ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆՅԱՆ
Հայկական գաղութներուն մէջ պարային գործունէութեամբ մշտապէս զբաղած են: Հիմնականին սիրողական մեծ եւ փոքր պարախումբերու առաքելութիւնը եղած է օտարութեան մէջ ժողովրդական պարերու կատարումը: Օտար ափեր ծնած, յաճախ հայերէնին չտիրապետող պարասէր հայ երիտասարդները ազգային մշակոյթին դիւրութեամբ կը կապուին յատկապէս մարմնի շարժումներու արուեստին միջոցաւ: Սակայն Սփիւռքի հայկական պարախումբերու արուեստին մէջ նկատելի է ոճի եւ լեզուի ընդլայնում: Քսանմէկերորդ դարու սկիզբին ազգային պարախումբ մը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն մէկ ոճով: Աշխարհի մէջ մեծ տարածում գտած այսպէս կոչուած արդի (մոտեռն) պարը իր հմայքին ենթարկել կու տայ աւանդական ուղղութիւն ունեցող խումբերն ալ: Վկայՙ անցեալ տարի Երեւանի մէջ հիւրախաղերով հանդէս եկած Լոս Անճելրսի Ճանպազեան պարի ակադեմիայի ելոյթները, որոնք հայկական եւ պարսկական պարային համարներու կողքին յաջողապէս տեղ տուած էին նաեւ արդիական բեմադրութիւններու:
Հակառակ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ծնունդ առած բազմաթիւ պարախումբերունՙ տակաւին չկայ խումբ մը, որ լրջօրէն զբաղի արդի պալէթով: Այս բացը կը մնայ, մինչդեռ այնպիսի գաղութի մը մէջ, որպիսին Իսթանպուլն է, այդ ուղղութեան քանի մը պարողներ կան: Անցած տարիներուն Գիւմրիի Բիենալէին շնորհիւ առիթ ունեցած ենք դիտելու պոլսահայ երիտասարդ պարող-պարադիրներ Թալին Պույուկքիւրքչեանի, Մարալ Ճերանօղլուի եւ Միհրան Թովմասեանի կատարումները (Միհրանը իր «Բոպիկ» ժամանակակից պարի թատրոնով Երեւանի մէջ ելոյթներ ունեցած է նաեւ անցեալ տարի): Այս արուեստագետներէն բացի այսօր պոլսահայ համայնքին մէջ նոյնիսկ ժամանակակից պալէթի փոքր խումբ մը կը գործէ: Խօսքը անցեալ տարի հիմնուած «Առաջնորդ» հայերէն անունը կրող ստեղծագործական խումբին մասին է, որուն հետ ծանօթանալու առիթ ունեցայ Իսթանպուլ կատարած վերջին այցիս ընթացքին:
Խումբի ղեկավարուհին է Նաթալին Պօզը: Դեռ երեսունը չլրացուցած այս համակրելի, ժպտերես, դիւրաթեք եւ սիրալիր պոլսահայուհին արհեստավարժ պարուհի մըն է: Ծնած է Ստամբուլ, նախնիները եղած են ծագումով սեբաստացիՙ Մորեան մականունով: 1991-1998-ին Նաթալինն ուսումը ստացած է Էսաեան վարժարանին մէջ: 1984-1997-ին յաճախած է «Տիլէք» պալէթի դասընթացներուն, իսկ 1998-2003-ին. ժամանակակից պար ուսանած է Իսթանպուլի Եըլտըզ թեքնիք համալսարանի արուեստի եւ ձեւաւորման (դիզայնի) բաժինը: Հետեւած է նաեւ լատինամերիկեան պարերու: Իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած են քսաներորդ դարու արդի պարողներու տարբեր մեթոտները, մասնաւորապէսՙ նշանաւոր պարադիր Փինա Պաուշի պարախումբի անդամներէ ստացած դասերը: Նաթալին Պօզը կաշխատի ՍՈՍ Միւզիք եւ Ստամբուլի Պարային Թատրոնի համոյթներուն մէջ, նաեւ Սապանճը համալսարանի եօթ հոգինոց «Սուտանս» արդիական պարախումբի ղեկավարն է: Համալսարանի պարի թատրոնի խումբին հետ մասնակցած է պարային փառատօներու Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ (Հոլանտա, ԱՄՆ, Գերմանիա): 2001-2006-ին ան թրքական եւ հայկական շրջանակներուն մէջ իրականացուցած է կարգ մը պարային բեմադրութիւններՙ «Պլիւզ», «Ես երեխայ էի», «Գիրի գիւտ», «Մագնիսականութիւն», «Կռունկներ», «Վկայակոչում», «Մրգատու այգին» եւայլն: Կը զբաղի նաեւ պարի դասաւանդումով. պոլսահայ երեք դպրոցներու մէջ հայկական պարի ուսուցչուհի է, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտութեան եւ աւանդական պարի «Դալար» խումբին մենապարուհի:
Ես Նաթալինին եւ իր խումբին անդամներուն հանդիպեցայ Կիրակի օր մը, Քուրթուլուշ թաղամասի «Թաքսիմ» հայկական սպորտային ակումբին շէնքին մէջ, ուր ան իր պարի փորձերը կընէ «Առաջնորդ» խումբին հետ: Ցաւօք, կարելիութիւն չունեցայ նախորդ օրը Ֆէրիգիւղի Վարդանանց եկեղեցիին մէջ ներկայ ըլլալ Եղիշէ Չարենցին նուիրուած միջոցառումին, ուր արտասանութեան հետ միասին ներկայացուած էին նաեւ Նաթալինին բեմադրած պարերը: Սակայն «Առաջնորդը» սիրով ինծի ցուցադրեց հատուածներ իրենց վերջին արդի պարային ներկայացումէն, որ կը կոչուի «Գոյներու աշխարհը»: Նաթալինէն բացի, խումբին մաս կը կազմեն իր աշակերտները եւ գործընկերներըՙ երեք շատ երիտասարդ պարուհիներ Դալարը, Մարալը եւ Նաթալին, ինչպէս նաեւ խումբի տակաւին միակ այր պարող Տայքը: Բոլորն ալ պզտիկութենէն կը պարեն, իսկ աղջիկներէն մին դասական պալէի կը հետեւի: Ուստի, զարմանալի չէր ներկայացուած դեռ հում, սակայն տպաւորիչ պարային հատուածներուն մէջ տեսնել թեքնիք պատշաճ մակարդակ մը, որուն կը գումարուէին կատարողներուն գեղարուեստական ձիրքերը, շարժումներու գեղեցկութիւնը եւ այն ճաշակն ու չափի զգացումը, որ Նաթալին Պօզ կրցած է ներդնել իր բեմադրութեան մէջ: Լսելով օգտագործուած դուդուկի երաժշտութիւնը, անգամ մը եւս գոհունակութեամբ համոզուեցայ, որ հայկական մեղեդիները միանգամայն յարմար են արդիական պարերու բեմայարդարումի համար:
«Կը սիրեմ աշխատել պարի թատրոնին մէջ, կըսէ Նաթալինը, կը կարծեմ, ան աւելի մօտ է հասարակութեանը եւ տարօրինակ է, որ դուն կրնաս թատրոն ներկայացնել առանց խօսելու, միայն մարմինի լեզուն գործածելով: Այս պատճառով ալ ես հետաքրքրուած եմ պարի ամէն մէկ ոճով եւ կը սիրեմ ուսումնասիրել նոր շարժումները, զոր ազդուած են այս տարբեր ոճերէ»:
Նաթալին կը բացատրէ, որ ամբողջ ներկայացումը կէս ժամ տեւողութեամբ ըլլալու է եւ լոյսերու ու հագուստներու ձեւաւորումով պիտի պատկերէ օսմանեան նկարչութեան մէջ տարածուած էպրուի (թուղթի մարմարապատում) գոյներու ինքնատիպ աշխարհը: Լաւ չեմ ըմբռներ, թէ ինչ եղանակով էպրուի ձգած տպաւորութիւնը կրնայ ներկայացուիլ պարադրուած պատկերներու միջոցաւ: Ափսոս, որ ներկայացման առաջնախաղը նախատեսուած է Մայիսի վերջին...
Ոչինչ, միգուցէ Հայաստանո՞ւմ կը տեսնեմ, կը հարցնեմ:
«Առաջն Աստուած, կը ժպտի Նաթալինը: Ես 2003 եւ 2006 թուականներուն այցելած եմ Հայաստան, Կարմիր Խաչի պզտիկներուն մոդեռն պարի դասեր տուած եմ: Ինձմէ բացի, մեր տղոցմէ միայն մէկը Հայրենիք այցելած է, միւսներն ալ շատ կը փափաքինք Հայաստան երթալ եւ ելոյթներ ունենալ»:
«Առաջնորդի» անդամները նոյնպէս կը ժպտին: Անոնց բնորոշող կարեւոր բան մը եւս. բոլորը հայախօս են, ինչ որ, դժբախտաբար, շատ բնորոշ չէ պոլսահայ երիտասարդ սերունդներուն:
Կը բաժնուիմ «Առաջնորդի» համակրելի անդամներէն, յոյսս չկորսնցնելով, թէ մօտ ապագային Հայաստանի մէջ առիթը պիտի ունենանք ողջունելու եւ վայելելու զիրենք: Ես կը հաւատամ Նաթալին Պօզի գործին: Ան օտարազգի պարային թեքնիքները պատճէնող արուեստագէտ մը չէ: Ան ունի իր հաստատուն հիմքըՙ իր ազգային, հայկական մշակոյթը, որմէ ալ քայլ մը կատարած է դէպի արդի պարի աշխարհը: