ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններու 1955ի հրատարակութեան մէջ, զոր կազմած ու ծանօթագրած էր բանաստեղծ Սողոմոն Տարօնցին, ընդգրկուած է «Ձօն» վերնագրուած հետեւեալ քերթուածը (էջ 370).¬
Օր. Վ.Պ.¬ին
Վարդ քաղեցիր,¬ սիրտ թող ըլլայ
Հաւատարիմ ու անձնուէր.
Կեանքիդ դժուար ճամբուն վրայ
Քեզի զոհէ իր արիւններ:
Աստղ ուզեցիր,¬ արեւ ըլլայ
Եւ պարուրէ քեզ շողերով.
Մազերուդ վրայ ոսկի տեղայ
Ու սրտիդ մէջ խինդ ու կորով:
Պահապան մը ուզեցիր,¬ ան
Գարնան պայծառ լուսնակն ըլլայ,
Եւ հրեշտակին պէս սիրական
Հըսկէ անքուն բարձիդ վրայ:
Ձա՜յն մÿուզեցիր,¬ երգըս ըլլայՙ
Որ աստուծմէ ինձ կը հոսի.
Ան արե՛ւ է, սի՜րտ լուսընկայ,
Զի ան երա՜զ կու տայ քեզի:
/i>12 փետրուար 1914, Պերա
Այս բանաստեղծութիւնը տեղադրուած էր, ինչ¬ինչ գեղարուեստական նկատառումներով, «Հեթանոս երգեր» բաժնի «Գողգոթայի ծաղիկներ» ենթաբաժնին մէջ: Անոր առիթով, Տարօնցի կատարած է հետեւեալ ծանօթագրութիւնը. «Առաջին անգամ տպուել է 1925 թ. Ամերիկահայ Հանրագիտակում» (էջ 424):
Կը թուի, որ «Ձօն»ը նախընթաց երեսնամեակին արտատպուած էր Վարուժանի այլ ժողովածուներու մէջ, ինչ որ չենք կրցած ճշդել: Արդարեւ, Վազգէն Գաբրիէլեան նոյնութեամբ ընդգրկած էր զայն «Երկեր»ու (1984) «Խառն բանաստեղծութիւններ» բաժնին մէջ (էջ 444), հետեւեալ ծանօթագրութեամբ.¬ «Լոյս է տեսել «Ամերիկահայ հանրագիտակում» (1925 թ.): Մտել է երեւանեան ժողովածուների մէջ» (էջ 544): Նոյն թուականին լոյս տեսած «Դանիէլ Վարուժանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան տարեգրութիւն»ին մէջ, Ալբերտ Շարուրեան կը յիշէր այդ բանաստեղծութիւնըՙ յղելով Տարօնցիի 1955ի հրատարակութեան (էջ 223):
Միւս կողմէ, Անթիլիասի 1986ի «Բանաստեղծական երկեր»ուն մէջ (Պօղոս Սնապեան), բանաստեղծութիւնը նոյնպէս զետեղուած է «Խառն բանաստեղծութիւններ» բաժնին մէջ (էջ 472), թէեւ բնագրային մէկ շեղումով (չորրորդ տողը դարձած է «Քեզ զոհէ իր արիւններ») եւ մէկ վրիպակով (տասներորդ տողի «լուսնակն» բառը դարձած է «լունակն»):
1987ի երկերու լիակատար ժողովածուին Բ. հատորին մէջ (Ջաննի Միրզաբէկեան եւ Իրիտա Վարժապետեան), «Ձօն»ը վերատպուած է կէտադրական մէկ փոփոխութեամբ (իւրաքանչիւր տան առաջին տողին ստորակէտ¬գծիկը դարձած է պարզ ստորակէտ) եւ մէկ վրիպակով կամ սրբագրութեամբ (վերջին տողին «երա՜զ»ը դարձած է «Երա՜զ») (էջ 237): Այս հրատարակութեան ծանօթագրութիւնը (Ջ. Միրզաբէկեան) ուշագրաւ ճշդում մը կատարած է: Հոն կը կարդանք.¬
«Ինքնագիրը յայտնի չէ: Տպագրուել էՙ Դ. Վարուժան, Բանաստեղծութիւններ, Երեւան, 1955, էջ 370ՙ հետեւեալ ծանօթագրութեամբ. «Առաջին անգամ տպագրուել է «Ամերիկահայ հանրագիտակ», 1925»: Յիշեալ պարբերականում, սակայն, այդպիսի բանաստեղծութիւն չի յայտնաբերուել: Տպագրւում է 1955 թ. ժողովածուից» (էջ 437-438):
Ծանօթագրողն ալ աւելցուցած է, թէ չէ կրցած ճշդել օր. Վ.Պ.ի ինքնութիւնը:
Իրօք, ինչպէս ստուգեցինք, Յակոբ Խաշմանեանի «Ամերիկահայ հանրագիտակ» տարեգիրքին (երկու թիւ, 1925 եւ 1926) 1925ի հատորին մէջ (Պոստըն, տպարան «Հայրենիք») Վարուժանէն որեւէ անտիպ չկայ: Ինչո՞ւ Ս. Տարօնցին նման առեղծուածային ու, ըստ ամենայնի, անճիշդ տեղեկութիւն մը տուած է: Այսօր կարելի չէ գոհացուցիչ պատասխան մը տալ: Պէտք է սպասել, որ դիպուածով իր օգտագործած տպագիր աղբիւրը երեւան ելլէ:
Մինչ այդ, դիպուածի այլ տնօրինութեամբ, վերջերս մեզի յայտնի դարձաւ «Ձօն»ի ուրիշ հրատարակութիւն մը, որ «Վարուժանի մէկ անտիպ ոտանաւորը» խմբագրական վերտառութեամբ ու «... ին» խորագրով լոյս տեսած է Պոստընի «Հայրենիք» ամսագրի սեպտեմբեր 1935ի թիւին մէջ (էջ 13): Կը վերարտադրենք զայն ստորեւՙ նոյնութեամբ.¬
Վա՞րդ քաղեցիր,¬ սիրտ թող ըլլայ,
Հաւատարիմ ու անձնուէր.
Կեանքիդ դժուար ճամբուն վրայ
Քեզի զոհէ իր արիւններ:
Ա՞ստղ ուզեցիր,¬ արեւ ըլլայ
Եւ պարուրէ քեզ շողերով.
Մազերուդ վրայ ոսկի տեղայ
Ու սըրտիդ մէջ խինդ ու կորով:
Պահապա՞ն մը ուզեցիր,¬ ան
Գարնան պայծառ լուսընկան ըլլայ.
Եւ հրեշտակի պէս սիրական
Հըսկէ անքուն բարձիդ վրայ:
Ձա՞յն մ՛ուզեցիր,¬ երգըս ըլլայՙ
Որ Աստուծմէ ինձ կը հոսի.
Ան արեւ է, սի՜րտ, լուսընկայ,
Զի երազը կու տայ քեզի:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ, 12 փետրուար 1914, Բերա
«Հայրենիք»ի հրատարակութեան յաւելեալ շահեկանութիւնը կը գտնուի քերթուածին կցուած ծանօթագրութեան մէջ, որ քիչ մը լոյս կը սփռէ ցարդ անյայտ օր. Վ.Պ.ի ինքնութեան վրայ.¬
«ԾԱՆՕԹ.¬ Քաղուած է օր. Վերժին Պոյաճեանի ալպոմէն, աղջիկը սեբաստացի պ. Գ. Պոյաճեանի, որ սերտ կապ մը ունեցած է Վարուժանի հետ»:
Ծանօթագրութիւնը ոչինչ կÿաւելցնէ քերթուածին փոխանցումի ճանապարհին մասին: Ո՞ւր էին ալպոմն ու իր տէրը: Ո՞վ կատարած է արտագրումը: Նկատի ունենալով, որ նահատակ գրագէտին այրինՙ Արաքսի Վարուժան, այդ տարիներուն Նիւ Եորք կը բնակէր, ուրկէ բանաստեղծութիւններով կÿաշխատակցէր «Հայրենիք» ամսագրին, կարելի է վարկածային կերպով ենթադրել իր միջամտութիւնը այս գործին մէջ: Դժբախտաբար, ո՛չ Վ. Պոյաճեանի եւ ոչ ալ, յատկապէս, իր հօր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կրցած ենք ձեռք բերել: Ալպոմին յետագայ ճակատագիրն ալ անծանօթ է:
Եթէ կանխաւ կարելի էր ենթադրել, որ Տարօնցիի աղբիւրը «Հայրենիք»ն էր ու 1955ի պայմաններուն մէջ ան նախընտրած էր ինքզինքը «ապահովագրել»ՙ այդ աղբիւրը քօղարկելով քաղաքականապէս նուազ խնդրայարոյց անունի մը տակ (թէեւ «Ամերիկահայ հանրագիտակ»ը հրատարակուած էր դաշնակցական շարքայինի մը կողմէ), բնագրային բաղդատութիւնը ակնյայտ կը դարձնէ, որ ան օգտուած է ուրիշ աղբիւրէ մը: Բացառուած է, որ ան տեսած ըլլար «Հայրենիք»ը եւ միջամտածՙ բնագրային փոփոխութիւններով, որոնց համար որեւէ պատճառ չունէր: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է հաշտեցնել հարցման նշաններու գոյութիւնը «Հայրենիք»ի մէջ եւ անոնց չքացումը երեւանեան տարբերակին մէջ: Կէտադրական ու սուղ «ը»¬ի տարբերութիւններուն կողքին, կը մնայ պարզել «լուսընկայ» եւ «լուսնակն» բառերուն տարընթերցումները երրորդ տան մէջ: Մինչ այդ, «Աստուած» բառին գլխագրումը կը թելադրէ հեղինակային ըլլալը, ինչ որ պէտք է նկատի առնուի ապագայ հրատարակութիւններու մէջ:
Զոյգ բնագիրներուն թուականային նոյնութենէն կը հետեւցնենք, որ հեղինակային տարբերակներու առջեւ չենք գտնուիր, բացի եթէ ենթադրենք, որ Տարօնցիի հրատարակութիւնը կը ներկայացնէ Վարուժանի միեւնոյն օրուան առաջին ներշնչումըՙ որոշ փոփոխութիւններով բանաստեղծութիւնը ալպոմին մէջ ընդօրինակուելէ առաջ: Այլապէս, պէտք է հիմնաւորել խորագիրներու տարբերութիւնը եւ ձօնագրութեան յաւելումը երեւանեան հրատարակութեան մէջ:
Բանասիրական այս դեգերումէն ետք, վարուժանեան սոյն փշուրը կը յանձնենք մասնագէտներու ուշադրութեան:
Ֆորթ Լի, Նիւ Ճըրզի (ԱՄՆ)