ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#6, 2008-03-22 | #7, 2008-04-12 | #8, 2008-04-26


ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՐՁԱՆԱԳՈՐԾ ԶԱՎԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Ծնվել է 1932-ին ԲԵյրութում, նախնական կրթությունը ստացել է Ազգային Սահակյան բարձրագույն վարժարանում, սովորել Արվեստի ակադեմիայում, 1952-ին տեղափոխվել է Փարիզ, ուսանել նշանավոր արձանագործ պրոֆեսորների մոտ: Ունեցել է խմբակային եւ անհատական բազմաթիվ ցուցահանդեսներ մի շարք քաղաքներում, արժանացել հեղինակավոր մրցանակների: Նշանավոր կոթողներ («Սուրբ Շարպել», «Գարեգին Նժդեհ», «Սիմոն Վրացյան», «Ջբրան Խալիլ Ջբրան»...) ունի տեղադրված Բեյրութում, Բոստոնում, Հալեպում եւ այլ քաղաքներում:


Առաջին անգամ Զաւէն Խտըշեանը տեսած եմ 1952 թուականին, Աքատեմի Լիպանէզ Բէ Բօզ՛արի մէջ : Նոր արձանագրուած էի այդ օր եւ քարտուղարի բացատրութեան համաձայն, կ՛երթայի առաջին յարկի մերկի արուեստանոցըՙ նկարելու: Միջանցքը բաւական երկար էր ու աջիս կային սենեակներՙ ոմանց դուռը բաց, ուրիշներունըՙ գոց: Կը յառաջանայի դանդաղօրէն, երբ յանկարծ նշմարեցի Զաւէն Խտըշեանը սենեակի մը մէջ, կռնակը դարձուցած դրան, կ՛աշխատէր կիսանդրիի մը վրայ: Իր մասին լսեր էի ու տեսած իր նկարը թերթի մը մէջ: Տեսած էի նաեւ իր քանի մը քանդակները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գարնանային սալոնին մէջ: Այդ շրջանին Զաւէն միակ արձանագործն էր հայերու մէջ: Կեցայ պահ մը ու հիացական դիտեցի իր աշխատանքի եղանակը: Հազիւ քսան տարեկան ըլլալու էր, երկար մազերը ետեւ սանտրած արտիստի տեսքով, վերացած կ՛աշխատէր լռութեան մէջ:

Մենք կ՛աշխատէինք Ֆեռնանդօ Մանեթթիի հետ, նկարչութեան արուեստանոցը, Զաւէն կ՛աշխատէր արձանագործութեան բաժինին մէջ, ուր յաջորդ տարի սկսաւ աշխատիլ նաեւ Եւգինէ Եփրեմեանը:

***

Երկրորդ հանդիպումս Զաւէնին հետ տեղի ունեցաւ 1956-ի փետրուար ամսուն, Փարիզ Սիթէի հիւանդանոցին մէջ, երբ այցելութեան եկած էր քովս, նկարիչ Տիգրան Տատրեանին հետ: Ծանօթացանք իրարու եւ դարձանք մտերիմ բարեկամներ:

Հիւանդանոցէն ելլելէ ետք սկսայ յաճախել Բօզա՛ր: Ամէն կէսօր կը ճաշէի համալսարանին ճաշարանը. օր մը հանդիպեցայ Զաւէնին, ճաշ առնելու համար շարք կազմած ուսանողներու խումբին մէջ: Միասին ճաշելէ ետք գացինք սրճարան Բոնապարտ, ուր հաւաքուած էին Բօզ՛արի հայ տղաքը. Տիգրան, Արամ Շալեան, Տրդատ եւ Արթօ: Տատրեան կը պատմէր իր նոր արկածախնդրութիւնը Ֆրանսուազին հետ...

Բաւական ետք Զաւէնն ու ես ոտքի ելանք մեկնելու, եսՙ դէպի Սիթէ, Զաւէնՙ դէպի Բօզա՛ր: Ժամադրուեցանք յաջորդ օրուան համար, որ շաբաթ էր:

Զաւէն կը բնակէր պանթէոնին ետեւըՙ Օթէլ Լոմոնի մէջ, Լոմոն փողոցի վրայ: Ժամը 3:00-ին հասայ իր մօտ. սենեակի պատերուն կային քանի մը գծագրութիւններ իրմէ եւ Միքելանջելոյի այն ճեպանկարը, որ կը ներկայացնէ «Վերջին դատաստան»-ին Աստուծոյ ձեռքը, Վատիկանի մէջ: Կային բազմաթիւ գիրքեր իր գրադարանի դարակներուն վրայՙ Մայոլի, Ռոդէնի եւ եգիպտական արուեստի մասին: Ուշադրութիւնս գրաւեց նաեւ Պետրոս Դուրեանին մէկ գրքոյկըՙ տպուած Վենետիկի մէջ, որուն նմանը ունէի Բէյրութ:

Մեր խօսակցութիւնը եղաւ ընթացիկ նիւթերու, արուեստի ու բանաստեղծութեան մասին, ապա Զաւէն ըսաւ. «Հիմա պիտի լսենք դասական երաժշտութիւն, ամէնէն վերջն ալ պիտի լսես կտոր մը, որ վստահ եմ, քեզի անծանօթ է»:

Զաւէն ունէր ընտրուած դասական ձայնապնակներ: Լսեցինք Վիվալտիի «Չորս եղանակներ»-ը, Բախի Պրանպուրժուայէն մասեր ու հասանք Բեթհովէնի 5-րդ եւ 9-րդ համանուագներուն:

«Հիմա պիտի լսենք գլուխ գործոցը», ըսաւ Զաւէն, եւ միացուց ձայնապնակը, որ Ալբինոնիի «Ադաջիօ»-ն էր, մշակուած ժամանակակից իտալացի երաժիշտի մը կողմէ:

Իրաւ որ «Ադաջիօ»-ն առաջին անգամ ըլլալով կը լսէի: Աստուածային այդ կտորը յիշեցուց ինծի Յիսուսի Գողգոթայ բարձրանալը խաչը ուսին, իյնալով ու ելլելով...: Անկէ ի վեր ամէն անգամ որ կը լսեմ այդ կտորը, կը յիշեմ Զաւէնն ու փարիզեան մեր օրերը...

***

Փարիզի մեր հանդիպումներուն ընթացքին, օր մը Զաւէն արտայայտեց իր երազը. «Կ՛ուզեմ մեծ չափի Արամազդ մը քանդակել Երեւանի գլխաւոր հրապարակին վրայ: Երկրորդ մը կերտելՙ նուիրուած Անահիտին, ապա հայկական պանթէոնի մնացեալ աստուածներուն արձանները: Բայց, առաջին հերթինՙ Արամազդն ու Անահիտը...»:

Փարիզէն վերադարձին, արդէն կազմաւորուած արձանագործ, զինուած Եվրոպայի ազատ մտածողութեամբ, Զաւէն դասախօսութիւն մը տուաւ Համազգայինի սրահին մէջ խորհրդահայ արուեստի մասին: Գլխաւոր միտքը այն էր, թէ առանց կատարեալ ազատութեանՙ կարելի չէ արուեստի գործ ստեղծել. պարտադրուած, կաշկանդուած գործերը չէին դիմանար ժամանակի քննութեան:

Խորհրդային Հայաստանի համակիրները հաշտ աչքով չէին ընդունած Զաւէնին համարձակ կարծիքները: Խորքին մէջ Զաւէն նպատակ չունէր հարուած հասցնել հայրենի արուեստագէտներուն, ընդհակառակն, կ՛ուզէր օգնել անոնց: Կը կարծէր, թէ իր դասախօսութիւնը կրնար բան մը փոխել Խորհրդային Հայաստանի մէջ, սակայն արդիւնքը եղաւ բոլորովին հակառակը: Ձախակողմեան զանգուածը քաղաքական հակադրութեան վերագրեց Զաւէնին միտքերը: Արդէն դասախօսութեան վայրը եւ շրջանակը բաւ էին, որ իր անունը անբաղձալի նկատուէր:

Անտեղեակ այս բոլորէն, 70-ական թուականներուն, երբ առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի, հարցազրոյց մը ունեցայ Երեւանի ռադիոյէն լիբանանահայ արուեստագէտներու մասին, ուր յիշած էի, այլոց կարգին, Զաւէնին անունը: Զարմանքով նկատեցի, որ իր անունը ջնջած էին...: Այլ առիթներով ալ նոյնը պատահեցաւ...: Յետագային պիտի իմանայի միայն իր դասախօսութեան մասին...:

***

Ընկերական շրջանակի մէջ Զաւէն հրաշալի պատմող մըն էՙ Փօլի, Թորոսի, Նորիկեանի եւ իմ մասիս: Երբեմն ժամերով զինք մտիկ ըրած ենք տոքթ.Պալթայեանենց տունը...: Զաւէն նոյնքան օժտուած է պատմելու շնորհքով, որքանՙ արձանագործի տաղանդով:

1967-ին Զաւէն ստացաւ կարեւոր պատուէր մը. քանդակել Աննայայի սուրբինՙ հայր Շարպէլի մեծադիր արձանը, որ պիտի դրուէր վանքի մուտքին: Աննայայի եւ Քասլիքի միաբանները երկար փնտռտուքներէ ետք եւ վստահ ըլլալով, որ Զաւէն լաւագոյն արձանագործն էր Լիբանանի մէջ ապրող, որոշած էին իրեն յանձնել այդ պատասխանատու պատուէրը: Անոնք տեսած էին Զաւէնին ստեղծագործութիւնները, սկսած Բիքֆսյայի բարձրունքին Մեծ եղեռնի յուշարձանէն, ճեմարանի ցածրաքանդակներէն, մինչեւ հայ կաթոլիկներու Զմմառի վանքին առջեւ Արծիւեանի կիսանդրին:


Նկար 1. Սուրբ Շարպելի արձանը Աննայայի վանքի մոտ:


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4