ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#16, 2008-08-30 | #17, 2008-09-13 | #18, 2008-09-27


«ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ» ԵՌԵԱԿ (Trio)

ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ

Հիմնուած 1999 թուկանինՙ «Արիսքան» 2008-ին վերանուանուեցաւ «Արամ Խաչատուրեան» եռեակ (Aram Khachaturian Triօ): Միջազգային երաժշտական շրջանակներու մէջ յարգանք վայելող այս խումբը նուագահանդէսներով շրջագայած է շատ մը երկիրներ, որոնց կարգինՙ Հայաստան, Ռուսաստան, Զուիցերիա, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկա: Յատուկ յիշատակութեան արժանի է այն պարագան, որ 2007 թ. նոյեմբերին եռեակի Մոսկուայի եւ Ռուսաստանի այլ քաղաքներուն մէջ տուած նուագահադէսներն աձանագրած են մեծ յաջողութիւն:

«Արիսքա» եռեակի ելոյթները յաճախ ցուցադրուած են հեռուստատեսութեամբ եւ ձայնասփռուածՙ ռադիոյով, երաժշտական վայելք պատճառելով բազմահազար ունկնդիներու: Քննադատները բարձր գնահատած են եռեակի կատարողական վարպետութիւնը, նրբազգացողութիւնը, հնչիւններու ջերմութիւնն ու երանգը, ինչպէս նաեւ հրաշալի երաժշտականութիւնը:

Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին նուագախուբին անդամները վարպետութեան դասեր (master classes) տուած են Հայաստանի զանազան շրջաններու երաժշտական դպրոցներու ուսանողութեան:

Եռեակը սերտօրէն համագործակցած է ժամանակակից շարք մը կոմպոզիտորներու հետ եւ յատկապէս «Արիսքայի» պատուէրով անոնց գրած ստեղծագործութիւններուն անդրանիկ կատարողը (premier) հանդիսացած:

Ընդգծումի արժանի է այն իրողութիւնը, որ «Արամ Խաչատուրեան» եռեակի անդամներըՙ Արմինէ Գրիգորեան, Կարէն Շահգալդեան եւ Կարէն Քոչարեան, կը նկատուին կամերային երաժշտութեան մեծ վարպետներ :

Ի դէպ է նշել նաեւ, որ Եռեակի նուագացանկը հարուստ է ո՛չ միայն հեղինակներու քանակով, այլ նաեւ երաժշտական ոճերու այլազանութեամբ: Անոր նուագացանկին մէջ ներառնուած են շուրջ յիսուն դասական եւ ժամանակակից կոպոզիտորներու ստեղծագործութիւններ:

Այս առիթով գնահատանքի մեր խօսքը չենք կրնար չհասցէագրել պրն Վահէ Յակոբեանին, որուն նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ եռեակը բազմաթիւ նուագահանդէսներ եւ երաժշտական վարպետութեան դասեր կրցաւ տալ Գիւմրիի, էջմիածինի, Աբովեանի, Գորիսի, Սիսեանի, Քաջարանի, Արմաւիրի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներուն մէջ, 2006-2008 տարիներուն:

Ծանօթանանք «Արամ Խաչատուրեան» եռեակի անդամներուն:

Արմինէ Գրիգորեան (դաշնամուր)

