«Նամակներ Պէյրութէն»- Հեղինակ` Արմէն Յարութիւնեան
Գիրքի խմբագրող` Երուանդ Հ. Քասունի
ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ
Կակնկալուէր, որ Արմէն Յարութիւնեան լոյս ընծայէր նամակներու իր հաւաքածոն, որովհետեւ անոնց թիւը հասեր էր 278 կամ աւելիի եւ ժամանակն էր զանոնք օրաթերթերու կամ շաբաթաթերթերու էջերուն մէջ կորուստէ փրկելու մասին մտածելու: Եվ ճիշդ է ըրեր Յարութիւնեանը` գործը վստահելով Երուանդ Հ. Քասունիի նման ճաշակաւոր եւ փորձառու խմբագրի մը:
Կ՛ակնարկեմ նախկին հալէպահայ, այժմ` պէյրութաբնակ առեւտրական, հասարակական կեանքի մէջ շնորհակալ վաստակ մը կուտակած, գրող, ինչպէս ինքզինք կը սիրէ կոչել` նամակագիր, պէյրութեան բազմաթիւ թերթերու մէջ երեւցող Արմէն Յարութիւնեանի 2008-ին հրատարակած «Նամակներ Պէյրութէն» հատորին: Թիւով հարիւր նամակներ են:
Յափշտակութեամբ եւ առանց դադարի ընթերցուելիք նամակներ են անոնք, որոնք անձի մը կամ անձերու չեն ուղղուած, այլ` ընթերցողներուն ու անոնց միջոցով` հասարակական կեանքին առնչուող ղեկավարներուն` ըլլան անոնք աշխարհական թէ կրօնական, ըլլան անոնք կրթական, բարեգործական, միութենական կամ կուսակցական, ընտրեալ կամ ինքնակոչ հսկիչները` յատկապէս Պէյրութի հայ համայնքէն ներս:
Հարիւր նամակները սկսած են գրուիլ 1996-ին, իսկ նամակագիր կոչումը պատահական է: Պիտի կարդանք թիւ 4 նամակը` այդ կոչումին ծնունդին պատմութիւնը:
Երեւան կը գտնուի Արմէնը. կը հանդիպի Օննիկ Սարգիսեանին, որ իրեն կ՛առաջարկէ երթալ հաւաքի մը: «Հաւանութիւնս անմիջական կ՛ըլլայ, քանի որ պիտի հանդիպէի ինձմէ տարբեր մարդոց խումբի մը - գրողներ, մտաւորականներ: Այսինքն` վաճառականներէ տարբեր մարդիկ, տարբեր աշխարհներ ներկայացնող»:
Սարգիսեան զինք կը ներկայացնէ օրուան նախագահին, որ Ստեփան Կուրտիկեանը կրնար ըլլալ.
«Պարոնը անծանօթ կ՛երեւի, արդեօք գրական ո՞ր սեռը կը մշակէ», կը հարցնէ Կուրտիկեան:
«Ես յանկարծակիի եկած, պահ մը շփոթեցայ, բայց յիշեցի, թէ ես ալ գրած եմ... նամակներ, մեր գործի առնչութեամբ, տասնութ տարեկանէս սկսած, ուրեմն անմիջապէս յարեցի.
- Ես նամակագիր եմ...
- Նամակագի՞ր,- գոչեց մեր բարեկամը, բայց շատ համոզուած չէր երեւեր:
- Եվ ձեր գործերը քանի՞ հատոր են:
- Մօտ 30-40 հատոր մը կ՛ըլլան,- մտաբերելով այդքան մը տարիներու վրայ տարածուող գրած նամակներս:
- Նամակագիր է, է՛...,- եւ որոշ տարակուսանքով մը բաժնուեցանք:
Օննիկ Սագիսեան հազիւ կը զսպէր իր խնդուքը` մատներով ծածկելով բերանը»:
Եվ համոզել փորձելով ինքզինք... կամ մեզ, որ նամակագիր կոչուիլն ալ կարեւոր է, Յարութիւնեան կը յիշեցնէ բոլորիս, որ թագաւորներ եւ կաթողիկոսներ ալ իրարու նամակներ կը գրէին, նոյնիսկ հիմա, կը յարէ գրողը` «մեր զոյգ վեհափառներն ալ նամակներով... կը նամակցին»:
Անմիջական է ան իր նկատողութիւններուն, քննադատութիւններուն եւ բերած օրինակներուն մէջ ալ. արագ, հպանցիկ բայց հատու ոճով մը կը բացուի, կը պարզաբանէ եւ կը զարգացնէ իր միտքերը նամակներուն մէջ:
Յաջողած առեւտրականի արագութեամբ եւ սրամտութեամբ տրուած պատասխանը` Կուրտիկեանին, ճշմարտութիւն մը ունի:
Նամակագի՛ր...
Ըսուեցաւ, թէ 1996 թուականին առաջին նամակները հրատարակուիլ սկսան «Զարթօնքին» մէջ: Առաջին տասնեակ մը եւ աւելի նամակներուն բովանդակութիւնը կը սահմանափակուէր լրատուական կամ թղթակցութեան ծիրին մէջ, շատ կարճ մեկնաբանութեամբ: Մեկնաբանութեան եւ հարցադրումի իր իրաւունքը ընդարձակել սկսաւ Յարութիւնեան, երբ զգաց, որ ընթերցողները զինք փնտռել սկսան: Իր յաճախակի մեղադրանքները` թէ սա կամ նա նամակը անարձագանգ մնացած է եւ կամ` իր մէկ հարցադրումը մամուլի նիւթ չէ դարձած ընթերցողներուն կողմէ, աւելի հետաքրքրական կը դարձնէր զինք եւ իմացական երկխօսութեան վերածուիլ սկսան նամակները:
Թէ ինչո՞ւ «Զարթօնք»ով սկսան հրատարակուիլ նամակները եւ ոչ ուրիշ տեղ: Հալէպի կամ Պէյրութի մէջ Յարութիւնեան կուսակցական չէ եղած: Ծառայած է եկեղեցիին` նոյնիսկ սարկաւագ դառնալէն ետք, տասնամեակներով Բարեգործականի ղեկավար կազմերուն մէջ եղած է` առանց Շրջանակայինի ատենապետ կամ Կեդրոնականի անդամ ըլլալ յաւակնելու, հայրենասիրութիւնը պատանի տարիներուն իսկ արմատներ ունեցած է իր մօտ` մանաւանդ Հայրենական մեծ պատերազմէն ետք, միայն մէկ տեղ ատենապետութիւն վարած է` այն ալ Այնթապի Հայրենակցական միութեան մէջ` Պէյրութ, որովհետեւ այնթապցիներ յաճախ փնտռած են կեանքին գործնականը հետապնդող հայրենակիցներ` որպէս յաջող ղեկավար: Այս բոլոր առաքինութիւնները ունենալով, կ՛ակնկալուէր, որ Արմէն Յարութիւնեան աշխատակցէր «Զարթօնք»ին... մինչեւ այն օրը, երբ իր սուր ու նուրբ քննադատութիւնները կը խնայէր այդ թերթին տէրերուն եւ անոնց բարեկամներուն: Երկա՜ր, շատ երկար մնաց ան «Զարթօնք»ին հետ. իր երկար աշխատակցութիւնը պէտք է բացատրել խմբագիր Պարոյր Աղպաշեանի սրամտութիւնն ու քննադատութիւնը հանդուրժելու կարողութեամբ. բայց երբ թերթի խոհանոցին մէջ կերակուրները այրիլ սկսան, Յարութիւնեանի ախորժակն ալ փոխուեցաւ, հրատարակութեան տեղն ալ:
Հետաքրքրական է, որ Յարութիւնեան Պէյրութի «Արարատ»ին մէջ ալ չդիմացաւ երկար ատեն: Ապա ան շրջանը ըրաւ «Նայիրի»-«Ծաղիկ»-«Արարատ» թերթերու եռանկիւնին: Վերջերս ան նոյնիկս հիւրընկալուեցաւ դաշնակցական «Ազդակ»էն, ան ալ քանի մը թիւով միայն:
Ինչո՞ւ յարաշարժ այս պտոյտները թերթէ թերթ: Պէտք է գիտնալ, որ Արմէն Յարութիւնեան հանդարտաբարոյ, սրամիտ, կատակասէր, բանականութեան տէր, հանդուրժող, իր ընդդիմախօսին հանդէպ յարգալից անձ մըն է: Հաճելի եւ ուսանելի փորձառութիւնը ունեցեր եմ ես հրատարակելու Յարութիւնեանին նամակները` թիւ 80-85-էն ետք մինչեւ թերեւս թիւ 200-ը, երբ «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը կը վարէի 2000-էն 2005-ի վերջերը: Աւելին, իր բազմաթիւ այցելութիւնները ինծի` որպէս խմբագիր, գտած եմ շատ շահեկան եւ հաճելի: Փնտռուող խօսակից մը եւ աշխատակից մըն է միշտ: Երբեմն առարկելի գտնելով հանդերձ հասարակական իր կարգ մը հայեացքները, երբեք չեմ փորձուած չհրատարակել զինք: Իր առողջ, կրթուած եւ հաւասարակշիռ նկատողութիւնները գտած եմ ուսանելի եւ օգտակար` մանաւանդ հայատառ մեր մամուլին համար, որ բնատուր պահպանողականութեամբ կ՛առաջնորդուի տակաւին:
Եւ հիմա, որ առաջին հարիւր նամակները հատորի մը կողքերուն մէջ մէկտեղուած կը կարդամ, կ՛անդրադառնամ որ պէյրութեան խմբագիրները չէին կրնար հիւրընկալել զինք երկար ատեն, պարզապէս որովհետեւ իր սրամտութիւնը, աւելին` երգիծանքը, պահելով հանդերձ զուարթ ընթերցումի երեւոյթը` սուր քննադատութիւններով հարուստ էր եւ ծանր եղած էին հաճելի կերպով ըսուած նկատողութիւնները անոնց համար` որոնք անսխալականի հանդերձանքով հրապարակի վրայ կը մնային: Եւ պէտք է գիտնալ, որ պէյրութեան հայ հասարակութեան ընտրեալ կամ ինքնակոչ հսկիչներուն մէկ կարեւոր մասը չէր կրնար հանդուրժել այն երգիծանքին, որ Յարութիւնեանի նամակներուն հիմնական ատաղձն էր, գոյութեան իմաստն ու յաջողութեան բանալին: Ինչպէս հաճելի սովորութիւնը եղած է սահմանափակ հայեացքով մարդոց, անոնք միշտ մերժած են կառուցողական քննադատութիւնը երգիծագիրին` ան ալ յաջող երգիծագիրին, որ այսօր կը ներկայանայ մեզի Արմէն Յարութիւնեանով:
Յարութիւնեանի թափառումներուն բացատրութիւնը կը գտնեմ, ուրեմն, ապրուող եւ գոյատեւող այն անհանդուրժողութեան մէջ, զոր պէյրութեան կամ սփռիւքահայ թերթերու տէրերը կը պահեն որպէս վահան, իրենց անհպելիութիւնը պաշտպանելու համար:
Անոր սլաքները յաճախ ուղղուած են Լիբանանի հայ վարժարաններու պատասխանատուներուն, անուղղակիօրէն` Ազգային առաջնորդարանին, կղերական դասուն, հասարակական կեանքէն ներս պաշտօն ստանձնած անհատներուն, կուսակցութիւններուն, հասարակութեան մէջ նշմարուող շփացածութեան, հայ դպրոցին իր աշակերտներէն պարպուելու ողբերգական երեւոյթին, հայ գիրքի հանդէպ տարածուած անտարբերութեան, ուսուցիչներու լքեալ վիճակին, վերջապէս` հասարակութեան գրեթէ բոլոր թերութիւններուն ու բացթողումներուն` որոնք, ըստ իրեն, սրբագրելի են` բայց լքուած են իրենց ճակատագրին: Արմէն Յարութիւնեանի գործը ընթերցելու պահուն չես կրնար չյիշել Լեռ Կամսարը` մանաւանդ անոր նախայեղափոխական ֆելիետոններու լուրջ երգիծանքը: Անոր նման եւ թերեւս անգիտակ անկէ, Յարութիւնեան կերպարներ չէ ստեղծած` հասարակութեան մեղքերը բարդելով անոր վրայ եւ ծիծաղի առարկայ դարձնելով զայն: Անոր երգիծանքը չէ ուղղուած անհատներու, այլ` հասարակութեան թափթփածութեան պատասխանատուներուն: Երգիծանքը ծրագրուած չէ իր մօտ, այլ բնական սահանքով մը կը մտնէ ընթերցողին տրամադրութեան մէջ եւ յարուցած հարցերուն ընդմէջէն բացայայտ կ՛երեւի Յարութիւնեանի սրտակցութիւնն ու կարեկցանքը հայ դպրոցին, հայ ուսուցչին, հայ եկեղեցիին, հասարակական կարգ ու սարքին հանդէպ: Անոր մատը վէրքին կամ վէրքերուն վրայ դրուած` սրբագրութիւն կը պահանջէ:
Երկար ատենէ ի վեր նման գիրքի մը երեւումը զգալի դարձեր էր կարծէք: Նրբանկատ քննադատութեամբ կառուցուած, սրամիտ պատումներով ընթացող, Հալէպի կարօտալի կեանքին վերյուշներով համեմուած նամակներ են «Նամակներ Պէյրութէն» գործը, որուն խմբագիրին` Երուանդ Հ. Քասունիին ալ կ՛երթայ յաջողութեան արդար բաժին մը, մանաւանդ լեզուի մաքրութիւնը եւ մատուցումի ձեւը նկատի երբ ունենանք:
Անհրաժեշտ է, որ Արմէն Յարութիւնեան չսահմանափակուի առաջին հարիւրեակով: Նամակներու թիւը շուտով պիտի հասնի երեք հարիւրի եւ յաջորդական հատորներուն մէջ Յարութիւնեանի արծարծած խնդիրներն ու «կռիւները» ալ աւելի բարդացած հանգոյցներ քակելու կը միտին: