ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Յոբելեանական տարի էր 2007-ը: Ի շարս բազմաթիւ նշանաւոր ու աննշան տարելիցներու, բայց նաեւ անոնցմէ գերիվեր, «սեւ» տարելից մըն ալ նշուեցաւ. 1937-ի ստալինեան մաքրագործումներուն 70-ամեակը:
Եթէ 1915 մեր յիշողութեան մէջ այնքան ծանր կը կշռէ իբրեւ մեր հաւաքական գոյութիւնը սասանող Աղէտ մըՙ իր բազմաճիւղ ու բազմապիսի երկարաձգումներով, նոյնքան ծանր պէտք է կշռէ այդ արձագանգներէն մէկըՙ 1937-ը, որուն զոհերըՙ չարչարուած, բանտարկուած, գնդակահարուած, Սիպերիոյ սառնամանիքներուն թէ անոնց ճանապարհին մեռած, նոյնիսկՙ սակաւաթիւ ազատողները, յաճախ Աղէտին վերապրողներ էին, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով անոր երախէն ճողոպրած, թրքական բռնատիրութենէն ազատելով համայնավար ամբողջատիրութեան ճանկերուն մէջ իյնալու համար:
Ու հոս կապ չունի, թէ 1915-ի զոհերը արեւմտահայ էին (բայց կային նաեւ արեւելահայեր), իսկ 1937-ի զոհերըՙ արեւելահայ (բայց կային նաեւ արեւմտահայեր): Երկու պարագաներուն ալ տուժողը հայ ժողովուրդն էր առանց որեւէ զատորոշումի: Ով որ ուղղակի իր կամ իր պապերուն մորթին վրայ զգացած չէ, իր սրտին վրայ զգացած է, կամ պէտք է զգայ, որպէս հայ ու որպէս մարդ արարած:
Եթէ 1915-ի դեռ լրիւ չգրուած սեւագոյն էջերէն մէկը թրքական պետութեան գործակից հայանուն մատնիչներուն եւ լրտեսներուն պատմութիւնն է, 1937-ի դեռ լիովին չարձանագրուած նոյնքան սեւ էջ մըն է վարչակարգին հետ գործակցած, ամենատարբեր հանգամանքներով (լրտեսէն մինչեւ մատնիչը, «դատաւոր»էն մինչեւ դահիճը) դեր ունեցած հայանուն մարդոց պատմութիւնը:
Մինչ 1915-ի էջը այս կամ այն ձեւով պատմութեան գիրկը անցաւ (որոշ մարդիկ անյայտացան, իսկ ուրիշներ պատմութեան գիրքերուն մէջ արձանագրուեցանՙ իրենց արդար ահաբեկումին բերումով), թէեւ արժանի է իր յայտնի ու անյայտ ծալքերով պատմուելուՙ խորագոյնս թաղուելէ առաջ, 1937-ի սեւ էջին այդ դրուագը տակաւին կոտտացող վէրք մըն է, որուն դերակատարներուն շարքին էին (ո՜վ պատմութեան հեգնանք) նաեւ... Աղէտէն ազատածներ:
1915-ի մատնութեան ծնունդ տուող օսմանեան վարչակարգը անհետացաւ ու միայն հայու բեկորներ մնացին անոր իրաւայաջորդ թրքական հանրապետութեան բռնի լռութեան դատակնիքին տակ: Անցեալը վերաշարադրուեցաւ ու մոռացութեան մատնուեցաւ, թերթի հաւաքածոներն ու արխիւները բծախնդիր մաղումի կամ փճացումի արժանացան, եւ միայն այդ սահմաններէն դուրս հրատարակուած կամ անոնցմէ դուրս մնացած գիրքեր ու թերթեր ցարդ վկայութիւններ կը պահպանեն:
