ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#16, 2007-08-25 | #17, 2007-09-08 | #18, 2007-09-21


ԲՌՈՒՆՑՔՆ ՈՒ ԳՐԻՉԸ ՀԱՅ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Տարեդարձները կը նշուին սովորաբար ուրախ առիթներուՙ ծննդեան, ամուսնութեան, յաջողութեան եւ կեանքի նման հանգրուաններու, իսկ տխուր դէպքերու տարեդարձները աւելի կ՛առաջնորդեն խոկումի եւ անդրադարձումներու:

Այս գրութեան շարժառիթը վերջերս կայացած խօսակցութիւն մըն է Լաթաքիայի մեր թաղի վաղեմի տղոցմէՙ Գրիգոր Շէնեանի հետ: Այն ատեն դեռ Գրիգորը Կէօվշենեան էր, սակայն քանի իր կեանքը շէնցաւՙ Կէօվը թողուց օվկիանոսէն անդին ու Շէնը առած իր ուսերունՙ դարձաւ այսօրուան յայտնի հրապարակագիրըՙ Գրիգոր Շէնեան1:

Մեր զրոյցը տարեդարձի մը մասին էր: Այո, այս տարի կը լրանար տասնամեակը իր վրայ կատարուած մահափորձին: Արդարեւ, տխուր տարեդարձ մը, որ միեւնոյն ատեն ունի նաեւ իր լուսաւոր կողմըՙ հապա՞ եթէ յաջողէին ոճրագործները իրենց նպատակին մէջ, այսօր շատ աւելի տխուր տարելից մը պիտի նշէինք: Այս օրուանը, ուրեմն, վերապրումի տասնամեակ մըն է. զոհը վերապրելով այդ պատահարէնՙ տասը տարի եւս իր կեանքէն ընծայեց հայ մամուլին:

Իբրեւ ճակատագրակիցՙ չէի կրնար անտարբեր մնալ մանկութեան ընկերոջ մը այս տխուր փորձութեան, ինչպէս նաեւՙ վերապրումի բերկրանքին նկատմամբ: Գրիչն ու բռունցքը կարծէք զուգահեռ կ՛ընթանան մամուլի պատմութեան մէջ եւ այդ զուգորդութենէն անմասն չէ մնացած նաեւ հայ մամուլը:

Թէ ինչո՞ւ յաճախ բռունցքը կը ցցուի գրիչին դիմացՙ դժուար չէ բացատրել. ատիկա խօսքին ուժն է, որուն դիմաց յաճախ կ՛անճրկին անիրաւներ եւ ուրիշ միջոց չգտնելովՙ կը դիմեն բիրտ ուժին, լռեցնելու համար լրագրողը:

Լրագրողին համոզումը իր հոգեկան վահանն է, որ զինք կը պաշտպանէ բիրտ ուժին դիմաց. նոյնիսկ եթէ մամուլի աշխատողը ընկրկի, երկիւղներ ունենայ իր համոզումներու գործադրութեան մէջ, իր համոզումներն ու իր հաւատքը կը վազեն իրմէ առաջ եւ նոյնիսկ երբեմն ակամայ կը պարտադրեն, որ լրագրողը յայտնաբերէ ճշմարտութիւնը, աչք առնելով անոր հետեւանքները:

Գրիգոր Շէնեան զոհն էր իր համոզումներուն, ինչպէս ամէն լրագրող, որ արժանացած է միեւնոյն ճակատագրին: Այդպիսի հրապարակագիրներու կարգին է այս տողերը գրողը, որ երբեք չէ երկնչած իր գաղափարները պարզելու, նոյնիսկ դիմակալելէ ետք բիրտ ուժի եւ խոշտանգման դէպքերը: Երբ կը դիմագրաւէք բռունցքի հարուածները, միայն այդ պահուն կ՛անդրադառնաք խօսքի զօրութեան, թէ ան ինչպիսի թաքուն ուժեր եւ զայրոյթ կրնայ շղթայազերծել անզօր մարդոց մօտ, որոնք հնարքն ու շնորհը չունին խօսքին ուժը օգտագործելով հակադարձելու: Երբ մէկ առ մէկ անդրադառնանք բոլոր հրապարակագիրներու ու գրողներու կեանքին, որոնք սպաննուած կամ տուժած են ահաբեկիչներու կողմէ, կը տեսնէք, թէ անոնք ամէնէն ուժեղ անհատականութիւնը ունեցող մամուլի ծառայողները հանդիսացած են: Բարի, խելօք, անդիմագիծ եւ անողնաշար գրողները ոչ ոքի զայրոյթը կը յառաջացնեն, ոչ ոքի կը դպին կամ կը վնասեն, ինչպէս ոչ ոքի ալ օգուտ մը կ՛ընծայեն: Ընթերցողին ու հասարակութեան անտարբերութիւնը գրողի մը անձին ու գաղափարներուն նկատմամբ ամէնէն սպաննիչ զէնքն է:

Անցեալ դարու սկիզբին զգետնուեցաւ հայ հրապարակագրութեան ամէնէն հզօր տիտաններէն Արփիար Արփիարեանը: Առաջին ահաբեկում մը չէր խլած անոր կեանքը. ան շարունակեց իր խրոխտ գործունէութիւնը, որ զինք հասցուց իր ճակատագրական վախճանին: Արդարեւ, 1908-ին Աղեքսանդրիոյ մէկ փողոցին մէջ ան զոհ գնաց ոճրագործի մը գնդակին, իր կեանքի գինով վճարելով իր համոզումներուն դիմաց:

Նման ահաբեկչութեան ենթարկուած է նաեւ անմահ բանաստեղծ Վահան Թէքէեան, նոյնպէս Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ, որ այդ շրջանին հայ աշխարհի ամէնէն եռուն ազգային օջախներէն մէկն էր: Թէքէեանի պարագան ոմանք կ՛անգիտանան, իսկ ուրիշներ ալ, կլայակելու լպրծուն փորձերով կը ջանան զայն ներկայացնել իբրեւ կուսակցական վէճերու արդիւնք. կարծէք Թէքէեան գզվռտուքի բռնուած ըլլար եւ վնասուած ըլլար այդ հաւասար բախումէն:

Մինչ Արփիարեանը զոհն էր իր գաղափարակից հնչակեաններուն, Թէքէեանՙ իր գաղափարի հակառակորդ դաշնակցականներուն: Արփիարեան Տամատեանի եւ քանի մը ընկերներու հետ բաժնուած էր Հնչակեան կուսակցութենէն, հիմնելով Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւնը, որ յետագային միանալով պիտի դառնար բաղկացուցիչ տարրերէն մէկը Ռամկավար ազատական կուսակցութեան:

Վահան Թէքէեան 1915-ին Միքայէլ Կիւրճեանի եւ Միհրան Տամատեանի հետ կը հիմնէր «Արեւ» օրգանը, որ սկզբնական շրջանին երկօրեայ էր: Թէքէեան հանդիսացած է «Արեւ»ի առաջին խմբագիրը: 1916-ին կը պատահի դէպք մը. ակումբի մը վարչական ընտրութեան ընթացքին դաշնակցականները կը կորսնցնեն քուէն, սակայն աթոռ-սեղաններու հարուածներու ուժով կը պարտադրեն իրենց կամքը: Թէքէեան, զայրացած, «Արեւի» մէջ կը գրէ խմբագրական յօդուած մը «Լե՞ռն ենք, ո՞ւր ենք...» վերնագրով եւ այդ յօդուածը կը վճռէ իր ճակատագիրը: Քանի մը օր վերջ, երբ գիշերուան մութին տուն կը վերադառնար, մայթին երկու կողմերէն կը պաշարուի խումբ մը ահաբեկիչներու կողմէ, մինչ մայթին քովէն կ՛անցնէր կարասի կրող կառք մը, փակելով ամէն անցք:

Ահաբեկիչները զինուորական գօտներու մետաղեայ օղակներով կը խոշտանգեն բանաստեղծը, որ ուշակորոյս կ՛իյնայ մայթին վրայ. ահաբեկիչները մահացած կարծելով բանաստեղծըՙ կը լքեն ոճիրին վայրը ու կը հեռանան:

