«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#227, 2012-12-19 | #228, 2012-12-20 | #229, 2012-12-21


ՀՀ ՄՕՏ ԱՄՆ ԴԵՍՊԱՆ ՋՈՆ ՀԵՖՖԸՐՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՎ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՓԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Սկսած Լոս Անջելըսէն, ամերիկահայ գաղութի համայնքային ժողովրդային թէ ղեկավարական շրջանակներու հետ հանդիպումները աւարտեցան Նիւ Եորքի մէջ, դեկտեմբեր 18, երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 11-ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ջոն Հեֆֆըրնը ունեցաւ իր վերջին հանդիպումը Ամերիկայի արեւելեան ափի ազգային կեանքին առաջնորդութիւն տուող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորք համալսարանի «Յակոբ Գէորգեանի» անուան գրադարանին մէջ:

Ժողովը դռնփակ էր եւ խնդրուած էր, որ արտայայտուած միտքերը իրենց մանրամասնութիւններով չհրապարակուին: Ժողովին կը մասնակցէր նաեւ USAID/Armenia-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ջեֆֆրի Փարելչանը` պետական եւ մասնաւոր կառոյցներու հետ կապերու մասնագէտը:

Ժողովին մասնակից 15 կազմակերպութիւններն էին. երկու աւանդական կուսակցութիւնները` ՀՅԴ (տոքթ. Արա Չալեան), ՌԱԿ (Յակոբ Վարդիվառեան), բարեսիրական միութիւնները` ՀԲԸՄ (Արփի Վարդանեան), Գարակէօզեան հիմնադրամ (Ուոլթըր Պանտազեան), Ամերիկայի հայ աւետարանակչական միութիւն (Լեւոն Ֆիլեան), Հայաստանի օգնութեան ֆոնտ (Արամ Փեհլիվանեան), Հայաստան համահայկական հիմնադրամ (Իրինա Լազարեան), Միջին Արեւելքի նպաստամատոյց (Շանթ Մարտիրոսեան), Ամերիկայի հայկական լոբիինգ` Ամերիկայի հայկական համագումար (Վան Գրիգորեան եւ Բրայըն Արտունի), Վարդանանց Ասպետներ (Հրանդ Կիւլեան), Հայ Դատի յանձնախումբ (Անի Ջաղլասեան), Հայ փաստաբաններու միութիւն (Կերի Մոմճեան), մշակութային միութիւններ` ԹՄՄ (Գրիգոր Սալպաշեան), Համազգային (Յասմիկ Տէր Գրիգորեան-Աբրահամեան):

Դեսպան Ջոն Հեֆֆըրն իր այս այցելոութեան նպատակները պարզեց յստակօրէն եւ ըսաւ, թէ յաջորդ օրն իսկ կը մեկնի մայրաքաղաք Ուաշինգթըն պետական քարտուղարութեան զեկուցելու Ամերիկայի հայկական գաղութին հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքը:

Պարոն դեսպանը առաւելաբար ծանրացաւ Հայաստանը Արեւմուտքին եւ անոր մօտիկ պահելու քաղաքականութեան ծրագրին մշակման, հաստատելով, թէ «Փրոթոգոլ»ի համաձայնութիւնը նպաստած պիտի ըլլար Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան, միւս կողմէ հաստատելով հանդերձ, որ Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի հարցը նախապայման բերելով դժուարացուցած է այդ երկխօսութեան խաղաղ յառաջընթացը:

Դէպի ամբողջական ռամկավարութիւն, ազատ տնտեսութիւն եւ ընտրական աւելի անկաշկանդ օրէնքներով ընթացող Հայաստանի համարՙ դեսպան Հեֆֆըրն գնահատանքով արտայայտուեցաւ ցարդ արձանագրուած յաջողութիւններուն մասին: Ամերիկայի կառավարութեան ունեցած գիտակից հասկացողութիւնը շեշտեց, այլապէս շրջափակուած Հայաստանի կացութեան մէջ, ազատ սահման մը ունենալու հիմնախնդրով Իրանի հետ:

Ներկաները առաջադրեցին պետական մակարդակով ճանաչումը Հայկական Ցեղասպանութեան, մեր երկրի` Միացեալ Նահանգներու տնտեսական յաւելեալ օգնութիւնը եւ ներդրումները Հայաստանի Հանրապետութեան, հայ ժողովուրդին Արեւմուտքին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման համար շօշափելի ներդրումներ, Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու քաղաքական ներկայ կացութեան մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ընկերային եւ բարեսիրական օգնութիւններու կազմակերպում, Ազրպէյճանի նկատմամբ ցուցաբերել պատժական միջոցներ:

Ուրախալին ա՛յն էր, որ պարոն դեսպանը նկատեց համերաշխութեան եւ իրար հասկացողութեան մթնոլորտ մը վերոյշեալ հայկական կարեւոր կազմակերպութիւններուն միջեւ, Մեծ Եղեռնի դարադարձի վաղորդայնին:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4