուստի, մենք Սուրիոյ հետ ենք: Այսինքն` երբ մեր սիրելի երկիրը վտանգի մէջ է, իսկապէս ցաւի մէջ է, մենք եւս կը ցաւինք:
Ասոր հետ մէկտեղ, իսկապէս մեզի համար դժուար է լսել մեղադրանքներ, թէ մենք որդեգրած ենք չէզոք դիրք: Միայն կ’ուզեմ մէկ բան յստակ ըլլայ. մենք շատ յստակ տարբերութիւն կը դնենք վախի եւ զգուշութեան միջեւ: Մենք շատ զգոյշ ենք, շատ զուսպ ենք, շատ գիտակից ենք կատարուածին, ամէնօրեայ խնդիրներուն եւ ըստ այնմ ալ կը գործենք: Սակայն մենք երբեք չենք վախնար, չնայած այսօրուան դէպքերն ու առօրեայ ապրումները, որոնք իսկապէս վախ կը թելադրեն: Բայց ոչ, մենք կարողացանք մեր ժողովուրդին մէջ այդ քարոզել եւ սերմանել, թէ մենք չենք վախնար, այլ մենք զգոյշ ենք ու զուսպ: Ու ատկէ ալ արդէն կը բխի մեր կեցուածքը:
- Մեր հայրենիքըՙ եղաւ առաջինը, որ իր օգնութեան ձեռքը երկարեց Սուրիոյ մեր հայութեան:
- Իսկապէս, մեր պատմութեան մէջ, եւ մանաւանդ արդի պատմութեան մէջ, առաջին անգամն է որ այսպէս կը դրսեւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան ուժն ու հզօրութիւնը: Դժբախտաբար, այս պարագային եղաւ սուրիահայութեան այս ցաւին ժամանակ: Բայց մենք այդ հզօրութիւնը կը զգանք գործնական ձեւով եւ ոչ թէ երազային, ոչ թէ տեսական, այլ` իրական:
Կան տարբեր օրինակներ. ինչպէս դուք ըսիք, կոչը յայտարարուեցաւ, օգնութիւններ եղան, նաեւ ՀՀ պետութիւնը գրկաբաց ընդունեց իւրաքանչիւր սուրիահայու: Վերջապէս Հայաստան իր գիրկը բացաւ իր ժողովուրդին: Այսօր Հայաստանի մէջ ժամանակաւոր կամ երկար ժամկէտով հաստատութիւն կազմած մեր հայորդիները կը վայելեն պետութեան աջակցութիւնը, տուրքերէ ազատած վիճակով, ընկերային եւ հասարակական ծառայութիւններով:
Անոր կողքին, սուրիահայութեան խնդրանքին ընդառաջ, Երեւանի մէջ սուրիական եւ արաբական ուսումնական ծրագրով դպրոց ունենալու համար կառավարութիւնը տրամադրեց Նար Դոսի անուան դպրոցը, որ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի ջանքերով, առաւելաբար, հաստատուեցաւ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ տարբեր մակարդակներու վրայ իր օժանդակութիւնը կը բերէ: Քաղաքական գետնի վրայ, բոլորը գիտեն թէ Սուրիա այս ճգնաժամին պատճառով կը գտնուի պատժամիջոցներու տակ եւ մանաւանդ Արեւմուտքի եւ արաբական բոլոր երկիրներու դեսպանատուները գոցեցին իրենց ներկայացչութիւնները Սուրիոյ մէջ եւ հեռացան: Սակայն ՀՀ-ն իր դեսպանութիւնը բաց կը պահէ եւ պիտի շարունակէ պահել: Ասիկա շատ յստակ է մէկ պատճառովՙ ուղղակի թիկունք կանգնելու տեղւոյն սուրիահայութեան:
Ասոր կողքին, այն ալ ըսեմ որ, անցեալ ամիսներուն, ՄԱԿի համաժողովին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը իր ելոյթի ժամանակ հանդէս եկաւ Հայաստանին յուզող տարբեր հարցերը ներկայացնելով եւ ի շարս այլ հարցերու, նաեւ բարձրացուց Սուրիոյ հայութեան վիճակը: Ասիկա մեզի համար, միջազգային գետնի վրայ, բարձրացուցած մե՛ր քաղաքական ձայնն էր, թէ Հայաստանը թիկունք է սուրիահայութեան:
- Յուսախաբութեան նշոյլներ կա՞ն արդեօք սուրիահայ գաղութին մէջ, կազմակերպութիւններու թէ անհատներու մօտ դասալքութիւն կը տիրէ՞, մանաւանդ երիտասարդներու մօտ:
- Մենք կը քարոզենք ու կը խօսինք թէ՛ երիտասարդին եւ թէ՛ տարէցին: Այս իրականութիւնը եւ այս գիտակցութիւնը կայ եւ կը մնայ ..., որովհետեւ մենք մեզ կը զգանք իբրեւ պաշտպանները այն հարստութիւններուն եւ սրբութիւններուն, որոնք ստեղծած ենք այս երկրին մէջ: Մենք մեզ կը զգանք պահապանները մեր նահատակներու աճիւններուն եւ նշխարներուն, որոնք այստեղ են:
Մենք ալ Սուրիոյ տուած ենք շատ բան: Մենք Սուրիոյ տուած ենք իւրայատկութիւն մը, այսինքն` Սուրիան այսօր հարստացած է, եւ այդպէս է իրականութիւնը, իր գունագեղ հասարակութեամբ, ծաղկեփունջի մը պէս: Մենք իսկապէս հպարտ ենք այդ ծաղկեփուջի մէջ դառնալու բուրումնաւէտ վարդերէն մէկը:
Այդպէս ալ, մեր աշխատանքով, մեր նուիրումով, մեր շինարար բնաւորութեամբ եւ մեր արարումներով հպարտ ենք: Այս գիտակցութեամբ է որ մենք կը փորձենք սկսուած գործը շարունակել, զայն համարելով մեր պապերուն հրամայականը, զայն համարելով սփիւռքի միւս գաղութներուն հրամայականը. տէ՛ր ըլլալու մեր ունեցած հարստութիւններուն եւ սրբութիւններուն:
Այսօր վիճակը ցաւոտ է: Մենք կը ցաւինք իսկապէս, երբ մեր երկրին բնակիչներուն առջեւ կը դրուի «մահու ու կենաց»ի խնդիր: Հետեւաբար աշխարհատարած հայկական օգնութիւնները, որոնք կը կատարուին, թող բոլորը վստահ ըլլան, կը հասնին իրենց նպատակին, տէր ըլլալով այս հայաբոյր մայր գաղութին:
- Եթէ սուրիահայութեան գաղթը շարունակուի, ի՞նչ կորուստներ ունեցած պիտի ըլլանք:
- Այն ինչ որ թուեցի. ամբողջ մեր հարստութիւնները` վարժարանները, միութիւնները, ազգային մեր միւս կառոյցները: Գաղութին այդ հայաշունչ ոգին, արեւմտահայերէնը, մեր մամուլը, մեր թատրոնը, մեր եկեղեցին, մեր նահատակներու աճիւնները, եւ այսպէսՙ շարունակ:
Սփիւռքի մեր այս արժէքաւոր գաղութը սովորական գաղթօջախ մը չէ: Սուրիահայութիւնը միայն համայնք մը չէ, այլեւ ամբողջական «Հայ մարդ» արտադրող համայնք մըն է: Այսինքն, ոչ թէ մենք միայն մեր կրօնական արարողութիւնները եւ մշակութային ձեռնարկները կը կազմակերպենք, այլեւ անոնց միջոցաւ նոր սերունդ կը պատրաստենք: Այդ բոլոր պայմանները տրուած են մեզի մեր արաբ հիւրընկալ ժողովուրդին կողմէ: Այդ պայմանները ստեղծած ենք մեր յամառ ջանքերով, մեր դպրոցներուն թէ հաստատութիւններուն մէջ:
Ամենամեծ կորուստը պիտի ըլլայ «Հայ մարդ» կերտող կառոյցին յանձնումը պատմութեան:
Բայց, ինչպէս ըսիՙ «Աստուած չընէ:» Մենք վստահ ենք ու մեր ամէն ջանքը, աշխատանքը, մեր ծառայութիւնը պիտի տանինք հո՛ն, որպէսզի չկորսնցնենք: Այս դէպքը միայն սուրիահայութեան գերխնդիրը պէտք չէ մնայ:
Սուրիահայութիւնը սփիւռքի մէջ գործող եւ գոյատեւած ամենէն օրինակելի գաղութն է, նաեւ այն իմաստով, որ մենք հայրենի բնութեան մէկ մասն ենք, հայելին մեր մշակոյթին ու ժառանգութեանց:
Սուրիոյ մէջ, մեր դրացի ժողովուրդը Հայաստանը կը ճանչնայ մեզի նայելով, մեզ տեսնելով: Եւ ուրեմն մենք ենք հայելին:
Իսկապէս ես հպարտ եմ սուրիահայ ըլլալուս, այս առումով:
- Ունի՞ք դիտարկումներ այս հակամարտութեանց եւ անոնց ապագայ ընթացքին մասին:
- Դիտարկումները, ինչպէս ըսի, ես կը թողում բոլոր քաղաքական մեկնաբաններուն, վերլուծաբաններուն եւ պատմաբաններուն: Իմ մտահոգութիւնս այս ամբողջ ճգնաժամին մէջ մեր ժողովուրդին ապագան է: Կը մաղթեմ միայն, որ այս հակամարտութիւնը շուտ աւարտի: Այս բռնութիւնը շուտ աւարտի, որովհետեւ որքան երկարի, այնքան մեր գաղութին ուժէն է որ կ’երթայ:
Այո, մեր ժողովուրդը զօրաւոր է, ինչպէս ըսիՙ մենք չենք վախնար:
- Լիբանանի տագնապը տեւեց մօտ քսանամեակ մը, անշուշտ մեր ալ մաղթանքն է որ Սուրիոյ տագնապը շուտով գտնէ իր լուծումը: Անհատներ, ազգային մեր բարերարներէն ոմանք եթէ ուզեն սուրիահայութեան օգտակար ըլլալ, իրենց նուէրները առանց մեր աւանդական կառոյցներուն ղրկելու ո՞ւր կը թելադրէք որ ղրկեն:
- Ապահովութեան նկատումներով, ամենայարմարն է դիմել նուիրապետական մեր աթոռներուն, թեմական մարմիններուն եւ ազգային կառոյցներուն: Ստեղծած ենք Սուրիահայ շտապ օգնութեան մարմիններ, որոնք կը համախմբեն այդ օգնութիւնները եւ իրենց միջոցներով կը բաշխեն:
Միւս կողմէ, նախկին սուրիահայեր, որոնք կ՛ուզեն իրենց հարազատներուն համար կատարել նիւթական օժանդակութիւն, ունինք նաեւ այդ կարելիութիւնը:
- Նախքան Նիւ Եորք Ձեր այցը, գտնուեցաք նաեւ Կալիֆորնիա եւ Կանադա: Ի՞նչպէս կը գնահատէք մեր այդ գաղութներուն մասնակցութիւնը եւ վերաբերմունքը սուրիահայ գաղութին օգտակար ըլլալու:
- Վերաբերմունքը տպաւորիչ եւ շինիչ էր: Արեւելքէն եկած ամերիկահայերու մօտ որոշակի կապ մը կը շարունակուի մնալ: Ըսեմ նաեւ, թէ արաբական երկիրներէն հայեր եւս կը ցուցաբերեն իրենց հետաքրքրութիւնը սուրիահայութեան ճակատագրով: Կը զգամ, որ կայ գիտակցութիւնը, թէ սուրիահայ մեր գաղութը իսկապէս կարեւոր է եւ անոր ճգնաժամը` ճակատագրական բոլորիս համար:
Զգացած եմ այն համատարած պատրաստակամութիւնը եւ օժանդակութիւնը, որ կը կատարուի տարբեր գաղութներու մէջ:
Այս ճամբորդութիւնս կը կատարեմ նաեւ յանուն իմ եղբօր` Շահան եպս. Սարգիսեանի` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին: Միասնաբար, մեր կոչերով կը յորդորենք հայութիւնը սուրիահայութեան օգտակար դառնալու:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Ֆէյր Լոն, Նիւ Ճըրզի