ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Անակնկալորեն Ճշմարտությանը դեմ հանդիման գալու տպավորություն է թողնում շուրջ 80 տարի առաջ գրված այս հոդվածի ընթերցումը: Ճշմարտությունՙ որը չի փոխվել կամ քիչ է փոխվել մինչեւ օրս: Տիրապետող մտայնությունները մնացել են նույնը, կամ գրեթե նույնը: Եվ դա առավել տրտմեցնող է: Մեծ գրողը, Հակոբ Օշականի բնորոշմամբՙ իրավ բանաստեղծը, որ միայն պատահականությամբ է զերծ մնացել իր գործընկերներին անճիտած թուրքի յաթաղանից, բայց մինչեւ վերջ ապրել-կրել է Մեծ Արհավիրքի թողած հետեւանքները, եւ, միաժամանակ, որպես բանագնաց, որպես ազգային-կուսակցական գործիչ իրազեկ է եղել Հայոց հարցի բոլոր մանրամասներին ու որպես հրապարակախոս սեւեռուն ուշադրությամբ է հետեւել տարածաշրջանային բոլոր զարգացումներին, իր համար գտել է այդ Ճշմարտությունը, որի հետ հանդիպումը, վստահ ենք, դուր չի գալու ընթերցողներից ոմանց, ինչպես ժամանակինՙ 1930-ական թվականներին: Տաբուներն ու դոգմաները երկար կյանք են ունենում մեր պարագայում... Կարիք կա՞ ավելացնելու, որ ստորեւ ու հաջորդ էջերում արտատպվող հոդվածաշարի համար հեղինակն «արժանացել» է իր ղեկավարած կուսակցությանՙ ՌԱԿ-ի խիստ նկատողությանը...
Յառաջաբան
Կը վերատպեմ այստեղ «Թուրքեւհայ յարաբերութիւնները» խորագրով այն յօդուածաշարքը, որ լոյս տեսաւ Գահիրէ «Արեւ» օրաթերթին մէջ, 1931 Մարտ 6-18, եւ ա՛յնչափ խօսիլ ու գրել տուաւ իր վրայ: Կը վերատպեմՙ մէկ-քանի նկատառումներով.
Առաջին .- Որովհետեւ օգտակար կը նկատեմ հոն յայտնուած գաղափարներու տարածումը հայ ժողովուրդին մէջ:
Երկրորդ .- Որովհետեւ գրեթէ բոլոր հայերէն թերթերը, արտասահմանի եւ Թուրքիոյ, խօսեցան այդ գրութիւններուն վրայ, դէմ գրեցին կամ թեր, բայց, ի հարկէ, չէին կրնար անոնց ամբողջ բովանդակութիւնը ներկայացնել իրենց ընթերցողներուն...
Երրորդ .- Որովհետեւ այս յօդուածներուն մէջ քննուած ծանօթ խնդիրը կը կարօտի լուրջ խորհրդածութեան եւ անդրադարձումի, ինչ որ դժուարաւ կարելի է լրագրի մէջ մաս առ մաս եւ յաճախ արագօրէն կատարուած ընթերցման մը ընթացքին: Առաջին յօդուածն, որ հիմն է միւսներուն, յաճախ չի յիշուիր արդէն, երբ երկրորդը կ`երեւի, ու վեցերորդը անոնցմէ անջատ կը ներկայանայ ընթերցողին մտքինՙ մինչ սերտօրէն կապուած է անոնց եւ չի կրնար ճիշդ ըմբռնուիլ առանց ամբողջին տուեալները, հոն ներկայացուած փաստերը եւ զարգացող տրամաբանութիւնը ի նկատի ունենալու. փոխադարձաբարՙ թերի են առաջինները առանց վերջիններուն եւ վերջնագոյնին:
Այդ յօդուածներուն գրքոյկի ձեւով արտատպման սոյն երեք գլխաւոր պատճառները թուելէ ետք, կը փափաքիմ նաեւ քանի մը խօսք ըսել ներկայ յառաջաբանին մէջ անոնց շարժառիթին, զանոնք կազմող ընդհանուր ոգիին եւ անոնց յարուցած արձագանգին վրայ:
Շարժառիթը
Ճիշդ է որ անոնց գրուելուն եւ «Արեւ»ի մէջ հրատարակուելուն անմիջական շարժառիթը եղաւ Գահիրէի դաշնակցական «Յուսաբեր» թերթին եւ թուրք դեսպանատան կիսապաշտօն օրգան «Մուխատենէթ» թերթին միջեւ մղուող բանավէճը: «Յուսաբեր»ի կատաղի յօդուածները ընդդէմ ամբողջ թրքութեանՙ ժողովուրդին եւ կառավարութեան (յենելով գլխաւորաբար քիւրտերու ապստամբական շարժումին վրայ), «Մուխատենէթ»ին առիթ կուտային հայութիւնը Դաշնակցութիւնով մարմնացած վտանգաւոր գազան մը պատկերացնելու եւ անոր վրայ խիստ ուշադրութիւնը հրաւիրելու եգիպտական կառավարութեան, նաեւ ամբողջ իսլամական աշխարհին: Մինչեւ իսկ թուրք դեսպանատունը պէտք կը զգար պատասխանելու «Յուսաբեր»ի ծայրայեղ արտայայտութիւններուն եւ սխալ համարուած տեղեկութիւններուն: Սուրիոյ արաբ ազգայնական մամուլը իր հերթին կ`օգտուէր այդ հրատարակութիւններէն, հայ գաղթականներուն դէմ գրգռելու համար տեղական կասկածոտութիւնը: Բաւական չէին «Յուսաբեր»ի կրկնուող եւ իրարմէ աւելի բուռն յարձակումները, դաշնակցական Եգիպտոսի շրջանակի ընդհանուր ժողովին յայտարարութիւնը... կուգար բոլորովին իւրացնել այդ թերթին յիմարութիւնները եւ տալ անոնց հաւաքական հանգամանք մը...
Բայց ասիկա փութացուց միայն առարկայական վերլուծումը թուրքեւհայ ներկայ յարաբերութիւններուն, զոր առանց ատոր ալ ժամանակը հասած կը համարէի կատարելու եւ կատարել կը փափաքէի ոչ թէ յօդուածներով, այլ գիրքով մը: Այդ գիրքը պէտք է պարունակէր, ըստ իս, պատմութիւնը մեր երկու ցեղերու կենակցութեանՙ մասնաւորապէս քննութեամբը ԺԹ դարու ընթացքին պատահած դէպքերուն, վեր առնէր անոնց իւրաքանչիւրին յստակ ընդունակութիւններն ու թերութիւնները, ճանչցնէր անոնց հոգեբանութիւնը, անջատէր եւ զետեղէր տնտեսական գործօնը ընդդէմ քաղաքական գործօնին, որոշէր օտար ազդեցութիւններուն դերը Թուրքիոյ հանդէպ հայ մտքի խոտորման եւ հայ բազուկին շարժման մէջ եւ հայոց հանդէպ թուրք պետական մտքին այլափոխման մէջ, բարենորոգմանց պահանջէն մինչեւ անկախութեան պահանջ (Մեծ պատերազմէն ետք) հայոց պահանջումներուն արդարութիւնը հաստատելով հանդերձՙ մատնանշէր զանոնք ձեռք բերելու համար մեր գործած սխալները, շեշտէր թուրք պետական մարդոց ամբողջական պատասխանտուութիւնը Հայոց տարագրութեան եւ բնաջնջման ոճիրին մէջՙ ընդդէմ թուրք ժողովուրդին յարաբերական անպատասխանատուութեան, նկատի առնէր հայ ներկայ պետութեան իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրականութիւնը եւ այդ երկու իրականութեանց մէջտեղ, անո՛նց լոյսով տեսնէր հայ ամբողջ ժողովուրդին ապրելու, աճելու եւ զարգանալու հարցին լուծումը, ուր վերջապէս, ի պատրաստութիւն այդ լուծումին, ջանար խօսք հասկցնել թէ՛ մեզի եւ թէ՛ թուրքերուն, քանի որ երկուստեք շահ ունէինք մեր յարաբերութիւնները կանոնաւորելու մէջ:
Եւ հիմա կ`ուզեմ ըսել, թէ թուրքերու եւ հայերու յարաբերութիւնները շտկել կամ խաղաղեցնել ջանալէ անդինՙ ի՛նչի կը ձգտէին այս գրուածքները խորապէս եւ ներքնապէս, այնպիսի ձգտումով մը, որ ինծի հարկադրուած էր գրեթէ եւ կը գործէր եթէ ոչ առանց իմ գիտակցութեանս, գոնէ գիտակցութեամբ մը, որ ծածուկ էր եւ զօրաւոր եւ միտքս կը բռնէր, կը բարձրացնէր իր վրայՙ անտեսել ու արհամարհել տալով գործին բոլոր պզտիկ կողմերը, անոր բոլոր վտանգները...
Կ`ուզէի, այո՛, կ`ուզէի հայութիւնը ազատել մղձաւանջէ մը, որ հետզհետէ ստեղծուեր, սաստկացեր ու ծանրացեր է իր վրայ, իրմէ շատ զօրաւոր թշնամիի մը դիմաց առանձին գտնուելու, անոր դէմ կռուիլ ստիպուած ըլլալու, իր ամբողջ ճիգը այդ նպատակին համար լարելու եւ միշտ ձախողելու, ձախողիլ գիտնալու մղձաւանջը: Այն կէս-քունի եւ կէս-արթնութեան վիճակը, որ մերն է տասնեակ տարիներէ ի վեր, կը զգայի եւ կը զգամ, որ պէտք է դադրի վերջապէս ու ան կրնայ դադրիլ գերագոյն ճիգով մը, որ կը կայանայ ինքզինք- այսինքն մեզ- հոգեպէս ազատելու մէջ թշնամիին ազդեցութենէն, ինքզինք համոզելով, թէ արտաքին ձեւերէն, դէպքերէն ու շարժումներէն անկախՙ ինքը զօրաւոր է իր մէջ, ինքը կարող է տէր մնալու իր մտքին: Կարող է իրեն համար անվնաս դարձնել այդ թշնամին, մօտենալ, դպիլ անոր, զայն նոյնիսկ բարեկամ ընել իրենՙ եթէ պէտք է. ամէն պարագայի այլեւս չվախնալ, չհիբնոսանալ անով, ազատ ըլլալ չմտածելու անոր եւ մտածելու շատ ուրիշ բաներու, որոնք իր մէջն են եւ իրմէ դուրս եւ կը սպասեն յայտնուիլ ու միանալ իրարու:
Ինծի կը թուէր անշուշտՙ որ հայերը- այսօրուան Հայաստանէն դուրս ապրող հայերը մանաւանդ-մոռցած էին իրենց մարդ ըլլալը ու կ`ապրէին միմիայն իբրեւ հայ, իսկ իբրեւ հայ ապրելու համարՙ պէտք ունէին անընդհատ թուրքը յիշելու, անկէ իրենց կրած հարուածները, իրենց ունեցած վէճը եւ իրենց պահանջները յիշելու շարունակ: Եւ այդ յիշատակներով անոնք միշտ կ`ուտէին ինքզինքնին ՙ ինչպէս կ`ըսուի շատ ճիշդ կերպով, այսինքն կը սպառէին ու կը տկարանային: Ես այն խորին ու անյայտ համոզումը ունէի, թէ հայերը, այսուհետեւ իբրեւ հայ ապրելու համար, պէտք է դադրէին անցեալի ու ներկայի կապակցութենէն եւ պէտք է զայն զգային վերէն ՙ որ մարդկութեան հետ իրենց ունեցած կապն է, մարդկութիւն բառին մէջ ըմբռնելով անոր ամէնէն ընդհանուր անազգային կերպով մարմին, միտք եւ հոգի կազմող տարրերը:
Հայերսՙ դադրած իբրեւ մարդ ապրելէ, մտածելէ եւ զգալէ, փրկութիւնը մարդու այդ ազատութիւնը գտնելն էր ամէն բանէ առաջ եւ ասոր համար անհրաժեշտ էր փրկուիլ նախ թուրքերէն, անոնց յաճախանքէն: Փրկելով, անշուշտ, ինչ որ կարելի էր փրկել, շօշափելի կամ ոչ, փրկելու պատրանքը միայն ունենալ ի հարկին, եւ այսՙ միմիայն աւելի չպակսեցնելու համար մեր հոգեկան ուժը, զայն պահելու համար մարդկութիւնը մեր մէջ փրկելու եւ աւելցնելու աւելի մեծՙ գերագոյն գործին:
Ա.
Չենք պահեր թէ փափուկ է այս նիւթին վրայ գրելը: Լաւագոյն է, որ սկիզբէն ըսենք, քիչ մը աւելի ազատութիւն ունենալու համար, թէ հետագայ կարծիքներուն համար «Արեւ»ի խմբագիրը պատասխանատու է անձնապէսՙ առանց իր պատկանած կուսակցութիւնը իրեն հետ անկաժէ (առնչել, կապակցել. ֆր.) ընելու: Յառաջիկային, եթէ պէտքը տեսնէ, կուսակցութիւնը կ`արտայայտուի անոնց մասին, կ`ընդունի, կը բարեփոխէ կամ կը մերժէ այդ կարծիքները: Ըստ մեզ օգտակար է, որ ինչպէս բանագնաց մը երբեմն, այնպէս ալ կուսակցական թերթի մը խմբագիրը պատահաբար իր վրայ առնէ պատասխանատուութիւնը եւ հրապարակաւ ներկայացնէ զինք կարդացողներուն- որոնց մէջ կան տարախոհներ եւ կրնան օտարներ ալ ըլլալ- այնպիսի գաղափարներ, տեսութիւններ կամ նոյնիսկ առաջարկներ, որոնք իրենն են միայն: Այն յոյսով, անշուշտ, որ անոնք պիտի ծառայեն գերագոյն նպատակին, որ հայ հանրային շահն է:
Ո՞ւր են, կամ ի՞նչ վիճակի մէջ են ներկայիս թուրքեւհայ յարաբերութիւնները, - այս է հարցումը զոր կը դնենք եւ որուն կ`ուզենք պատասխանել, փորձ մը կ`ընենք պատասխանելու:
Մենք կը գտնենք, որ այս հարցումը երբեք չի գրուիր մեր մէջ, ո՛չ մեր մամուլին, ոչ ալ մեր միտքերուն մէջ: Կարծես աւելորդ կը համարենք զայն: Կարծես ընդունած ենք միանգամ ընդմիշտՙ թէ հայոց եւ թուրքերու յարաբերութիւնները երբեք չեն փոխուիր ու պիտի չփոխուին, բացի այն պարագայէն, ուր բուռն դէպքեր պատահին: Ժամանակը, խաղաղութեան շրջանը, մտաւորական եւ հոգեբանական ներգործութիւնները, ներքին եւ արտաքին պատահարները կրնան, աշխարհի ամէն կողմը, ամէն ազգերու յարաբերութիւններուն մէջ նոր վիճակներ ստեղծել. մեզի համարՙ ոչ:
Քաղաքական հասկացողութեան բացարձակ պակա՞ս, թէ՞ մտքի ծուլութիւն. իրողութիւնը այն է, ամէն պարագայի մէջ, որ մենք երբեք վերաքննութեան չենք ենթարկեր մեր գաղափարները ամենակարեւոր, կենսական, ճակատագրական հարցի մը մէջ անգամ, ինչպիսին է թուրքեւհայ յարաբերութիւններու հարցը: Այդ հարցը տասնեակ տարիներ մեզի կ`երեւայ միշտ նոյն ձեւով.- գէ՛շ են յարաբերութիւնները եւ գէշ պիտի մնան, բարւոքումը կախուած է միակ միջոցէ մը. այդ միջոցը գտած կամ ընդօրինակած ենք ժամանակին. ուրիշը չկայ, չի՜ կրնար ըլլալ...
Ասիկա անճիշդ, վնասակար ու պիտի ըսենքՙ մահացու մտայնութիւն մըն է: Ասիկա անքաղաքական, հակաքաղաքական է, եւ վա՜յ այն ժողովուրդներուն, որոնք իրենց ճակատագիրը սրբագրել ու վարել կ`աշխատին այսքան խակ կերպով, այսքան անճկուն մտքով, արտաքոյ քաղաքականութեան վերջապէսՙ աշխարհի մը մէջ, ուր առանց քաղաքական ազդեցութեանց եւ հակազդեցութեանց տերեւ մը իսկ չի շարժիր...
Աւելի առաջ գացած, յայտարարենք այստեղՙ թէ հայրենասիրութենէ պիտի չճառենք. դեռ մօտիկ անցեալին մեզի թողած շինծու յիշատակները պիտի պահենք մեր սրտին մէջ, անոնցմէ պիտի ներշնչուինք, բայց զանոնք մէջտեղ պիտի չհանենք. մեր զգացումները պիտի չցուցադրենք. վրէժ պիտի չընենքՙ այն գերազանց նկատումով, որ ան կուրցնող զգացում մըն է, մինչ մենք պէտք ունինք մեր բովանդակ յստակատեսութեան եւ հեռատեսութեանՙ մեր ճամբան քալելու համարՙ հայ ժողովուրդին բարօրութիւնն է եւ ոչ թէ ուրիշ ժողովուրդէ մը իր գտնելիք վրէժխնդրական գոհացումը.- մէկ խօսքովՙ մենք կը մտածենք հրապարակաւ (որովհետեւ այդպէս պէտք է, որովհետեւ ուրիշ միջոց չկայ մեզ սթափեցնելու համար), այնպէս ինչպէս պատասխանատու վարիչներ կը մտածեն առանձին, հանդարտ ու պաղարիւն եւ ըստ այնմ իրենց հետեւելիք ուղղութիւնը կ`որոշեն. մարդիկ կը տեսնեն անոր գործադրութիւնըՙ առանց զայն հարկադրող մտածման շարժառիթներուն. մենք մտածումն է որ կը պարզենքՙ գործադրութեան հնարաւորութիւնը մեզի տրուած չըլլալուն եւ այդ հնարաւորութիւնը բազմութենէ մը կախում ունենալուն պատճառաւ:
Բացատրութիւն մը եւս: Մենք արիւնի եւ զէնքի քաղաքականութեան կողմնակիցներէն չենք: Զգացման եւ ճաշակի, նոյնիսկ վարդապետութեան խնդիր չէ այս, այլՙ նորէնՙ ազգային շահու: Յիսուն, հարիւր միլիոննոց ժողովուրդները կը զգուշանան նոր արիւն թափելէ եւ իրենց կենսական նկատած խնդիրներուն խաղաղ միջոցով գէշ-աղէկ կարգադրութիւնը կը նախընտրեն պատերազմի արիւնահեղութենէն: Մենք, որ մեր թիւին կէսը կորսնցուցինք արդէն, պէտք է ջանանքՙ ամէն բանէ առաջՙ մեր մէկ կաթիլ արիւնն անգամ խնայելու: Ոչ իսկ խորհինք զայն տալու հաւանականութեան, մեր պատրաստակամութեան. ատով ինքզինքնիս պիտի խաբենք, յիմար խօսքեր պիտի ըսենք ու յիմար ձեռնարկներու մէջ պիտի մխրճուինք եւ յուսախաբութիւնը զոր միշտ պիտի կրենք այդպիսի դիրքերէ եւ ձեռնարկներէ վերջՙ մեզ այլապէս պիտի կորովազրկէ, քան այլեւս արիւն չթափելու մեր որոշումը: Խելքի կորովը միակն է զոր մեր վիճակին մէջ կրնանք ու պարտինք ունենալՙ ապրելու, տեւելու եւ զարգանալու կամքին հետ: Մեր անմիջական շահէն զատ, որ այս կը պահանջէ, կայ նաեւ միւս միջոցին նախ բացարձակ ապարդիւնութեան նկատումը, եւ երկրորդ ալՙ այն պարագան, որ կռիւէ խուսափող, անկէ վախցող, հետզհետէ անոր կռնակ դարձնող աշխարհի մը մէջՙ մեր ինքնին ճղճիմ փորձերը մեզի ապահովապէս պիտի շահեցնէին կատղած խելագարներու համբաւը...
Հիմա որ ենթահողը բաւական մը քրքրեցինք եւ ճանչցուցինք, կ`ուզենք անցնիլ անոր վրայի խաւին եւ ըսել, թէ ի՛նչ պէտք է ընել ու ի՛նչ պէտք չէ ընել, որպէսզի թուրքեւհայ յարաբերութեանց արդի վիճակը բարելաւուի, այնպէս որ կարելի ըլլայ այդ հողին վրայ օգտակար բոյսեր մշակել, փոխանակ միշտ թունաւոր տունկերու...: Մենք հասկցուցինք արդէն, թէ քաղաքականութիւնը լաւատեսութիւն կը պահանջէ, որով մեզի մեղադրելու չէ, թէ յոյս կը դնենք թուրք ցեղին ու իր վարիչներուն վրայՙ մեր ուղղութիւնը մտածելու ատեն: Մենք այդ յոյսը ունինք, այո՛, եւ եթէ չունենայինք ալՙ նորէն պիտի շարժէինք, եւ պէտք է շարժինք ազգովին այնպէսՙ որպէս թէ զայն ունեցած ըլլայինք: Այս է պահանջը մեր ներկայ վիճակին ու նաեւ աշխարհի ներկայ վիճակին: Կը շարունակենք մեր վաղայաջորդ թիւով:
Բ.
Ի՛նչ եղած են , ի՛նչ են եւ ի՛նչ կրնան ըլլալ այս յարաբերութիւնները: Մէկ նպատակն է կրնան ըլլալը գտնել, բայց ատոր համար անհրաժեշտ է նախ անդրադառնալ են ին եւ եղած են ին վրայ: Ատկէ առաջ ալ, սակայն, նորէն պէտք է փակագիծ մը բանանք:
Երբ պատասխանատու պետական գործիչը իր ազգին արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ կը խորհի այս կամ այն ուղղութիւնը տալու համար անոնց, նկատի կ`առնէ ժողովրդային զգացումը, բայց չի տարուիր անով: Պարտաւոր է նկատի առնել ՙ նոյնիսկ յաջողութեանը համար իր ծրագրին. բայց տարուիլը ժխտումն է իր կոչումին, իսկ փայփայել եւ գրգռել այդ զգացումըՙ հաճելի ըլլալու համար ժողովուրդին, անոր մօտ իր դիրքը ամրապնդելու, անկէ պատիւ եւ շահ վայելելու համար, գործն է ամենագէշ եւ ամենավնասակար գործիչին, որ իր պատկանած ժողովուրդին աղէտ մըն է:- Մենք այս կարգի գործիչներ շատ ունեցած ենք եւ ունինք, «անկախ» եւ կուսակցական, եկեղեցական եւ աշխարհական գործիչներ, ամբողջ կուսակցութիւններՙ որոնք միակ պետական գործիչի մը պէս, վարուած են վերջինին նման, անոր ընթացքով եւ անոր շարժառիթներով: - Այս վայրկեանիս, երբ հոս հրապարակաւ կ`ընենք բան մը զոր քաղաքագէտը գաղտնի կ`ընէ, մենք մեզի առաջնորդ ունինք ժողովրդային զգացումը նկատի առնել, բայց անկէ չտարուիլ. չենք խօսիր զայն փայփայելու եւ գրգռելու մասին:
Թուրքեւհայ ներկայ յարաբերութիւններըՙ ո՛չ Հայաստանի եւ ոչ Թուրքիոյ մէջ այժմ ապրող հայոց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններն են. ատենօք թրքահպատակՙ այժմ գաղթական հայոց յարաբերութիւններն են անոնք. նիւթապէս անգոյ, բարոյապէս միշտ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւննե՛ր. գաղթական հայըՙ զատ-զատ եւ հաւաքաբարՙ ներկայացուցիչ ամբողջ արեւմտահայութեան. այս է խնդրոյն դիրքըՙ որ ասկէ աւելի ճշդում չի վերցներ. թուրքը կրնայ զայն չընդունիլ իրաւապէս. ատով մէջտեղէն չի վերնար խնդիրը, թէեւ գիտենք որ պաշտօնական Թուրքիոյ համար պաշտօնապէս ան վերցած է արդէն. կը մնայ միայն սա՛ՙ որ ան... կը մնայ ամբողջ հայութեան համար, կը մնայ անոր մտքին ու սրտին մէջ, կը մնայ իրողապէսՙ իբրեւ բարոյական եւ նիւթական խնդիր մը:
Այս ըմբռնունով եւ այս հիման վրայ, թուրքեւհայ ներկայ յարաբերութիւները ե՛ն ինչ որ էին ասկէ տասը տարի առաջ. ոչ մէկ թեթեւացում, ոչ մէկ բարւոքում անոնց մէջ. կարելի չէ՞ր, արդեօք, որ տարբեր ըլլային...:
Ներկայ յարաբերութիւնները ծնունդ են անցեալի յարաբերութիւններուն, պէտք է, ուրեմն, նախ քննութեան առնել այդ անցեալը:
Անկեղծութիւնը եւ, եթէ պէտք է քաջութիւն ալ ունենանք ըսելու, թէ անցեալին մէջ հայերն ու թուրքերը միշտ գէշ չեն եղած իրարու հետ: Մինչեւ 1877 ռուսօթուրք պատերազմըՙ թուրքը ցեղային ատելութիւն չունէր հայուն դէմ. հայը իր րայան էր, ճիշդ է, ինչպէս իր միւս րայաները, բայց անոնցմէ աւելի մօտ էր եւ վստահութիւն կը ներշնչէր իրեն. ճիշդ է, հայուն քրիստոնէութիւնը զինք թէ՛ արհամարհելի եւ թէ քիչ մը երկիւղալի կ`ընէր յաչս թուրքին, երկիւղալի՛ այն պատճառաւ, որ իր հողերուն վրայ աչք ունեցող քրիստոնեայ տէրութիւնները կրնային հայն ալ օրին մէկը պատրուակ բռնել եւ միջամտել, ինչպէս ըրած էին միւսներուն համար. այսուհանդերձ, հայը անվնաս էր դեռ, եւ թուրքը անոր հանդէպ մասնաւորապէս գէշ կամ խիստ վերաբերում մը չունէր, հարստահարութիւնները (մեծ մասամբ քիւրտերո՛ւ գործ) հայը չունէին իրենց նշանակէտՙ այլ անոնց աշխատանքին արդիւնքը. կառավարական անարդարութիւնըՙ մասամբ ապիկարութեան հետեւանք էր եւ մասամբ ալ քաղաքականութեան մը, որուն առաջին պատճառըՙ երկրին տնտեսական եւ վարչական ողբալի սիսթէմը, եւ երկրորդ պատճառըՙ կրօնակից քիւրտերը (կիսանկախ, ռազմիկ եւ հայերէն աւելի բազմաթիւ ժողովուրդ մը) սիրաշահիլն էր: - Իսկ մեր կողմէՙ մինչեւ ռուսեւթուրք պատերազմէն մէկ-երկու տասնեակ տարի առաջ, գրեթէ բացարձակ համակերպութիւնն էր թուրքին հանդէպ մեր դիրքը. այդ թուականներուն էր, որ մտաւորական արթնութեան շրջանը թեւակոխեցինք եւ սկսանք շատ, բնականօրէն ու արդարացիօրէն , անհանդուրժելի գտնել բաներ, որոնց հանդուրժեր էինք մինչեւ այն ատեն. եղա՞ն մեր այդ արթնութիւնը շահագործող օտարներ, անգիտակցաբար շահագործուեցա՞նք,- կարելի չէ որոշապէս ըսել 1877-էն առաջուան շրջանին համար. տարբեր է անկէ վերջը:
Ծանօթ է ռուսեւթուրք պատերազմին, Սան Սթէֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներուն ճակատագրական դերը մեր կեանքին վրայ: Ատկէ վերջ, փոխուեցան այլեւս հայեւթուրք յարաբերութիւնները (թէեւ ո՛չ մէկ օրէն միւսը, ոչ այնքան արագ եւ զգալի կերպով) եւ ստացանՙ հետզհետէՙ թուրք պետութեան կողմէ հայոց հանդէպ յատուկ քաղաքականութեան մը դրոշմը, զոր թուրք ժողովուրդը տեսաւ եւ վերածեց կրօնականէ զատ ցեղային ատելութեան մը, զոր հայ ժողովուրդն ալ տեսաւ եւ անոր դէմ հանեց իր արդարութեան պահանջը, ատոր համար իր յոյսը դնելով օտար պաշտպանութեան վրայ, դաշնագրով իբր թէ իրեն խոստացուած պաշտպանութեա՛ն վրայ: Բայց ան երբեք չյայտնուեցաւ վճռական եղանակով մը եւ իրապէս յօգուտ մեզի. մենք շահագործուեցանքՙ գիտնալով կամ ոչ, ու քանի աւելցաւ մեր յուսախաբութիւնը, աւելցաւ նաեւ թուրքին ատելութիւնը մեր դէմ, մենէ ոմանքՙ մաս մը մեր ժողովուրդէն, փայփայեցին սա՛ նոր յոյսըՙ թէ զէնքով պիտի ստիպենք թուրքը տեղի տալ, պիտի ստիպէինք որ միջամտէ Եւրոպան եւ մեզի արդարութիւն ընէ, արդարութիւնՙ պարզ արդարութեան համար, ի վնաս թուրքին եւ ընդդէմ, թերեւս, իրՙ Եւրոպայի շահերուն:
Դարձեալ չափազանց ծանօթ են 1894-էն մինչեւ 1908 պատահած դէպքերն ու տիրող վիճակըՙ որոնք կը բնորոշէին հայեւթուրք յարաբերութիւնները: 1908 Յուլիս 11/24-էն վերջ, յանկարծ փոխուեցաւ կացութիւնը: Մօտ չորս տարիՙ մեղրալուսնի շրջա՛ն մը, հակառակ Ատանայի աղէտին, որ անցեալի մնացորդ մը կամ ապագայի համար խրատական դաս մը համարուեցաւ: Յետոյ մօտ երկու տարի (1912-14) քիչ մը քացախ խառնուեցաւ մեղրին: Յետոյ ունեցանք պատերազմի վերջին երեք տարիներուն արհաւիրքը, ջարդերով եւ տարագրութեամբ...:
Փաստ է, սակայն, որ հայեւթուրք յարաբերութիւնները լաւ եղան չորս տարի: Մասնաւորապէս հայ Դաշնակցութեան եւ թուրք Իթթիհատին յարաբերութիւնները: Ա՞յն ատեն չէինք ճանչնար թուրքըՙ թէ՞ անկէ առաջ, թէ՞ անկէ վերջը... Ո՞վ, որո՞նք եղան, եւ են չճանչցողները: - Պիտի տեսնենք:
Գ.
Այդ անցեալը կարելի է այսպէս խտացնել.- Մենք շուտ արթնցանք, բայց լաւ չարթնցանք: Կէս քուն-կէս արթուն, առանց մեր շրջապատը եւ արտաքին աշխարհը լաւ տեսնելու, վտանգաւոր շարժումներ ըրինք: Շրջապատը զանոնք չէր տաներ, արտաքին աշխարհը մեզի չէր օգներ: Մենք յամառեցանք ու արդիւնքը մեզի համար աղէտ մը եղաւ:
Ասիկա կմախքն է մեր հարցին, քստմնելի բառ մըՙ կմախք, որ շատ մը հանգիտութիւններ ունի մեր մօտիկ անցեալին ու ներկային հետ...: Մենք դիտմամբ անկէ դուրս կը թողունք ինչ որ կրնայ մեր աչքը մթագնել, ինչպէս սաՙ թէ պատիժը համեմատական չեղաւ մեր գործած սխալին. թէ մեր սխալը միջոցին մէջ էր արդէն եւ ոչ նպատակինՙ որ ի սկզբան ուրիշ բան չէր, բայց եթէ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ բարենորոգումներ ձեռք բերել մեզի համար. թէ մարդկայնօրէն աններելի եւ անմոռանալի բաներ կատարուեցան մեզի դէմՙ առաջին անգամ 1895-96-ին եւ երկրորդ անգամՙ 1915-էն մինչեւ 1922:
Արդար ըլլալու համար պէտք է աւելցնենք, որ միշտ զոհի դիրքին մէջ չմնացինք այս շրջանին. ուզեցինք հարուածել մեր կարգին, եւ երբեմն յաջողեցանք. ո՛ւր, ե՛րբ եւ ո՛րքան որ կրցանքՙ վրէժը լուծեցինք խմբական ջարդերուն եւ խժդժութիւններուն: Երբ «մենք» կ`ըսենք, կ`ակնարկենք մենէ անոնց, այն քիչերուն, որոնք կրցան ատիկա ընել եւ որոնցմէՙ եթէ ուզէինք իսկՙ կարող չենք այսօր մենք զմեզ անջատել: Թուրքերը երբեք իրաւունք պիտի չունենան ատով իրենք զիրենք արդարացնելու, քանի որ մերը իրենց ահաւոր հարուածներուն տրուած նոյնքան ահաւոր պատասխան մըն է միայն, ահաւորՙ որակով եւ ոչ թէ քանակով: Թուրքերը այդ իրաւունքը պիտի չունենան, այո՛, բայց մենք ալ պէտք չէ որ միայն մեր զոհի հանգամանքը յիշենք եւ յեշեցնենք միշտ, որովհետեւ ճիշդ չէ ան եւ որովհետեւ ան մեզ կը պահէ սխալ հոգեբանութեան եւ սխալ մտայնութեան մը մէջ: Մեր ժողովուրդը մեծ մասամբ կ`անգիտանայ պարագան, եւ եթէ ոմանք զայն քիչ մը գիտեն ալՙ կը մտածեն թէ մերիններուն հասցուցած չարիքը շատ փոքր է բաղդատմամբ մեզի հասցուցած չարիքին: - Իսկ մենք ասիկա յիշեցինքՙ որպէսզի օգնենք վրէժի հարցը, վրէժի կուրցնող զգացման հետ, մեջտեղէն վերցնելու եւ տեղը դնելու դարմանումի՜ հարցը:
Որովհետեւ, իրապէս կայ դարմանումի հարց մը, դարմանո՛ւմ փոխադարձաբար կրուած վնասներու, վնասնե՛ր զոր թուրքերը մեզի կրել տալով իրենք ալ կրեցին ու կը կրեն:
Բայց այդ դարմանումը կարելի ընելու համարՙ պէտք է նախ դարմանել յարաբերութիւնները:
Հոս է որ, դարձեալ, մենք պէտք է առաջնորդուինք միմիայն իրականութենէն, միմիայն մտիկ ընենք մեր բանականութեան ձայնին, միմիայն դրական խորհուրդներ ունենանք:
Մեր կարծիքով, այդ յարաբերութիւնները չեն շտկուիր մէկ օրէն միւսը, բայց կրնան ժամանակի ընթացքին այնքան մը մեղմանալՙ որ կարելի ըլլայ զանոնք շտկել: Ասոր համար անհրաժեշտ է սակայն, որ մեր գաղութները, իրենց մամուլով եւ բեմով, հրաժարին միշտ միեւնոյն բանը ըսելէ, միշտ մեր կսկիծը արծարծելէ եւ միշտ այն պատրանքը ժողովուրդին ներշնչելէ, թէ պիտի կրնանք մենք մեր ձեռքով արդարութիւն եւ հատուցում ստանալ:
Թուրքիոյ ներքին խնդիրները- նոր կուսակցութեան մը կազմութիւն, յետաշրջական շարժում, զսպում, կախաղաններ եւլն.- մեզ չեն կրնար ոգեւորել: Մեզի համար ցանկալի է, որ Թուրքիոյ մէջ հանրապետական ռեժիմը ամրապնդուի եւ իր վարիչները, զերծ ուրիշ մտահոգութիւններէ, նուիրուին միմիայն երկիրը տնտեսապէս վերաշինելու գործին, որու միջոցին հաւանօրէն պէտք պիտի զգան նաեւ հայոց եւ պիտի վերաքննեն անոնց հանդէպ իրենց ընդգրկած քաղաքականութիւնը:
Գաղութահայութիւնը պէտք է դադրի, ըստ մեզ, խօսքով ալ, ինչպէս դադրած է գործով, Թուրքիոյ դէմ երկրային (հողային- խմբ.) պահանջներ դնելէ: Իր պահանջները տարբեր են եւ կը վերաբերին իրաւունքներու եւ շահերուՙ զորս լսելի ընելու համար պէտք է նախ լռեցնել ժխորը: Այդ ժխորին մէջ ատելութեան անզօր կատաղութիւնը միայն կը հնչէ մեր կողմէն, որուն պատասխանն ալ բուռն կ`ըլլայ անշուշտ: Երբեք, այս ձեւով, կարելի չէ որ իրարու հետ յարաբերութիւն կամ խնդիր մը ունեցող ժողովուրդներ հասկացողութեան գան իրարու հետՙ ո՛րքան ալ ժամանակ անցնի նախկին թշնամութիւններուն վրայ եւ փոխուած ըլլան պայմանները:
Երկու ժողովուրդներէն մէկը- մենք- իրաւունքի տեսակէտով զօրաւոր, միջոցներու տեսակէտով տկար ենք բոլորովին: Չկարծենք, թէ մեր իրաւունքին ուժը անծանօթ է թուրքերուն: Բայց թուրքերը մեզի ո՛րեւէ զիջում չեն կրնար ընել, ո՛րեւէ գոհացում չեն կրնար տալ այնչափ ատենՙ որչափ ատեն որ մեզ կը գտնեն միջոցներով ալ զօրաւորի ձեւերով, գրգռիչ եւ սպառնական:
Մինչեւ անգամ եթէ ո՛րեւէ յոյս, ո՛րեւէ ակնկալութիւն չկրնանք դնել հանրապետական Թուրքիոյ վրայ, նորէն պէտք է չափաւորենք մեր լեզուն եւ գրիչը, որովհետեւ հակառակը մեր տկարութիւնը շեշտելու միայն կը ծառայէ:
Դ.
Վերջացնելու պահուն կը տեսնենք, թէ մեր ուզածէն եւ յայտարարածէն աւելի արդէն տեղ տուեր ենք զգացմանՙ առարկայական հիմի մը վրայ մեր կատարել փորձած այս քննութեան ընթացքին: Պէտք է կարծել, թէ հայու մը համար դժուար է ասկէ պակասը, մանաւանդ իր ազգին քառասուն տարուան մօտիկ անցեալը ապրած հայո՛ւ մը:
Զսպուած, բայց դեռ տեսանելի այդ զգացման քովՙ կան սակայն, այս քննութեան արդիւնքին մէջ, գաղափարներ, որոնցմէ ոմանք կը կարօտին քիչ մը աւելի պարզուելու, նախ քան անոնց ամէնքին մէկ հակադրութիւնը ուրիշներու գաղափարներուն:
Այսպէսՙ ըսինք կամ հասկցուցինք, թէ մենք խաղաղասէր ենք ու պէտք է այսուհետեւ խաղաղասէր ըլլանք ազգովին:
Այս մասին ո՛չ մէկ վերապահում ունինք: Կռիւն ու արիւնահեղութիւնը- հաւասարապէս մեր եւ հակառակորդիՙ թշնամիի արեան հեղումը- ըլլա՛յ կանոնաւոր պատերազմի կամ ըլլայ դաւադրական եղանակով, մեր ապագայի բոլոր ծրագիրներէն դուրս մնալու են իսպառ: Եւ այսՙ ոչ թէ մեր տկարութեան պատճառաւ միայն, ոչ թէ անոր համար որ հայ ցեղը չափազանց նուազած ըլլալովՙ իր արիւնը յոյժ թանկագին դարձած է հիմա, այլ այնպէ՛ս, սկզբունքո՛վ, մարդասիրութեան եւ խաղաղասիրութեան պահանջմա՛մբ, խնայելու համար կեանքը առ հասարակ, թէ՛ մեր եւ թէ օտարներու կեանքըՙ որ նուիրական պէտք է ըլլայ ամէն մէկ մարդու համար:
Թուրքեւհայ յարաբերութեանց հիմը, որ մասնաւոր համաձայնութեան կարօտ չէ եւ այսօրուընէ իսկ կրնայ դրուիլ, իրարու հետ չկռուիլն է, մեր կողմէՙ դաւադրութիւններով եւ թուրքերուն կողմէ ճնշումով, հալածանքով եւ ջարդով տարիներէ ի վեր մղուած ահաւոր կռիւը դադրեցնելն է վերջնականապէս:
Ինքնապաշտպան կռիւը բացառութիւն չի կազմեր այս սկզբունքին գործադրութեան մէջ: Նախՙ որովհետեւ դժուար է սահմանել, թէ ո՛ր կռիւն է զուտ յարձակողական եւ ո՛րըՙ զուտ պաշտպանողական (չմոռնանք որ հակառակորդն ալ կրնայ միշտ, առաւել կամ նուազ իրաւամբ, ըսել թէ մեզ հալածելով ու ջարդելովՙ պաշտպանած է ինքզինքը) եւ յետոյ, որովհետեւ մեր պարագային, մեր հին ըմբռնումին համաձայն կատարելիք ինքնապաշտպանութիւնն անգամ ուրիշ բան պիտի չշահեցնէր մեզիՙ բայց եթէ մեր կռնակին վրայ ծանրացումը հարուածին:
Անհատաբարՙ ո՛վ ինչ կ`ուզէ կ`ընէ, բայց հաւաքաբար, բայց ազգովին, չենք կռուիր որեւէ ատեն, որեւէ ձեւով, որեւէ ժողովուրդի հետՙ սովիէթական ըլլայ ան թէ քէմալական:
Վատութի՞ւն, վախկոտութի՞ւն է այս: Ո՞վ պիտի որակէ այսպէս, որակողները անձնապէս կռուա՞ծ են անցեալին մէջ, պիտի կռուի՞ն ապագային, կը կասկածինք, բայց եթէ իսկ խօսէին իրենց անցեալը իբրեւ երաշխաւորութիւն ցոյց տալովՙ մենք գիտենք ուրիշներ, նոյն հանգամանքը ունեցող, որոնք ոչ միայն ա՛լ չեն ուզեր կռուիլ ապագային, այլ եւ կը զղջան անցեալին մէջ կռուած ըլլալնուն: Եւ մինակ չեն անոնք այսօրՙ այս բնական մտածումն ունեցող. միլիոնաւորներ մեծ պատերազմին մասնակցողներէն, թէ՛ յաղթող եւ թէ յաղթուած ազգերուն մէջ, այսպէս կ`երդնուն հիմաՙ ոչ թէ յոգնութենէ տարուած, այլ սոսկումէ, համոզուա՛ծՙ թէ այս է միակ միջոցը արհաւիրքներու կրկնութիւնն արգիլելու, համոզուա՛ծՙ թէ այսպէսով միայն կրնայ հաստատուիլ խաղաղութիւնը ժողովուրդներու միջեւ, եւ համոզուա՛ծՙ թէ ատկէ վերջն է որ կրնայ գտնուիլ միջազգային վէճերու արդար կարգադրութեան եղանակ մը...:
Ուրիշ կէտ մը զոր պարզել կը փափաքինքՙ Հայաստանի (Հայաստանը առնելով իբրեւ տէրութիւն) մեր տուած դերն էՙ հողային եւ ուրիշ այդպիսի պետական խնդիրներու լուծման մէջ:
Ունի՞նք այսօր այդպիսի պետութիւն մը, թէ՞ չունինք: Եթէ այո՛, այդ իրաւասութիւնը անորն է եղած այսօրՙ դէպքերու բերմամբ, զորս փոխելու ուժը չունինք հիմա, ո՛չ ալ կ`ուզենք այլեւս որ փոխուին անոնք: Եթէ բոլոր նախկին եւ ներկայ թրքահպատակ հայերը, որոնք Թուրքիայէն դուրս կ`ապրինՙ հայ տէրութեան քաղաքացիները դարձած ըլլային, մենք յօժարակամ անոր կառավարութեան պիտի յանձնէինք բովանդակ հոգը հայեւթուրք յարաբերութեանց, ու պիտի գոհանայինք անո՛ր ներկայացնելով առաւելապէս մեր պահանջները եւ կամ զայն քննադատելով այդ պահանջներուն անտեսումին համար,- ի հարկէ խօսք մըն ալ հասկցնելով թուրքերունՙ իբրեւ հայ հանրային կարծիքի թարգման մը:
Դժբախտաբար, սակայն, գաղութահայութիւնը Հայաստանի քաղաքացի չէ, ամէն բան էՙ բացի ասկէ, եւ ընդունելով հանդերձ, որ պետական խնդիրներու մասին Հայաստանի կառավարութիւնն է (իր մաս կազմած Խորհրդային Միութեան մէջէն) Թուրքիոյ հետ խօսելու իրաւասութիւնն ունեցող իրաւասութիւնը, կը նկատէ, որ ինքը ունի ուղղակի ուրիշ ընելիքներՙ Թուրքիոյ հետ իր անկախ գործերուն եւ խնդիրներուն կարգադրութեանը համար: Ահա՛ այդ տեսակէտով իր գործադրելիք առաջին միջոցն է ստեղծել, հեռուէն, այն խաղաղ մթնոլորտը, որ պիտի թոյլ տայ ոչ շատ հեռաւոր ապագայի մը մէջ շտկել հայեւթուրք յարաբերութիւնները, արտասահմանի հին թուրքիացի բաւական ստուարաթիւ հայութեան եւ թուրքերու դէմ-դիմաց յարաբերութիւնները...:
Մեզի կը մնայ վերջին գրութեամբ մը հակադրել, ինչպէս ըսինք, մեր փաստերը միւս կողմին փաստերուն- կամ ինչ որ փաստի տեղ կը բռնէ անոր արտայայտութիւններուն մէջ- եւ ընթերցողին ներկայացնել այդ ամէնուն եզրակացութիւնը:
Ե.
Ամենօրեայ մարտահրաւէրներէն զատ, որոնք լոյս կը տեսնեն իւրաքանչիւր դաշնակցական թերթի մէջ եւ իրենց հեղինակ ունին այդ թերթին խմբագիրն ու զանազան ընկեր աշխատակիցները, մերթ ընդ մերթ կ`երեւան նաեւ ամբողջ կուսակցութեան կամ անոր այս կամ այն շրջանակին հաւաքական կամքը արտայայտող գրութիւններ, ուր մեծ տեղ կը գրաւեն թուրքը եւ Թուրքիան, այնպէս ինչպէս կը տեսնէ զանոնք Դաշնակցութիւնը, կամ տեսնել կ`ուզէ կամ կ`ուզէ ցուցնել իր շարքերուն եւ հայ ժողովուրդին:
Այդ գրութիւններէն մէկը վերջերս հրատարակուեցաւ տեղւոյս օրգանին մէջ (Փետր. 28): Ան կը կրէ, զինանշանի ներքեւ, չորս սիւնակի վրայ տարածուող սա՛ խոշոր գիրով վերտառութիւնը. «Եգիպտոսի շրջանի ընկերներուն եւ մարմիններուն» եւ «Հ. Յ. Դ. Եգիպտոսի Կեդր. Կոմիտէ» ստորագրութիւնը: Կը ծանուցանեն, թէ «Շրջանի Գերագոյն ժողովը» գումարուեր է եւ աւարտեր իր տարեկան աշխատութիւնները, որոնց արդիւնքը կը հաղորդէ «ընկերներուն եւ մարմիններուն»,- աւելի շատՙ ոչ-ընկերներուն:
Առանցքը այս կոչինՙ Թուրքը եւ Թուրքիան են դարձեալ: Չենք խօսիր այն մասին, թէ խօսքը ո՛րքան առատ է հոն ու գաղափարըՙ սակաւ: Ստիպուածՙ կ`առնենք ինչ-որ իբրեւ գաղափար կը ներկայանայ անոր մէջ, ցոյց տալու համար, թէ հայ ժողովուրդին բախտը պահ մը վարած եւ նորէն վարել յաւակնող կազմակերպութիւն մը ի՛նչպէս կը տեսնէ մեզի համար կենսական խնդիր մը եւ ի՛նչպէս զայն պիտի լուծէՙ եթէ աւելի ուժ ունենայ:
Ժողովը գտած է, արդարեւ, որ Դաշնակցութիւնը, վերջին տասնամեակին, «հակառակ իր եւ հայ ժողովուրդի թափառական, ծանր ու հայրենազուրկ վիճակին, իր պարտքը կատարած է», «յաջողած է... ամփոփել ցրուած ուժերը, հեռու վանել մթին յուսահատութիւնը եւ վառ պահել իր շարքերուն մէջ եւ անոնցմով հայ ժողովուրդի մէջ ՙ հաւատքի եւ խանդավառութեան ոգին, հայրենիքի հանդէպ սէրը եւ իր ազատագրութեան համար մղուած պայքարին կրակը. պայքարՙ որ դեռ չէ հասած իր վախճանին եւ, կասկած չկայ, պիտի արդիւնաւորուի ազատատենչ հայութեան միահաղոյն ճիգերովը» : (Ստորագծումը մենէ):
Ասիկա մաս մըն էՙ առնուած Կոչին Ա. հատուածէն: Բ. հատուածը անմիջապէս կը յայտնէ, թէ որո՛նք են այդ պայքարին արդիւնաւորման համար Դաշնակցութեան տածած յոյսերը:
«Առաջին հիմնական փոփոխութիւնըՙ որ Հայ Դատին համար ստեղծուեցաւ վերջին տարիներունՙ թուրք պետութեան քայքայման ընթացքն է. քայքայում տնտեսական, քաղաքական, բարոյական ու ընկերային մարզերուն մէջ»:
Ի՞նչ կը նշանակեն այս բառերը. քաղաքական կուսակցութեան մը պատասխանատու մէկ մարմի՞նն է որ կը գրէ զանոնք, թէ՞ գրական աճպարար մը. ի՞նչ բանի կ`ըսեն քայքայում. կարելի՞ է Թուրքիոյ վերագրել քաղաքական քայքայում վերջին տասնամեակին մէջ, երբ ան, ընդհակառակը, այդ շրջանին տասնապատիկ զօրացած է այդ տեսակէտէն, վկա՛յ իր համաձայնութիւնները Իտալիոյ եւ Յունաստանի հետՙ չխօսելով միւս գրեթէ բոլոր պետութեանց իր շուրջը կատարած դարպասին, Խ. Միութեան եւ Գերմանիոյ հետ իր յայտնի կամ գաղտնիՙ կապերուն եւ վերջերս Ժընեվի խորհրդաժողովին մասնակցելու համար իրեն ուղղուած հրաւէրին վրայ: Իր միջազգային դիրքը չափազանց ամուր ըլլալու է, որ ոչ իսկ ընկերվարական պետեր ըսելիք մը կը գտնեն անոր մասին, ոմանք զայն կը գովեն անգամՙ երբ Խ. Միութիւնը, Իտալիան, Լեհաստանը եւն. նշաւակ կը դարձնեն իրենց յարձակումներուն (տե՛ս «Յուսաբեր», Մարտ 12-ի խմբագրականը): Իսկ «բարոյական եւ ընկերային մարզերու մէջ» քայքայումը իմաստէ զուրկ խօսք մըն է, հակառակ այդ մասին թուրք հրապարակագրութեան «ողբասացութիւնը» վկայ բռնուած ըլլալուն, ո՛ղբ մըՙ որուն նմաններուն շատ կը հանդիպինք ուրիշ բոլոր ազգերու հրապարակագրութեանց մէջ ալ...:
«Քայքայման ընթացքը» այսպէս ցոյց տալէ ետք, կոչը կ`աւելցնէ խոհեմօրէն. «Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, անշուշտ, հաւատալու համար, թէ մեր արիւնռուշտ թշնամին արդէն իսկ քայքայուած եւ ուժասպառ է...», բայց, «անկումի երեւոյթը անհերքելի է, հակառակ փրկութեան ճիգերուն եւ դեղահատներուն»:
Ըսելիք, եւ դեռ աւելի քիչ, ընելիք չունեցող մարդոց պատիպատ քաշքշուքին, հակասութիւններու մէջ գլորումին ապացոյց են այս խօսքերը:
Ի՞նչ արժէք կրնայ ունենալ, այնուհետեւ, սա՛ յորդորը, թէ «այս քայքայման առջեւ» հայութեան կազմակերպուած ուժերը, ի մասնաւորի Դաշնակցութիւնը, պէտք է լարեն իրենց բոլոր ուժերը... կարենալ տեսնելու համար մեր անարգ ոսոխին մահը, գէթ ուժասպառ վտարո՛ւմը մեր դարաւոր ու հայրենի հողերէն...»: Ոչ մէկ արժէք, անշուշտ, քանի որ հիմը ճիշդ չէ, եւ ճիշդ չէՙ նպատակաւոր կերպtով:
Երրորդ հատուածը, ինչպէս կը սպասուէր, կը վերաբերի քրտական հարցին եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կը կապուի երկրորդին:
«Այս քայքայման, եւ հետեւաբար մեր հայրենի հողերէն թուրքին վտարման նպաստող շարժում մըն է ահա քրտական հարցը» : (Ստորագծումը մենէ):
Եւ հոսՙ գովեստը քիւրտին, «հայուն հայրենիքին դրացի, անոր բնակակից, անոր արենակից, եւ գործակից ապագայ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կեանքին մէջ» (Ստորագծումըՙ մենէ): Յետոյ, կոչ մը, «մեր յառաջիկայ շրջանին, մեր բովանդակ մտահոգութեան, մեր գուրգուրանքին եւ հոգածութեան առարկայ թող ըլլայ այս շարժումը, եւ զայն զօրացնելու, զայն ծաւալելու միջոցներու ստեղծումը»: (Խոսքը կվերաբերի քրդական մեծ ապստամբությանը, որը խեղդվեց արյան մեջ: Խմբ.)
Ասոնք են, ըստ Դաշնակցութեան, Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները որոշող ազդակները...
Զ.
Երբ կը վերլուծենք Թուրքիոյ հանդէպ դեռ ներկայիս Դաշնակցութեան բռնած կռուոտ ուղղութիւնը, անոր մէջ երկու շարժառիթ, երկու նկատում կը գտնենք, որոնց մին ազգային է եւ միւսըՙ կուսակցական: Կը սիրենք յուսալ, որ առանջնութիւնը կը պատկանի ազգային նկատումին եւ կուսակցականը եկած է աւելցած է անոր վրայՙ համաձայն ըլլալուն համար անոր:
Ի՞նչ է այդ ուղղութեան մէջ գտնուող ազգային նկատումը: Ազգովին կռուի՞լ Թուրքիոյ դէմ եւ տէր դառնալ մերՙ անկէ ունեցած իրաւունքներուն եւ պահանջներուն, ինչպէս անընդհատ կը շեփորեն դաշնակցական թերթերն ու մարմինները: - Չենք կարծեր, որովհետեւ որքան ալ չկարենանք այլեւ մեծ վարկ մը տալ անոնց դատողութեան, այնուամենայնիւ կը դժուարանանք ընդունիլ, թէ կան վարիչ դաշնակցականներ, որոնք իրօք կը հաւատան իրենց այդ քարոզութեան, կը հաւատա՛ն թէ առանձին կամ քիւրտերու հետ գործակցութեամբ պիտի կարենան թրքական Հայաստանը ազատ ու անկախ դարձնել եւ զայն միացնել ներկայ Հայաստանինՙ զայն եւս ազատ ու անկախ ընծայելով:
Մեզի կը մնայ ենթադրել ուրեմն, թէ ուրիշ ազգային տեսակէտ մը գոյութիւն ունի այս ուղղութեան մէջ, եւ այդ տեսակէտն էՙ թոյլ չտալ որ հայութիւնը մոռնայ իր իրաւունքները, թոյլ չտալ որ նախկին թրքահպատակ գաղութահայը բարոյալքուի բոլորովին, թոյլ չտալ որ ան կորսնցնէ իր ազգային զգացումը:
Կուսակցական նկատումը, որ ասոր վրայ կ`ածանցուի, հետեւեալն է.- Դաշնակցութիւնը անցեալին մէջ կատարած ըլլալով կարգ մը յանդուգնՙ թէեւ մեծ մասամբ անխորհուրդ ու ձախողած գործեր, կրնայ յոյս ներշնչել միամիտներուն, թէ այս գործն ալ պիտի կատարէ. այդ յոյսին շնորհիւՙ իր շարքերը, որոնք մէկ կողմէ կը դատարկուին գիտակից անդամներէ, միւս կողմէ պիտի լեցուին նոր տղաքներով եւ ինք պիտի պահէ միշտ իր կազմը, միշտ պիտի ըլլայ Դաշնակցութիւն...:
Ըսելիք պիտի չունենայինք իրար լրացնող այս երկու նկատումներուն մասին, եթէ անոնց հետեւանքն եղող մարտաշունչ ուղղութիւնը ընդդէմ Թուրքիոյՙ վնասակար եւ- կը կրկնենք այս բառը- մեր ցաւին անարժան ուղղութիւն մը չըլլար:
Վնասակար է այն պատճառաւ, որ խօսքը մեր շրջանակներուն մէջ միայն չի մնար, այլ կը լսուի նաեւ մենէ դուրս, այն ականջներէն, որոնք կ`ուզեն լսել եւ գիտնալ մեր ըրածն ու ընելիքը, մեր խօսածն ու խորհածը: Եւ ապացո՛յցըՙ թէ Թուրքիոյ եւ թուրքերուն վերաբերմամբ մեր այս կամ այն կերպ արտայայտութիւնը իր կարեւորութիւնն ունիՙ այն շահագրգռութեան մէջ է, որով թուրք թերթերն ու պետական պաշտօնատուններն իսկ կը հետեւին մեր մամուլին, ինչպէս երեւցաւ «Միլլիէթ»ի յօդուածաշարքէն, հոս հրատարակուող քեմալական «Մուխատենէթ»ի գրութիւններէն եւ դեսպանատան հերքումներէն կամ յայտարարութիւններէն:
Վնասակար է, յետոյ, այն պատճառաւ, որ այսօր դեռ Թուրքիոյ մէջ ապրող քանի մը տասնեակ հազար հայերու դիրքը կը վտանգէ, ըստ որում թուրք կառավարութիւնը պիտի կասկածի իրաւամբՙ թէ իրեն դէմ կատարուելիք որեւէ ձեռնարկ պիտի չկատարուի առանց անոնց գէթ պզտիկ մէկ թիւին մասնակցութեանը:
Վնասակար է, նաեւ, գաղութահայութեան համար, որուն ստուար մէկ մասը իսլամական երկիրներու մէջ հիւրընկալուած է եւ միւս մասըՙ սովորական ատեններ Թուրքիոյ հետ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակող երկիրներու մէջ: Իսլամական երկիրներու-ինչպէս Սուրիա, Պաղեստին, Իրաք, Եգիպտոս-կառավարութիւններն ու ժողովուրդները կրնան անտարբեր ձեւանալ մեր զգացումներուն, մեր բրոբականտին. ոչինչ մեզ կ`ապահովցնէ սակայն, թէ ներքնապէս անոնք դժգոհ չեն ըլլար մեր այդ կարգի արտայայտութիւններէն եւ չեն գրգռուիր մեզի դէմ, մանաւանդ թէ շարունակ կռիւի խօսք լսող հայ գաղթականները իրարու մէջ ալ կռուելէ ետ չեն մնար հարկաւ ու հետեւաբար կը խանգարեն երկրին անդորրութիւնը,- մինչ միւս կողմէ այդ նոյն երկիրներուն մէջ չեն պակսիր անշուշտ թուրք գործակալներ, որոնք իրենց պաշտօնը միայն կը կատարեն մեր բոլոր անխորհուրդ խօսքերն ու շարժումները շահագործելով մեզի դէմ:
Իսկ, անգամ մը եւս, մենք կ`ըսենք, թէ այս անզօր սպառնալիքներն ու լեզուագարութիւնները հեռու են մեզի տալէ արժանաւոր կեցուածք մը, այնպէս ինչպէս վայել է աշխարհի ամենամեծ տառապանքը կրած ժողովուրդին:
Մենք կ`ըսենք, չոր եւ պարզ կերպով.- Եթէ մինչեւ իսկ բացարձակապէս համոզուած ըլլայինք, թէ Թուրքիոյ հանդէպ մեր թշնամական անվերջ արտայայտութեանց վերջ տալով որեւէ բարելաւում յառաջ պիտի չգար թուրքեւհայ յարաբերութիւններուն մէջ, մենք նորէն պիտի պաշտպանէինք այդ փոփոխութիւնը մեր լեզուին, գրչին ու շարժումներուն:
Ազգային զգացումը գաղութահայութեան մէջ վառ պահելու միջոցըՙ երբեք չի կրնար միջոց մը ըլլալ: Ընդհակառակնՙ խաբկանքը կը փութացնէ անոր ամէնէն գիտակից մասին ուծացումը: Ազգային զգացումը եւ ցեղին գոյութեան հաւատքը կրնանք պահպանել միմիայն երկու միջոցներով.- նախ, ներկայ Հայաստանի մէջ ժողովուրդին աճումովն ու երկրին շէննալովը. յետոյ, ամենուրեք մեր խելքին ու տաղանդին, մեր կրօնքին, լեզուին ու արուեստներուն հանդէպ մեր կողմէ գործօն պաշտպանութեամբ մը...:
Աւելցնենք.- Մենք կը ջատագովենք զուր թշնամանքի դադարումը միայն երէկուան երկու կռուող կողմերուն- անհաւասար ձեւով եւ զոհերով, բայց վերջապէս կռուող- միջեւ: Ասոր անմիջական ու համեստ հետեւանքըՙ մեզի ծանօթ է ու կրնայ լաւ միայն ըլլալ. միւսըՙ կրնայ գոյութիւն առնել կամ ոչ, չենք գիտեր, բայց եթէ առնէՙ ոչինչ չենք կորսնցներ, ընդհակառակնՙ կը շահինք անպայման:
«Արեւ», 1931 մարտ 6-18