Բայց 1937-ի ահաւոր դէպքերը իրագործող վարչակարգը այնուհետեւ աւելի քան կէս դար գոյատեւեց: Անցեալը շարադրուեցաւ ու վերաշարադրուեցաւ, իսկ ահաբեկումի ենթարկուած ժողովուրդը միայն կարողացաւ իրեն ընձեռուած նեղ «պատուհաններ»ը թիզ առ թիզ բանալՙ անսահման ուշադրութեամբ, փորձելով քիչ մը աւելի լոյս սփռել այդ անցեալին վրայ:
Նման պարագաներու, յաճախ կը պատահի, որ գրաւոր թէ բանաւոր վկայութիւններու ճամբով աւելի բան լսուի կամ տարաձայնուի տուեալ երկրի սահմաններէն դուրս: 1937-ի Մեծ Սարսափին ընթացքին կամ անկէ ետք վիճակը տարբեր չեղաւ: Այդ տարիներուն էր, որ Չօպանեանը «Յուդա Նայիրիները» (իմա՛ՙ Նայիրի Զարեանը) կÿամբաստանէր որպէս խորհրդահայ մտաւորականութեան ջարդի մեղսակիցներ:
Սակայն, բնական է, որ հիմնական հրապարակումները, հիմնական բացայայտումները վերջին քսանամեակին տեղի ունենային Հայրենիքի մէջ, ու այդ ընթացքն ալ շարունակուի յետագային:
Նոյնքան բնական է, որ տակաւին շատ ուժեղ ընդդիմութիւն մը ըլլայՙ հրապարակումներուն ու բացայայտումներուն մինչեւ վերջը հասնելու: Ի վերջոյ, միայն 1937-ը խնդրոյ առարկայ չէ, այլ ամբողջ վարչակարգը եւ բազմաթիւ անձերու դերակատարութեան չափն ու պայմանները: Տուժածներուն եւ իրենց ընտանիքներուն կողքին, տուժեցնողներուն հարազատներն ու բարեկամները կան, եւայլն, եւայլն: Ներկայ է նաեւ «ժամանակն էր մեղաւոր»ի հոգեբանութիւնը, որ տարբեր ընկերութիւններու տարբեր աղէտալի պահերու փորձած է հակադարձել յետին ճշմարտութեան որոնումին: Ընդունինք, որ վերջինս, եթէ զգուշութեամբ յառաջ չտարուի, մերթ վհուկներու որսի վերածուելու եւ նոյնիսկ հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու կամայ թէ ակամայ դերին կրնայ ծառայել:
Քալիֆորնիաբնակ գրագէտ Ստեփան Ալաջաջեանը այդ հոգեբանութեան մէկ օրինակը մէջբերած էՙ ներկայիս մաս առ մաս լոյս տեսնող ու խորհրդային տարիներուն նուիրուած «Յորձանուտը» յուշագրութեան մէջ: Հոն կը վկայակոչէ 1968-ին Մոսկուայի մէջ հանդիպած ու 1930-ականներուն «վերեւներից» հրամանները գործադրող հայաստանեան ջարդարար «տրոյկա»յին (եռեակ) անդամներէն մէկը: Լսելէ ետք անմեղ «ժողովրդի թշնամի»ի մը ոչնչացման մասնակցութեան մանրամասնութիւնները, Ալաջաջեան կÿընդմիջէ.¬
«Մի՛ շարունակիր,¬ խնդրեցի,¬ մարմինս փշաքաղուեց... Քստմնեցուցիչ պատմութիւն է, ստորագո՛յն, մորթապաշտի պատմութիւն...
Հո՛ նրա փոխարէն մենք չէինք կորչելու: Արդէն Սերյոժին [sic] տարան, գնդակահարեցին, դէ Ալեքն էլ մեռաւ... Միակ վկան էր, ու մեռաւ...
Գնա՛ ի սէր Աստծու... գնա՛, խոստովանահայր գտի՛ր...
Նրա փոխարէն ե՛ս էի խեղճանում: Անմեղ մարդ էր կորել, իսկ մեղաւորը դեռ շնչում էր, խրտուիլակ էր մնացել ու շնչում էր, թոյն էր շնչում...
Բայց ես թշնամանք չունեմ հրամայողների նկատմամբ: Ժամանակն էր մեղաւորը, ու մեղաւորը մեր այս քաղաքում էր [sic], այստեղ, իրավիճակը եւ ժամանակը այս քաղաքի ձեռքում էր, ժամանակները չեն պատժւում... Ժամանակի պատիժը նրա վատ յիշուելն է, վատ ժամանակներ էին, հաւատացէ՛ք...
Ես գունաթափ հասայ հիւրանոց»:
Եւ սակայն, ժամանակին մեղքը կարելի չէ պարտկելՙ մեղաւորները մոռացութեան գիրկը նետելով: Մանաւանդՙ առօք¬փառօք խախուտ պատուանդաններու վրայ բազմածները անոնց վրայ ձգելով:
Պարզ է, որ այդ գործը չի յաջողիր մեղաւորները լուտանքներու տեղատարափի մը տակ թաղելով: Մարդիկ սովոր են աչք ու ականջ գոցել, երբ նման «անձրեւներ» կը տեղան, որովհետեւ... հայհոյանքը փաստի սով կրնայ նշանակել: Եւ նոյնիսկ եթէ ան արդարացի ըլլայ եւ հիմնաւորուածՙ հազար ու մէկ անհերքելի փաստերով, նախընտրելի է անկէ զերծ մնալՙ հայհոյուողին ստորնութեան աստիճանին չիջնելու համար, ու փաստերը կուտակել որպէսզի հանրային կարծիքը իր վճիռը արձակէ:
Փաստերու կուտակումի այդպիսի գործի մը ձեռնարկած է, օրինակ, 1937-ի զոհերէն մէկունՙ Գուրգէն Մահարիի որդին, բանասէր Գրիգոր Աճեմեանը, որ իր հօր գրական անտիպ ժառանգութիւնը ընթերցողին հասցնելու համբերատար ու մենակեաց գործին զուգահեռ, այդ ժառանգութեան բաժին եղող նամակներու եւ փաստաթուղթերու, ինչպէս եւ այլ աղբիւրներու օժանդակութեամբ վերջերս փաստալից յօդուածով մը արձագանգած էր Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի մէկ հրապարակումին «Գրական թերթ»ի մէջ, որ փորձած էր քննադատել 1937-ի սեւ գործակիցներուն «աղտոտ լաթերուն» լուացումը: Վերնագիրըՙ «Մակբէթը չի լուանում իր ձեռքերը», բաւական բան պէտք է յուշէ շէյքսփիրեան այդ հակահերոսին նոյնիսկ հարեւանցի կերպով ծանօթներուն:
Այդ յօդուածէն կÿուզենք քաղել միտք մը, որ յատկապէս վրդովեցուցիչ է, բայց մաս կը կազմէ խորհրդահայ ժառանգութեան անաւարտ հաշուեյարդարին, որ դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակուի, որքան ատեն որ բարոյական արդարութեան լուծում մը չգտնուիՙ սուգը վերջացնելու եւ, այսպէսով, թէ՛ անմեղ մեռելներուն վերջնական հանգիստ տալու եւ թէ ողջ ժառանգներուն անդորր պարգեւելու: Վերջին հաշուովՙ նաեւ աւելի առողջ նախադրեալներու վրայ վերադասաւորելու ընկերութեան հիմքերը:
Գրիգոր Աճեմեան վերստին յիշեցուցած է, որ 1937-ի ոճիրներուն գործադիր մարմիններուն ու անձերուն կողքին, նաեւ եղան անձեր, որոնք բարոյական ահաբեկիչներու դերը ստանձնեցին ու, այսուհանդերձ, «ժամանակն էր մեղաւոր»ի նոյն սկզբունքով եւ խորհրդային հասարակութեան կիսկատար «ձիւնհալ»ին շնորհիւ, իրենք զիրենք կրցան ազատել վերջնական դատաստանէ, նոյնիսկ եթէ դրական դերակատարութիւն մը ունեցան իրենց կեանքին վերջին տարիներուն: Մնացին, պիտի աւելցնէինք, կասկածելիներու ցանկին վրայ: Ամենէն կարկառուն դէմքերն էին Նայիրի Զարեանն ու Հրաչեայ Քոչարը.¬
«Շատերի համար դա եղել է մի փորձութիւն, որով պէտք էր անցնել ստիպողաբար, ուզած թէ չուզած, իսկ ահա Ն. Զարեանի, Հ. Քոչարի եւ մի երկուսի համար հասարակական այդ պահանջը հնչել է որպէս մարտահրաւէր, որին ունկնդիրՙ նրանք գնացել են ամենաստոր քայլերիՙ զոհերին վերջնականապէս ոչնչացնելու, ճշմարիտ գրականութիւնը կեանքից դուրս յայտարարելու համար: Իրար հետ մրցակցելով, գրել են անթոյլատրելի յօդուածներ եւ ունեցել ելոյթներ, վստահ, որ պատասխան չի լինի, քանի որ հակառակ կողմը չի ունեցել այդ հնարաւորութիւնը: Դա քաղաքական հաշուեյարդար էրՙ յանուն շահախնդիր նպատակների եւ գրական աշխարհում բարձր դիրքերի»:
Կÿարժէ յիշել նաեւ, որ Սփիւռքէն ձայն մըՙ Պօղոս Սնապեանը, ստալինեան զոհերուն բազմիցս անդրադառնալէ ետք խորհրդային ժամանակաշրջանին, 1996-ին «Բագին»ի մէջ գրած իր մէկ նշմարը կÿեզրափակէր հետեւեալ տողերով.¬
«Ինքն էր, հոս բոլորովին անծանօթ, հոնՙ վերապահութեամբ յիշատակուող Հրաչեայ Քոչարը, որ Նայիրի Զարեանի, Արտաշէս Ոսկերիչեանի եւ աղաւաղուած մէկ¬երկու ուրիշ խառնուածքներու հետ հայ գրականութեան դահիճներուն եռանդը հրահրող սանձազերծ գործօններէն մէկը եղաւ ամբողջ քսանամեակ մը, 1936-էն մինչեւ 1956»:
«Ժամանակն էր մեղաւոր»ի դիրքերէն մեկնող, այժմ հանգուցեալ Սիլվա Կապուտիկեանը, տարբեր կարծիք մը արտայայտած էր իր կեանքին վերջալոյսին.¬
«Ընդունուած է ասելՙ փաստերը անողոք են... Սակայն փաստերը անողոք են նաեւ այն պատճառով, որ երբեմն ծածկում են խորքային ճշմարտութիւնը: Իսկ ճշմարտութիւնը հետեւեալն է: Պահը եղել է ուղղակի ճգնաժամային: Գրողների միութեան այդ օրերի ղեկավարները Զարեանին, Քոչարին, նրանց ընկերներին հեռացրել էին կուսակցութիւնից, սպասւում էր մօտալուտ բանտարկութիւն: Միակ ելքն էրՙ հեռագրել Մոսկուա եւ իրենց նացիոնալիզմի մէջ մեղադրողներին մեղադրել նոյն այդ նացիոնալիզմի եւ ժողովրդի թշնամիներին հովանաւորելու մէջ... Միակ ելքըՙ զրպարտել զրպարտիչներին: Դաժա՜ն, ահաւո՜ր ժամանակներ...»:
Իր յուշագրութեան մէջ, Ս. Կապուտիկեան խոստովանած է, որ ինք 1933-1938-ի դէպքերուն մասին միայն մամուլէն ու մարդոց պատմածներէն գիտէ: Այդպէս ըլլալով հանդերձ, «ճշմարտութիւնը» շարադրելու իր փորձը բաւականին մակերեսային է: Այո, յայտնի է, որ Ն. Զարեանի «մաքրագործուելու» կարգը եկած էր: Բայց ատիկա.... 1938ին էր, երբ Չարենցն ու միւսները այլեւս բանտը մեռած, գնդակահարուած կամ Սիպերիոյ ճամբան բռնած էին: Իսկ մամուլի ու արխիւներու ցարդ հրատարակուած վկայութիւնները բաւականաչափ կÿերեւին առնուազն այդ ժամանակներուն գաղափարական ահաբեկչութեան մեղսակիցներ նկատելու համար Զարեանն ու Քոչարը:
Ս. Կապուտիկեան անդրադարձած է այն իրողութեան, որ Գրողներու Միութեան մուտքին, պատերու վրայ փակցուած լուսանկարներու շարքէն կը պակսին Ն. Զարեանն ու Քոչարը: Առաջինին «շուրջը չարամտօրէն խտացրած սեւը», կը գրէ ան, «իր ծիրի մէջ առաւ Ն. Զարեանի այդ տարիների մտերիմ ընկերոջըՙ Հրաչեայ Քոչարին»: Բայց մեզի կը թուի թէ սեւը «զրպարտութիւն» չէր, հակառակ բանաստեղծուհիին պնդումներուն:
Պատմութեան ուրիշ հեգնանքով, այս երկու դէմքերուն անունով կը կոչուին այսօր զիրար շարունակող երեւանեան երկու փողոցներ: Գետնուղիի (մեթրոյի) վերջին կայարանիՙ «Բարեկամութիւն»էն սկսող Հրաչեայ Քոչար փողոցը, որուն սկզբնական բաժնին մէջ կը գտնուի ոչ այլ ինչ (երրորդ հեգնանք), քան Հայաստանի պատմութեան արխիւներուն գլխաւոր շէնքը, կը շարունակուի Նայիրի Զարեան փողոցով: Եղիշէ Չարենցը, Ակսել Բակունցը, Գուրգէն Մահարին, Վահան Թոթովենցը կամ Զապէլ Եսայեանը նոյնպէս զիրենք յիշող փողոցներ ունին, որոնցմէ միայն առաջինըՙ քաղաքին կեդրոնը: Ամէն պարագայի, չհարցնենք թէ ամէն մէկուն անունը կրող փողոցը ո՞ւր կը գտնուիՙ քաղաքի աչքառու տեղ մը կամ կորսուած թաղամասի մը ծայրը:
Իր յօդուածը կանխող աւելի կարճ գրութեան մը մէջ («Ամբողջ ձայնով...»), Գ. Աճեմեան հարց կու տար.¬
«Որքանո՞վ բարոյական է միեւնոյն քաղաքում ունենալ զոհերի եւ դահիճների անուններով փողոցներ...»:
Որքանո՞վ: Ճիշդ չափը կարելի չէ որոշել: Բայց եթէ ստալինեան բռնարարքներուն «արժանացած» Երուանդ Քոչարը փողոց մը չունենար իր կառուցած Վարդան Մամիկոնեանի արձանին կողմերը, պիտի առաջարկէինք, որ այդ նոյն օրերուն պատեհապաշտ հաւատաքննիչի դժխեմ ճակատագրով միացած ու ապա փողոցով անմահացած Ն. Զարեան¬Հ. Քոչար զոյգը իր տեղը զիջէր Կոստան Զարեանին ու Երուանդ Քոչարին:
(Այսքանըՙ յուշելու համար, որ Երեւանի մէջ թաղուած Կ. Զարեանը իր մահէն 25 տարի ետք դպրոցի մը անունին արժանացաւ, բայց ո՛չՙ փողոցի մը):
Կÿարժէ հարցնել նաեւ, թէ որքանո՞վ բարոյական է, որ 16 տարիներէ ի վեր անկախ Հայաստանի մէջ, ուր Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած արձան մը անգամ կանգնեցաւ (Գիւմրի), իսկ այս տարի Ուիլիըմ Սարոյեանի նուիրուած արձան մը պիտի կանգնի, տակաւին 1937ի զոհերուն նուիրուած յուշաքար մը իսկ կառուցուած չըլլայ իրենց կառափնարանը հանդիսացած մայրաքաղաքին մէջ:
Հարցումը բաց է հայրենի ներկայ ու գալիք սերունդներուն համար.¬
Ո՞վ տէր պիտի կանգնի 1937-ին...:
Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