Աւարտելով Երեւանի Չայքովսքիի եւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցները, Արմինէն իր յետաւարտական մասնագիտութիւնը ըրած է Գ. եւ Ս. Սարաջեաններու մօտ: Արմինէ Գրիգորեան ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ, կատարելով Մոցարտի, Բրամսի եւ Բեթհովենի դաշնամուրի concerto-ները: Որպէս նուագակցող ան մրցանակներ շահած Է Արամ Խաչատուրեանի (1997) եւ Լեւոն Չիլինգիրեանի (2002) մրցոյթներուն: Արմինէն մասնակցած է նաեւ անուանի ջութակահար Նիկոլա Մատոյեանի նուագահանդէսներուն եւ կատարածՙ Բեթհովեեւի sonata-ները: Ան մենահամերգներ տուած Է Ռուսաստանի, Իտալիոյ, Միացեալ Էմիրութիւններու, Գերմանիոյ, Լիտուայի, Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Մ. Նահանգներու մէջ: Արմինէ Գրիգորեան "ERoma 2003" դաշնամուրի մրցոյթին շահած է առաջին մրցանակը: Այդ առթիւ Հռոմի խորհրդարանականներու գրասենեակը զինք պարգեւատրած է նաեւ յատուկ մրցանակով եւ մեդալով: Արմինէի կատարումները հրապարակուած են CD-ներով: Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալովՙ 2005-ին, Արմինէն կազմակերպած է «ART OF ACCOMPANIMENT» փառատօնը: Որպէս դատական կազմի անդամՙ Արմինէն մասնակցած է բազմաթիւ ազգային եւ միջազգային երաժշտական մրցոյթներու: Ան Երեւանի պետական երաժշտանոցի դասախօս է եւ 2004 թուականէն ի վեր կը վարէ Արամ Խաչատուրեանի անուան թանգարանին տնօրէնի պաշտօնը:

Կարէն Շահգալդեան (ջութակ)

Կարէն աւարտած է Մոսկուայի երաժշտանոցը (պրոֆ. Վիկտոր Տրետյակովի դասարան): Յետաւարտական մասնագիտութիւնը ստացած է պրոֆ. Մայա Գլեզարովայի հսկողութեամբ: Ան հետեւած Է Ե. Մենուհինի, Սպիվակովի վարպետութեան դասերուն: 1998- 2002 տարիներուն նուագած Է Սպիվակովի համբաւաւոր «Moscow Virtuosi»-ի հետ: 2003-2005-ին, որպէս մենակատար, ելոյթ ունեցած է զանազան նուագախումբերու հետ, նուագելով Stradivarius ջութակի վրայ, զոր ժամանակաւորապէս իրեն տրամադրած է Ռուսաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը: Կարէն Pablo Sarasate (Սպանիա) Միջազգային Մրցոյթի դափնեկիրն Է: Ան կրթաթոշակակիր եղած Է Դաւիթ Օյսթրախ, Եուրի Եանքելեվիչ եւ Միստիսլավ Ռոսթրոփովիչ հիմնադրամներու: Կարէն մենահամերգեւերով հանդէս եկած է Մ. Նահանգներու, Շուէդիայի, Հարաւային Քորէայի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ:

Կարէն Քոչարեան (թաւջութակ)

Կարէն աւարտած է Երեւանի Չայքովսքիի անուան ուսումնարանը (պրոֆ. Ա. Չավուշեանի դասարան) եւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը (պրոֆ. Գ. Թալալեանի դասարան): Ան հիմնադիրն է եւ առաջին մենակատարըՙ Հայկական կամերային նուագողներու (Armenian Chamber Players), Associate Concertmasterՙ Հայաստանի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին եւ «Արիսքա» եռեակի հիմնադիր անդամներէն մէկը: Հայկական կամերային նուագողներու եւ Հայաստանի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ Քոչարեան շրջած է ամբողջ Եւրոպան, յաճախ ելոյթ ունենալով որպէս մենակատար: 2005-ին, երբ Է. Թոփչեան ղեկավարեց «Փասատենա» սինֆոնիկ նուագախումբը, Կարէն Քոչարեան հանդէս եկաւ որպէս մենակատար: Դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեան, ջութակահար Սուրէն Հախնազարեան եւ Կարէն Քոչարեան 2006-ին բազմաթիւ նուագահանդէսներ եւ երաժշտական վարպետութեան դասեր տուած են Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ: Կարէն Քոչարեան է նաեւ «Արամ Խաչատուրեան» լարային քառեակի թաւջութակահարը:

Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին պատիւ բերող «Արամ Խաչատուրեան» եռեակին եւ անոր տաղանդաւոր անդամներուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ: Սփիւռքահայ համայնքներուն կը մնայ հրաւիրել հրաշալի այս եռեակը եւ վայելել անոր հիասքանչ կատարումները:

Լոնդոն, յուլիս 2008


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4