Հիւանդանոցին մէջ երբ ուշքի կու գայ Թէքէեան եւ կ՛իմանայ բժիշկէն, որ առ յաւէտ կորսնցուցած է մէկ աչքին լոյսը, կը պաղատի բժիշկին, որ վերջ տայ իր կեանքին, չուզելով ապրիլ իբրեւ միականի. Թէքէեան այնքան ուշադիր էր իր հագուածքին, պահուածքին եւ ընդհանրապէս իր արտաքինին: Բանաստեղծին վրայ կատարուած ահաբեկումի այս արարքը իր արձագանգը գտած է Թէքէեանի արձակ մէկ գործին մէջ, պատմուածք մը, որուն վերնագիրն էր «Մարք Ֆուրթունի արկածը»: Սակայն հետզհետէ Թէքէեան կը հաշտուի դառն իրողութեան հետ ու կը շարունակէ ապրիլ, միշտ տխրութեան թանձր ստուերով մը իր հոգիին վրայ: Թէ ան ինչպիսի յուզումներէ եւ խոկումներէ կ՛անցնի իր կորսնցուցած աչքին համարՙ կը պարզուի ետքէն, երբ կը գրէ իր «Մէկ հատիկս» անզուգական քերթուածը:

Իմ մէկ հատիկս հիմա, որ կը դիտես զիս վհատ,

Հայելիին ջրհորէն,

Քեզի նման ու քեզմով կը նայիմ ես ալ վրադ

Երկարօրէն, ծանրօրէն...

Ե՞ս արդեօք քեզ, թէ դուն զիս կը մեղքանանք աւելի

Երբ իրար լուռ կը դիտենք...

Իմ մէկ հատիկս... օհ, ինչպէս սիրտս վրադ կը դողայ,

Երբ կը տեսնեմ քեզմով քեզ,

Քու արցունքովդ քեզի կը պաղատիմ ես հիմաՙ

Որ դուն ալ զիս չլքես...

Գրական գոհար մը, արդարեւ: Սակայն կ՛արժէ՞ր մէկ աչքը վրայ տալ այսպիսի գլուխգործոց մը յօրինելու համար: Թող մեր գրականութեան պատմութիւնը տայ իր վճիռը այդ մասին:

Թէքէեանի մասին հետաքրքրական խօսակցութիւն մը ունեցած եմ գրականագէտ եւ հրապարակագիր Մինաս Թէօլէլեանի2 հետ, երբ ան կը պատրաստուէր վերահրատարակել իր «Դար մը գրականութիւն» գործին առաջին հատորը:

Հարց տուի իրեն, թէ պիտի պահէ՞ր 2-րդ տպագրութեան մէջ Վահան Թէքէեանի մասին ըրած իր մէկ անհարկի նկատողութիւնը:

- Պրն Թէօլէօլեան, դուք գրած էք, թէ «Թէքէեան երբեմն ունէր քաղաքական միականի դատումներ»: Նախ որքան ազնիւ բան է գրականագէտի մը համար հեգնել բանաստեղծի մը գաղափարներըՙ վեր առնելով անոր ֆիզիքական մէկ թերութիւնը: Իսկ եթէ միականի ըլլալը յանցանք մըն է, ատոր ալ պատասխանատուն դուք էք, դաշնակցականնե՛րդ, որ կուրացուցիք մարդուն մէկ աչքը:

Այդ նկատողութեան վրայ Թէօլէօլեան ազնուութիւնը ունեցաւ 2-րդ տպագրութեան մէջ զանց առնելու այդ հատուածը:

***

Թէքէեանի ճակատագրակից մը դարձաւ նաեւ Շահան Շահնուր 1930-ական թուականներուն, Փարիզի մէջ: «Քու տառօսիդ պիտի հասնէի վրայ տալով մէկ աչքս», կը գրէ Շահնուր, Թէքէեանին ուղղեալ անձնական նամակի մը մէջ:

Շահնուր կուռքեր տապալող բուռն տաղանդ մըն էր, որ շատերու անհանդուրժողութեան արժանացած էր. յիշենք միայն Վազգէն Շուշանեանի պարսաւագիրը անոր դէմ, որուն մօտաւոր վերնագիրն էՙ «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգիին մէջ»:

Այս անգամ սակայն, Շահնուրի բախումը նահատակ գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանի ընտանիքին հետ էր. ան քննադատութեան ենթարկած էր Զարդարեանի «Գամբռը» վերնագրեալ գործը: Զարդարեանի երկու որդիները, Փարիզի «Ֆլորիա» ճաշարանին մէջ, ետեւէն մօտենալով Շահնուրին, կը յարձակին անոր վրայ, ջարդելով անոր ակնոցները: Բայց Շահնուր համեմատաբար անվնաս դուրս կու գայ այդ յարձակումէն:

Լրագրական ասպարէզի մէջ ես ալ տուած եմ իմ արեան տուրքը անզօր բռունցքներու: Սակայն, ատկէ առաջ եւ ատկէ աւելի զիս խոցած է իմ մենդորիս, հայ մամուլի առիւծինՙ Գերսամ Ահարոնեանի դէմ սարքուած դաւադրութիւնը: Արդարեւ, Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը ներսէն տապալելու առաքելութեան կոչուած վարձկաններ, քանի մը զինեալ մարտականներ կը ղրկեն «Զարթօնք»ի խմբագրատունը ու զինք պատին դիմաց կանգնեցնելով կը սպառնան անոր3: Չեմ կարծեր որ կը յաջողին ընկրկումի ենթարկել զայն, որովհետեւ հոգեկան արիութեան տէր անձ մըն էր ան: Ես ականատես վկան եղած եմ ուրիշ դէպքի մը, որմէ կրած վախս ու նաեւ հպարտութիւնս պիտի մնան առ յաւէտ իմ մէջ: Լիբանանի 1958-ի քաղաքացիական կռիւներուն ընթացքին, բոլոր կուսակցութիւններն ալ ունէին իրենց զինեալները, որոնք երբեմն իրենց զէնքերուն սպառնալիքը կ՛ուղղէին իրենց իսկ մեծերուն դէմ: Օր մը, միջօրէին, երբ Գերսամ Ահարոնեան իր գրասեղանին առջեւ կեդրոնացած կ՛աշխատէր խմբագրականի մը վրայ, յանկարծ մեր զինեալ տղոցմէ մէկը մօտեցաւ անոր եւ ատրճանակը դէմքին ուղղելով 100 լիբանանեան ոսկի պահանջեց: Գերսամ իր խաժ աչքերը սեւեռելով անոպայ երիտասարդին վրայ, կարծես տեղն ու տեղը շանթահարեց զայն հրահանգելովՙ «վար դիր այդ զէնքդ». երիտասարդը մուկ կտրած հեռացաւ խմբագրատունէն:

***

Տարեթիւերը կարծէք կախարդական բան մը ունին իրենց մէջ: 1916-ին Վահան Թէքէեան խոշտանգուեցաւ, երբ կը խմբագրէր «Արեւ» թերթը: Թուանշանները շրջելով, երբ կը հասնինք 1961-ին, «Արեւ»ի ուրիշ մէկ խմբագիրը կ՛ենթարկուէր միեւնոյն ճակատագրին:

Արդարեւ, 1959-ին ինծի շնորհուեցաւ բացառիկ պատիւըՙ հրաւիրուելու Գահիրէ եւ գրաւելու Վահան Թէքէեանի խմբագրական աթոռը: Բնականաբար շոյուած էր ինքնասիրութիւնս, որ 24-25 տարեկանիս այդպիսի անհաւատալի պատիւ մը կ՛ընծայուէր ինծի, եւ ամէն ճիգ կը թափէի արժանանալու այդ պատիւին: Սակայն դեռ չէի գիտեր, որ այդ պատիւին հետ Թէքէեանի գլխուն եկած փորձանքն ալ վերապահուած էր ինծի:

Ապրիլ ամսուն էր, առաւօտ մը, երբ տունէն քալելով աշխատանքի կ՛երթայի, անզուգական ընկերոջսՙ Վահագն Տեփոյեանի4 տան գլխաւոր մուտքին զգացի որ յանկարծ երկու ձեռքերս ուժեղօրէն բռնուած ու դէպի կռնակս դարձած էին: Հազիւ ճչացած էիՙ «Վահագն ի՞նչ կ՛ընես...», երբ զգացի դէմքիս վրայ տեղացող բռունցքի հարուածները, որոնք կու գային զիս շրջապատող երեք երիտասարդներէ:

Երբեք չեմ ունեցած ստորակայութեան զգացումըՙ թիկնեղ ու երկար հասակ չունենալուս, սակայն այդ օր աւելի բարեդէպ էր երկար հասակ չունենալս... որովհետեւ, երբ կուչ եկայ, ահաբեկիչները աւելի երկար հասակ ունենալովՙ իրար անցան եւ հարուածները սկսան հասցնել իրարու: Սակայն, մինչ այդ փշրուած էր քիթիս կորը, ակնոցներս էին արիւնլուայՙ արգելք հանդիսանալով որ կարենայի տեսնել շրջապատս:

Բարեբախտաբար, այդ առաւօտ մեր հաւատաւոր ընկեր եւ «Արեւ»ի աշխատակից Յակոբ Ծուլիկեան5 մեր տան մօտէն անցած պահուն տեսած եւ անուններով ճանչցած էր դաշնակցական տղերքը, որոնք կը սպասէին ինծի, իրենց «հերոսական» արարքը գործադրելու:

Այդ կերպով կարելի եղաւ ստուգել այդ տղոց ինքնութիւնը: Քանի մը օր վերջ անոնցմէ մին հանդիպած էր Վահագն Տեփոյեանին, որ փառաւոր ծեծ մը քաշած էր ըսելով. «Հիմա գնա եւ շէֆերուդ ըսէ, որ Վահագն Տեփոյեանը ծեծեց զիս»:

Ետքէն պարզուեցաւ, որ այդ տերորը կազմակերպող շէֆիկը ուրիշ ծայրայեղական մըն էր, Նազարէթ Գալուստեան անունով:

Այս տեռորը, ըստ երեւոյթին, կազմակերպուած էր երկու նպատակով.

ա) հակադարձելու համար այդ օրերուն «Արեւ»ի մէջ իմ հրատարակած մէկ յօդուածին եւՙ

բ) դէպքը կը զուգադիպէր Գահիրէի թեմական ընտրութեանց, որուն կազմակերպիչներէն մէկն էի ես, ու եթէ յաջորդող քանի մը օրերուն մտած ըլլայի հիւանդանոցՙ կրնար ընտրութեանց արդիւնքը տարբեր պատկեր ունենալ:

Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման առիթով եգիպտահայ համայնքը Բեյրութէն հրաւիրած էր «Նայիրի» շաբաթաթերթին խմբագիրըՙ Անդրանիկ Ծառուկեանը, բանախօսելու: Այս վերջինը նոր հեռացած ըլլալով Դաշնակցութեան շարքերէն, դարձած էր կուսակցութեան Bete noire-ը: Հետեւաբար, ան մատնուած էր եգիպտական կառավարութեան իբրեւ «համայնավար խռովարար»:

Ծառուկեան Գահիրէ հասնելով 24 ժամ վար դրուեցաւ օդակայանին մէջ, եւ համայնքը վերջին պահուն փոխարինող բանախօս մը ճարեց ոգեկոչման համար:

Յաջորդ օր, Արեւ»ի զայրալից մէկ գրութիւնը կ՛ըսէր, թէ «Միայն թուրքերը պիտի ուզէին խափանել Եղեռնի ոգեկոչումը...»: Խոշտանգումին օրը, երեկոյեան, որոշուած էր ընտրական միթինկ, որուն գլխաւոր բանախօսն էի ես: Հիւանդանոցէն դուրս գալով, վիրակապերով բարձրացայ բեմ ու կը յիշեմ իմ ճառախօսութիւնս սկսած ըլլալ Գնէլ սրբազանի6 մէկ արտայայտութեան կրկնութեամբ:

- Այնպէս, ինչպէս շիկացած երկաթը ջուրի մէջ թաթխուելով պողպատ կը դառնայ, մենք ալ արեան մէջ թաթխուելով կարծրացանք:

Ինչ խօսք, որ երեք օր վերջ, Էջմիածնի հաւատարիմ ճակատը տարաւ ամբողջական յաղթանակ:

... Երեսունհինգ տարիներ վերջ, երբ արդէն Դիտրոյթ էի հաստատուածՙ հեռախօսային զանգ մը ստացայ Թեքսասէն.

- Ես Նազարէթ Գալուստեանն եմ, կը յիշէ՞ք զիս:

- Այո, կը յիշեմ, բայց ոչ հաճելի պայմաններու տակ:

- Կը հեռաձայնեմ նախ ներողութիւն խնդրելու ձեզմէ:

- Թէեւ քիչ մը ուշացած էք, բայց ոչինչ, կը ներեմ:

- Ես հիմա հրաժարած եմ անցեալի այդ խենդ խնդիրներէն եւ նուիրուած եմ հայ նոր սերունդին դաստիարակութեան: Սերունդները ձեռքէ կ՛երթան, դուք եւ մենք ձեռք-ձեռքի տալ պէտք է ապահովելու անոնց հայեցի դաստիարակութիւնը: Ես հիմա Հիւսթընի էջմիածնական եկեղեցւոյ հայ դպրոցին մէջ հայերէն կ՛ուսուցանեմ նոր սերունդին. կը խնդրեմ որ մեր դպրոցը ապահովէք համակարգիչով մը:

Համակարգիչը շտապ կերպով ղրկուեցաւ Թեքսաս:

- Խոշտանքումի դիմացՙ համակարգիչ... ի խնդիր նոր սերունդի հայեցի դաստիակութեան:

***

«Զարթօնք» օրաթերթի նախկին խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան Հայաստանի անկախութենէն վերջ գնաց հաստատուելու Երեւան, սկսաւ հրատարակել «Ազգ» օրաթերթը: Իբրեւ հեղինակաւոր գրիչի տէր խմբագիրՙ ան եւս ենթարկուեցաւ խոշտանգումի7: Հետեւաբար մամուլի այս բարքերը յատուկ չեն միայն սփիւռքին: Այսօր «Ազգ» օրաթերթը հայրենական մամուլի ամէնէն հեղինակաւոր հրատարակութիւններէն մէկն էՙ հաստատելով անոր խմբագրին... խոշտանգումի «արժանի ըլլալու պատիւը»:

***

Վերադառնալով Շէնեանի հետ ունեցած իմ հեռախօսազրոյցինՙ ատիկա վերջ գտաւ զուարթ տոնով մը: Զինք շնորհաւորեցի այս յիշատակելի տասնամեակին առիթով, ոչ անպայման խոշտանգուած ըլլալուն համար, այլՙ վերապրած ըլլալուն համար: Վերապրումի տասնամեակ:

Երկուքս ալ ծիծաղով համաձայնեցանք, որ թէեւ հաճելի չէր այդ փորձառութիւնը, սակայն, այդ կերպով... անցած էինք անմահներու դասուն:

Դետրոյթ, ԱՄՆ

Խմբագրի ծանոթագրությունները

1.- Գրիգոր Շենյան- հրատարակիչն ու խմբագիրը Լոս Անջելեսում լույս տեսնող «Նոր կեանք» շաբաթաթերթի: Ծագումով Լիբանանից, որտեղ հարել է ՀՅ դաշնակցությանը, ստորագրել է հոդվածներ առավելաբար դաշնակցական թերթերում: Մ. Նահանգներ հաստատվելուց հետո հիմնադրել է «Նոր կեանքը», հավաքագրելով նույնպես նախկին լիբանանահայ հայտնի հրապարակագրերիՙ Տիգրան Թոսպատ, Տիգրան Ոսկունի, երգիծանկարիչ Մասիս Արարատյան եւ այլք: Եղել եւ մնում է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսյանի ու նրա քաղաքականության ամենաջերմ պաշտպանը, որի համար 1997-ին ենթարկվել է դաժան խոշտանգման, ենթադրաբար դաշնակցականների կողմից:

2.- Մինաս Թյոլելյան- դաշնակցական հայտնի հրապարակագիր: Խմբագրել է ՀՅԴ Եգիպտոսի պաշտոնաթերթ «Յուսաբերը», ապա Բոստոնի «Հայրենիքը»: Հայտնի է իր թունոտ հոդվածներով ընդդեմ ՌԱԿ-ի, ՀԲԸՄիության, Խ. Հայաստանի, Վազգեն Ա կաթողիկոսի եւ էջմիածնականների: Մնայունը իրենից «Դար մը գրականութիւն» աշխատությունն է, հարուստ գրական եւ գրողական տեղեկություններով:

3.- Դեպքը պատահել է 1979-ին-, Բեյրութի Թեքեյան կենտրոնում, «Զարթօնք»-ի բազմավաստակ խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնյանի սենյակում: Երեք երիտասարդներ, ՌԱԿ «Պայքար» ակումբից, կանացի գուլպաներով դեմքերը ծածկած, ատրճանակներ ձեռքներին անակնկալ մուտք են գործել խմբագրապետի գրասենյակ, որտեղ այդ պահին եղել են նաեւ Գ. Ահարոնյանի օգնական Հակոբ Ավետիքյանը, կենտրոնի տնօրեն Սահակ Միքայելյանը եւ խմբագրապետի որդինՙ Շահե Ահարոնյանը: Խմբագրապետից պահանջել են ոտքի կանգնել եւ ձեռքերը դնել սեղանին, իսկ Հ. Ավետիքյանին եւ Ս. Միքայելյանին քաշել են դուրս, խփել եւ սպառնացել, որ հաջորդ անգամ սպանելու են, եթե նրանց մեկ էլ տեսնեն խմբագրատանը: Ըստ հավաստի տվյալների, հարձակումը կազմակերպել է ՌԱԿ տեղի անդամներից, մասնագիտությամբ դեղագործ Փանոս Թիթիզյանը, ստորակայության բարդույթով տառապող մի մարդ, փողոցային բարքեր կուսակցություն բերած խառնակիչ: Այժմ բնակվում է Լոս Անջելեսում:

4.- Վահագն Տեփոյան- ռամկավար հայտնի գործիչ, հրապարակագիր, գյուտարար:

5.- Հակոբ Ծուլիկյան,- լեզվաբան, անգլերենի մասնագետ: 1963-ին հայրենադարձվել է Եգիպտոսից: Բրյուսովի անվան օտար լեզուների ինստիտուտի դասախոս, «Ազգ» օրաթերթի հիմնադիր կազմից, հայտնի իր սքանչելի թարգմանություններով:

6.- Bete noire. ֆրանսերեն, բառացիՙ «սեւ գազան», փոխաբերաբար գործածվում է իբրեւ «աչքի փուշ», «թշնամի»:

7.- Գնել արք. Ջերեջյան.- հայտնի եկեղեցական, ճառախոս եւ խմբավար: Նախապես Մեծի տանն Կիլիկիո կաթողիկոսության, հետագայում Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան: Եկեղեցական տագնապի բուռն օրերին լուրջ պայքար է մղել Անթիլիասի անջատականների դեմ: Կյանքի վերջալույսին եղել է Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ:

8.- Դեպքը պատահել է 1994-ին: Կես գիշերին երկու երիտասարդներ «Ազգ»-ի խմբագրի բնակած շենքի մուտքին դարանակալ սպասելիս են եղել խմբագրությունից Հ. Ավետիքյանի վերադարձին: Օգտվելով շքամուտքում տիրող մթությունիցՙ նրանցից մեկը հենց վերելակում բռունցքի ուժգին 2 հարված է հասցրել Ավետիքյանի դեմքին ու փախել: Դրանից շուրջ մեկ ամիս առաջ շատ ավելի դաժան ծեծի էր ենթարկվել «Առավոտ» թերթի գլխավոր խմբագիր Արամ Աբրահամյանը: Վերջինս, որ այդ օրերին հեռուստատեսությամբ «Դեմ առ դեմ» հեղինակային սիրված ծրագիրն էր վարում, հաղորդումներից մեկում հյուր է հրավիրում Հ. Ավետիքյանին վերջինիս ծեծից հետո, ինչը «Իրավունք» թերթի միշտ սրամիտ «ընկեր Փանջունուն» առիթ է տալիս դառնորեն հեգնելու այդ հանդիպումըՙ «Ծեծ առ ծեծ»: Ավա՜ղ, տարիներ անց «Իրավունքի» խմբագիր Հովիկ Գալաջյանը երկու անգամ ենթարկվեց նույն ճակատագրին, երկրորդըՙ հենց օրերս:

Դժբախտաբար, հայրենական մամուլի ներկայացուցիչների դեմ ոտնձգությունների ու հաշվեհարդարների շարքը սրանով չի սպառվում: Մոտ երկու տասնյակ լրագրողներ անցնող 16 տարիներին հարձակման են ենթարկվել ու ծեծվել մեծամասամբ չբացահայտված հանգամանքներում: Խմբագրատներ են հրդեհվել, նույնիսկՙ ջարդուփշուր արվել: Անշուշտ, ամենաճակատագրականը եղել է տաղանդավոր լրագրող Տիգրան Նաղդալյանի սպանությունը:

Հ. Ա.


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4